Այս փոխգործուն գիրքին մասին
Դուք կրնաք ընթերցել այս գիրքը սկիզբէն ﬕնչեւ վերջ, ինչպէս նաեւ ﬓացած բոլոր գիրքերը: Այնուաﬔնայնիւ, ﬔնք կը քաջալերենք ձեզ՝ գործածելու յաւելեալ փոխգործուն մասերը՝ նիւթը աւելի խորապէս ընկալելու համար: Այս գիրքի իւրաքանչիւր գլուխ բաժնուած է հինգ ամէնօրեայ ընթերցանութեան բաժիններու, իսկ գլուխի վերջաւորութեան իւրաքանչիւր բաժին համապատասխան սերտողութեան նիւթ ունի: Դուք մէկ օրուան ընթացքին կրնաք ընթերցել մէկական բաժին՝ սեր տողութեան նիւթին հետ, կամ ուսուﬓասիրել ներկայացուած մասերը ըստ ձեր նախընտրութեան: Մենք կ’առաջարկենք, որ խմբային ուսուցման մասնակիցները մէկ գլուխի մէջ տեղադրուած ընթերցանութեան բաժինները եւ սերտողութեան նիւթերը մէկ շաբթուան ընթացքին աւարտեն: Եթէ դուք այս գիրքը կ’ընթերցէք «Մեսէնճր Հաւաքածոյ» շարքի «Սուրբ Հոգի. Ներածութիւն» դասընթացքի շրջանակներուն մէջ, ﬔնք կ’առաջարկենք ձեզ դիտել կամ լսել իւրաքանչիւր շաբթուան ուսուﬓական տեսանիւթը եւ ողջ խումբով պատասխանել քննարկման հարցուﬓերուն: Ասկէ ետք գիրքէն իրեն համապատասխանող գլուխը կարդացէք, ինչպէս նաեւ սերտողութեան նիւթերը: Այս գիրքի իւրաքանչիւր գլուխը մէկ ուսուﬓական տեսանիւթ ունի: Իւրաքանչիւր գլուխի քննարկման հարցուﬓերը ներկայացուած են ամէնօրեայ սերտողութեան նիւթերէն յետոյ: Այս ամէնը ձեզի՛ համար է:
Ներածութիւն
Երբ հայրս առաջին անգամ խնդրեց, որ օգնէի իրեն՝ գրելու այս գիրքը, ես անﬕջապէս անվստահութիւն զգացի: Մտածեցի. «Հաւանաբար ան դեռ չէ աղօթած այս մասին»: Անկեղծ ըլլալու համար չէի կարծեր, որ արժանի թեկնածու մըն էի: Երբ կը մտածէի իր խնդրանքին մասին, ստամոքսիս մէջ լարուածութիւն կը զգայի, ինչպէս որ մէկ անգամ՝ պրէյք տէնսի մրցոյթի աﬔնաթէժ պահուն: Յարգանքով հօրս խնդրեցի՝ քանի մը այլընտրանքային տարբերակներ դիտարկել եւ ժամանակ յատկացնել՝ այդ հարցին շուրջ լրջօրէն աղօթելու համար (թերեւս մէկ կամ երկու տարի): Այնուաﬔնայնիւ, ﬕօրեայ աղօթքէ ետք ան վստահ էր, որ ես աﬔնայարմար թեկնածուն էի այդ առաջադրանքին համար: Հօրս համար կարեւոր է, որ Սուրբ Հոգին «արգիլուած» չդառնայ աւելի երիտասարդ սերունդներու համար: Ես մօտաւորապէս քսանհինգ տարեկան եմ, եւ ան կ’արժեւորէ իմ ներդրումը այս գործին մէջ: Հայրս եւ ես գիտենք, որ շատերը՝ թէ՛ երիտասարդ, թէ՛ տարեց մարդիկ, պիտի խուսափին այս թեմայէն, եթէ չհասկնան, թէ ով է Սուրբ Հոգին, եւ Ան ինչպէս կը գործէ: Այնպէս որ, թէեւ մտավախութիւն ունէի, սակայն ինչպէ՛ս կրնայի ﬔրժել հօրս խնդրանքը. ես ստիպուած էի համաձայնիլ: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ անկէ ետք, կը նմանէր ճամբորդութեան մը, որ ամբողջ կեանքս վերափոխեց: Ես սկսայ Աստուածաշունչը նոր լոյսով տեսնել, երբ Աստուած բացաւ իմ աչքերը՝ ցոյց տալով Իր Հոգիին բազմաթիւ սքանչելիքները: Շուտով հասկցայ, որ Սուրբ Հոգին աﬔնասխալ հասկցուած անձնաւորութիւններէն մէկն է եկեղեցիին մէջ: Ցաւոք, Անոր մասին մարդիկ շատ սահմանափակ եւ կաղապարուած կարծիքներ ունին, բայց ﬔզմէ քիչերն են ﬕայն, որոնք իրապէս կը ճանչնան Զինք: Այս գիրքը իւրօրինակ ճամբորդութիւն է Սուրբ գիրքով, որուն նպատակն է աւելի դիւրին դարձնել Սուրբ Հոգիի անձնաւորութեան ներկայացումը: Որոշ բաներ այս գիրքին մէջ կրնան դժուարիմաց թուալ, բայց ես կը խոստանամ, որ կ’արժէ ձեր ժամանակն ու ուժերը տրամադրել՝ այս ճանապարհորդութիւնը կատարելու համար:Այս գիրքի էջերը կարդալու ատեն խնդրեցէ՛ք Սուրբ Հոգիէն, որ առաջնորդէ ձեզ ամբողջ այս ճշմարտութեան մէջ: Ան կը հեռացնէ բոլոր այն համոզուﬓերը, որոնք հիﬓուած չեն Իր Խօսքի վրայ: Դուք կը յայտնաբերէք, որ Ան չի «պատկանիր» որեւէ մէկ յարանուանութեան կամ շարժման, եւ Անոր անկարելի է սահմանափակել որեւէ մէկ սերունդի կամ տարիքային խումբի պատկանող մարդոցմով: Ան ուղարկուած է՝ յայտնելու Յիսուսը եւ զօրացնելու Քրիստոսի Մարﬕնը: Ան բնակուած է ﬔր սրտերուն մէջ եւ խոստացած է գործածել ﬔր կեանքերը դէպի բարին: Միակ բանը, որ պէտք է ընենք՝ ﬔր կեանքերը Իր վերահսկողութեան յանձնելն է: Անկարելի է գտնել աւելի լաւ ընկեր կամ գործընկեր: Սուրբ Հոգին հաւատարմօրէն ձեզի հետ կ’ըլլայ թէ՛ դժուար եւ թէ ուրախ պահերուն ընթացքին: Ան խոստացած է երբեք չձգել եւ չլքել ձեզ, որովհետեւ դուք՝ Անոր Սիրոյ եւ ցնծութեան առարկան էք: Պատրաստուեցէ՛ք բացայայտելու զարմանալի Սուրբ Հոգին: Էտիսըն Պիվիր, «Մեսէնճր Ինթրնեշընլ»ի Գլխաւոր գործառնական տնօրէն
«Բոլորս կրնանք Հօր մօտ գալ նոյն Սուրբ Հոգիին ﬕջոցով՝ շնորհիւ անոր, ինչ որ Քրիստոսը ըրաւ ﬔզի համար» (Եփեսացիս. 2.18, NLT):
1
Ո՞վ է Սուրբ Հոգին
Բայց Մխիթարիչը (Խորհրդականը, Օգնականը, Բարեխօսը, Դատապաշտպանը, Զօրացնողը, Կողքին եղողը)՝ Սուրբ Հոգին, Որուն Հայրս Իմ անունով պիտի ղրկէ (Իմ փոխարէն, Զիս ներկայացնելու եւ Իմ փոխարէն գործելու համար), Ան կը սորվեցնէ ձեզի բոլոր բաները: Եւ Ան այնպէս կ’ընէ, որ վերյիշէք (կը յիշեցնէ ձեզ, ձեր ﬕտքը կը բերէ) այն ամէնը, ինչ որ Ես ձեզի ըսած եմ»: (Յովհաննէս.14.26 AMP)
Օր 1
Նոր տարուան նախորդող օրն էր: Մէջս աղօթելու եւ ծոմ պահելու մղում զգացի: Ես հարցուցի Տէրոջ. - Աստուածաշունչի ո՞ր գիրքը պէտք է կարդամ: Ի զարմանս ինձ, ես լսեցի. - Գործք առաքելոց գիրքը: Զարմանքիս պատճառը այն էր, որ նախորդ անգամ, երբ երկարատեւ ծոմապահութեան եւ աղօթքի կը պատրաստուէի, ես ստացայ ճիշդ նոյն հրահանգը՝ «Կարդա՛ Գործք առաքելոց գիրքը»: Նախորդ ծոմապահութեանս ընթացքին Պօղոս առաքեալի կեանքին մէջ նպատակի եւ գործողութիւններու հակասութիւնը յայտնուեցաւ ինծի, թէ ինչի պատճառով ան շատ դժուարութիւններ կրեց: Առիթ տուէ՛ք բացատրել: Պօղոսը Աստուծմէ ընտրուեցաւ՝ Աւետարանը հեթանոսներուն քարոզելու համար: Ան ըսաւ. «...