ՆԱԽԱԲԱՆ
Այն օրը, որ մեր ագարակատունը ձգեցինք՝ դառն, բայց միեւնոյն ատեն քաղցր օր մըն էր: Մենք այդ հին, փոքրիկ ու քանդուած ագարակատան մէջ ապրեցանք մօտ ինը տարիներ, իսկ հիմա ես տուփերու վերջին խումբը կը փոխադրէի մեր բեռնակառքին մէջ: Կ’ուղղուէինք դէպի մեր նոր տունը, որ մենք անձամբ շինած էինք. 7,700 քառակուսի ոտք (square foot) տարածութեամբ Ճորճիական ոճով շինուած տուն մը, 55 արտավար (acre) Օհայոյի գեղեցիկ հողատարածքի մը վրայ, 20 արտավար անտառներով եւ ճահիճներով շրջապատուած: Ասիկա երազ մըն էր, որ նոյնիսկ քանի մը տարի առաջ դժուար էր պատկերացնել: Հակառակ անոր որ կը հեռանայինք ագարակատունէն, ես կը սիրէի այդ հին տունը. այո, նոյնիսկ իր կոտրուած պատուհաններով, իր հողէ մառանով եւ մեղուներու մնայուն յարձակումներով, զորս կը կրէինք երբ հոն կը բնակէինք: Շատ յիշատակներ ունինք հոն: Հինգ զաւակներէս երկուքը հոն ծնած են՝ նստասենեակին մէջ: Մենք հոն շատ լաւ ժամանակներ անցուցած ենք, բայց նաեւ՝ ֆինանսական ճնշումի տակ յուսահատական ժամանակներ: Սորվելիք շատ բան ունէինք: Թէեւ հիմա դժուար է պատկերացնել, երբ ինը տարի առաջ այդ հին ագարակատունը փոխադրուեցանք, հազիւ կրնայինք վճարել ամսական երեք հարիւր տոլար վարձքը: Մեր երկու ինքնաշարժներն ալ հին էին, հարիւր հազարաւոր մղոններ քշուած էին եւ տակաւին անոնց վճարումները չէինք ամբողջացուցած ու պարտքեր ունէինք: Այդ ժամանակ կարծես բոլորին դրամ պարտական էինք: Մենք ունէինք տասը վարկաքարտեր, որոնց մէջի ամբողջ գումարը գործածուած եւ քարտերը չեղարկուած էին, երկու ֆինանսական ընկերութիւններէ փոխառութիւններ, անշուշտ մեր երկու ինքնաշարժներուն պարտքերը, «Այ. Ար. Էս. »-ի արգելանքները («Այ. Ար. Էս. »՝ ԱՄՆ ներքին տուրքերու ծառայութիւն), այն տասնեակ հազարները, զորս պարտական էինք մեր ազգականներուն եւ ցանկը կը շարունակուի: Մենք կ’ապրէինք ֆինանսական գոյատեւման կեանք մը` մեր ունեցած բոլոր բաները գրաւի տակ դնելով երբեմն միայն մթերք գնելու համար: Մեր ինչքերը, զորս արդէն հին վիճակի մէջ գնած էինք շատ հին եւ կոտրուած էի: Այդ ժամանակուան մեր ծանր ֆինանսական կացութիւնը քիչ յոյս կու տար պայծառ ապագայի մը համար: Անկեղծօրէն ես յոյս չունէի, որ ամէն բան կրնար փոխուիլ: Ես կը սիրէի իմ ընտանիքս, ունէի գեղեցիկ կին մը, բայց զիրենք կը քաշքշէի ֆինանսական դժոխքի մէջէն: Ես ընկճուածութեան դեղեր կ’առնէի, խուճապի յարձակումներ կ’ունենայի եւ վախը կը սպառէր իմ ամէնօրեայ կեանքս: Պարզապէս ըսեմ, որ շատ ուրախ մէկը չէի: կեանքի ապահովագրութիւն կը ծախէի, միջնորդավճարով կ’ապրէի եւ բացի ֆինանսական անդունդէն ոչ մէկ տեղ չէի հասներ: Կամաց-կամաց մենք աւելի եւ աւելի պարտքներու տակ կը մտնէինք մինչեւ որ այլեւս չմնացին պարտքի տարբերակներ: Այն ատեն ես ջիղերու խանգարում ունեցայ: Խուճապը եւ վախը պատեցին իմ միտքս: Նոյնիսկ տունէս դուրս ելլելու կը վախնայի, բան մը, որ օգտակար չէ միջնորդավճարի համար: Կինս կարծեց, թէ պիտի կորսնցնէ իր ամուսինը եւ այդ ժամանակ մեր ունեցած չորս զաւակները առանձին մեծցնելու գաղափարը կը տանջէր զինք: Բայց ինք աղօթքին զօրութեան հաւատացող է եւ երբեք յոյսը չկորսնցուց: Մենք միասին կ’աղօթէինք եւ սկսանք յայտնաբերել Աստուծոյ Թագաւորութեան սկզբունքները: Երբ սկսանք Աստուծոյ դիմել՝ պատասխաններ եւ սկզբունքներ ստանալու համար, յոյսը սկսաւ բարձրանալ մեր սիրտերուն մէջ եւ սկսանք ետեւ ետեւի հրաշքներ տեսնել մինչ կը կիրարկէինք այն, ինչ որ Աստուած ցոյց կու տար մեզի:
Գիշեր մը յատկանշական պահ մը ունեցայ, երբ Աստուած ինծի ցոյց տուաւ, թէ ես պիտի հիմնէի իմ սեփական ընկերութիւնս ֆինանսական մարզին մէջ՝ օգնելով մարդոց, որ պարտքէն դուրս գան եւ անոնց սորվեցնելով այն սկզբունքները, զորս Ինք ցոյց կու տար ինծի: Այդ ժամանակ ընկերութիւն մը հիմնելը, որ մարդոց ցոյց պիտի տար, թէ ի՛նչպէս պիտի ձերբազատուին իրենց պարտքերէն, բաւական տարօրինակ կը թուէր՝ քանի որ մենք տակաւին շատ պարտք ունէինք: Մենք աղօթեցինք այդ մասին, բայց Տէրը մեզի ըսաւ, որ երբ մենք քայլ առնենք եւ սկսինք սորվեցնել Իր սկզբունքները, մենք ալ մեր ազատութիւնը պիտի գտնենք: Ընկերութիւնը սկսիլը հաւատքի քայլ էր, որովհետեւ մենք գաղափար չունէինք, թէ ի՛նչպէս պէտք էր ընէինք այդ մէկը, բայց մենք յարատեւեցինք: Ընկերութիւնը մեծցաւ եւ անկէ եկած դրամական շահը երկուքուկէս տարուան մէջ մեր ընտանիքը ամբողջութեամբ պարտքէն ազատեց: Ես քիչ մը աւելի պիտի խօսիմ մեր ընկերութեան մասին յաջորդ գլուխին մէջ, բայց առ այժմ միայն գիտցիր, որ մեր կեանքը արմատապէս փոխուեցաւ: Չեմ կրնար բացատրել մեր ազատութեան զգացումը, թէ ի՛նչ զգացինք երբ գացինք ինքնաշարժի ընկերութեան նեկայացուցիչներէն մէկուն քով եւ կանխիկ վճարեցինք նոր ինքնաշարժի մը գումարը: Ի՛նչ զգացինք երբ մեր տունը գեղակառուցեցինք, շինեցինք եւ վճարեցինք անոր համար: Այն ինչ որ մենք կը վայելէինք վեր էր այն բոլոր բաներէն, զորս կրնայինք պատկերացնել: Այո, բաւական յիշատակներ ունէինք ագարակատան մէջ: Երբ գացի վերջին տուփը առնելու տունէն, կնոջս քովէն անցայ մինչ ան կեցած էր փոքր ճաշասենեակին մէջ: Ան արցունքոտ աչքերով նայեցաւ ինծի: Տխրութեան արցունքներ չէին, այլ՝ ուրախութեան եւ նաեւ յուզումի: Ան կը յիշէր այն ամէնը, զոր Աստուած սորվեցուցած էր մեզի այդտեղ: Ես նոյնպէս զսպեցի իմ արցունքներս երբ վերջին նայուածք մը նետեցի սենեակներուն՝ խառն զգացումներով յիշելով այն ամէնը, որ պատահեր էր այդտեղ: Մեր կեանքէն հատուած մը կը փակէինք եւ դէպի նոր տարածք մը կ’ուղղուէինք: Ի՞նչ կար մեր առջեւ հիմա: Ճամբորդութիւնը մեզ տարաւ ընկճուածութենէն, անյուսութենէն դէպի յոյսով լեցուն ապագայ մը: Երբ վերջին տուփով դուրս ելայ, կանգ առի եւ դէպի ետեւ՝ տան նայեցայ ժպիտով. «Ո՛չ, ես քեզ պիտի չկարօտնամ: Ես հիմա աւելի լաւ տեղ մը ունիմ»: Անկասկած շատ խանդավառ էինք նոր տուն փոխադրուելով: Բայց մեր ճամբորդութեան լաւագոյն բանը այն էր, որ վերջապէս պիտի հանգստանայինք: Այլեւս ես կրնայի մտածել