Սուրբ Հոգի. Մենք հրավտա՞նգ ենք, թե՞ հրակայուն

(0)

ՆԱԽԱԲԱՆ

 

Զիս հրաւիրած էին քարոզելու քրիստոնէական հաւաքոյթի մը, ուր մարդիկ չէին հաւատար Սուրբ Հոգիին զօրութեան։ Յանկարծ իմ ծառայութեան ժամանակ Սուրբ Հոգին թափեցաւ. մարդիկ կը ցնծային, կը լեցուէին Սուրբ Հոգիով եւ կը փառաբանէին։ Ես նայեցայ լսարանին, դահլիճին մէջտեղի մասը երեք, չորս մարդիկ կային, որոնց Ան բոլորովին չէր հպած։ Անոնց աչքերը բաց էին, անոնք կը նայէին իրենց շուրջը, այդ գերբնական իրադարձութեան մասնակցելու փոխարէն։ Ես մտածեցի. «Կ’երեւի, այս մարդիկ անթափանցելի քրիստոնեաներ են»։ Անոնք հրակայուն էին նոյնիսկ Սուրբ Հոգիի կրակի թափման ժամանակ։ Կ’ուզեմ ըսել ձեզի, որ անձամբ ես հրավտանգ ու բռնկուն եմ Աստուծոյ համար։ Ես կ’ուզեմ վառիլ Սուրբ Հոգիին կրակով եւ տանիլ Անոր վառող ջահը մինչեւ իմ կեանքի աւարտը։ Այս փորձառութենէն յառաջացաւ այս գիրքի վերնագիրը։ Եւ այսօր կ’ուղղեմ այս հարցումը ձեզի. դուք հրավտա՞նգ էք, թէ՞ հրակայուն։

 

 

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

 

Գործք առաքելոց գիրքը աւելի լաւ կ’ընթերցուի, քան որեւէ ժամանակակից վէպ։ Ատոր մէջ յստակ նշուած են գործող անձիք. ոմանք գլխաւոր դերերու մէջ են, ոմանք՝ երկրորդական։ Գիրքին մէջ կան գործողութիւններ, արկածներ, յաղթանակներ եւ ողբերգութիւններ։ Տեսարանները կը փոխուին՝ Երուսաղէմէն Դամասկոս, Անտիոք ու Հռոմ, եւ բանտախցերէն նաւաբեկութիւններ։ Մենք կը հանդիպինք Սուրբ Հոգիի քամիին եւ խիզախ գեղջուկ առաքեալներուն, որոնք բացառիկ հրաշքներ կը գործէին եւ կը շփոթեցնէին իրենց օրերու պետութիւններու ղեկավարները։ Այնուամենայնիւ, այս մեծ առաքեալները միշտ չէ, որ ակնառու էին, եւ միշտ չէ, որ ազնուագոյն կերպով կը վարուէին։ Ես ապշեցայ՝ Մարկոս 16.8-ն կարդալով, որ Յիսուսի Երկինք համբարձելէն առաջ աշակերտները չհաւատացին։ Նոյն անհաւատութեան մասին գրուած է Մարկոսի 16.11-ին մէջ։ Եւ երկու խօսք յետոյ՝ 13-ին մէջ, գրուած է նոյն բառը՝ չհաւատացին։ Կրկին, 14-րդ խօսքին մէջ նոյն բառն է՝ չհաւատացին։ Անոնք իսկական անհաւատներ էին։ Բայց զիս ամէնէն շատ կը զարմացնէ այն փաստը, որ 15-րդ խօսքին մէջ Յիսուս ըսաւ այդ անհաւատ եւ վախկոտ հաւատացեալներուն. « Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհով, Աւետարանը քարոզեցէ՛ք ամէն արարածի»։ Թոյլ տուէք ըսել, որ եթէ ես հոն ըլլայի, կը մօտենայի Յիսուսին եւ ականջին կը շշնջայի. « Տէ՛ր, մի՞թէ չես գիտեր, որ այն աշակերտները, որոնց հազիւ նոր տուիր Մեծ յանձնարարականը, պարզապէս անհաւատներ են։ Անոնք չեն կրնար կատարել այն»։ Կը կարծեմ՝ Յիսուս պիտի դառնար, մատը պիտի դնէր շրթունքին եւ ցած ձայնով պիտի ըսէր. « Պոնքէ՛, Ես գաղտնիք մը ունիմ, որուն մասին դուն չես գիտեր»։ Ո՞րն էր այդ գաղտնիքը։ Ինչ որ բան տեղի ունեցաւ 14-րդ եւ 20-րդ խօսքերուն միջեւ։ Քսաներորդ խօսքին մէջ գրուած է. «Անոնք ալ դուրս գացին, ամէն տեղ կը քարոզէին, եւ Տէրը կը գործակցէր անոնց հետ եւ խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որ կը հետեւէին, ամէ՛ն»։ Ի՞նչ տեղի ունեցաւ 14-րդ եւ 20- րդ խօսքերուն միջեւ։ Ըստ ժամանակագրութեան՝ տեղի ունեցաւ Գործք առաքելոց 2-րդ գլուխին մէջ նկարագրուած իրադարձութիւնը։ Աշակերտները ձգեցին տկարութիւնը եւ ընդունեցին զօրութիւն, որ անհրաժեշտ էր՝ կատարելու համար այն, ինչ որ Յիսուս յանձնարարած էր իրենց Երկինք համբարձելու ժամանակ. « Բայց դուք զօրութիւն պիտի առնէք, երբ որ Հոգին ձեր վրայ գայ, եւ Իմ վկաները պիտի ըլլաք Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, մինչեւ երկրի ծայրերը» ( Գործք 1.8)։ Նոյն կերպով, բոլորս կրնանք ձգել տկարութիւնը եւ քայլ ընել դէպի անսահման զօրութիւն։ Զօրութիւնը քրիստոնէական վկայութեան էութիւնն է։ Այն Աւետարանի լրացուցիչ պարագայ մը չէ։ Այն հեծանիւի զանգը չէ. այն ամբողջական հեծանի՛ւն է։ Աստուածաշունչին մէջ չկայ նոյնիսկ պզտիկ ակնարկ մը այն մասին, որ աշակերտներէն քանի մը հոգի անզօր պիտի ըլլան։ Եթէ ուղիղ խօսինք, քրիստոնէութիւնը կա՛մ գերբնական է, կա՛մ ոչինչ է։ Մենք ունինք գերբնական Յիսուս, որ ունի գերբնական ծառայութիւն եւ ստեղծած է գերբնական Եկեղեցի. մենք ունինք գերբնական Աւետարան եւ գերբնական Աստուածաշունչ։ Հեռացուցէք հրաշքները, եւ դուք կը հեռացնէք քրիստոնէութեան կեանքը։ Եկեղեցին կը վերածուի բարոյագիտական ընկերակցութեան կամ հասարակական ակումբի, մինչդեռ այն պէտք է ըլլայ միասնական ուժանիւթային համակարգ, որ կը փոխանցէ Աս տուծոյ զօրութիւնը այս անզօր աշխարհին։ Այս աշխարհին համար մենք Աստուծոյ զօրութեան հաղորդիչներն ենք։ Սուրբ Հոգին եւ Քրիստոսի փրկարար սիրոյ Աւետարանը անքակտելիօրէն կապակցուած են կեանքի կապով։ Եթէ կ’ուզէք տեսնել Աստուծոյ զօրութիւնը, անտեսեցէք բոլոր մեթոտները, հմտութիւնները եւ հոգեբանական հնարները եւ պարզապէս քարոզեցէք Խօսքը, քանի որ Աստուծոյ զօրութիւնը կը բխի անմիջապէս Աւետարանէն։ Ես չեմ վերցներ միայն մէկ բան Աստուծոյ գանձերու արկղէն։ Ես կ’ազդարարեմ ամբողջ Աւետարանը, որ կը պարունակէ այն ամէնը, ինչին կարիքը մենք ունինք՝ փրկութիւն, ներում, բժշկութիւն, խաղաղութիւն, յոյս եւ ազատագրում։ Ես գրի առած եմ շարք մը ազդեցիկ ուսուցումներ Սուրբ Հոգիին մասին եւ կազմած եմ հզօր սկզբունքներ՝ Սուրբ Հոգիի ԿՐԱԿԷ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ։ Կ’ուզեմ կոչ ընել, որ մտածէք Սուրբ Հոգիին մասին, եւ ոգեշնչել ձեզ, որ հաւատաք Հոգիին զարմանալի զօրութեան, որ ձեր մէջ է։ Ձեր ներսը կայ ազդեցիկ ուժ մը, որ կրնայ յարութիւն տալ մեռելներուն։ Աստուած տուած է այն իւրաքանչիւր հաւատացեալի։ Մենք ոչ մէկ արդարացում ունինք՝ մեղքի եւ չարիքի առջեւ տկար ըլլալու համար։ Չէ՞ որ մենք կրնանք ընել ամէն բան մեզ զօրացնող Քրիստոսով (տե՛ս Փիլիպ. 4.13)։ Իրականութեան մէջ, այս գիրքը կ’ամփոփէ իմ կեանքի եւ ծառայութեան գաղտնիքները։ Ես համոզուած եմ՝ եթէ դուք կիրառէք այս սկզբունքները, ատոնք ձեր կեանքին մէջ պիտի գործեն նոյն կերպով։ Մեր աւետարանչական հաւաքոյթներու ժամանակ բազմաթիւ մարդիկ մկրտուած են Սուրբ Հոգիով, եւ մենք մշտապէս Աստուծոյ զօրութեան եւ սիրոյ զօրաւոր դրսեւորումներու ականատեսներ կ’ըլլանք։ Ես կ’ուզեմ ներկայացնել այն, ինչ որ հասկցած եմ այդ իրադարձութիւններէն։ Իմ վերջնական հեղինակութիւնը մշտապէս Աստուածաշունչն է։ Անշուշտ, փորձառութիւնը օգնած է ինծի հասկնալ բազմաթիւ իրողութիւններ Հոգիին մասին, սակայն, ինչպէս կը գրէ Պետրոսը, Աստուած «շնորհեց մեզի այն ամէնը, ինչ որ կեանքի եւ Աստուածապաշտութեան համար պէտք է» (Բ. Պետրոս 1.3)։ Աստուածաշունչը կը վաւերացնէ մեր փորձառութիւնը։ Ներկայացնելով այն, ինչ որ հասկցած եմ Հոգիի իրողութիւններուն մասին՝ ես կը փորձեմ ցոյց տալ, որ իմ հետեւութիւնները եղած են Խօսքի միջոցով եւ պարզաբանուած են այն ամէնով, ինչ որ ես տեսած եմ։

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԶԷՆՔ

«Որովհետեւ ես Քրիստոսի Աւետարանը ամօթ չեմ համարեր, որովհետեւ Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ փրկելու համար ամէն հաւատացողի, առաջ՝ հրեային, եւ յետոյ՝ յոյնին»։ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 1.16

 

ԲԱՑԷ՛Ք ԱՊԱՀՈՎԻՉԸ ՊԱՀՈՎԻՉԸ

Աւետարանը միակ զէնքն է, որ կրակելու պարագային մահացած մարդը կը կենդանանայ։

 

ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԻՄՆԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ

Աստուածաշունչը Աստուծոյ Թագաւորութեան սահմանադրութիւնն է։ Ոչ մէկ երկրային խորհրդարան, կառավարութիւն կամ գերագոյն դատարան կրնայ փոխել այն։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը չ’որոշուիր ժողովրդավարական քուէարկութեամբ կամ համաձայնութեամբ։ «Ո՛վ Տէր, Քու Խօսքը յաւիտեան հաստատ է Երկնքի մէջ» ( Սաղմոս 119.89)։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ Ճշմարտութիւնը» ( Յովհաննէս 14.6)։

 

ԿԱՐԵՒՈՐ ԼՈՒՐ

Երբ Աւետարանը կը քարոզուի, այն կը կատարուի։ Այն կը դառնայ կատարուած իրադարձութիւն։ 

 

ԿՐԱ՛Կ ԲԱՑԷՔ

Մի՛ պաշտպանէք Աւետարանը փշոտ մետաղալարով։ Աստուածաշունչը լաւագոյնս պաշտպանուած է, երբ այն կը ներկայացուի իր թշնամիներուն։ Այն գիտէ՝ ինչպէս վարուիլ անոնց հետ։

 

ԺԱՅՌԻ ՊԷՍ ԱՄՈՒՐ

Աստուծոյ Խօսքը ամուր ժայռ է, ոչ թէ քրիստոնէական կարծիքներու քարակոյտ։

 

ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՍՊԱՆՆԵՐ

Աւետարանը լրացում չէ՝ մարդկային օրէնքները բարելաւելու համար։ Որքան ալ խոնարհ ըլլայ Աւետարանի քարոզիչը, ան, ըստ էութեան, Գահի պաշտօնեայ է, որ կը խօսի Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեամբ։

 

ՈՉ ԲԱՐԿԱՑԱԾ ԱՐԿԱՑԱԾ ԼՈՒՐ

Աւետարանը դատաստան չէ։ Այն ԲԱՐԻ լուր է, ոչ թէ ԲԱՐԿԱՑԱԾ լուր։ Քրիստոսը Յարութիւնն է եւ Կեանքը։

 

ՄԻՇՏ ՆՈՐ

Աւետարանը պահպանուած պատմութիւն չէ՝ նման Ալեքսանտր Մեծի պատմութեան։ Այն անցեալի զմռսուած մասունք չէ։ Գոյութիւն չունի հին ելեկտրականութիւն կամ հին քամի. նոյնպէս եւ գոյութիւն չունի Հին Աւետարան։ 

 

ԱՆԺԱՄԱՆԱԿԵԱՅ ՆԺԱՄԱՆԱԿԵԱՅ

Աստուծոյ Խօսքը կեանքի պէս անժամանակեայ է։ Այն հնութիւն չէ, որ պէտք է պահպանել։ Աստուած կը պահպանէ եկեղեցին. « Մենք Անորմով կ’ապրինք, կը շարժինք եւ կանք» ( Գործք 17.28)։

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ՒԵՏԱՐԱՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՁԵՌՆԱՌՈՒՄԲ ՁԵՌՆԱՌՈՒՄԲ

Երբ հաւատքը եւ վկայութիւնը կը միանան, պայթիւնի պէս բան մը տեղի կ’ունենայ։ Պօղոս ըսաւ, որ Աւետարանը «Աստուծոյ զօրութիւնն է» (Հռովմայեցիս 1.16)։

 

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Աւետարանը ազգեր կը փրկէ: Այն զօրութիւն է ազգերու համար եւ ուժ կը հաղորդէ բոլորին։ Յիսուսը կը փրկէ՜։

 

 

ԿՐԱԿԷ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

ԲԱԺԻՆ 1.

Ո՞Վ Է ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ

 

ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾ  «Եւ երբ որ Ան նաւը մտաւ, Անոր աշակերտները Անոր ետեւէն գացին։ Եւ ահա մեծ ալեկոծութիւն մը եղաւ ծովուն մէջ, այնպէս որ նաւն ալ կը ծածկուէր ալիքներէն, իսկ Ինք քնացած էր։ Եւ Անոր աշակերտները, մօտենալով, արթնցուցին Զինք եւ ըսին. « Տէ՛ր, փրկէ՛ մեզ, կը կորսուինք»։ Եւ անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, թերահաւատնե՛ր»։ Այն ժամանակ ոտքի ելաւ, սաստեց քամիներուն եւ ծովուն, եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ Իսկ մարդիկ զարմացան եւ կ’ըսէին. «Ասիկա ինչպիսի՞ մէկն է, որ քամիներն ու ծովն ալ կը հնազանդին Իրեն»»։ ՄԱՏԹԷՈՍ 8.23-27

ՄԵԿԵԹՈՍ. ԱՆՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼԻ ՆՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼԻ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Սուրբ Հոգիով մկրտուելու շնորհիւ բոլորիս համար հասանելի է մեռելներուն յարութիւն տուող, կենսատու զօրութիւն։ Անզօր եկեղեցին խայտառակութիւն է։ Սուրբ Հոգին մշտապէս կը գործէ, երբ դուք կը գործէք Աստուծոյ համար։ Եթէ դուք չէք գործեր Աստուծոյ համար, ձեզի պէտք չէ զօրութիւն, եւ այն չի տրուիր ձեզի։ Բայց երբ կը մկրտուիք Հոգիով, դուք անյաղթահարելի կարողութիւն կը ստանաք։

ՊՕՂՈՍ Կ’ԱՂՕԹԷ ԵՓԵՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ (1.18-20), ՈՐ «... ՁԵՐ սրտերու աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք... Անոր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը ՄԵՐ ՄԷՋ, որ հաւատացինք, Իր կարող զօրութեան յաջողութեան պէս, որ Քրիստոսին մէջ գործադրեց՝ Զինք մեռելներէն յարութիւն տալով»։ Այս հատուածին մէջ Պօղոս կ’օգտագործէ «մեկեթոս» բառը՝ նկարագրելու համար մեզի հասանելի միջոցներու մեծութիւնը։ Միջուկային ռումբի պայթուցիչ ուժը կը չափուի մեկաթոննաներով։ Բայց Պօղոսը ա՛լ աւելի առջեւ կ’երթայ՝ խօսելով «հիփըրմեկեթոսի» կամ գերազանց մեծութեան մասին։ Ահա թէ ինչպէս պէտք է չափենք մեր արդիւնաւէտութիւնը քրիստոնէական ծառայութեան մէջ, եւ ահա թէ ինչ հասանելի է Աստուծոյ ծառաներէն իւրաքանչիւրին։

ԱՆՀՆԱՐԻՆԸ ՆՀՆԱՐԻՆԸ ՏԵՂԻ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ Աստուածային բնութիւնը ոչ միայն գերբնական է, այլեւ՝ հրաշագործ։ Աստուծոյ զօրութիւնը, սէրը եւ բարութիւնը կը գերազանցեն ամէն ինչ։ Հոն, ուր որ Աստուծոյ ներկայութիւնն է, կարելի է ակնկալել լոյս, կեանք եւ գերազանցութիւն. լեռները կը ցածնան, ձորերը կը բարձրանան, եւ այն, ինչ որ ծուռ է, ուղիղ կը դառնայ (տե՛ս Եսայիա 40.4)։ Աստուծոյ բառարանին մէջ չկայ «անհնարին» բառը։

ԱՆՀՆԱՐԻՆԸ ՏԵՂԻ ԿՈՒՆԵՆԱՅ, ԵՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾ ՆԵՐԿԱՅ Է։ ԱՅՆ անոր յատկանիշն է։ Արարչագործութիւնը սկիզբ առաւ, երբ Ան անցաւ ատոր կողքով։ Յոբը կը խօսի տիեզերքի մասին՝ անուանելով այն «Անոր ճանապարհներու ծայրերը» ( Յոբ 26.14)՝ նման հետքերու, որոնք կը մնան թաց խոտի վրայ քալելէն յետոյ։ Նոյնը կը վերաբերէր Յիսուսին։ Երբ Ան կ’անցնէր ինչ որ հրէական գիւղէ մը, ատիկա ակնյայտօրէն կ’երեւէր. այդ գիւղին մէջ ոչ մէկ հիւանդ կը մնար։ Հոն, ուր որ Ան կը գտնուի, առանց որեւէ խնդիրի կարելի է քալել ալիքներու վրայէն, բժշկել հիւանդները կամ կերակրել 5.000 մարդ՝ մէկ տղու մը նախաճաշով։ Այդ ամէնը պարզապէս տեղի կ’ունենայ. նիւթական աշխարհը կ’ենթարկուի Անոր կամքին։ «Աստուած կը դրդէ, որ ԱՄԷՆ ԻՆՉ միասնաբար գործէ դէպի բարին՝ զԱստուած սիրողներուն համար» (Հռովմայեցիս 8.28, NLT)։

Վարկանիշներ

0 reviews

Նմանատիպ գրքեր

keyboard_arrow_up