ես քարոզիչ եւ առաքեալ կարգուեցայ ու հեթանոսներուն վարդապետ» (Բ. Տիմոթէոս 1.11): Ասիկա յստակ, որոշակի հրահանգ է: Ան իր կեանքին ընթացքին քանի մը անգամ խօսեցաւ իր առաքելութեան մասին: Իր առաջին առաքելական ճանապարհորդութեան ժամանակ Պօղոսը յայտարարեց հրեաններուն. «...ահա ﬔնք հեթանոսներուն կը դառնանք: Վասնզի Տէրը այսպէս պատուիրած է ﬔզի. «Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի...»» (Գործք առաքելոց 13.46-47): Իր երկրորդ ճանապարհորդութեան ընթացքին ան համարձակօրէն յայտարարեց. «...ասկէ յետոյ հեթանոսներուն պիտի երթամ» (Գործք առաքելոց 18.6): Ան հռոմէացիներուն գրեց. «...ես հեթանոսներուն առաքեալն եմ» (Հռովմայեցիս 11.13): Ան յարատեւ նման յայտարարութիւններ ըրած էր թուղթերուն մէջ: Սակայն իր հրեայ ազգակիցներուն հանդէպ ունեցած իր ﬔծ սիրոյն մղումով եւ անոնց փրկութիւնը տեսնելու փափաքով՝ Պօղոսը գրեթէ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, որ կ’այցելէր, ժողովարաններ կը գտնէր: Ըստ իր սովորութեան, սկիզբը ան հրեաներուն հետ կը խօսէր, ﬕնչեւ որ կարենար հեթանոսներուն հասնիլ. իրականութեան մէջ յաճախ հրեաներուն ﬔրժուﬓ էր, որ զինք դէպի հեթանոսները կը մղէր: Ինչպէս կը տեսնենք, հրեաները Պօղոսին աﬔնախիստ հալածանքներուն եւ աﬔնաﬔծ դժուարութիւններուն պատճառը դարձան: Անոնք խռովութիւններ յառաջացուցին հեթանոս բնակչութեան մէջ եւ թշնամութիւն ստեղծեցին առաքեալներուն եւ հեթանոս կառավարիչներուն ﬕջեւ: Անոնց պառակտիչ ծրագիրները Պօղոսի դէմ կազմակերպուած խռովութիւններուն, անոր ձերբակալութիւններուն, ծեծերուն եւ նեղութիւններուն ﬔծ մասի պատճառը դարձան: Թոյլատրեցէ՛ք կարեւոր զգուշացում մը կատարել. Աստուած խորապէս կը հոգայ հրեաներուն մասին: Ահա թէ ինչու Յակոբոսը, Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ուղարկուեցան անոնց քով. «Յակոբոսը, Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որոնք որպէս եկեղեցւոյ սիւներ յայտնի էին... խրախուսեցին ﬔզ, որ շարունակենք քարոզել հեթանոսներուն, ﬕնչ դեռ անոնք կը շարունակէին իրենց աշխատանքը հրեաներուն հետ» (Գաղատացիս. 2.9 NLT): Նախորդ ծոմապահութեանս ժամանակ ես հետեւեալ ուղերձը ստացայ. «Որդի՛ս, ﬓա՛ այն շնորհքի շրջանակներուն մէջ, որուն համար Ես կանչած եմ քեզ: Մի՛ ձգեր, որ քու բնական զգացուﬓերը կամ սէրը ինչ որ բաներու հանդէպ հեռացնէ քեզ այն աստուածային յանձնառութիւններէն, որ ունիս»: Քանի որ ես շատ յստակ կը յիշէի այդ վերապրումը, ես զարմացայ, երբ Աստուած խնդրեց մէկ անգամ եւս ամբողջութեամբ կարդալ Գործք առաքելոց գիրքը: Ի վերջոյ, ուրիշ վաթսունհինգ գիրքեր կային՝ ընտրութեան համար: Ես այնքան ուրախ եմ, որ հնազանդեցայ. այս անգամ, Գործք առաքելոց գիրքը կարդալով, բոլորովին տարբեր բան նկատեցի (ինչ որ կ’ապացուցէ, թէ Աստուծոյ Խօսքը իսկապէս կենդանի է): Այս անգամ ես պարզօրէն տեսայ, թէ առաջին եկեղեցւոյ առաջնորդներն ու անդաﬓերը ինչքան շատ կը յենուէին Սուրբ Հոգիին վրայ եւ կը համագործակցէին Իր հետ, ինչքան կախուած էին Սուրբ Հոգիէն եւ ինչքան շատ կը խօսէին Իր մասին: Սուրբ Հոգին անոնց կեանքի կարեւորագոյն մասն էր. Ան ներգրաւուած էր եկեղեցւոյ առաջնորդներու եւ անդաﬓերու բոլոր գործերուն մէջ: Ան մշտապէս բացառիկ տեղ կը զբաղեցնէր անոնց հասարակական ծառայութեան, հաւաքոյթներուն եւ խորհրդաժողոﬖերուն մէջ. Ան յարատեւ ներգրաւուած էր անոնց գործունէութեան մէջ: Ահա շարք մը արտայայտութիւններ, որոնք ամբողջ ուշադրութիւնս գրաւեցին:
․ «...ինչո՞ւ սատանան քու սիրտը լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս» (Գործք առաքելոց 5.3):
․ «...ի՞նչ է, որ դուք ﬕաբանեցաք՝ Տէրոջը Հոգին փորձելու» (Գործք առաքելոց 5.9):
․ «Մենք այս բաներուն համար անոր վկաներն ենք, ու Սուրբ Հոգին ալ» (Գործք առաքելոց 5.32):
․ «...դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք» (Գործք առաքելոց 7. 51):
․ «Հոգին ալ ինծի ըսաւ, որ անոնց հետ երթամ» (Գործք առաքելոց 11.12):
․ «Անոնցմէ մէկը... իմացուց Հոգիին զօրութիւնովը, թէ ﬔծ սով մը պիտի ըլլայ» (Գործք առաքելոց 11.28):
․ «...Սուրբ Հոգիէն ղրկուած...» (Գործք առաքելոց 13.4):
․ «Վասնզի աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու ﬔզի ալ» ( Գործք առաքելոց 15.28):
․ «...Սուրբ Հոգին արգիլեց, որ Աստուծոյ Խօսքը Ասիայի մէջ խօսին» (Գործք առաքելոց 16.6):
․ «...կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ, եւ Հոգին թող չտուաւ անոնց» (Գործք առաքելոց 16.7):
․ «...Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով՝ կը վկայէր...» (Գործք առաքելոց 18.5):
․ «...երբ հաւատացիք, Սուրբ Հոգին առի՞ք արդեօք» (Գործք առաքելոց 19.2):
․ «Պօղոսը հարկադրուած կը զգար Սուրբ Հոգիէն՝ Մակեթոնիա երթալու» (Գործք առաքելոց 19.21, NLT):
․ «Սուրբ Հոգին կ’ըսէ ինծի քաղաքէ՝ քաղաք...» (Գործք առաքելոց 20.23 NLT):
․ «Ուրեﬓ զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն մէջ Սուրբ Հոգին ձեզի վերակացուներ դրաւ» (Գործք առաքելոց 20.28):
Այսպիսի խօսքեր այս գիրքի էջերուն մէջ շարունակ աչքի կը զարնեն: Ցաւալի իրականութիւնը անիկա է, որ ﬔնք նոյն բաները ժամանակակից եկեղեցիին մէջ չենք տեսներ: Այն, ինչ որ Գործք առաքելոց գիրքի հաւատացեալներուն համար սովորական էր, այսօր հազուագիւտ երեւոյթ դարձած է: Ես այլ մար դոց նկատի չունիմ. նախ եւ առաջ ես իմ մասին կը խօսիմ: Կար դալու ժա մանակ կը գիտակցէի, որ յաճախ Աստուծոյ Հոգիի առաջ նոր դութենէն, ընկերակցութենէն, համագործակցութենէն եւ ազդեցութենէն կը հեռանայի. ես չէի վայելեր այս ամէնը, չէի ձգտեր այս ամէնուն եւ կախուած չէի այս ամէնէն: Երբ այս ճշմարտութիւնը ակնյայտ դարձաւ ինծի համար, ինչպէ՞ս կրնայի չբաժնեկցիլ ձեզի հետ: