ՕԳՆԷ՛ ԻՆԾԻ, ԵՍ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԱԾ ԵՄ

(0)
  • Գին: Անվճար
  • Հեղինակ: Ջոյս Մայեր
  • Formats available: pdf
  • Դիտում

ՆԱԽԱԲԱՆ


Բոլորս ալ ատեն ատեն կը
յուսախաբուինք: Իրականութեան մէջ
զարմանալի է, եթէ շաբթուայ ընթացքին
չհանդիպինք յուսախաբութեան:
Մենք կը ցանկանք որոշ բաներ, եւ երբ
մեր մտածումները չիրականանան, կը
յուսախաբուինք: Եթէ յուսախաբութիւնը
շիտակ ձեւով չլուծենք, այն կը վերածուի
յուսահատութեան:
Եթէ երկար ժամանակ յուսահատած
մնանք, յաջորդաբար կ’առանձնանանք,
և ապա անկարող կը դառնանք ստանձնելու
որեւէ գործ: Շատ քրիստոնեաներ
պարտուողական կեանք կապրին, որովհետեւ
չեն գիտեր ինչպէս դիմագրաւել
յուսահատութեան պահերը: Այն պարապութիւնը
զոր կապրին, շատ հաւանական է
որ սկսած է, ճիշդ լուծում չ’ստացած փոքր
յուսահատութիւններէ:
Յիսուս կը բժշկէ բոլոր անոնք, որոնք
սատանային կողմանէ հարստահարուած են
(Գործք 10.38): Յուսահատուած, ընկճուած,

քանդուած կեանք ապրիլը Աստուծոյ կամքը

չէ: Երբ կը յուսահատինք, պէտք է սորվինք

անգամ մը եւս վերականգնիլ, որպէսզի
ենթակայ չ’լլանք յուսախաբութեան եւ
չկործանինք: Երբ մեր յոյսն ու վստահութիւնը
սորվինք դնել ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ վրայ
(Ա Կորնթ. 10.4) և հակաոակ կանգնինք
սատանային յարձակումներուն, կրնանք
ապրիլ խաղաղութեամբ, առանց յուսահատութեան:

 

 

1
ԱՄԵՆԱԶՈՐԸ ԿԱՊՐԻ
ՄԵՐ ՄԷՋ


Յիսուս Իր երկրային ծաոայութեան
ընթացքին, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ
ազատութիւն կուտար այդ բոլոր մարդոց,
որոնք սատանայէն ճնշուած էին: Այդ
զօրութիւնը մերն է նաեւ այսօր. Աստուծոյ
կամքը այն չէ, որ Իր զաւակները
ճնշուած կամ ընկճուած ըլլան: Յիսուսի
զօրութիւնը այսօր կարող է մեզ ազատել
հարստահարութենէ:
Ըստ «վեբսթերի» բառարանին, ճնշել կը
նշանակէ ծանրաբեռնել, յատկապէս ճնշել
միտքը կամ հոգին:

 

 

Առաջնորդուիլ Հոգիով

 

Հետեւելով Սուրբ Հոգիին
առաջնորդութեան, եւ թոյլ տալով որ Սուրբ

Հոգիին պտուղը (Գաղատ. 5.22,23) յայտնի
ըլլայ մեր կեանքին մէջ, նախաձեռնողներ
ու ստեղծագործողներ կը դաոնանք:
Շատեր ձանձրացած են, քանի իրենք
ընկճուած վիճակի մէջ կ’ապրին, փոխանակ
ԱՍՏՈԻԱԾԱՅԻՆ յաղթական կեանքը
վայելելու:
Եթէ ի գործ դնենք Աստուծոյ մեզ
տուած ստեղծագործող կարողութիւնը,
ան կը հեռացնէ ձանձրոյթը: Ոմանք աւելի
ստեղծագործող են, քան ուրիշներ, բայց
մեզմէ ամէն մէկը կարող է գործածել
իր ստեղծագործող կարողութիւնը և
հաստատամտութիւնը, մեր կեանքը
դարձնելով բաւարարուած, և աւելի
օգտակար և կատարեալ:

 

 

Սատանան պէտք է փախչի քեզմէ


Սատանան կը խաբէ մեզ (Հովհ.
8.44), եթէ մենք հաստատամիտ չենք, իր
սուտերուն առիթ տանք ու մտիկ ընենք,
մեր կեանքին մէջ տեղ կուտանք իրեն:
Ան կը նմանի մռնչող առիւծի (Ա Պետր.
5.8), բայց մենք Յուդայի առիւծը ունինք՝

«ՅԻՍՈԻՍ»ը որ մեր մէջ է. մենք պէտք է
մռնչանք: Երբ առնէ մեզի աոաջին քայլը
մօտենալու, հոգեւորապէս այնքան արթուն
պէտք է ըլլանք, որ ետ դնենք անոր շուտով:
Սատանան միշտ կը փորձէ յարձակիլ, և
որքան մենք ետ քաշուինք, այնքան ան
կը շարունակէ յառաջանալ: Բայց եթէ
անոր դէմ կենանք այն իշխանութեամբ, որ
ունինք Յիսուս Քրիստոսով, սատանան ետ
կը քաշուի: Մենք պէտք է շարունակենք
իշխանութեամբ հակառակիլ անոր: Եթէ
մենք դադրինք պատերազմելէ, ան կ’ըսկսի
յարձակիլ անհանգստացնելով մեզ:
Սատանան ստախօս է և ինքնագով: Ան
կուգայ առիւծի նման, բայց առիւծ չէ: Յիսուս
Քրիստոսի հաւատալով, մենք զօրութիւն
կ’ունենանք, «քանզի մեծ է Հոգին որ մեր
մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է» (Ա
Հովհ. 4.4): Աստուծոյ խօսքը լաւ իմացիր, որ
դէմ դնես սատանային և ըսես. «Սատանայ,
ո՛չ, ես քեզի մտիկ չեմ ըներ»: Մեր կեանքը
կարող ենք փճացնել վախնալով սատանայէն
ու պահուըտելով, կամ, ստիպելով անոր որ
ետ դաոնայ իր մղած պատերազմէն:

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up