ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
Ուրախ եմ, որ ընտրած ես կարդալ այս գիրքը: Կրնայ ըլլալ, որ այս պահուն տեսակ մը տառապանքի մէջ ես կամ կեանքիդ մէջ պատահածները դժուարութիւններ կրելու կարողութենէդ վեր կը թուին քեզի: Եւ մինչ չեմ գիտեր քու պարագայիդ մանրամասնութիւնները, մէկ բան հաստատ գիտեմ. Դուն առանձին չես. Աստուած կը սիրէ քեզ, մենք ալ կը սիրենք քեզ: Իրականութեան մէջ ես այս գիրքը գրեցի՝ քաջալերելու համար քեզ եւ սիրտդ յոյսով լեցնելու համար: Կ’ուզեմ, որ գիտնաս, թէ նոյնիսկ այս պահուն՝ մինչ տագնապիդ կամ հարցիդ մէջն ես, Աստուած քու կողքիդ է եւ ոչինչ անկարելի է Իրեն համար (տե՛ս Ղուկասի 1.37): Ան բարի ծրագիր մը ունի ապագայիդ համար եւ Ան արդէն իսկ կը գործէ քուլիսներու ետին՝ քեզի օգնելու համար (տե՛ս Երեմիայի 29.11): Կրնայ ըլլալ, որ ապրած ես անկանխատեսելի ողբերգութիւն մը եւ վստահ չես ի՛նչպէս յաղթահարել կացութիւնը եւ յառաջ երթալ: Կամ կրնայ ըլլալ, որ առողջական հարց մը ունիս եւ միջոց չունիս բժիշկի երթալու: Գիտեմ, որ շատեր օրը օրին կ’ապրին եւ չեն գիտեր, թէ ո՛ւրկէ պիտի գայ իրենց յաջորդ կերակուրը:Երբ անհաւատալիօրէն դժուար բանէ մը կ’անցնինք, կրնանք փորձուիլ հրաժարիլ եւ յանձնուիլ: Սակայն լաւագոյն բանը, որ կրնանք ընել մեր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դնելն է եւ յոյսով լեցուն մնալը: Բայց ճիշդ ի՞նչ է յոյսը: Յոյսը այն վստահ ակնկալութիւնն է, որ լաւ բան մը պիտի պատահի: Անիկա մօտէն կապուած է մեր հաւատքին եւ մեր հաւատացած բաներուն կամ համոզումներուն հետ: Երբ կը համարձակինք յուսալ, մեր կեանքը կը յորդի ուրախութիւնով եւ խաղաղութիւնով: Թշնամին կ’ուզէ, որ անյոյս ըլլանք: Ան կ’ուզէ մեզի համոզել, թէ ամէն բան կորսնցուցած ենք եւ թէ որեւէ բան երբեւէ լաւ պիտի չըլլայ: Բայց Աստուած կ’ուզէ, որ յոյսով լեցուն ըլլանք՝ հաւատալով եւ մեծ բաներ ակնկալելով Իրմէ: Իրականութեան մէջ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Ան «յոյսի Աստուած»ն է (տե՛ս Հռոմայեցիներուն 15.13)՝ գութով եւ նոր սկիզբներով լեցուն: Մանուկ հասակիս հօրս կողմէ սեռային, բերանացի եւ զգացական բռնաբարումի ենթարկուելուս պատճառով, իմ մէջս զարգացած էր անյոյս կեցուածք մը: Այնքան ժխտական բաներ պատահած էին ինծի, որ սկսած էի միշտ վատ բաներ ակնկալել, Քրիստոնեայ ըլլալէս ետք իսկ: Սակայն կրնամ անկեղծօրէն ըսել, թէ Աստուած փոխակերպած է զիս ժխտական եւ յոռետես ըլլալէ դէպի մէկու մը, որ յոյսով լեցուն է եւ շարունակ Աստուծոյ բարութիւնը կ’ակնկալէ ամէն դարձուածքի վրայ: Քիչ-քիչ Աստուած օգնեց ինծի, որ յայտնաբերեմ յոյսի զօրութիւնը եւ թէ ատիկա ի՛նչ կը նշանակէ իմ խորհուրդներուս, բառերուս, կեցուածքներուս եւ կեանքիս բոլոր մարզերուն մէջ: Ուստի հիմա երբ դժուար պայմաններու դէմ յանդիման կը գտնուիմ կամ արգելքի մը կը հանդիպիմ, կը կառչիմ յոյսին՝ գիտնալով, որ Աստուած ամէն բան բարիի գործակից պիտի ընէ ինծի համար: Թերեւս մեծ ցաւ ապրած ես, յուսախաբութիւն կամ դժուարութիւն մը եւ չես կրնար պատկերացնել, թէ կացութիւնդ պիտի բարելաւուի: Թշնամին կ’ուզէ համոզել քեզ, թէ կացութիւնդ բնաւ պիտի չփոխուի: Բայց Աստուած կ’ուզէ, որ գիտնաս, թէ Ինք կը սիրէ քեզ, եւ կրնաս վստահիլ Իրեն, որ հրաշք մը պիտի գործէ քու խառնաշփոթութեանդ մէջ: Քու բաժինդ՝ յոյսդ բնաւ չկտրելն է. ակնկալել, որ Իր բարութիւնը ի յայտ պիտի գայ որեւէ վայրկեան: Այս էջերը կը պարունակեն այն կարեւորագոյն դասերէն ոմանք, զորս Աստուած սորվեցուցած է ինծի այդ մարզին մէջ. դասեր, որոնք պիտի զօրացնեն հաւատքդ եւ օգնեն քեզի, որ կեանքին մօտենաս նոփ-նոր նայուածքով մը կամ վերաբերումով մը: Ես յաճախ կ’ըսեմ, թէ՝ այն մարդը, որ յոյսով լեցուն կը մնայ, կը շարունակէ հաւատալ Աստուծոյ Խօսքին եւ կը մերժէ տեղի տալ, անպարտելի կ’ըլլայ: Որովհետեւ նոյնիսկ կեանքի փոթորիկներուն մէջ երբ քու վստահութիւնդ Իր վրան կը դնես, Ան կրնայ քու կեանքդ լեցնել Իր անհաւատալի խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ, եւ կրնայ կացութիւնը քու բարիքիդ համար շրջել: Չեմ գիտեր, թէ ճիշդ ինչ բաներէ անցած ես կեանքիդ մէջ կամ ինչ բանէ կ’անցնիս ներկայիս: Բայց գիտեմ, որ Աստուած կը սիրէ քեզ մե՜ծ սիրով, Անոր աչքը քու վրադ է եւ Ան պիտի օգնէ քեզի (տե՛ս Հռոմայեցիներուն 8.38-39: Սաղմոսներու 33.18): Ան ամէն յոյսի Աստուածն է, եւ Ա՛ն է, որ կրնայ քու ամէնէն դժուար ժամանակներդ անգամ մեծ, աղուոր բանի մը վերածել:
Գլուխ 1
ՅՈՅՍՈՎ ԼԵՑՈՒՆ
Երբեմն կ’ըսեմ, թէ մենք «ցոյց տուր»ի սերունդն ենք: Կ’ուզենք տեսնել նախքան հաւատալը: Իրականութեան մէջ մեծ մասս դժուարութիւն ունինք հաւատալու, թէ Աստուած կը գործէ մեր կեանքին մէջ մինչեւ որ մեր բնական աչքով տեսնենք, որ բան մը կը պատահի: Բայց Աստուած այդ ձեւով չի գործեր. Ան քուլիսներու ետին կը գործէ: Կրնայ ըլլալ, որ չես տեսներ, որ բան մը կը պատահի, բայց կը հաւատա՞ս, որ Աստուած կը գործէ կեանքիդ մէջ ներկայիս: Կը հաւատա՞ս, որ Ան ծրագիր մը ունի օգնելու զաւակներուդ հետ կապուած հարցերուդ, ամուսնութեանդ կամ այն բաներուն մէջ, որոնց համար տարիներէ ի վեր կ’աղօթես: Երեմիայի 29.11-ը կ’ըսէ, թէ Աստուած բարի ծրագիր մը ունի կեանքիդ համար… քու վերջնական արդիւնքիդ կամ վիճակիդ վերաբերեալ քեզի յոյս տալու համար: Այլ խօսքով, Աստուած առիթ մը կը փնտռէ քեզի բարիք ընելու համար: Թերեւս քեզի համար դժուար է ինքզինքդ պատկերացնել իբրեւ դրական, հաւատքով լեցուն մէկը, որ լեցուն է յոյսով: Եթէ ըսածս ճիշդ է, ուստի գիտեմ ճիշդ ի՛նչպէս կը զգաս: Կարգ մը մարդիկ պարզապէս կը վախնան յուսալու, որովհետեւ շատ յուսախաբութիւն ապրած կ’ըլլան եւ այնպէս կը զգան, որ յաւելեալ ցաւ չեն կրնար տանիլ: Բայց հարց չէ բնաւ, որովհետեւ Աստուած «յոյսի Աստուած»ն է՝ գութով եւ նոր սկիզբներով լեցուն (տե՛ս Հռոմայեցիներուն 15.13), եւ Իրեն հետ բնաւ ուշ չէ հաւատալ, յոյսով սպասել, յուսալ եւ ակնկալել սկսիլը:
ՄԵԾ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ…
Յոյսի մէկ սահմանումն է՝ «բարեհաճ եւ ինքնավըստահ ակնկալութիւն»: Կը հաւատամ, որ շատ անգամ մենք կրաւորական կեցուածք կ’առնենք՝ որոշելով, թէ՝ պարզապէս «պիտի սպասենք եւ տեսնենք» եթէ բան մը պիտի փոխուի կամ պատահի որպէսզի ամէն բան լաւ ընթանայ մեզի համար: Բայց Աստուած կ’ուզէ, որ դիտումնաւոր կամ նպատակաւոր կերպով ակնկալենք: Ան կ’ուզէ, որ գործօն կերպով ակնկալենք լաւ բանի մը պատահիլը: Ուստի հարց կու տամ քեզի. Ի՞նչ կ’ակնկալես: Ի՞նչ կը տեսնես միտքիդ եւ երեւակայութեանդ մէջ: Ի՞նչ ձեւով կը խօսիս ապագայիդ մասին: Երբ առտուն արթննաս, կը մտածե՞ս. Լաւ, փորձենք այս օրն ալ անցընել: Կամ արդեօ՞ք կ’արթննաս յուսալից սպասումով, թէ՝ այսօր կրնայ ըլլալ ա՛յն օրը երբ դուն ճեղքումդ պիտի ստանաս:Անգլերէնի մէջ երբ կին մը յղի կ’ըլլայ, կ’ըսենք, թէ «ան կ’ակնկալէ»: Եւ որքան յառաջանայ յղութիւնը, այդքան ակնկալութիւնը կը մեծնայ գալիքին համար: Իմ յղութիւններս յատկապէս իւրայատուկ էին, քանի որ չորս զաւակներս ալ արգանդիս մէջ կրեցի իրենց ծնելու թուականէն գրեթէ մէկ ամիս աւելի: Բժիշկս ինծի ըսաւ, թէ միակ կինն էի, որ ինքը գիտէր, որ փիղի մը չափ յղի մնացեր էր: Իւրաքանչիւր յղութեանս վերջաւորութեան ամէն օր կ’արթննայի եւ կ’ըսէի. «Այսօր է այդ օրը. պէ՛տք է այդ օրը ըլլայ»: Բոլոր պայուսակներս լեցուած եւ պատրաստ կ’ըլլային: Շարունակ կը ստուգէի եթէ ամէն բան տեղն էր՝ վստահ ըլլալով, որ երեխաս պիտի ծնէր որեւէ վայրկեան: Ամէն անգամ որ սուր ցաւ մը կը զգայի, կը մտածէի. Ահա՛ ա՛յս է: Երեխան կու գա՜յ: Ճիշդ այդպէ՛ս է, որ Աստուած կ’ուզէ, որ ըլլաս Իրեն հետ: Ան անհաւատալի ծրագիր մը ունի կեանքիդ համար եւ կ’ուզէ, որ ակնկալես, որ լաւ բաներ պիտի պատահին անկիւնադարձին: Յոյսը կ’ըսէ. «Կրնայ ըլլալ, որ կացութիւնը այսպէս է երկար ժամանակէ ի վեր, բայց Աստուած անկարելիին Աստուածն է, եւ պարագաները կրնա՛ն փոխուիլ»:
ԱՐԴԵՕ՞Ք ԴՈՒՆ ՅՈՅՍԻ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼ ՄԸՆ ԵՍ:
Ինչպէս ըսի, ես ինծի ծանօթ ամէնէն ժխտական անձն էի: Գաւաթին կէսը պարապ տեսնող անձ մըն էի. ամէն հարցի ժխտական կողմը կը տեսնէի: Ատոր համար այդքան խղճալի վիճակի մէջ էի: Կասկածը եւ ժխտականութիւնը մեզ վար կը քաշեն… բայց յոյսը ուրախութիւն կ’արձակէ: Յոյս կը նշանակէ՝ ունենալ դրական մտայնութիւն կամ կեցուածք: Յուսալից անձը բացարձակապէս կը մերժէ ըլլալ որեւէ ձեւով ժխտական: Հակառակ անոր որ կը ճանչնայ կեանքի փոթորիկները եւ կ’անցնի անոնց մէջէն, ան յոյսով լեցուն կը մնայ իր միտքին մէջ, կեցուածքին եւ խօսակցութեան: Կը կարծեմ, որ շատ անգամ կ’իյնանք այն ծուղակին մէջ, որ սպասենք մինչեւ որ լաւատես կամ դրական զգանք: Բայց յոյսը դրական ըլլալու եւ մեր զգացածով չապրելու որոշումն է: Ճշմարտութիւնը այն է, որ երբ հաստատ որոշում կու տանք դրականօրէն մտածելու, յուսալի խորհուրդներ ունենալու, մեր զգացումները վերջ ի վերջոյ անոնց կը հետեւին: Ես շատ կը սիրեմ Զաքարիայի 9.12-ը: Տէրը կ’ըսէ. «[Ապահովութեան եւ բարգաւաճման] ամրոցը վերադարձէ՛ք դո՛ւք՝ յոյսի բանտարկեալներ: Այսօր ալ ատիկա կը յայտարարեմ, թէ քու նախկին բարգաւաճմանդ կրկնապատիկը պիտի վերականգնեմ քեզի»:1 Ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ «յոյսի բանտարկեալ»: Կը նշանակէ, թէ անկախ անկէ թէ ի՛նչ կը պատահի մեր կեանքերուն մէջ, կը մերժենք դադրիլ յուսալէ եւ վստահելէ ամէն բան լաւի դարձնելու Աստուծոյ կարողութեան: Երբ յոյսի բանտարկեալ կ’ըլլաս, թշնամին չի գիտնար ի՛նչ ընէ: Ան կրնայ քեզ ռմբակոծել ժխտական խորհուրդներով, բայց ան իշխանութիւն չունի վնասելու քեզի երբ վճռակամ ես ամբողջ վստահութիւնդ դնելու Աստուծոյ վրայ: Աստուած կ’ուզէ օրհնել քեզ եւկրկնապատիկը տալ քեզի՝ անցեալի ցաւիդ կամ տառապանքիդ եւ կորսուած բաներուն դիմաց (տե՛ս Եսայիի 61.7): Եւ մեր բաժինը ընելը մեծ տարբերութիւն կ’ընէ: Մեր բաժինը՝ հաւատալ, վստահիլ եւ յուսալն է: