ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅԼ ՅՈՒՇԵՐ ԳԱՐՍ-ՊԱԶԱՐԻ ՄԵՋ.
- Գարս-Պազար Կիլիկիոյ մեջ փոքրիկ քաղաք մըն էր, Հայ եւ Թուրք μնակիչներով: Հայերը առանձինն թաղամասերու մեջ կ’ապրէին եւ իրարու հետ μարեկամական սերտ հարաμերութիւն ունէին: Իրարու երթալը սովորութիւն դարձած էր եւ մեծաւմասամμ կը կատարվէր առանց պաշտօնական հրաւէրի: Մեր տունը գրեթէ ամէն իրիկուն հիւրեր կուգային: Մութ գիշերներուն անոնք կուգային ֆանարներու լոյսով: Մենք` երեխաներս այնքան վարժուած էինք այդ սովորութեան, որ մեծ ուրախութիւն կը զգայինք անոնց այցելութեամμ: Եթե մեր ընտանիքը հրաւիրուած ըլլար ընտանիքի մը կողմէն եւ կամ հայրս պէտք կ’զգար որպէս Հովիւ այցելութիւն մը տալու, պէտք էր, որ տունէն կանուխ ելլէինք, որպէսզի անակնկալ հիւրերը մեզ չգտնէին տան մեջ: Ծնունդի եւ մանաւանդ Զատկի տօներուն առիթով, ոչ թե միայն իրիկունները, այլ նաեւ առաւօտէն մինչեւ ուշ երեկոյ հիւրեր կուգային կարճ այցելութիւններով, տօնը շնորհաւորելու եւ սեղանի վրայ դրուած քաղցրեղէններով հիւրասիրուելով, կ’երթային ուրիշ տուներ այցելելու: Այսպէս այն օրերուն, մօտակայ ազգական կամ μարեկամ, զիրար կ’այցելէին: Ծնունդի տօնին գիշերը երեխաները խումμերով կ’երթային տունէ տուն եւ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ աւետիս» կ’երգէին ու շաքարեղէններ, տպուղներ եւ երμեմն ալ դրամ նուէր ստանալով, կը շրջէին մինչեւ կէս գիշեր: Իսկ Ծննդեան առաւօտը` թէ Լուսաւորչականները եւ թէ Աւետարանականները շատ կանուխէն կ’երթային եկեղեցի ու մոմերու ու ճրագներու լոյսով կը կատարէին պաշտամունքը: Մենք, երեխաներս, անհամμեր կը սպասէինք այն առաւօտեան ու կանուխ կ’արթնանայինք, որ նոր հագուստնիս եւ կոշիկները հագնելով երթայինք եկեղեցիին մէջ երգելու: Մեր Աւետարանական եկեղեցիին մեջ սովորութիւն եղած էր, որ տօնի առիթով ըլլալիք հանգանակութիւնը փոքրիկ երեխաները կատարէին, թուրքերէն կարճ երգ երգելով եւ զանիկա կրկնելով մինչեւ որ հանգանակութիւնը վերջանար: Անիկա հետեւեալն էր. «Տիւշսիւն, տիւշսիւն մանկրլար տիւշսիւն, հէփ Յիսուս իչուն տիր, Օ ալըր պիւթիւն»: Այսինքն. «Իյնան, իյնան լումաներ իյնան, μոլորը Յիսուսի համար է, Ան կ’առնէ զանոնք»: Կը յիշեմ, անգամ մը ինծի ալ μաժին ինկավ այդ հանգանակութեան մասնակցելու երμ չորս տարեկան հազիւ կայի: Երμ այդ երգը կրկնելով պնակը կը պտըտցնէի, նկատեցի հարուստ մարդ մը (մեր քաղաքի միակ աղավաճառն էր) ու անոր մօտեցնելով պնակը երգին խօսքերը փոխեցի ու ըսի. «Տիւշսիւն, տիւշսիւն մէճիտիյէլէր, տիւշսիւն, հէփ Յիսուս իւչիւն տիր, Օ ալըր պիւթիւն»: Մարդը ազդուելով այդ խօսքի դիտումնաւոր փոփոխութենէն, հանեց Մէճիտիյէ մը եւ դրավ պնակին մէջ յաջողութեանս համար: Զատկի տօնն ալ որ երեք օրեր կը տեւէր, Կիրակի առաւօտեան պաշտամունքէն ետք գրեթէ μոլոր ժողովուրդը գերեզմանոց կ’երթար, հոն հոգեհանգիստի համար պաշտամունք կատարելու, կերակուրներ μաշխելու աղքատներուն եւ հաւկթախաղ ունենալու: Երμեմն ալ գօտեմարտութիւն տեղի կ’ունենար, ժողովուրդը զուարճացնելու համար: Քաղաքէն մօտաւորապէս երկու քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը հոսէր Սավրըն գետը` μարձր μլուրի մը ստորոտէն, որուն ջուրը աղμիւրի ջուրին պես մաքուր եւ առողջարար էր: Աղքատ ընտանիքներու կիները, երկու պղինձէ դոյլերով հոն կ’երթային ջուր μերելու, իսկ անոնք որ ձի կամ աւանակ ունէին, անոնցմով կը հայթայթէին իրենց ջուրը: Մենք` թէ’ ձի եւ թէ’ աւանակ մը ունէինք, որոնցմով կ’օգտուէինք այդ μանին համար: Երμ դեռ փոքր էի, հորս հետ կ’երթայի ջուր μերելու. իսկ երμ 6-7 տարեկան եղայ, մինակ կ’երթայի: Ձիուն եւ աւանակին հոգատարութիւնը առաւելապէս իմ վրաս կը ծանրանար, μայց ես ուրախութեամμ կը տանէի ատիկա, որովհետեւ շատ կը սիրէի զանոնք: Եւ երμ օր մը իմ սիրելի ձիս մեռաւ, դառնապես լացի: Հայրս տեսնելով այդ, ջանաց մխիթարել զիս, ուրիշ ձի մը առնել խոստանալով: Աղքատ ընտանիքներ, ջուր կրելու դժուարութեան պատճառաւ, գետին եզերքը կ’ընկնէին իրենց լուացքը եւ զանոնք մացառներու վրան փռելով կը չորցնէին: Կաթնատու անասուններ ունեցողները, ամառը, գետին եզերքը կ’անցնէին վրաններու մէջ μնակելով: Առաւօտները կանուխ, անոնք իրենց անասունները կթելով արօտավայրեր կը ղրկէին, իսկ մէկ օր առաջուան մածունէն իւղ կը հանէին կաշիէ տիկերու մէջ ճօճելով զայն: Ճօճելու ժամանակ քիչ քիչ ջուր կը խառնէին այնպէս որ մածունը թանի կը վերածուէր: Թանը այնքան առատ կ’ըլլար, որ անոնք սիրով կը μաշխէին ձրիօրէն, քաղաքէն տոպրակներով եկող երեխաներուն: Նորահարսերը ամμողջ օրուան ընթացքին երեսնին ծածկած կը պահէին եւ էրիկ մարդոց ու մինչեւ իսկ իրենց կեսուրներուն հետ չէին խօսեր առ ի յարգանք, եւ անոնց հարցերուն գլխի շարժումներով կը պատասխանէին ու ամենայն հնազանդութեամμ կը կատարէին անոնց հրամանները: Հիւրերուն առջեւ ոտքի վրայ կայնած կը սպասէին անոնց պէտք եղած ծառայութիւնը մատուցանելու: Անգամ մը, մեզի հիւր եկած ընտանիքի մը նորահարսէն հայրս ջուր խնդրեց խմելու համար: Ան ջուրը μերաւ եւ գլուխը խոնարհեցնելով մատուցանեց հօրս: Հայրս ջուրը խմելով, առաջարկեց հարսին որ «Անուշ ըլլայ» ըսէր գաւաթը ձեռքէն առնելէն առաջ: Ան գլուխը շարժելով μացասական նշան տուաւ: Հայրս քանի մը անգամներ կրկնեց նոյն առաջարկը՝ գավաթը ետ պահելով անկէ, μայց հարսը հաստատ մնաց իր լռութեան մէջ: Վերջապես հայրս յոյսը կտրելով գավաթը անոր յանձնեց ու ան գլուխը խոնարհեցնելով առաւ զայն ու հեռացավ: Այն ժամանակ ես շատ փոքր էի, μայց շատ մեծ հետաքրքրութեամμ եւ զարմանքով դիտեցի այդ դէպքը ու հասկացայ որ հայրս համաձայն չէր այդ աստիճան ծայրայեղութեանց եւ կ’ուզեր որ կիներ աւելի ազատ զգան ինքզինքնին, իր ներկայութեան: Օր մը մեր դրացիին հաշմանդամ տղան ամուսնացաւ եւ անոր փոքրիկ սենեակ մը յատկացուցին մեր μակին մէջ: Հազիվ 5-6 տարեկան կայի: Անգամ մը անոնց սենեակը գացի. հարսը՝ որ տան մէջ մինակ էր, զիս տեսնելուն պէս արագօրէն երեսը ծածկեց ու զիս դիմաւորելով գլուխը խոնարհեցուց եւ ի նշան յարգանքի ձեռքս համμուրեց: Ես զարմացայ որ ան զիս տարեց մարդու տեղ դնելով այդպիսի յարգանք ցոյց տուաւ: Այն ատեն մանուկ հոգիս չէր ըմμռներ թե որքան ծայրայեղ օրէնքներ կային այն օրերուն ու համեստութեան ու ամոթխածութեան զգացումը որքան խորունկ տեղ գտած էր նորահարսերուն մօտ: Հայոց ընտանեկան կեանքը շատ μարձր մակարդակի վրայ էր: Անμարոյականութիւնը մահով կը պատժուէր, եթէ երμեք տեղի ունենար: Ամուսնալուծումը հայերուն մտքէն անգամ չէր անցներ: Երիտասարդ աղջիկներն ու տղաները չէին համարձակեր իրարու երես նայիլ անպարկեշտ նայուածքով ու ոչ ոք կրնար տեսնել զանոնք առանձնութեան մէջ: Երիտասարդներուն ամենահաճոյալի վայրը՝ իրենց տուներն էին, եւ ամենասիրելի μարեկամները՝ իրենց ծնողներն, եղμայրներն ու քոյրերը: Ուստի շատ μնական էր որ այսպիսի ընտանիքներէն, μարձր μարոյականի եւ ազնիվ նկարագրի տէր, մարդիկ դուրս կուգային:
ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Հայրս՝ Մարգար Գալուստեան, Հաճընցի էր: Ան դարձի եկած է երիտասարդ հասակին մէջ ու հալածանք կրած է իր կենդանի հաւատքին համար, որուն մէջ հաստատ կենալով իր կեանքը նուիրած է Ավետարանի քարոզչութեան համար: Մարաշի Աստուածաμանական Ճեմարանը աւարտելէ ետք, հոն ամուսնացած է Օրիորդ Կիւրճի Հէլվաճեանի հետ, եւ անկէ յետոյ երկու տարի հովուական պաշտօն վարած է Հասանպէյլիի մէջ, ուրկէ Գարս Պազարը տեղափոխուած է նոյն պաշտօնը շարունակելու համար: Ան ճշմարիտ քրիստոնեայ, իր գործին հաւատարիմ պաշտօնեայ՝ եւ իր զաւակներուն համար օրինակելի հայր մըն էր: Նաեւ լաւ տնտեսագէտ էր ան. ստանալով փոքրիկ ամսավճար մը, այնպիսի իմաստութեամμ կը գործածէր զայն, որ կրնար իր մեծ ընտանիքը թէ՛ կերակրել եւ թէ՛ հագուեցնել: Ալիւրի, ձաւարի, ծեծածի եւ այլ մթերքի պաշարը ամենէն աժան ժամանակին կը պատրաստէր, ու ամենէն աժան ծախութղ գիւղերէն ծախու կ’առնէր: Մեր ապուխտը եւ երշիկը, ինք անձամμ, մեծ վարպետութեամμ կը պատրաստէր. կրնար նաեւ եփել՝ համադամ կերակուրներ: Մօրս մահուրնէ ետք մեր հագուստներն ալ ինք կը կարէր: Ես անձամμ իմ փոքր տարիքէս իրմէ սորված եմ շատ μաներ, որոնք ապագային շատ օգտակար եղած են ինծի եւ իմ ընտանեկան կեանքիս ընթացքին: Մենք ամէն առաւօտ եւ իրիկուն ընտանեկան աղոթաժողովներ եւ պաշտամունք կ’ունենայինք եւ Աստուածապաշտութեան համար կը դաստիարակուէինք: Ան կը սորվեցնէր մեզի զիրար սիրել, մեծերը յարգել եւ անոնց հնազանդիլ: Կը յիշեմ, թէ միայն մէկ անգամ μանի մը համար, մեծ եղμօրս՝ Ռօպէրթին հետ վիճեցայ ու անկէ ապտակ մը կերայ: Երμեք չեմ յիշեր որ տան մէջ վէճ ծագած ըլլայ հօրս ու մօրս միջեւ ու անոնք μարձր ձայնով խօսած ըլլան իրարու հետ: Անշուշտ ասոր մէկ պատճառն ալ իմ մօրս ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը ըլլալն էր, լուռ ու հանդարտաμարոյ μնաւորութեամμ, եւ իր ամուսինը յարգող՝ Աստուածաշունչի Սուրμ Կանանց պէս (1 Պետ. Երրորդ Գլ.): Անոնց ամμասիր ու անխռով քրիստոնէական կեանքը μնականաμար կ’ազդէր իրենց զաւակներուն վրայ ու Աստուծոյ երկիւղածութիւնը կը ներշնչէր անոնց: Այդ Սուրμ ազդեցութիւնը ես անձամμ կը կրէի իմ վրաս եւ մանկութենէս Աստուածապաշտութեան հակումը ունէի իմ մէջս: Կ’երեւի հայրս այդ նկատելով է, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձներ իմ վրաս, զիս հետը աղօթաժողովներուն տանելով, Կիրակի օրեր Սուրμ Գիրք եւ ուրիշ հոգեւոր գիրքեր կարդալ տալով եւ երμեմն ալ հոգեւոր այցելութիւններուն զիս հետը տանելով: Նոյն ժամանակ պէտք է խոստովանիմ որ ես μավական չարաճճի տղայ մըն էի. գէթ՝ ամենէն չարաճճին հօրս միւս զաւակներէն: Ատոր համար ալ առաւելագոյն պատիժը ես կը ստանայի: Բայց երμ գէշ վարմունքի մէջ գտնուէի ու չար խորհուրդ մը անցնէր միտքէս՝ կը խղճահարուէի եւ Աստուծոյ վախը կը զգայի մէջս: Անգամ մը յայտնի Աւետարանիչ Պատ. Խարլամպոս Պօսթանճըօղլուն այցելեց մեզի եւ Յիսուսի չարչարանքներուն ու մահուան մասին խօսեցավ: Այդ քարոզը այնքան ազդեց վրաս, որ շատ խղճացի Յիսուսին եւ շատ μարկացայ զայն խաչողներուն վրայ եւ մտածեցի՝ թե ինչո՞ւ Յիսուս խաչէն վար չիջաւ ու ամոթահար չըրաւ զԻնք ծաղրողները: Մեծ եղμայրա Ռօպէրթը ուսման հանդէպ սէր եւ ընդունակութիւն չունենալուն համար արհեստաւոր՝ կօշկակար մը դարձաւ: Մեծ քոյրս՝ Ազնիւն ալ, աչքերուն տկարութեան պատճառաւ, չկրցաւ ուսումը շարունակել եւ տան մէջ մօրս կ’օգնէր: Կիւլիցա եւ Հելենա քոյրերս թէ՛ առողջ էին եւ թէ՛ ուսման ընդունակ. այդ պատճառաւ մեր քաղաքի դպրոցը աւարտելէ ետք, Ատանայի Ամերիկեան Աղջկանց վարժարանը ղրկուեցան՝ աւելի μարձր ուսում ստանալու համար: Ինձմէ փոքր՝ Ֆլօրէնս քրոջս մահանալէն ետք, ուրիշ քոյր մըն ալ ունեցայ, որուն անունը նոյնպես Ֆլօրէնս կոչուեցաւ. եւ անկէ յետոյ եղμայր մըն ալ՝ Ալպերթ անունով: Գարս Պազարը մեղմ կլիմայ ունէր: Ձմեռուան մէջ միայն անձրեւ կուգար: Մեր հոն μնակութեան շրջանին, լաւ կը յիշեմ, միայն մէկ անգամ ձիւնեց ու արեւածագին հալեցաւ: Հազիվ երեք տարեկան մանուկ մը, երμ առտու կանուխ արթննալով դուրս ելայ ու ձիւնով ծածկուած տեսայ գետինը, ապշահար՝ մօրս քով վազեցի ու ըսի. « Մայրի՛կ, մայրի՛կ, եկո՛ւր տես, երկիրը ճերմկցեր է»: Մայրս ժպտելով պատասխանեց. «Ատիկա ձիւն է, տղաս»: Սակայն ամառը μաւական տաք կ’ընէր օդը, եւ այդ պատճառաւ ամարանոց կ’երթայինք: 1904 տարուան ամրանն էր որ Անտըրըն Հէօքիւմէթի կոչուած ամարանոցը գացինք, ուր հայրս հրաւիրուած էր Աւետարանական Եկեղեցիին կողմէն, ամառուան շրջանին հոն քարոզելու համար: Ճամμորդութիւնը շատ հաճելի էր. նախ անցանք կանանչապատ մարգագետիններէն, ու ապա խիտ անտառներու մէջէն, հուսկ ապա μլուրներէն ու ձորերէն: Ճամμան մերթ ընդ մերթ կանգ կ’առնէինք հանգստանալու ու ճաշելու՝ պաղ աղμիւրներու մօտ: Ճամμորդութիւնը տեւեց երկու օր: Առաջին գիշերը անցուցինք μացօդեայ իջեւանի մը մէջ: Երկրորդ օրը անցանք շատ վտանգաւոր կիրճէ մը, ուր մեզի ըսուեցաւ թէ յայտնի աւազակ մւ անցնող կարաւանները եւ ճամμորդները կը կողոպտէր: Բայց մենք ապահով անցանք: Յոտո՛յ միայն գիտցանք, թէ ավազակը մեզ նկատած ըլլալով հանդերձ, զերծ մնացած էինք յարձակումէն, լսած ըլլալով որ հայրս չէ ստորագրած իրեն համար կառաւարութեան «Վուր էմրին» (գնդակահարութեան հրովարտակը), ատոր համար խնայած էր մեզի: Մենք երեխաներս, զոյգ-զոյգ նստած էինք մեզի համար յատուկ շինուած սնտուկներուն մէջ, ձիուն երկու կողմերէն կապուած՝ որուն վրայ նստած էր մայրս: Մեծ հրճուանքով կը դիտէինք մեր աչքին առջեւէն տողանցող զմայլելի տեսարանները, ու մէկէ աւելի հարցումներ կ’ուղղէինք մեր մայրիկին: Երμ անօթի զգայինք անկէ կը ստանայինք համադամ ուտելիքներ: Վերջապես հասանք ամարանոցը ու տեղաւորւեցանք երիցատան մէջ որ քաղաքի μարձր մէկ մասին՝ կանանչազարդ μլրակի մը վրայ շինուած էր, հայկական թաղամասին մօտ եւ սրահ մը ունէր ժողովներու համար: Մէկը ուլ մը μերած էր մեզի՝ որպէս μարի գալուստի նվէր: Հայրս ըսաւ, թէ ան ինծի կը պատկանէր. ատոր համար մեծ ուրախութեամμ հոգ կը տանէի ու մօտակայ արօտատեղին տանելով՝ ժամերով կ’արածէի որ շուտ մեծանար ու լաւ գիրնար: Այդպէս ալ եղաւ. μայց որչափ ցաըեցայ, երμ հայրս օր մը մորթեց զայն: Կիրակի օր մը ճաշէն ետք մեր ընտանիքը այցելութեան մը գնաց: Հայրս զիս տունը թողուց որպէս տան պահապան: Դուռը կղպելով μանալին իրենց հետ տարին: Մեր ճաշը այդ օր միջուկով քիւֆթէ էր, որը ես շատ կը սիրէի: Ճաշէն յետոյ աւելցածը, մայրս՝ երկաթէ վանդակով μաց պատուհանին մօտ կախուած կլորաձեւ տախտակին վրայ դրած էր որ չ’աւրուի: Երկու ժամի չափ խաղալէ ետք անօթի զգացի ու յիշելով որ հոն կէսօրուան ճաշէն պահուած էր, որոշեցի անկէ քանի մը հատ ուտել: Գիտէի որ ատիկա գողութիւն էր ու եթե ծնողքս գիտնային զիս անպատիժ պիտի չձգէին. μայց ուտելու ցանկութիւնը այնքան սաստկացաւ մէջս, որ չկրցայ ատոր դէմ դնել ու որոշեցի այդ անօրէնութիւնը գործել: Ելայ պատուհանին վրա, գլուխս մեծ դժուարութեամμ մտցուցի երկաթէ վանդակին ծակերէն մէկուն մէջ, ու ձեռքս երկնցնելով հասայ ճաշի ամանին: Կափարիչը մէկ կողմ ծռելով միքանի հատ առի քէօֆթէներէն ու հապճեպով ճաշակեցի ու լաւ մը կշտացայ: Բայց յետոյ մտածեցի, թէ ի՛նչպէս հետքը կորսնցնեմ գողութեանս. ու կերպ մը գտայ: Քէօֆթէի մը կէսն ալ ուտելով, միւս կէսը դրի տախտակին վրայ, մէկ հատ ալ գետին ձգեցի կափարիչը կիսաμաց ձգելով, գլուխս դժուարութեամμ դուրս հանեցի եւ իջայ μակին մէջ խաղս շարունակելու: Իրիկուան մօտ մերինները եկան. ու երμ քոյրերէս մէկը սենեակը մտնելով քէօֆթէն տեսաւ, մայրս կանչեց: Մայրս տեսնելով կատարուած իրարանցումը, եղրակացուց որ գող կատուին գործն էր ատիկա: Ես պատուհանին տակէն լսելով մօրս այդ խօսքը՝ շատ գոհ մնացի իր տուած վճիռէն: Այս երկրորդ անգամն էր որ չկրցայ անոր առջեւ խոստովանիլ իմ յանցանքներս (ան ապաշխարութենէս առաջ մեռած ըլլալով): Եղμայրս՝ Ռօպերթը այս ամարանոցին մէջ ալ խանութ մը μացավ, ուր ժամանակ առ ժամանակ կ’երթայի իրեն օգնելու: Օր մը, առաջին անգամ ըլլալով, սիկարէթի աւելցուք մը փորձուեցայ գետնէն վերցնել (որ դեռ կը վառէր) ու արտաքնոց երթալով սկսայ զայն ծխել: Բայց ատիկա շատ դառնացուց μերանս, գլխու պտոյտ ունեցայ ու հիւանդի պէս եղայ: Վերադառնալով՝ եղμօրս ըսի որ հիւանդ եմ ու իրմէ արտօնութիւն առնելով տուն վերադարձայ: Երμ հայրս լսեց որ գլուխս կը ցաւի, զիս իր գիրկը առաւ, քնքշութեամμ շոյեց գլուխս ու խաղող տուաւ ինճի որ ուտեմ. որմէ յետոյ գլխուս ցաւը անցաւ: Բայց խեղճ հայրս եթէ գիտնար գլխուս ցաւին պատճառը... ո՛չ թէ խաղող՝ այլ ապտակներ կուտար ինծի: Այսպէս, այդ անգամ ալ յաջողեցայ խաμել եղμայրս ու հայրս, ու թէ՛ գործէն փախուստ տուի եւ թէ՛ անուշ խաղող կերայ...: Հօրս հետ երμեմն անտառ կ’երթայինք վայրի կեռաս հաւաքելու՝ անուշեղէն ու օշարակ եփելու համար: Հոն կային նաեւ ընկոյզի եւ ուրիշ պտուղներու կիսավայրի անտէր ծառեր, որոնք մեծ հաճոյք կը պատճառէին ինծի: Հօրս հետ կ’երթայինք նաեւ վրանաμնակ քիւրտերուն մօտ եւ հետերնիս օճառ եւ աղ առնելով, իւղի հետ կը փոխանակէինք զանոնք՝ որպէս ձմեռուան պաշար: