Ձեր ֆինանսական յեղափոխութիւնը. Համաձայնութեան զօրութիւնը

(0)

ՆԱԽԱԲԱՆ

 

Արդէն քանի մը տարի է՝ ես կը ցանկամ գրի առնել այն ընթացքը, որուն մէջէն Աստուած անցուցած է Տրենտային եւ ինծի։ Մեր կեանքն այնքա՜ն փոխուած է։ Տարիներ շարունակ մեր աչքերով տեսած ենք բոլոր հրաշքները, որոնք Յիսուսը կը գործէր Աստուածաշունչին մէջ. մեռելները յարութիւն առած են, անդամալոյծները ոտքի կեցած են, քալած են եւ յաջորդ օրը վերադարձած են իրենց աշխատանքին, անթիւ մարդիկ բժշկուած են, եւ հարիւր հազարաւոր մարդոց ֆինանսները վերականգնուած են։ Բայց մեծագոյն հրաշքը, որ տեսած ենք, տեղի ունեցած է մեր ընտանիքին եւ մեր կեանքին մէջ։ Իմ նպատակն է անցընել ձեզ այս ընթացքով՝ բացայայտման ընթացքով, որ, յոյսով եմ, պիտի փոխէ ձեր կեանքն այնպէս, ինչպէս որ փոխեց իմը։ Ես չեմ կրնար ամբողջութեամբ պատմել այս պատմութիւնը մէկ գիրքով։ Այս գիրքն առաջինն է իմ գրքաշարին մէջ, որ կ’առաջնորդէ ձեզ դէպի անձնական ֆինանսական յեղափոխութիւն եւ կը յայտնէ Աստուծոյ Թագաւորութեան խորհուրդները, որոնք փոխեցին իմ կեանքը։ Ինծի համար ասիկա ոգեշնչող ընթացք է, որ երբեք չ’աւարտիր։ Բոլորս ալ մշտապէս կը սորվինք։ Աստուծոյ Թագաւորութեան գիտելիքն անսպառ է։ Ես այնքա՜ն շնորհակալ եմ Աստուծոյ։ Անոր ողորմութիւնը կը նորոգուի ամէն օր, եւ Ան կ’առաջնորդէ մեզ փրկութեան ճանապարհով՝ համբերութեամբ եւ ներողամտութեամբ։ Հրաւիրելով ձեզ այս ընթացքի մէջ, չեմ կրնար չյիշատակել իմ հրաշալի կնոջ՝ Տրենտային։ Անոր սրտանց նուիրումն Աստուծոյ եւ համբերութիւնն իմ հանդէպ խիզախութիւն տուին ինծի՝ բախելու իմ տկարութիւններուն եւ Աստուծոյ փնտռելու այն պատասխաններուն համար, որոնք խիստ անհրաժեշտ էին ինծի։

Ձեր ֆինանսական յեղափոխութիւնը Համաձայնութեան զօրութիւնը

 

 

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

 

«Ես զրկուած եմ խաղաղութենէն. ես մոռցած եմ, թէ ինչ է բարգաւաճումը»: – Ողբ Երեմիա 3.17, NIV

