Ձեր ֆինանսական յեղափոխութիւնը. Առատաձեռնութեան զօրութիւնը

(0)

ՆԱԽԱԲԱՆ

 

Երբ Աստուած Տրենտան եւ զիս կանչեց՝ հեռատեսիլի ծրագիրներու մէջ ելոյթ ունենալու համար, կրնամ ըսել, որ ատիկա երբեք մտքէս չէր անցած: Տակաւին նոր վերադարձած էի Ալպանիայէն, ուր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին հինգ պահեր դասաւանդած էի եւ անոնց ըսած էի, թէ ի՛նչպէս Տրենտան եւ ես Թագաւորութեան օրէնքներուն հետեւելով մեր պարտքերէն ազատած էինք: Եթէ իմ նախորդ գիրքերս կարդացած ես, թերեւս պիտի յիշես, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ փառքին կապոյտ մշուշը միսիոնարին նստասենեակը լեցուց այն գիշերը, երբ մեր վերջին պահը ունեցանք: Հոն էր, որ Տէրը ինծի ըսաւ. «Քեզ կը կանչեմ ազգերուն երթալու եւ մարդոց սորվեցնելու իմ ֆինանսական օրհնութեան ուխտս: Եւ ո՛ւր որ քեզ ղրկեմ, ե՛ս ծախսերը պիտի հոգամ»: Այդ գիշերը փոխեց իմ կեանքս: Բայց գաղափար չունէի, թէ Տէրը ճիշդ ի՞նչ ըսել կ’ուզէր Իր խօսքերով. «Քեզ կը կանչեմ ազգերուն երթալու»: Հետագային պարզուեցաւ, որ հեռատեսիլն էր այդ միջոցը, որ Տէրը Իր միտքին մէջ ունէր: Դարձեալ, ատիկա բան մըն էր, որուն մասին չէի մտածած կամ նոյնիսկ փափաքը չունէի այդ մէկը ընելու: Միակ բանը, որ վստահ գիտէի, այն էր, որ մեծ փափաք ունէի մարդոց օգնելու, որ յայտնաբերեն այն, ինչ որ Տրենտան եւ ես յայտնաբերեցինք՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը: Ինը տարի ապրեցանք ծանր պարտքերու տակ, ամէն տեսակի արգելանքի տակ եւ տկարացնող խուճապի յարձակումներու դէմ կը պայքարէինք: Ընկճուածութեան դեղերը, զորս բժիշկները ինծի կու տային, չէին օգներ: Սկսայ կեանքէն քաշուիլ, եւ վախի խաւարը կարծես բոլոր միտքերս կը գրաւէր: Այնքա՛ն վախով կապուած էի, որ հասայ տեղ մը, ուր կը վախնայի տունէն դուրս ելլելու, բան մը, որ անշուշտ վաճառորդութեան գործիս համար օգտակար չէր: Արագօրէն կը սնանկանայինք, եւ կարծես անզօր էի այդ մէկը կեցնելու: Ամօթը այլեւս կեանքի ձեւ դարձած էր ինծի համար, եւ ինքզինքս շատ ձախող մէկը կը զգայի: Ամենամեծ ձախողութիւնը, որ կը զգայի, իմ գեղեցիկ կնոջս եւ զաւակներուս հանդէպ էր: Բացի մեզի համար անհրաժեշտ գումարը չապահովելէ, այդ տարիներուն ես նաեւ լաւ հայր կամ ամուսին չէի: Մենք գոյատեւեցինք՝ ապրելով 1850-ականներու ագարակատան մը մէջ, ուր ամէն բան կոտրուած էր: Ապակիները փակցնելիք երիզով միացուած էին: Գետնին գորգերը ճամբուն եզերքը գտնուող աղբակոյտի մը մէջէն գտնուած էին: Տղոցս սենեակին անկողինները ծերանոցի մը դուրսը նետուած ապրանքներուն մէջէն գտնուած էին: Մեր քշած ինքնաշարժները մեզ կը խայտառակէին: Մեր կեանքերը լեցուն էին անդադար հնչող հեռաձայններով, որոնք դրամ կը պահանջէին փաստաբաններու եւ բազմաթիւ վարկային քարտի (քրետիթ քարտ) ընկերութիւններու եւ դրամ փոխ տուող ընկերութիւններու կողմէ, որոնց մենք դրամ պարտք ունէինք: Անյո՛յս էի: Այո՛, զԱստուած սիրող քրիստոնեայ մըն էի: Եկեղեցի կ’երթայի եւ Սուրբ Հոգիով մկրտուած էի: Պսակաւորի աստիճան ստացած էի Հին Կտակարանին մէջ եւ մէկ տարի Աստուածաշունչի դպրոց յաճախած էի, բայց շա՛տ սխալ բան մը կար: Օր մը յուսալքուած Աստուծոյ աղաղակեցի, եւ անմիջապէս Ան պատասխանեց: Այնպէս չէր, որ ես չէի աղօթած մտահոգութեամբ լեցուն այդ ինը տարիներուն ընթացքին. աղօթած էի: Բայց այս անգամ գիտէի, որ պէտք ունիմ լսելու: Կ’ենթադրեմ, որ մինչեւ այդ ժամանակ կը կարծէի, թէ ես կրնամ ինքզինքս դուրս հանել այդ ֆինանսական փոսէն, որ ես փորեր էի՝ ամէն բան իմ ուժերովս ընելով: Բայց այդ առաւօտ գիտէի, որ ա՛լ ելք չունիմ: Բոլոր բարեկամներէս դրամ փոխ առած էի, տասնեակ հազարաւոր տոլարներ փոխ առած էի ընտանիքէս, եւ աւելի դրամ փոխ առնելու ամէն միջոց կործանուած էր: 

Երբ այդ առաւօտ աղօթեցի, յուսալքուած էի, եւ ատով հանդերձ, զարմացայ, որ այդքան արագ Անոր պատասխանը լսեցի: Հոգիիս մէջէն լսեցի Անոր ձայնը, որ Փիլիպպեցիներուն 4.19-ը կ’արտասանէր.

«Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով»: 

Տիրոջ պատասխանեցի. «Տէ՛ր, ես գիտեմ այդ համարը, բայց չեմ տեսներ անոր կատարուիլը իմ կեանքիս մէջ»: Ան նորէն խօսեցաւ եւ ինծի ըսաւ, որ ես այդ խառնաշփոթ վիճակին մէջ էի, որովհետեւ երբեք չէի սորված, թէ Իր Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս կը գործէ: Չէի գիտեր, թէ ատով ի՞նչ ըսել կ’ուզէր, բայց Տրենտան եւ ես որոշեցինք գիտնալ: Աստուածաշունչի առաջին համարներէն մէկը, որ Աստուած մեզի ցոյց տուաւ, Ղուկասի 6.20-ն էր.

«Յիսուս իր աչքերը աշակետներուն յառելով, ըսաւ. “Երանի՜ աղքատներուդ, որովհետեւ ձերն է Աստուծոյ արքայութիւնը”»:

Աստուծոյ Թագաւորութի՛ւնն էր մեր լուծումը: Դարձեալ, մենք իրապէս բնաւ գաղափար չունէինք, թէ Ան ի՞նչ նկատի ունէր ատով, բայց գիտէինք, որ պէտք է յայտնաբերենք: Քիչ ետք Թագաւորութեան մասին աւելի պիտի խօսինք, բայց քեզի ըսեմ, թէ արդիւնքը ի՛նչ եղաւ: Սուրբ Հոգին սկսաւ մեզի ցոյց տալ այնպիսի բաներ Աստուածաշունչէն, զորս մենք նախապէս երբեք չէինք տեսած: Կիրարկելով այն բաները, զորս Տէրը մեզի կը սորվեցնէր Թագաւորութեան մասին, մենք կրցանք երկուքուկէս տարուան մէջ ամբողջութեամբ դուրս գալ պարտքէն: Մենք սկսանք մեր ինքնաշարժներուն գինը կանխիկ վճարել եւ յիսունհինգ արտավար տարածութեամբ հող մը գնեցինք՝ անոր գինը կանխիկ վճարելով, հող մը, որ լեցուն էր կարծր փայտ ունեցող գեղեցիկ ծառերով եւ ճահիճներով, ուր կրնայի որսորդութիւն ընել եւ մանուկներս մեծցնել հիանալի բնութեան մէջ: Եւ իմ կեանքիս ամենամեծ ուրախութիւններէն մէկը տեսնելն էր, որ Տրենտան ի՛նչպէս կը ձեւակերպէ եւ կը շինէ իր երազանքի տունը, որ մենք նոյնպէս ունինք առանց պարտքերու: Այն բոլոր բաներէն ետք, որոնցմէ անցայ եւ տեսնելով Աստուծոյ Թագաւորութեան գործելաձեւը մեր կեանքերուն մէջ, ամէն օր տօնախմբութեան մէջ կ’ապրէինք: Իրականութեան մէջ, խնճոյքը մինչեւ հիմա չէ դադրած: Մենք տակաւին ամէն օր կը տօնենք Թագաւորութիւնը: Անցեալին մեր մանուկներուն կերակուր գնելու համար բարձիկներու տակ տասը սենթեր փնտռելէն մինչեւ ներկայիս առանց պարտքի ըլլալը եւ ամբողջ աշխարհի շուրջ Աւետարանին տարածման համար հարիւր հազարաւոր տոլարներ կարենալ տալը վստահաբար տօնելու պատճառներ են: Տրենտան եւ ես շատ մեծ փափաք ունինք մարդոց Աստուծոյ հիանալի Թագաւորութեան մասին պատմելու: Ատիկա էր պատճառը, որ ես առաջին հերթին Ալպանիա գացի: Ինչպէս նշեցի, երբ Ալպանիայի մէջ Աստուած ինծի խօսեցաւ ազգերուն երթալու մասին, շփոթեցայ: Ի՞նչ կը նշանակէր ատիկա: Այդ ժամանակ ես կը հովուէի այն եկեղեցին, որ Տրենտան եւ ես հիմնած էինք տասը տարիներ առաջ: Արդեօք ես պէտք է հրաժարէի՞ եկեղեցիէն եւ սկսէի ճամբորդել: Աստուծոյ կողմէ տնօրինուած ծանօթացումներու ցանցի մը միջոցով Տրենտան եւ ես ծանօթացանք հեռատեսիլի գործով զբաղող մարդոց եւ ընկերութիւններու, որոնք հեռատեսիլի ծրագիրներու արտադրութեամբ կը զբաղէին: Այդպէս չէ, որ ես զիրենք կը փնտռէի. պարզապէս Աստուած զիրենք մեր դիմացը հանեց: Դարձեալ, ես հեռատեսիլի մէջ ելոյթ ունենալով բնաւ հետաքրքրուած չէի, բայց յիշեցի տեսիլք մը, որ քանի մը տարի առաջ տեսած էի: Մեր եկեղեցւոյ ծառայութիւններէն մէկուն ընթացքին կ’աղօթէի երբ յանկարծ Տէրը ինծի ըսաւ, որ ես հեռատեսիլի եւ ռատիոկայանի ծրագիրներու մէջ ելոյթ պիտի ունենամ: Այդ մասին շատ չմտածեցի, քանի որ այն ատեն այդ երկուքէն որեւէ մէկով հետաքրքրուած չէի, բայց ատիկա ուշադրութիւնս գրաւեց, եւ Տրենտային ըսի այդ մասին: Կարճ ըսելով՝ Աստուած հիանալի դռներ բացաւ եւ մեզի հիանալի մարդոց ծանօթացուց, որոնք մեզ քաջալերեցին, որ հեռատեսիլի ծրագիրներու մէջ ելոյթ ունենանք, բայց մենք հեռատեսիլի մասին ոչինչ գիտէինք: Եւ երբ կ’ըսեմ ոչինչ, այսինքն՝ ոչինչ: Բայց զգացինք, որ պէտք է շարունակենք հետեւիլ Աստուծոյ մեզի ցուցուցածին: Մենք գործիքներ չունէինք եւ նոյնիսկ չէինք գիտեր, թէ ի՛նչպիսի գործիքներ պէտք ունինք նկարահանման համար, բայց այն մարդիկը, զորս Աստուած մեզի բերաւ, գիտէին: Վերջապէս հասանք տեղ մը, ուր պէտք է որոշում առնէինք: Հեռատեսիլի ծրագիրներ արտադրող ընկերութիւն մը մեզի առաջարկեց, որ իրենց հետ համաձայնագիր մը կնքենք, որ արտադրական աշխատանքը ընեն զեղչուած գիներով: Եթերային ժամանակը եւ հեռատեսիլի կայան մը սկսելու բոլոր ծախսերը հաշուելով, ըստ մեր հաշիւներուն, մենք երեք հարիւր հազար տոլարի պէտք ունէինք: Այդ ժամանակ մենք այդ երեք հարիւր հազար տոլարը չունէինք: Բայց ատոր մասին աղօթելէ եւ Աստուծոյ հետ գօտեմարտելէ ետք, վերջապէս «այո՛» ըսի: (Անշուշտ երբ Աստուծոյ հետ կը գօտեմարտիս, երբեք չես յաղթեր): Ուստի այդ արտադրական ընկերութիւնը մեր քաղաքը եկաւ (անոնց ընկերութեան կեդրոնատեղին Թեքսասի մէջ է), եւ սկսանք նկարահանել մեր առաջին հեռատեսիլի ծրագիրը: Քանի որ նկարահանումի համար յատուկ տեղ մը չունէինք, մեր առաջին տարին ամբողջութեամբ նկարահանեցինք մեր նստասենեակին մէջ, կրակարանին դիմաց: Եթէ ըսեմ, որ շատ պրկուած եւ ճնշուած էի առաջին նկարահանումին ընթացքին, ատիկա թերգնահատանք պիտի ըլլայ: Չէի գիտեր ի՛նչ ակնկալեմ: Եւ միայն հեռատեսիլի նկարահանումը ընելը չէր, որ զիս անհանգիստ կ’ընէր: Պէտք է ամբողջ բովանդակութիւնը պատրաստէի եւ ձեւով մը ամբողջ ծրագիրը ձեւաւորէի, անշուշտ Տրենտային ներդրումով: Արտադրական խումբը շատ լաւ խորհուրդներ տուաւ մեզի եւ մարզեց մեզ, բայց ես տակաւին հանգիստ չէի: Կը խնդրեմ, որ հասկնաս, թէ ես բնութեանս մէջ համարձակ անձ մը չեմ, ուստի ինծի համար հեռատեսիլին վրայ երեւնալը իմ հանգիստի գօտիէս բոլորովին դուրս էր: Բացի ատկէ, նկարահանումի օրը արտադրական խումբը շատ շուարած էր: Խումբին ղեկավարը կէս գիշերին գացած էր, քանի որ իր փոքրիկ տղան սպաննուած էր երբ իրենց դրացիին ինքնաշարժը անոր զարկած էր կառուղիին մէջ: Ես այդ մէկը այդ առաւօտ իմացայ, նկարահանումի ժամէն անմիջապէս առաջ: Ես որոշեցի Տրենտային չըսել նախքան արձանագրութեան կատարուիլը: Ուա՜ու, ատիկա շատ դժուար բան է: Յետոյ, արձանագրութենէն անմիջապէս ետք, մեր անձնակազմէն մէկը երբ տղուս՝ Թիմին մոթորսիքլէթը կը քշէր, տեղ մը զարնուած էր: Թիմը վազելով տուն մտաւ եւ կը պոռար ըսելով, թէ Տէյվիտը մեռած է: Ան մեռած չէր, պարզապէս մարած էր, բայց ի՜նչ ահաւոր ձեւ նկարահանումը սկսելու: Նկարահանումի շաբաթը անցուցինք, եւ հաղորդումը տեղական կայանի մը վրայ սփռուեցաւ: Մենք շարունակեցինք նկարահանել ամիսը մէկ շաբաթ, բայց երկրորդ ամսուան վերջաւորութեան տակաւին դժուար էր մեզի համար. եւ ես անատակութեան եւ խուճապի զգացումներուն հետ կը պայքարէի: Վերջապէս արտադրական ընկերութեան տիրոջ ըսի, որ չեմ կրնար շարունակել: Ան պահ մը ինծի նայեցաւ եւ ըսաւ. «Ո՛Չ: Պէ՛տք է հեռատեսիլի յայտագիրներ ունենաս»: Յետոյ ինծի ըսաւ, որ նստիմ, քանի որ կ’ուզէր բան մը ցոյց տալ ինծի: Ան բացաւ հեռատեսիլը եւ դարձուց հեռատեսիլի Քրիստոնէական ցանցերուն բաժինը: Անկեղծ ըլլալու համար, ես Քրիստոնէական կայաններ շատ չէի դիտած, բայց ինչ որ տեսայ այդ օրը, ինծի զզուանք պատճառեց եւ ինծի վերստին մտածել տուաւ Քրիստոնէական հեռատեսիլին մաս կազմելու մասին: Յայտագիրներէն մէկուն մէջ «սուրբ ձիթաիւղ» կը ծախէին, որ կ’ըսէին, թէ աւելի մեծ օծութիւն կը բերէ բարգաւաճելու համար: Ուրիշ յայտագիրի մը մէջ քարոզիչը «օծուած