իմ ապագայիս մասին եւ ոչ միայն հաշիւներ վճարելու մասին: Տարիներու ընթացքին Աստուծոյ հանգիստին մէջ բնակիլը բացարձակ երազանք մը եղած է: Մեր ինքնաշարժներուն գինը վճարուած ըլլալը հանգիստ է: Պարտքէ ազատ ըլլալը հանգիստ է: Յիսունհինգ արտավար հողատարածքի վրայ իմ երազանքի տանս գինը վճարուած ըլլալը հանգիստ է: Կնոջս դէմքին ժպիտը տեսնելը երբ ան գնում ընելու կ’երթայ՝ առանց դրամի մասին մտահոգուելու, հանգիստ է: Մեր բոլոր պէտքերը ունենալէն անդին բաւարար դրամ ունենալով ուրիշներուն հարիւր հազարաւոր տոլարներ տալու կարողութիւնը ունենալը եւ Աւետարանին աջակցիլը հանգիստ է: Բայց հաւանաբար իմ կեանքիս ամենամեծ փոփոխութիւնը ամէն օր ճնշումի եւ վախի տակ չարթննալն էր, որ կը շրջապատէր կեանքս սկիզբի տարիներուն: Վերստին լաւ բաներու մասին երազել կարենալը փոխանակ պարզապէս շաբաթ մը եւս գոյատեւելու մասին երազելու՝ հանգիստ է: Այո, այն օրը, երբ վերջին տուփերը բեռնակառքին մէջ կը տեղաւորէի՝ մեր նոր տունը երթալու համար, միաժամանակ դառն եւ քաղցր էր: Բայց հաւատացէք, որ այդ հանգիստին քաղցրութիւնը, զոր Տրենտան եւ ես յայտնաբերեցինք, այնպէս յաղթահարեց մեր ետին յիշատակներ ձգելու դառն միտքերը, որ անգամ մը եւս մենք մեզ զգացինք երկու դպրոցական փոքրիկ մանուկներու պէս, որոնք միասին կը խնդային եւ կ’երազէին: Գիտեմ ի՛նչ կը մտածես: Երանի՜ ես այդ մէկը ունենայի: Երանի՜ ես այդ փորձառութիւնը ունենայի եւ խնդայի, երազէի, եւ կարենայի կեդրոնանալ իմ վճարելիք մուրհակներէս զատ ուրիշ բանի մը վրայ: Թէեւ ասիկա կրնայ անհաւատալի թուիլ քեզի գիրքին այս հանգրուանին մէջ, բայց քեզի կը վստահեցնեմ, որ այն, ինչ որ Տրենտան եւ ես յայտնաբերեցինք, նոյնքան հասանելի է քեզի համար որքան, որ էր մեզի համար: Կ’աղօթեմ, որ մինչ մենք կը բաժնեկցինք մեր պատմութիւնը, դուն քաջալերուիս Աստուծոյ օրէնքները եւ սկզբունքները կիրարկելու քու սեփական կեանքիդ մէջ եւս: Իսկապէս ատիկա այդքան ալ դժուար չէ. դուն պարզապէս պէտք է յայտնաբերես հանգիստին ուժը: Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ: Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք: Վասնզի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ: – Մատթէոս 11. 28-30
ԱՌԱՋԻՆ ԳԼՈՒԽ
ՀԱՆԳԻՍՏ – ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
ՀԱՆԳԻՍՏ – տեղադրուիլ կամ յենիլ մնալով յատկացուած դիրքի մը մէջ: Պահ մը կամ ժամանակաշրջան մը, երբ կը հանգստանաս կամ կը դադրիս ծանր կամ ճնշող գործերէ (Կուկըլ): Յոգնա՞ծ ես: Ընդհանրապէս ծանրաբեռնուա՞ծ ես եւ երբեք չե՞ս հասնիր: Արդեօ՞ք դրամի պէտքդ կ’առաջնորդէ քու որոշումներդ, թէ ո՞ւր պիտի աշխատիս կամ ի՞նչպէս պիտի աշխատիս կամ ի՛նչքան ժամանակ պիտի աշխատիս: Քեզի այնպէս կը թուի՞, թէ դուն երբեք պիտի չձերբազատուիս պարտքէն: Քեզի այնպէս կը թուի՞, թէ քու կեանքդ կարծես դարձած է առնետավազք մը (անվերջ եւ անիմաստ հետապնդում մը): Եթէ դուն այս անձն ես, դուն առանձին չես: Երբեք արջամուկի անիւ տեսա՞ծ ես: Վստահ եմ, որ տեսած ես: Բայց եթէ տեսած չես, անիկա անիւ մըն է, որ կը դրուի արջամուկի վանդակին մէջ: Արջամուկը կրնայ այդ անիւին վրայ ելլել եւ վազել ու վազել ու վազել մինչեւ որ ուժասպառ ըլլայ: Բայց այդ անիւը միայն մէկ հարց ունի: Ինչքան ալ արագ կամ ինչքան ալ երկար ժամանակ վազէ այդ արջամուկը, երբ լաւ մը յոգնի եւ անիւէն վար իջնէ, անիկա պիտի գտնուի ճիշդ նոյն տեղը, ուրկէ սկսեր էր: Ոչինչ փոխուած է: Անիկա կրնայ սրբել իր մուշտակէ փոքրիկ դէմքին քրտինքը բաւարարուած զգալով, բայց ոչինչ իրագործուեցաւ՝ կեանքի մէջ իր դիրքը բարելաւելու համար. անիկա տակաւին իր վանդակին մէջ բանտարկուած է՝ ազատութենէն զրկուած: Ասիկա կը վերաբերի մեծ թիւով մարդոց եթէ ոչ մեծամասնութեան եւ իրենց ֆինանսական կեանքին: Անոնք ամբողջ շաբաթը տքնաջան կ’աշխատին եւ շաբաթավերջին ուժասպառ՝ կարճ ժամանց մը կ’ունենան, բայց երբ Երկուշաբթի առաւօտ կ’ըլլայ, իրենք զիրենք կը գտնեն նոյն տեղը, ուր կը գտնուէին շաբաթ մը առաջ: Միակ բանը, որ ըրին, շաբաթ մը եւս գոյատեւեցին: Ինը երկար տարիներու ընթացքին այս էր իմ կեանքիս պատկերը: Ես օրական տասնըհինգէն տասնըութ ժամ կ’աշխատէի, ջանասէր էի եւ շատ կ’աշխատէի, բայց տասանորդս, վճարելիքներս եւ տուրքերս վճարելէ ետք, ոչինչ կը մնար: Ընդհանրապէս չէի կրնար ձեռք բերել անհրաժեշտ պէտքերս եւ կամաց-կամաց պարտք առնելու սովորութեան սկսայ՝ գոյատեւելու համար: Երբ ֆինանսական ճնշումը կ’աւելնար աւելի կը վազէի, բայց ի զուր: Երբ կանգ առի եւ քննեցի յառաջդիմութիւնս՝ տեսայ, որ տակաւին կը յետադիմէի: Այս մէկը անշուշտ հոգեկան ծանր հետեւանքներ ունեցաւ: Յուսահատութիւնն ու վախը, որոնց դէմ ամէն օր կը պայքարէի, դանդաղօրէն կ’ազդէին իմ միտքիս եւ ֆիզիքական մարմինիս վրայ: Տագնապը, սաստիկ վախը եւ անշարժութիւնը սկսան տիրել մարմինիս վրայ: Բժիշկները չէին կրնար յայտնաբերել, թէ ի՛նչ էր հարցս: Վախը ա՛յնքան կը սպառէր միտքերս, որ չէի գիտեր, թէ պիտի ապրիմ կամ մեռնիմ: Գրեթէ ինը տարի ապրեցայ գրաւափոխի խանութներ երթալով եւ ազգականներէս պարտքի դրամ փոխ առնելով մինչեւ որ այլեւս գրաւի դնելու ոչինչ ունէի եւ շատ վատ ինքնապատկերացում ունէի: Իմ վերջս կը տեսնէի: Կարծես կրնայիր ինքնապատկերացումս փոշեմանով մը վերցնել ինչպէս նաեւ որեւէ ուրախութիւն, որ մնացած էր կեանքիս մէջ: Պարտատէրերը շարքի կեցած էին՝ իմ դէմս դատ բանալու համար եւ այդ ժամանակ էր, որ հետեւեալը պատահեցաւ: Երբ ամէն մէկ շունչս յուսահատութեամբ պատուած էր, այդ հեռաձայնը եկաւ: Այդ հեռաձայնը գրեթէ բոլոր միւս առաւօտեան հեռաձայներուն պէս էր. «Պարոն Քիսի, ինչպէս գիտէք, դուք մեր յաճախորդին գումար պարտական էք: Ե՞րբ կը կարծէք, թէ կրնաք այս գումարը մեզի փոխանցել: Պարոն Քիսի, դուք այս մէկը ըսած էք վերջին երեք անգամներուն ալ, որ ձեզի հեռաձայնած եմ: Եթէ երեք օրուան մէջ այդ գումարը մեզի չբերէք, իմ յաճախորդս այս պարտքին համար դատ պիտի բանայ ձեզի դէմ: Կը հասկնա՞ք, պարոն Քիսի: Երեք օր: Ցտեսութիւն»: