Ձեր ֆինանսական յեղափոխութիւնը. մարտավարութեան զօրութիւնը

(0)

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

 

«Ձեր ֆինանսական յեղափոխութիւնը. մարտավարութեան զօրութիւնը» գիրքը երրորդն է «Ֆինանսական յեղափոխութիւն» գրքաշարին մէջ, որոնց ընդհանուր թիւը հինգն է։ Այս շարքին մէջ ներկայացուած բոլոր գիրքերը 2005 թուականին Ալպանիոյ մէջ կայացած համաժողովի ընդլայնուած տարբերակներն են։ Այս համաժողովի ժամանակ էր, երբ կեանքիս ընթացքը կտրուկ փոխուեցաւ։ Եթէ արդէն լսած էք այս պատմութիւնը, կրնաք ներածութիւնը շրջանցել եւ կարդալ առաջին գլուխէն, բայց եթէ չէք լսած, ուրեմն թոյլ տուէք պատմել ձեզի «կապոյտ մշուշի» մասին։ Թերեւս հարցնէք, թէ ինչ է ատիկա։ Բոլորովին կը հասկնամ ձեր զարմանքը։ Երբ այն տեսայ, ես ալ չէի գիտեր, թէ ինչ է ատիկա, բայց Աստուծոյ զօրութիւնն այնքան զօրաւոր էր, որ հասկցայ, թէ ատիկա Աստուծմէ է։ Թոյլ տուէք պատմել այդ պատմութիւնը։ Ես եւ կինս մեր ամուսնութիւնը պարտքերու մէջ սկսանք եւ ինը տարի շարունակ պարտքերու մէջ ապրեցանք։ Ոչ միայն պարտքերու, այլ նաեւ դրամի եւ ֆինանսական խնդիրներու հետ կապուած խելացնորութեան հասցնող սթրեսի եւ վախի մէջ։ Թէեւ երբեք մեր միտքէն չէր անցած, որ ֆինանսապէս կրնանք կործանել մեր կեանքերը, բայց ճիշդ այդպէս ալ ըրինք։ Մենք սկսանք պարզ առեւտուրի վարկային քարտէն, յետոյ վիզա քարտ մը աւելցաւ, ապա՝ տասը վիզա քարտ։ Երբ չէինք կարենար կատարել մեր վիզա քարտերու վճարումները, վարկային կազմակերպութիւններէն վարկեր կ’առնէինք քսանութէն մինչեւ երեսուներեք տոկոսադրոյքով՝ վճարումները մէկտեղելու համար։ Բայց երբ դուրս կ’ելլէինք եւ կրկին կ’օգտագործէինք քարտերը, պարտքերը հետզհետէ կ’աճէին։ Ի վերջոյ, վերջաւորութեան ունեցանք վարկային սահմանաչափը գերազանցած եւ չեղարկուած տասը քարտ, երեք վարկ ֆինանսական կազմակերպութեան մէջ, եւ պետական մարմիններու կողմէն հարկադիր բռնագանձման ենթակայ տասը հազարաւոր տոլարներու պարտք, առաւել շատ այլ մանր-մունր պարտքեր։ Մենք պարտք էինք մեր ատամնաբոյժին, քիմիական միջոցներով մաքրութեան ծառայութեանը, հազարաւոր տոլարներ՝ մեր ծնողներուն, մեր երկու ինքնաշարժներու վճարումները, տան վարձավճարները... կարելի է անվերջ շարունակել։ Այդ ժամանակ մեր ապրուստի գումարները կու գային քոմիսիոն վճարներէն, եւ այդ ճնշումը, բառիս բուն իմաստով, կը սպաննէր ինծի։ Ես պարբերաբար խուճապի նոպաներ կ’ունենայի եւ հակաընկճախտային դեղեր կ’օգտագործէի, որոնք այդպէս ալ օգուտ չէին տար։ Մեր ունեցած-չունեցած ամէն ինչը փճացած էր։ Երկու ինքնաշարժներու վազքն արդէն կը գերազանցէր 200.000 մղոնը։ 1856 թուականին կառուցուած մեր փոքրիկ ագարակային ոճի տնակը, որը կը վարձակալէինք ամսական 300 տոլարով, քարուքանդ եղած էր։ Հին պատուհաններու մեծ մասը կոտրուած էր, եւ քանի որ վերանորոգելու գումար չունէինք, ճաքերը կը փակէինք կպչուն ժապաւէնով։ Բայց ատիկա ալ օգուտ չէր տար։ Խաղողի ճիւղերը պատուհանի շրջանակի ճաքերէն ներս կը մտնէին։ Կինս՝ Տրենտան, ատոնք պարզապէս կը կտրատէր, տեսքի կը բերէր, եւ կը թուէր, թէ այն մեր տան ձեւաւորման մէկ մասը կը կազմէ։ Մեր տղաներու սենեակի գորգը գտած էինք ճամբու քով գոյացած աղբակոյտէն, անոնց ներքնակները՝ ծերանոցէն օտարուած առարկաներու կոյտէն։ Կահոյքի ամէն մէկ կտորը ձեռք բերած էինք կառատուներու դիմաց կազմակերպուող անպիտան իրերու վաճառքէն, կամ ալ ինչ որ մէկու մը աղբամանին քովէն։ Կեանքը բոլորովին վարդագոյն չէ, երբ ամէն առաւօտ կ’արթննաս ու կը մտածես, թէ ինչպէս պիտի կերակրես ընտանիքդ։ Ամբողջ կեանքս վախով պարուրուած էր, իսկ ուրախութիւնն ու յոյսը խորտակուած էին գոյատեւման քաոսին մէջ։ Տրենտան եւ ես այդպէս ապրեցանք ինը տարի։ Ինը երկարատեւ տարիներ։ Մէկ ամիսը տակաւին կարելի է հասկնալ, վատագոյն պարագային՝ մէկ տարի, բայց ինը տարի՞... այդպիսի ճնշիչ տարիներէ ետք զգացումներդ յօդս կը ցնդին, իսկ համբերութիւնդ կ’անհետանայ։ Այս ինը տարիներու ընթացքին մենք քրիստոնեաներ էինք ու հիասքանչ եկեղեցի մը կ’այցելէինք։ Հոն կ’ուսուցանէին, թէ Աստուած չի կամենար, որ Իր ժողովուրդը աղքատ ըլլայ։ Մենք տասանորդ կու տայինք եւ զոհաբերութիւններ կ’ընէինք, բայց մեր ֆինանսները ոչ մէկ ձեւով կ’արտացոլէին Աստուծոյ հաւատարմութիւնն ու Աստուծոյ Խօսքին մէջ ըսուածը։ Ես Հին կտակարանի գիտական աստիճան ունէի, ինչպէս նաեւ մէկ տարի Աստուածաշնչեան դպրոց յաճախած էի։ Գիտէի, որ բան մը սխալ էր, բայց կը շարունակէի յոյսեր փայփայել, որ ի վերջոյ, ամէն բան իր տեղը պիտի իյնայ։ Բայց այդպէս ալ ոչինչ տեղի ունեցաւ։ Հարկահաւաքները գրեթէ ամէն օր կը հեռաձայնէին, մինչ Տրենտան եւ ես գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցած էինք մեր յոյսը։ Միաժամանակ բժիշկները կ’ըսէին, որ շաքարախտի բոլոր նախանշանները ունիմ։ Առողջութիւնս բոլորվին տկարացած էր։ Գումար չկար, բոլոր վարկային քարտերը չեղարկուած էին, տունն ալ ուտելու բան չկար։ Վախն այնպէս կը կեղեքէր կեանքս, որ բառացիօրէն կը վախնայի տունէն դուրս գալէ։ Կինս արդէն միտքին մէջ ծրագրած էր, թէ ինչպէս պէտք է երեխաներուն հետ հայրական տուն վերադառնայ, քանի որ կը կարծէր, թէ ամուսինը կորսնցնելու եզրին վրայ է։ Բայց այս անդունդի խորքն էր, որ իմ կեանքին մէջ շրջադարձ եղաւ։ Իրաւաբան մը անընդհատ կը հեռաձայնէր ինծի, եւ ես շարունակ կը խոստանայի կատարել անոր վճարումը, քանի որ յոյս ունէի, թէ կրնամ ընել։ Բայց վարձավճարը տալու համար գումարը այդպէս ալ չէր ըլլար: Այդ առտու, երբ ան հեռաձայնեց, անոր համբերութեան գաւաթը արդէն լեցուած էր։ «Երեք օրուան ընթացքին գումարը պէտք է հոս բերէք, հակառակ պարագային ձեր դէմ դատական հայց կը ներկայացնեմ»։ Միայն այդ պահուն հասկցայ, որ այլեւս չեմ կրնար ձեւեր թափել։ Ես գումար չունէի, նոյնիսկ իմ հայրական ընտանիքն այլեւս պարտքով գումար չէր կրնար տալ ինծի։ Ամբողջովին յուսահատ բարձրացայ մեր տան երկրորդ յարկի ննջարանը, ինկայ մահճակալիս վրայ եւ աղաղակեցի Աստուծոյ։ Զարմացայ, Ան անմիջապէս պատասխանեց հոգիիս ճիչին։ Սկիզբը Աստուած յիշեցուց Աստուածաշնչեան խօսք մը, որը շատ անգամներ լսած եւ կարդացած եմ՝ Փիլիպպեցիս 4.19.

«Եւ իմ Աստուած ձեր բոլոր կարիքները պիտի լրացնէ՝ Իր փառաւոր հարստութեան չափով Քրիստոս Յիսուսին մէջ»։

«Անշուշտ, ես այդ խօսքը գիտեմ, - ըսի Տիրոջը եւ շարունակեցի, - բայց ատիկա իմ կեանքին մէջ տեղի չ’ունենար։ Իմ կարօտութիւնը, իմ կարիքները չեն լրացուիր»։ Տէրը պատասխանեց. «Ես քու կեանքի խառնաշփոթին հետ ոչ մէկ գործ ունիմ։ Դուն յայտնուած ես այդ քաոսին մէջ, քանի որ երբեք չես հասկցած, թէ ինչպէս կը գործէ Իմ Թագաւորութիւնը»։ Ան շարունակեց ու քանի մը բան եւս ըսաւ, բայց ես հասկցայ ուղերձը. Ան չէր կամենար, որ իմ կեանքին մէջ պարտք ունենայի։ Թէեւ Աստուծոյ ձայնը լսելէն ցնցուած էի, բայց ստիպուած էի ընդունելու, որ ես չէի գիտեր, թէ «Թագաւորութիւն» ըսելով, ինչ նկատի ունէր։ Ես Աստուածաշունչի իմացութեան գիտական աստիճան ունէի, եւ ինծի կը թուէր, որ Աստուածաշունչը բաւականին լաւ գիտեմ։ Բայց, ակնյայտ էր, որ սխալած եմ։ Այս խօսքերը լսելէն ետք առաջինը Տրենտային քով գացի եւ ապաշխարեցի անոր առջեւ այն ամէն խառնաշփոթին համար, որուն մէջ ներքաշած էի բոլորիս։ Այդ ժամանակ երկուքս ալ աղօթեցինք Աստուծոյ եւ խնդրեցինք, որ սորվեցնէ, թէ ինչպէս կը գործէ Իր Թագաւորութիւնը։ Նաեւ ապաշխարեցինք, որ մեր յոյսը պարտքերու վրայ դրած էինք, եւ որոշում կայացուցինք, որ այլեւս պարտքէն կախում պիտի չունենանք։ Բայց, իրականութեան մէջ, թէեւ ես Աստուածաշնչեան իմացութեան գիտական աստիճան ունէի, ինծի համար «Թագաւորութիւնն» առեղծուած էր այդ պահուն։ Միակ բանը, որ կը յիշէի «Թագաւորութիւն» բառին վերաբերեալ այն էր, որ այն օգտագործուած էր Նոր կտակարանի Տէրունական աղօթքին մէջ։

«Քու Արքայութիւնը գայ, Քու կամքը ըլլայ՝ ինչպէս Երկինքը, այնպէս ալ երկրի վրայ» (Մատթէոս 6.10):

Մենք իսկապէս չէինք հասկնար, թէ Աստուած ինչ կը փորձէ ըսել մեզի, բայց երբ սկսանք փնտռել Աստուծոյ երեսը, Ան սկսաւ սորվեցնել մեզի։ Առաջին բանը, որը պէտք էր պարզէինք, այն էր, թէ ինչ է Թագաւորութիւնը, եւ թէ ինչու Աստուած օգտագործած է այդ եզրոյթը։ Ի՞նչ կը փորձէր Ան սորվեցնել մեզի։ Որոշ ուսումնասիրութենէն ետք հասկցայ, որ Թագաւորութիւնը պարզապէս մեծաքանակ ժողովուրդը չէ. այն մեծաքանակ ժողովուրդ է, որ կ’ապրի կառավարութեան եւ Թագաւորութեան օրէնսդրութեան ներքոյ։ Իրականութեան մէջ, Թագաւորութիւն բառը կը վերաբերի ճիշդ թագաւորի տիրակալութեանը։ Թագաւորի տիրակալութիւնը կամ անոր իշխանութիւնն ու օրէնքները կառավարութեան միջոցով գործի կը դրուին իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար։ Հոս շատ կարեւոր բացայայտում մը կար ինծի համար. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառավարութիւն է, իսկ կառավարութիւնն օրէնքներ ունի։ Կը հասկնա՞ք, ես Աստուծոյն կը նայէի այնպէս, ինչպէս քրիստոնեաներէն շատերը կը նային։ Ես սխալ պատկերացում ունէի, թէ Ան ինչ կրնար ընել։ Կը կարծէի, որ քանի որ Ան Թագաւոր է, ուրեմն կրնայ ընել այն, ինչ որ կը ցանկայ եւ երբ ցանկայ։ Գիտեմ, գիրքի այս հատուածին մէջ կրնաք ըսել, որ կը սխալիմ, բայց թոյլ տուէք շարունակել։ Քանի որ ես կը հաւատայի, որ Աստուած կրնայ ընել այն, ինչ որ կը ցանկայ եւ երբ ցանկայ, չպատասխանուած աղօթքը ես կը համարէի որպէս Անոր կողմէն մերժուած խնդրանք։ Աղօթքի հանդէպ այս անորոշութիւնը ինծի կը ձգէր միայն յուսալ, որ Ան պիտի պատասխանէ։ Ուստի, իմ աղօթքի կեանքի հիմնական ձեւը ողորմութիւն խնդրելն ու աղերսելն էր, յուսալով, որ իմ խնդրուածքը լուրջ պիտի հնչէր Աստուծոյ ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Բայց երբ Աստուած սկսաւ սորվեցնել, որ Իր ամբողջ Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է՝ Իր օրէնքներով, որոնք մենք կրնանք սորվիլ եւ օգտագործել, ես ոգեւորուեցայ։ Ես հասկցայ, որ այն օրը, երբ ընդունած եմ Յիսուսին, ես դարձած եմ Անոր հզօր Թագաւորութեան ժառանգն ու քաղաքացին։

«Ուրեմն, այսուհետեւ այլեւս օտար եւ պանդուխտ չէք, այլ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ համաքաղաքացիներ եւ Անոր ընտանիքի անդամներ» (Եփեսացիս 2.19):

Կը յիշեմ, թէ ինչ կը մտածէի, երբ կը կարդայի այս խօսքերը։ Ես օրինական իրաւունքներ ունիմ Անոր Թագաւորութեան մէջ։ Ասկէ պարզ չի կրնար ըլլալ։ Որպէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի՝ ես պէտք չէ խնդրեմ եւ աղաչեմ, որ ինծի տան այն, ինչ որ, որպէս քաղաքացի, արդէն ինծի կը պատկանի։ Պէտք չէ մարմինովս սարսուռ անցնի, որ ապացոյց ունենամ, թէ քաղաքացի եմ։ Ես հոս ծնած եմ։ Եւ երբ վերստին ծնայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ, դարձայ Անոր Թագաւորութեան քաղաքացին։ Ատիկա կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր օրէնք եւ արտօնութիւն, որ գրուած է Իր Թագաւորութեան օրէնքներով, իրաւական հիմքով հասանելի է ինծի։ Իմ աշխարհը կտրուկ փոխուեցաւ, երբ Աստուած սկսաւ ցոյց տալ ինծի այն։ Ես եւ Տրենտան, ինչպէս քրիստոնեաներէն շատերը, չէինք հասկնար Թագաւորութիւնը եւ Թագաւորութեան օրէնքները։ Իրականութեան մէջ, երբ ինչ որ մէկը դժուարութիւններու առջեւ կը կանգնի, քրիստոնեաներու մեծ մասն այսպէս կ’ըսէ. «Աստուած թոյլ կու տայ: Աստուած ամէնէն լաւը գիտէ, ամէն բան Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է, կամ՝ Աստուած է տիրակալը»։ Այս դիտարկումները ցոյց կու տան, որ մարդիկ կը հաւատան, թէ Աստուած զօրութիւն ունի պատասխան տալու, բայց չի կամենար, կամ ալ տակաւին չէ որոշած խառնուիլ։ Աստուծոյ մասին նմանատիպ սխալ պատկերացումներու պատճառն այն է, որ անոնք չեն ճանչնար Աստուծոյ բնաւորութիւնը կամ չեն հասկնար Աստուծոյ Թագաւորութեան գործելու սկզբունքները։ Թոյլ տուէք պատկերաւոր նկարագրել, թէ ինչ նկատի ունիմ։ Եթէ դրամատան մէջ մէկ միլիառ տոլար ունենայիք, կ’ըսէիք. «Ես մէկ միլիառ տոլար ունիմ»։ Բայց փաստն այն է, որ ատիկա ըսելու ժամանակ մէկ միլիառ տոլարը ձեր գրպանը չէ։ Փոխարէնը, դուք մէկ միլիառ տոլար ունիք ինչ որ հաստատութեան մը մէջ, եւ այդ հաստատութեան կողմէն սահմանուած որոշակի իրաւական գործընթացէն յետոյ միայն կրնաք այդ գումարն ունենալ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ալ նոյնն է։ Որպէս քաղաքացի եւ որպէս Աստուծոյ ընտանիքի անդամ՝ մենք ժառանգներ ենք այն ամէնուն, ինչ որ Աստուած ունի։ Բայց կան օրէնքներ եւ գործընթացներ, որոնց միջոցով կրնանք ձեռք ձգել այն, ինչ որ արդէն իրաւական հիմքով մեզի կը պատկանի։ Քանի որ շատ մարդիկ չեն հասկնար Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ այն գործընթացներն ու օրէնքները, որոնց միջոցով այդ Թագաւորութիւնը կը գործէ, երբ ինչ որ բան այնպէս չի պատահիր, ինչպէս Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ, անոնք կ’եզրակացնեն, որ սխալը Աստուծոյ կողմէն է, եւ ոչ թէ իրենց։ Ահա թէ ինչ պարզեցի։ Պատկերացնենք, որ դուք որոշած էք ցատկել Էմփայըր Սթէյթ Պիլտինկէն, առանց օդապարիկի, առանց որեւէ բանի, բայց վստահ էք, որ եթէ ձեր ձեռքերը ջանասիրաբար թափահարէք, կրնաք ապահով իջնել։ Կը կարծեմ, գիտէք, թէ այդ յիմար հնարքի վերջն ինչ կ’ըլլայ։ Արդիւնքը կը պատկերացնէք, քանի որ կը հասկնաք, թէ ինչ է ձգողականութեան ուժի օրէնքը։ Երբ կը գիտնաք, որ ձգողականութեան ուժի օրէնքը որեւէ աչառութիւն կամ նախասիրութիւն չունի, եւ ամէն անգամ նոյն ձեւով կը գործէ, դուք յստակ կը պատկերացնէք արդիւնքը։ Նոյն ձեւով ալ, երբ կը միացնէք լոյսը, կ’ակնկալէք, որ լամբը պէտք է վառի, քանի որ կը հասկնաք ելեկտրականութեան օրէնքը։ Երբ օդանաւով կը ճամբորդեմ, կ’ակնկալեմ, որ օդանաւը կը թռչի, քանի որ կը հասկնամ օդի ներուժի օրէնքը։ Օդանաւերն ու լամբերը ամէն անգամ կ’աշխատին, որովհետեւ ատոնց գործողութիւնները հիմնուած են օրէնքներու վրայ, որոնք կարելի է սորվիլ եւ կրկնօրինակել ամէն անգամ նոյն արդիւնքն ու գործողութիւնը ստանալու համար։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնն ալ կը գործէ ճիշդ նոյն մակարդակով։

«Եւ ասիկա է այն համարձակութիւնը, որ ունինք Աստուծոյ մօտենալու ժամանակ, թէ ինչ որ Անոր կամքին պէս խնդրենք, պիտի լսէ մեզի։ Եւ եթէ գիտենք, թէ պիտի լսէ մեզի, ինչ որ ալ խնդրենք, ուրեմն գիտենք, թէ պիտի առնենք այն, ինչ որ խնդրեցինք Անորմէ»։ – Ա. Յովհաննէս 5.14,15

Ասիկա է մեր վստահութիւնը։ Եթէ բան մը խնդրեն Աստուծոյ կամքին համեմատ, գիտենք, որ պիտի լսէ մեզի։ Եւ եթէ գիտենք, թէ պիտի լսէ մեզի, գիտենք, որ պիտի ստանանք այն, ինչ որ Անորմէ խնդրեցինք։ Կը հասկնա՞ք։ Ես կրնամ համոզուած ըլլալ վերջնական արդիւնքին համար, քանի որ Թագաւորն անձամբ ստեղծած է այդ օրէնքը։ Ուրեմն ճիշդ Ան ալ պիտի կանգնի սեփական օրէնքին ետեւը։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ, որ Ան պիտի լսէ մեզի, հոս չի խօսուիր բառերը ականջով լսելու մասին, այլ, աւելի շուտ, ինչպէս դատաւորը կը լսէ հայցը՝ արդար վճիռ կայացնելու համար։ Դատաւորը իր սեփական զգացումներով չի դատեր, այլ կ’ընէ ամէն բան, որ օրէնքը կիրարկուի ի շահ թագաւորութեան քաղաքացիներուն։ 

 

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up