բլիթներ» կը ծախէր, ըսելով, որ իւրաքանչիւր խածի հետ նոր յայտնութիւն կը ստանաս: Ուրիշ յայտագիրի մը մէջ լսեցի, որ եթէ յաջորդ երեք վայրկեաններուն ընթացքին նուիրատուութիւն ընես, բարգաւաճելու եռապատիկ օծութիւն կը ստանաս: Ուրիշի մը մէջ, սառած ճաշ կը ծախէին: Իւրաքանչիւր յայտագիր տարօրինակ դրդապատճառ մը կ’առաջարկէր, որպէսզի մարդոց մղէր, որ տան: Բայց նկատեցի, որ պակսող մասը այն էր, որ անոնցմէ ոչ ոք մարդոց կ’ըսէր, թէ ի՛նչպէս պիտի ստանային իրենց պէտքը՝ թէ իրականութեան մէջ Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս կը գործէ: Անոնց կ’ըսէին, որ պէտք է սերմ ցանեն, բայց ես գիտէի, որ մէկը պէտք է մարդոց ըսէր, որ ի՛նչպէս կը հնձե՛ն այդ սերմը: Փազըլէն բազմաթիւ կտորներ կային, զորս մարդիկ պէտք է գիտնային եթէ յաջողակ պիտի ըլլային: Եթէ պարզապէս մարդոց սորվեցնենք, թէ ի՛նչպէս պէտք է տան, առանց անոնց սորվեցնելու, թէ ի՛նչպէս պէտք է հնձեն, գիտեմ, որ մարդիկ Աստուծմով յուսախաբ պիտի ըլլան եւ պիտի կարծեն, թէ Ան կը թերանայ իրենց հանդէպ Իր պարտականութեան մէջ երբ ամէն բան չի պատահիր այնպէս ինչպէս անոնք կ’ակնկալեն, որ պատահի: Մարդիկ պէտք է գիտնան Թագաւորութեան օրէնքները եւ թէ ինչո՞ւ տալը երկրի վրայ Թագաւորութեան առատութեան մէջ քալելու անհրաժեշտ մէկ բաժինն է: Եւ դարձեալ, աւելի կարեւորը այն է, որ անոնք պէտք է գիտնան, թէ տալէն ետք ի՛նչ պէտք է ընեն: Անոնք պէտք է գիտնան ի՛նչպէս իրենց պէտքը պիտի հնձեն Աստուծմէ: Ես յայտնաբերեցի, որ ես իմ դերս ունիմ խաղալու իմ հունձքիս մէջ —որոնցմէ առաջինը գիտնալն է, թէ ի՛նչ է հաւատքը եւ ինչո՛ւ անոր պէտք ունինք: Պէտք ունէի սորվելու, թէ ի՛նչպէս Սուրբ Հոգին կ’առաջնորդէ զիս դէպի իմ հունձքս եւ թէ ինչքա՛ն կարեւոր են հունձքիս ժամանակն ու մանրամասնութիւնները: Յայտնաբերեցի, որ կան հոգեւոր օրէնքներ, զորս պէտք է սորվիլ եւ կիրարկել, ինչպէս նաեւ բնական մարզը կառավարող օրէնքներ, որոնք հունձքին կ’ազդեն: Այդ բոլոր յայտագիրները այնպէս մը ցոյց կու տային, թէ կարծես դրամը քու նամակատուփիդ մէջ պիտի յայտնուի: Համաձայն եմ, երբեմն դրամը իրապէս կը յայտնուի նամակատուփիդ մէջ, բայց եթէ ուշադրութեամբ քննես այդ դէպքերը, հոգեւոր բանալիներ պիտի գտնես, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս ատիկա յայտնուեցաւ: Այդ յայտագիրներէն քանի մը հատը դիտելէ ետք, տեսածներէս ամչցայ: Զարմանալի չէ, որ աշխարհը ուշադրութիւն չի դարձներ: Բայց նոյն ատեն ջղայնացայ: Այդ պահուն անդրադարձայ, որ մարդիկ ինծի պէտք ունին, թէ ես ըսելիք ունիմ: Որոշեցի հեռատեսիլի ծրագիրս շարունակել, քանի որ պատմութիւն մը ունէի, զոր պէտք է պատմէի: Եւ վերջին տասնչորս տարիներուն ընթացքին կը շարունակեմ հեռատեսիլի յայտագիրներ վարել եւ տեսած եմ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը յայտնաբերեն Թագաւորութիւնը – ոչ թէ կրօն, այլ Թագաւորութիւնը – եւ անոնք նոյն արդիւնքներուն կը հասնին ինչպէս Տրենտան եւ ես: Գիտեմ, որ դուն ալ նոյն արդիւնքները ձեռք պիտի բերես: Այս գիրքը՝ «Ձեր Ֆինանսական Յեղափոխութիւնը. Առատաձեռնութեան Զօրութիւնը», «Ձեր Ֆինանսական Յեղափոխութիւնը» գիրքերու շարքիս հինգերորդ եւ վերջին գիրքն է: Այս ամբողջ շարքով խանդավառուած եմ եւ այս վերջին գիրքով ալ խանդավառուած եմ: —Կէրի Քիսի

 

 

ԳԼՈՒԽ 1

ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Իրիկուն մը մեր ընտանիքը մեր նախասիրած տեղական ճաշարաններէն մէկուն մէջ ընթրիք կ’ընէր: Սպասեակը իր յղութեան վերջին ամիսներուն մէջ եղող երիտասարդ կին մըն էր: Երբ կը պատրաստուէի մեր հաշիւը վճարելու, յանկարծ առաջնորդուեցայ անոր դրամական մեծ նուէր մը տալու, փոխանակ մեր վճարելիք հաշիւին քսաներկուքէն քսանհինգ տոկոսը տալու, որ ես սովորաբար կու տամ: Ուստի դրամական նուէրին վրայ հարիւր տոլար աւելցուցի: Ան առանց նայելու առաւ ստորագրուած Վիզա քարտիս թուղթը եւ դէպի խոհանոց գնաց: Քիչ ետք վերադարձաւ եւ այտերէն արցունքներ կը հոսէին: Վերադարձաւ մեզի շնորհակալութիւն յայտնելու: Մեզի պատմեց, թէ ի՛նչպէս նիւթական նեղութեան մէջ կը գտնուէր եւ կը մտածէր, թէ ի՛նչպէս կրնայ այդ վիճակէն դուրս գալ: Նախքան մեր մեկնիլը, մենք առիթը ունեցանք Քրիստոսի մասին խօսելու եւ իրեն համար աղօթելու: 

Պարզապէս մեր առատաձեռն ըլլալը բացաւ դուռը անոր սիրտին ծառայելու:

«Կամ թէ անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս: Չե՞ս գիտեր, թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ»: —Հռոմայեցիներուն 2.4 (Շեշտադրումը՝ մեր կողմէ)

Աստուածաշունչի «Քինկ Ճէյմզ» տարբերակին մէջ Հռոմայեցիներուն 2.4-ը կ’ըսէ, որ Աստուծոյ քաղցրութիւնը մեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ: 

Առատաձեռն ըլլալը Աստուծոյ նման վարուիլ կը նշանակէ:

Մատթէոս 5.45-ը կ’ըսէ.

«Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»: 

Աստուած բարի՛ է եւ առատաձե՛ռն: Մենք Անոր զաւակներն ենք, եւ Քրիստոսով մեր նոր բնութիւնն ալ առատաձեռն ըլլալ է: Ինչպէս վերը նշուած պատմութեան մէջ տեսանք, առատաձեռն ըլլալը մարդոց ցոյց կու տայ Աստուծոյ սիրտը: Ինչպէս շատ տաք օրուան մը ընթացքին ումպ մը պաղ ջուր խմելը, նոյնպէս առատաձեռն ըլլալը հանգստութիւն եւ յոյս կը բերէ աշխարհի մը, որ կը գտնուի աղքատութեան անապատին մէջ: Առատաձեռնութեամբ տալու ազդեցութիւնը յստակօրէն կ’երեւի Կորնթոսի եկեղեցիին ուղղուած Բ.Կորնթացիներուն 9.10-15-ի Պօղոսի թելադրանքին մէջ.

«Ուրեմն ա՛ն՝ որ սերմ կը հայթայթէ սերմնացանին, կերակուրի համար հաց հայթայթէ ձեզի ու բազմացնէ ձեր հունտը, եւ աճեցնէ ձեր արդարութեան պտուղները: Ամէն բանի մէջ հարստացած էք ամէն տեսակ առատաձեռնութեամբ, ինչ որ մեր միջոցով շնորհակալութիւն կը գոյացնէ Աստուծոյ հանդէպ. որովհետեւ այս պաշտօնին սպասարկումը ո՛չ միայն կը լրացնէ սուրբերուն պակասը, այլ նաեւ կը ճոխանայ շատ շնորհակալութիւններով՝ ուղղուած Աստուծոյ: Այս սպասարկութեան փորձառութեամբ անոնք պիտի փառաւորեն Աստուած՝ Քրիստոսի աւետարանին ձեր դաւանած ենթարկումին համար, նաեւ ձեր առատաձեռն հաղորդակցութեան համար՝ անոնց եւ բոլորին հետ. ու պիտի աղերսեն [աղօթեն] ձեզի համար, կարօտնալով ձեզ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար՝ որ ձեր մէջ է: Շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ՝ իր անպատմելի պարգեւին համար» (Շեշտադրումը՝ մեր կողմէ):  

Ձեր առատաձեռնութիւնը պատճառ կ’ըլլայ, որ մարդիկ զԱստուա՛ծ փառաւորեն եւ շնորհակալութի՜ւն յայտնեն Անոր : Նկատի առէք, որ Պօղոս կ’ըսէ, թէ առատաձեռն ըլլալը ձեր սպասարկութիւնն (պաշտօնն) է Աստուծոյ:

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up