Ես արթնցայ՝ գիտակցելով, որ ինչ որ բան մը բոլորովին սխալ էր։ Իմ միտքը համակուեցաւ մեծ վախով։ Ես չէի զգար իմ լեզուն։ Իմ ձեռքերը, ոտքերը եւ երեսիս մէկ կողմը թմրած էին։ Արթնցուցի Տրենտային եւ մեծ դժուարութեամբ ըսի, թէ ինչ կը կատարուէր հետս, քանի որ իմ ամբողջ երեսը եւ լեզուն չէին ենթարկուեր ինծի։ Յանկարծ ուշադրութիւն դարձուցի, որ սիրտս շատ արագ կը բաբախէ, իսկ շնչառութիւնս ծանրացած է, մինչ կը պատմէի անոր իմ վիճակը։ Ան արթնցաւ եւ անմիջապէս սկսաւ աղօթել ինծի համար։ Տարօրինակ եւ վախով լեցուն զգացումները դանդաղօրէն, բայց քիչ մը թեթեւցան։ Ես նորէն պառկեցայ մահճակալին, իսկ Տրենտան առաջարկեց ուտելիք բերել։ Ես պառկած կ’աղօթէի. շփոթած ու վախցած էի այն պատճառով, թէ ինչ տեղի կ’ունենար իմ մարմինին հետ։ Վրայէս կարծես տագնապի ալիքներ անցնէին։ Իմ միտքը կ’ենթարկուէր վախերու այնպիսի յարձակման, որոնք նախկինին բնաւ չէի զգացած։ Իմ պարտքերու եւ դրամի մշտական կարիքի պատճառով վախը դարձած էր իմ առօրեայ կեանքի սովորական բաժինը։ Ես անասելի ճնշուածութիւն կը զգայի վերջին քանի մը տարուան ընթացքին իմ՝ շարունակ վատթարացող ֆինանսական վիճակին պատճառով։ Ես կ’աշխատէի որպէս վաճառքի գործակալ եւ լուրջ ֆինանսական խնդիրներ ունէի։ Մենք վարձքով կ’ապրէինք 1800- ական թուականներուն կառուցուած գիւղական տունի մը մէջ, որ, կը թուէր, կառուցուելէն յետոյ բնաւ չէր վերանորոգուած։ Կը կարծեմ՝ ես քիչ մը կը չափազանցնեմ, բայց այդ տունը լաւ վիճակի մէջ չէր։ Պատուհաններու շրջանակները բացուածքներ ունէին, եւ բոյսերը կը թափանցէին մեր հիւրասենեակ։ Ապակիներէն շատերը կոտրուած էին, եւ մենք կպչուն ժապաւէնով ստուարաթուղթ կը փակցնէինք պատուհաններու շրջանակներուն վրայ։ Թէեւ Տրենտան շատ կը յոգնէր, ան կրնար յարմարաւէտութիւն ստեղծել, բայց նոյնիսկ անոր զարմանալի հմտութիւններու պարագային, միեւնոյնն է, կ’երեւէր, որ այդ տունը բազմաթիւ լուրջ թերութիւններ ունէր։ Այն ամէնը, ինչ որ մենք ունէինք, անսարք վիճակի մէջ էր։ Մեր երկու ինքնաշարժներն ալ հին էին. ատոնց վազքն աւելի քան 350.000 քիլոմեթր էր, եւ շարժիչները հազիւ կը միանային։ Մեր երկու տղաները կը քնանային ծերանոցի մը կողմէ մէկ կողմ նետուած ներքնակներու վրայ. անոնց ննջասենեակի յատակի գորգը բերուած էր աղբանոցէն։ Գրաւատուները դարձած էին մեր կենսաոճը, եւ մենք պարտք կը վերցնէինք անոնցմէ, որոնք, մեր կարծիքով, կրնային օգնել մեզի։ Մենք հազիւ կը հոգայինք մեր կարիքները, կը գտնէինք վաճառքի ենթակայ բաներ, կը փորձէինք գոյատեւել եւ յոյս ունէինք, որ յաջորդ օրն ինչ որ բան մը պիտի փոխուէր դէպի լաւը։ Իմ տասը սպառած վարկային քարտերն արգելափակուած էին ամիսներ առաջ, եւ ֆինանսական ընկերութիւններուն մէջ իմ ունեցած տարեկան 28 տոկոսով երեք վարկերը ներկայացուած էին բռնագանձման։ Մեր ինքնաշարժներու վճարումները (այո, ես տակաւին պարտք ունէի իմ երկու անչափ հին ինքնաշարժներուն համար) ուշացած էին 120 օրով, եւ մենք ինքնաշարժներու առգրաւման եզրին էինք։ Իմ բոլոր վճարումներն ուշացած էին։ Իմ դէմ կ’ըլլային դատական հայցեր եւ արգելանքներ, եւ գանձումներու մասին ծանուցող հեռախօսազանգերը կ’արթնցնէին ինծի ամէն առաւօտ։ Ես պարտք էի Հարկային տեսչութեան, եւ անոնք արգելանք դրած էին իմ եկամուտներուն վրայ՝ հարկային պարտաւորութիւններուն պատճառով։ Տրենտան եւ ես պարտք էինք մեր ծնողներուն 26.000 տոլար, եւ անոնք յոգնած էին մեզի օգնելէն։ Մեր սառնարանը հազուադէպ լեցուած կ’ըլլար մթերքներով։ Ելեկտրականութիւն մատակարարող ընկերութիւնը մշտապէս կը սպառնար անջատել մեր հոսանքը, երբեմն՝ ամէն ամիս։ Եւ զգացմունքօրէն ես արդէն անկարող էի դիմանալ այդ վիճակին։ Այդ ճնշուածութիւնը կը վնասէր իմ մարմինը, թէեւ ես չէի հասկնար ատիկա։ Քանի մը բժիշկի այցելելէն յետոյ ինծի ըսին, որ ես խուճապի նոպայ ունեցած եմ, եւ հակաընկճախտային դեղամիջոցներ (antidepressants) նշանակեցին։ Դժբախտաբար, խուճապի նոպաները շարունակուեցան եւ դարձան յաճախակի՝ այն աստիճան, որ կը վախնայի դուրս ելլելու տունէն։ Այդ վախով լեցուն մշուշոտ օրերու ընթացքին, երբ ես պատասխաններ կը փնտռէի, նկատեցի, որ շաքար, օսլայ (նշայ) կամ սրճիտ (քաֆէին) պարունակող որոշ կերակրատեսակներ իրենց հերթին խուճապի նոպաներ կը յառաջացնէին քովս։ Այժմ ես կը վախնայի ամէն տեսակի կերակուրներ ուտելէն եւ զգուշօրէն կ’ընտրէի այն, ինչ որ պիտի ուտէի։ Իմ կեանքը վերածուեցաւ գերութեան՝ այն աստիճան, որ ես չէի կրնար աշխատիլ, ինչ որ, անշուշտ, ա՛լ աւելի վատթարացուց մեր ֆինանսական վիճակը։ Կինս կը մտածէր, որ պիտի կորսնցնէր իր ամուսինին. հետագային, երբ բժշկուեցայ, ան ըսաւ, որ բառացիօրէն կը ծրագրէր, թէ ինչ պիտի ընէր, որպէսզի մեր երեխաներուն մասին հոգար։ Ես կ’աղաղակէի Աստուծոյ՝ պատասխաններ ստանալու համար, բայց չունէի փորձառութիւն եւ գիտելիք այն մասին, թէ ինչի հետ կը պայքարէի։ Բժիշկները կ’օգտագործէին վախ յառաջացնող հիւանդութիւններու անուններ՝ նկարագրելով իմ առողջական վիճակը, եւ կ’ըսէին, որ այն անբուժելի է, եւ որ ես մշտապէս դեղամիջոցներ պիտի ընդունիմ։ Այլ բժիշկներ կ’ըսէին, որ ես շաքարախտով հիւանդանալու եզրին եմ՝ պնդելով, որ ես յարմար հիւանդ էի, որուն անոնք կրնային հետեւիլ, քանի որ տարիքի հետ այդ հիւանդութիւնը պիտի զարգանար։ Թէեւ ես քրիստոնեայ էի, սակայն հոգեւոր պատերազմ վարելու եւ թշնամիին հակառակելու փորձառութիւն չունէի։ Իրականութեան մէջ, մինչեւ այդ պահը ես չէի հասկցած, որ կը պայքարէի դիւային հոգիի հետ։ Ես կը մտածէի, որ պարզապէս խնդիր ունէի իմ մարմինին մէջ եւ կը խնդրէի Աստուծմէ, որ բժշկէ ինծի։ Որպէս քրիստոնեայ, գիտէի, որ Աստուած էր իմ պատասխանը, բայց այդ ժամանակ կը թուէր՝ Աստուած այնքա՜ն հեռու էր։ Բժիշկները տարբեր ախտորոշումներ կ’ընէին իմ առողջական վիճակին համար, որոնք կապուած էին մտաւոր խնդիրներու հետ, եւ բոլոր պարագաներուն անհրաժեշտ էր տարատեսակ դեղեր ընդունիլ։ Ինչպէս արդէն ըսի, իմ վիճակն անբուժելի կը համարուէր, եւ բուժման միջոցները պարզապէս պէտք էր օգնէին զսպելու իմ մտաւոր վիճակը։ Սակայն այդ դեղերը բոլորովին չէին օգներ, եւ ես կողմնակի բարդութիւններ կ’ունենայի։ Իրականութեան մէջ, կը կարծեմ՝ ատոնք կ’աւելցնէին իմ ախտանշանները։ Կը թուէր՝ ես կ’ապրէի մշուշի մէջ եւ կը չարչարուէի վախով լեցուն մտքերէն, որոնց չէի կրնար վերահսկել։ Ես չունէի պատասխաններ, եւ ոչինչ կ’օգնէր ինծի։ Այսպէս շարունակուեցաւ քանի մը շաբաթ, եւ իմ յուսահատութիւնն աւելցաւ, քանի որ կը թուէր՝ վախը պիտի խլէր կեանքս։ Բայց երեկոյ մը, երբ Աստուծոյ կը փնտռէի՝ պատասխաններ ստանալու համար, ես մեծ ճեղքում ունեցայ։ Բացայայտեցի կարեւոր բանալի մը՝ ազատութիւն ստանալու համար։ Ես եկեղեցւոյ մէջ էի Չորեքշաբթի երեկոյեան ծառայութեան։ Փառաբանութեան եւ երկրպագութեան ժամանակ հետս խուճապի ուժգին նոպայ սկսաւ։ Ես չէի գիտեր ինչ ընել։ Անյոյս վիճակի մէջ էի եւ գիտէի, որ աղօթքի կարիք ունէի. այնպէս որ, առջեւ գացի։ Ինծի չէր հետաքրքրեր, որ ես կ’ընդհատէի ծառայութիւնը։ Ես կը յաճախէի շատ մեծ եկեղեցի մը, եւ հովիւն անձամբ չէր ճանչնար ինծի, բայց փառաբանութեան եւ երկրպագութեան խումբի անդամներէն մէկը, որ կ’աշխատէր եկեղեցիին մէջ, ինծի կը ճանչնար։ Ես յուսահատութենէն գրեթէ մագլցեցայ բեմին վրայ. ամէն ինչ կանգ առաւ, եւ բոլորը նայեցան ինծի։ Եկեղեցւոյ աշխատակիցը, որ ինծի կը ճանչնար, արագօրէն արձագանգեց՝ տեսնելով, որ կարգուկանոնի ծառայողներն առջեւ կու գային՝ ինծի հեռացնելու համար։ Երբ ան պատմեց հովիւին իմ վիճակը, ես տեսայ, որ հովիւին դէմքի արտայայտութիւնը մեղմացաւ։ Ան մօտեցաւ եւ աղօթեց ինծի համար։ Իմ ընկերը կ’ըսէր հովիւին, որ ես հիւանդ եմ։ Հովիւը նայեցաւ ինծի եւ ըսաւ. - Ան տկարութեան հոգի ունի։ Այդ խօսքերով ան դրաւ իր ձեռքերն իմ գլխուն եւ հրամայեց այդ հոգիին հեռանալ։ Այդ պահուն կատարուեցաւ անհաւանական բան մը. ես ազատութիւն ստացայ։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ քանի մը ամսուան ընթացքին ես լաւ կը զգայի՝ առանց տանջող մտքերու եւ վախի. ես պարզապէս խաղաղ էի։ Ըսելը, որ շնորհակալ էի, կը նշանակէր բան մը չըսել։ Այն, ինչ որ կը զգայի, շատ աւելին էր ոգեշնչումէն։ Գլուխս կարծես կը դառնար. ես փետուրի պէս թեթեւ կը զգայի եւ լեցուած էի ուրախութեամբ։ Հաւաքոյթէն յետոյ Տրենտան եւ ես գացինք «Փիցցա Հաթ» մեր ընկերներէն քանի մը անձերու հետ՝ տեղի ունեցածը նշելու համար։ Մինչ նստած փիցցա կ’ուտէինք, կը յիշեմ, որ ռատիոյով երգ մը միացաւ, եւ յանկարծ զգացի վախի նոյն տհաճ զգացումը, որ իմ վրայ եկաւ ծածկոցի մը պէս. այն վերադարձաւ։ Կրկին, այդ ժամանակ ես հասկցայ, որ ատիկա հոգի էր։ Հովիւը ըսած էր, որ ատիկա տկարութեան հոգի էր, բայց ես չէի գիտեր, թէ իրականութեան մէջ ատիկա ինչ կը նշանակէր, եւ ես քիչ մը շփոթած էի։ Մտածեցի, որ բժշկուած եմ այդ հաւաքոյթին, բայց կը պարզուի՝ ո՛չ։ Յաջորդ օրը ես կրկին կը պայքարէի խուճապի նոպաներու հետ, բայց շարունակ կը մտածէի այն մասին, թէ ինչ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ նախորդ երեկոյեան։ Երբ հովիւն աղօթեց ինծի համար, ան չաղօթեց, որ ես բժշկուիմ։ Ան իշխանութիւն վերցուց այդ հոգիին վրայ։ Այն, որ ես այդ կերպով արձագանգեցի իմ հովիւին, կարծես թէ ցոյց կու տար, որ թերեւս իմ վիճակի պատճառը հոգի էր, ոչ թէ հիւանդութիւն (կրկին, դուք կրնաք հասկնալ, թէ որքան ոչ հասուն էի ես Քրիստոսի մէջ, քանի որ չէի հասկնար ատիկա)։ Այդ պահուն ես շատ քիչ տեղեկութիւն ունէի հոգեւոր պատերազմի մասին, բայց հաստատ գիտէի, որ դեւերն իրական են։ Մէկ անգամ տեսած էի դեւ մը։ Երբ երիտասարդ էի, ես կը ղեկավարէի ծնողներուս պատկանող  երկու փիցցայի սրահներէն մէկը։ Երեկոյ մը ներս մտաւ մարդ մը եւ ըսաւ, որ ինքն արթնութեան հաւաքոյթներ պիտի առաջնորդէ մեր դիմացը գտնուող տեղական Մեթոտիստական եկեղեցիին մէջ։ Ան առաջարկեց ինծի մասնակցիլ այդ հաւաքոյթներուն եւ աւարտեց իր հրաւէրը հետեւեալ խօսքերով. - Յիսուսը տակաւին կ’ընէ նոյն բաները, ինչ որ կ’ընէր Աստուածաշունչին մէջ։ Ատիկա գրաւեց իմ ուշադրութիւնը։ Ես մեծցած էի եկեղեցւոյ մէջ։ Ես յանձնած էի իմ սիրտը Տիրոջը 5-րդ դասարանին՝ արձակուրդային (ամառնային) Աստուածաշնչեան դպրոցը սորվելու ժամանակ։ Բայց ատկէ յետոյ տարիներ շարունակ ոչ մէկ անգամ տեսած էի, որ Աստուծոյ զօրութիւնը կը բժշկէր ինչ որ մէկուն։ Չկար բան մը՝ կապուած Աստուծոյ հետ, ինչն իսկապէս գրաւէր իմ ուշադրութիւնը։ Այնպէս որ, ես հեռացայ Տիրոջմէն դպրոցական տարիներուն։ Ժամանակ առ ժամանակ կրկին եկեղեցի յաճախելու որոշում կը կայացնէի, բայց կը թուէր՝ իմ հետաքրքրութիւնը երկար չէր տեւեր։ Իսկ այդ մարդն ուրիշ ձեւով կը խօսէր։ Մի՞թէ Յիսուսը տակաւին կ’ընէր նոյն բաները, որոնք կ’ընէր Աստուածաշունչին մէջ։ Իմ աշխատողներէն քանի մը հոգի կը յաճախէին այդ եկեղեցին. անոնք խրախուսեցին ինծի մասնակցելու այդ հաւաքոյթներուն, եւ ես որոշեցի երթալ։ Առաջին օրը՝ երեկոյեան, երբ հոն էի, ես այնպէս զգացի Աստուծոյ ներկայութիւնը, ինչպէս նախկինին երբեք չէի զգացած։ Կը թուէր՝ կրնայի իրականութեան մէջ զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը. այն շօշափելի էր։ Այն ուղերձը, որ այդ մարդը քարոզեց, ազդեցիկ էր, եւ երբ ան հարցուց՝ արդեօ՞ք ինչ որ մէկը կը ցանկայ նուիրել կամ կրկին նուիրել իր կեանքը Յիսուսին, ես բարձրացուցի ձեռքս։ Ինչպիսի՜ երեկոյ։ Ես ոգեշնչուած էի։ Ես կ’ուզէի պատմել բոլորին, թէ որքան մեծ է Աստուած։ Այդ ժամանակ չկար համացանց, լսասկաւառակներ եւ լսաժապաւէններ, եւ մեր հեռատեսիլը երեք ալիք ունէր։ Մեր քաղաքը փոքր էր, եւ աշխատանքային ժամերէն յետոյ գրեթէ ոչ մէկ զբաղում կար։ Այնպէս որ, երիտասարդները սովորաբար կը նստէին փիցցայի սրահը մինչեւ ուշ գիշեր՝ ժամանակ անցընելու համար։ Սովորաբար մենք հոն կ’ըլլայինք Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոները՝ գիշերուան ժամը 1։00-ին, իսկ մեր կառատունն ամբողջովին զբաղած կ’ըլլար երիտասարդներու ինքնաշարժներով։ Շատ յաճախ ես ստիպուած կ’ըլլայի վռնտելու անոնց, քանի որ իրենց պատճառով իմ յաճախորդներն ինքնաշարժները կայանելու տեղ չէին գտներ։ Հոն կռիւներ կը սկսէին, եւ ոստիկանութիւնը ստիպուած կ’ըլլար վերջ տալու ատոնց եւ տուն ուղարկելու երիտասարդներու։ Եւ միտք մը ծագեցաւ. այդ երիտասարդները պէտք է լսէին Յիսուսին մասին։ Ես մօտեցայ անոնց եւ ըսի, որ եթէ անոնք կ’ուզեն մնալ փիցցայի սրահը, ես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն պիտի անցընեմ։ Կ’ուզեմ, որ հաշուի առնէք, որ ատիկա տեղի պիտի ունենար մօտաւորապէս գիշերուան 01։30-ին, քանի որ ես պէտք է մաքրէի ամէն ինչ եւ փակէի սրահը 1։00-1։30-ը։ Ես չէի գիտեր՝ արդեօ՞ք անոնցմէ ոեւէ մէկը կու գար, բայց քանի մը հոգի եկան, եւ իմ աշխատողներէն քանի մը հոգի նոյնպէս մնացին։ Առաջին հանդիպումին գիշերը երիտասարդներէն մէկն ըսաւ, որ կ’ուզէ ծառայել Քրիստոսին, եւ հարցուց ինծի, թէ ինչ պէտք է ընէ։ Այս հարցումը խնդիր յառաջացուց ինծի համար, քանի որ ես տակաւին չէի մտածած այդ մասին։ Յիշեցէք՝ ըստ էութեան, ես տակաւին ոչինչ գիտէի Աստուածաշունչի մասին, բայց կարդացած էի խօսք մը, որ, իմ կարծիքով, պատասխան էր այդ իրավիճակին. 

«Եւ... ան, ով որ Տիրոջ անունը կանչէ, կը փրկուի»։ – Գործք 2.21 

Ատիկա բաւականին պարզ կը թուէր, եւ ես որոշեցի, որ մենք այդպէս ալ պիտի ընենք։ Խումբն արդէն գացած էր, երբ այդ երիտասարդը մօտեցաւ ինծի այդ հարցումով, եւ ես առաջարկեցի անոր նստիլ աթոռին եւ ըսել Յիսուսին անունը։ Ես կը կարծէի, որ ատիկա շատ դիւրին էր, բայց նստայ անոր քով աւելի քան երկու վայրկեան, եւ ան ոչինչ ըսաւ։ Ես կրկնեցի իմ հրահանգը՝ մտածելով, որ ան չէ լսած ինծի։ Կրկին՝ ոչինչ։ Յանկարծ նկատեցի, որ ան կըցնցուի։ Անոր դէմքին արտայայտութենէն հասկցայ, որ չի կրնար արտաբերել այդ անունը։ Յանկարծ, պայթող ամբարտակի պէս, ան ըսաւ Յիսուսին անունը, եւ անոր դէմքը խաղաղեցաւ։ Ամէն ինչ յաջողեցա՜ւ։ Եւ ես այդպէս կը վարուէի ամէն անգամ, երբ ինչ որ մէկը կը ցանկար նուիրել իր սիրտը Տիրոջը։ Ես կը խնդրէի երիտասարդներուն նստիլ աթոռին եւ ըսել Յիսուսին անունը։ Գրեթէ առանց բացառութեան, անոնք չէին կրնար անմիջապէս արտաբերել այն։ Անոնք կը սկսէին ցնցուիլ, իսկ յետոյ, կարծես դժուարութեամբ, յանկարծ կ’ըսէին Յիսուսին անունը եւ կը խաղաղէին։ Մէկ անգամ, երբ խմոր կը պատրաստէի փիցցայի սրահի խոհանոցը, ես լսեցի դրան թակոց։ Բանալով՝ տեսայ երկու երիտասարդ, որոնց հետ նախկինին խօսած էի Քրիստոսին մասին։ Ներս հրաւիրեցի անոնց, եւ մէկն ըսաւ, որ կ’ուզէ նուիրել իր սիրտն Աստուծոյ։ Ես նստայ անոր աթոռին, եւ, ինչպէս միշտ, ան սկսաւ ցնցուիլ եւ վերջապէս ըսաւ Յիսուսին անունը։ Վեր նայելով, ես տեսայ, որ միւս երիտասարդը ետ գացած էր եւ վանդակի մէջ փակուած կենդանիի պէս սեղմուած խոհանոցին անկիւնը։ Ան կարծես կը փորձէր պատը մտնել եւ ա՛լ աւելի հեռանալ ինձմէ։ Ատիկա շատ տարօրինակ էր, եւ ես չէի կրնար բացատրել։ Ես կը նայէի անոր, եւ յանկարծ միտք մը ծագեցաւ. «Թերեւս անոր մէջ դե՞ւ կայ»։ Ես ոչ մէկ փորձառութիւն ունէի դեւերու հետ, բայց կարդացած էի ատոնց մասին Աստուածաշունչին մէջ։ Ես իսկապէս չէի կրնար ուրիշ ձեւով բացատրել անոր տարօրինակ վարքը։ Եւ ըսի. «Յիսո՛ւս, անոր մէջ դե՞ւ կայ»։ Յանկարծ, կարծես քող մը հեռացաւ, եւ ես տեսայ դեւ մը, որ կախուած էր այդ տղային քովէն։ Դեւը մէկ մեթրէն քիչ մը բարձր հասակ ունէր, ան բռնուած էր այդ տղայէն՝ ոտքերով փաթթուելով անոր։ Մարդիկ միշտ կը հարցնեն ինծի. «Ինչպիսի՞ն էր ան»։ Ան նման էր կապիկի, բայց այլ տեսակի էր։ Ան մազոտ էր՝ կապիկի պէս, անոր ձեռքերը երկար էին՝ կապիկի պէս, բայց ան ունէր վառ կարմիր աչքեր եւ տձեւ կազմուածք։ Այն պահուն, երբ տեսայ այդ աչքերը, ճչացի։ Այն ատելութիւնը, որ ես տեսայ այդ դեւին աչքերուն մէջ, աւելին էր, քան կրնայի կրել։ Այն, ինչ որ ես տեսայ այդ աչքերուն մէջ, լաւագոյնս կարելի է անուանել հեղուկ ատելութիւն, ներթափանցող ատելութիւն, որ գրեթէ շօշափելի էր։ Ես անմիջապէս հասկցայ, որ ան ոչ միայն կ’ատէր ինծի, այլեւ խիստ բարկացած էր իմ վրայ։ 

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up