Բարի՞, թէ՞ Աստուած

(0)
  • Գին: Անվճար
  • Հեղինակ: Ջոն Բիվեր
  • Formats available: pdf
  • Դիտում

ԱՅՍ ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

 

Դուք կրնաք ընթերցել այս գիրքը սկիզբէն մինչեւ վերջ, ինչպէս նաեւ մնացած բոլոր գիրքերը: Այնուամենայնիւ, գիրքի վերջաւորութեան ես ներառած եմ յաւելեալ նիւթեր բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին օգտագործել « Բարի՞, թէ՞ Աստուած» գիրքը` որպէս փոխգործուն ուսուցողական նիւթ: Դուք կրնաք ուսումնասիրել այս գիրքը անձամբ կամ խմբային միջավայրին մէջ: Այն նախատեսուած է վեցշաբաթեայ ուսուցման համար, բայց դուք ազատօրէն կրնաք յարմարցնել այն ձեր պահանջներուն: Իւրաքանչիւր շաբթուան նիւթերը հետեւեալը կը պարունակեն.

● Հարցումներ խմբային քննարկման կամ անձնական մտորման համար:

● Շաբաթական սերտողութեան նիւթեր, որոնք կրնաք օգտագործել Աստուծոյ հետ անձնական հաղորդակցութեան ժամանակ:

● Խորհեցէ՛ք. Աստուածաշնչեան խօսք, որուն շուրջ պէտք է խորհիք ամբողջ շաբթուան ընթացքին:

● Կիրառեցէ՛ք. պարզ միջոց` օրուան մէջ ձեր սորվածը կիրառելու համար:

Իւրաքանչիւր շաբթուան վերաբերող գիրքի գլուխները նշուած են այդ շաբթուան քննարկման հարցումներէն առաջ: Եթէ դուք այս գիրքը պիտի ընթերցէք « Բարի՞, թէ՞ Աստուած» դասընթացքի շրջանակներուն մէջ, մենք կ’առաջարկենք ձեզի դիտել կամ ունկնդրել իւրաքանչիւր շաբթուան ուսումնական տեսանիւթը եւ ապա ձեր փոքրիկ խումբին մէջ պատասխանել գիրքի վերջաւորութեան զետեղուած քննարկման հարցումներուն: Անկէ ետք խնդրեցէ՛ք ձեր խումբի բոլոր անդամներէն ընթերցել գիրքին համապատասխան գլուխները եւ սերտողութեան նիւթերը` մինչեւ ձեր յաջորդ հաւաքոյթը: Ամէն շաբթուան համար նախատեսուած է մէկական ուսումնական տեսանիւթ:

Այս ամէնը ձե՛զի համար է: 

 

 

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ 

 

Վերջերս հեռախօսազրոյց մը ունեցայ մեծ յարգանք վայելող քրիստոնեայ առաջնորդի մը հետ: Մենք արդէն հրաժեշտ կու տայինք իրար, երբ ան անսպասելիօրէն ըսաւ. « Ճո՛ն, սպասէ՛ մէկ վայրկեան: Ես պէտք է բան մը ըսեմ քեզի: Վերջին քսան տարիներուն ընթացքին դուն շատ գիրքեր գրած ես, բայց գիրք մը կայ, որ դուն պէտք է գրես: Այն ճիշդ ժամանակին եկած մարգարէական ուղերձ է եկեղեցիին. ասիկա երկինքի յանձնարարութիւնն է քեզի»: Երբ ան աւարտեց իր խօսքը, ես արդէն ծունկերուս վրայ էի` երկիւղած Աստուծոյ ներկայութենէն: Այդ հեռախօսազանգէն քանի մը շաբաթ յետոյ մէջս այս գիրքը գրելու անյաղթահարելի փափաք մը յառաջացաւ: Այս ուղերձը հիմնուած է պարզ հարցումի մը վրայ. «Արդեօ՞ք բարին բաւարար է»: Մեր օրերուն «բարի» եւ «Աստուած» բառերը կարծես հոմանիշներ դարձած են: Մենք կը հաւատանք, թէ այն, ինչ որ ընդհանուր առմամբ բարի կը համարուի, պէտք է համապատասխանէ Աստուծոյ կամքին: Առատաձեռնութիւնը, խոնարհութիւնը, արդարութիւնը բարի են: Եսասիրութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, դաժանութիւնը չար են: Այս տարբերակումը շատ պարզ կը թուայ: Բայց արդեօ՞ք ամէն ինչ այդքան պարզ է: Եթէ բարին այդ աստիճան ակնյայտ է, ինչո՞ւ Եբրայեցիներու 5.14-ն կը սորվեցնէ, որ մեզի զանազանութիւն հարկաւոր է` այն ճանչնալու համար: Պօղոս առաքեալը կը գրէ. «Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքով, այլ նորոգուեցէ՛ք ձեր մտքի նորոգութեամբ, որ դուք քննէք, թէ ի՞նչն է Աստուծոյ կամքը` բարին, հաճելին եւ կատարեալը» (Հռովմայեցիս 12.2): Մենք չենք կրնար զանազանել, թէ ինչը ճշմարտապէս բարի է մեզի համար` առանց նախապէս մեր միտքը նորոգելու: Առանց վերափոխման, որ կու գայ մեր մտքերը նորոգելու միջոցով` մենք կը կորսնցնենք այն հրաշալի, Աստուծմով լեցուն կեանքը, որ կրնայինք ունենալ Քրիստոսի մէջ: Մինչեւ այս աշխարհը ստեղծելը, Աստուած ծրագիր ունէր ձեր կեանքին համար, որուն մէջ կան իրականացած նպատակներ, անսահման ուրախութիւն եւ լիակատար բաւարարութիւն: Անոր կամքն ու ծրագիրը ձեր կեանքին համար կատարելապէս ու լիովին բարի են. այնուամենայնիւ, գոյութիւն ունի կեղծուած բարի, որ կրնայ թոյլ չտալ, որ Աստուծոյ լաւագոյնը ընդունիք: 

Ցաւօք, մեզմէ շատերը բաւարարուած են այդ կեղծիքով: Մենք անգիտակցաբար (իսկ երբեմն` գիտակցաբար) մերժած ենք Աստուծոյ` ձգտելով ակնյայտօրէն բարի նպատակներու: Առաջին եկեղեցւոյ առաջնորդները շարունակ կը զգուշացնէին մեզ այս խաբէութեան մասին (խաբուած ըլլալ կը նշանակէ` հաւատալ, որ մեր կեանքը կը համապատասխանէ ճշմարտութեան, այնինչ` իրականութեան մէջ այդպէս չէ): Ինքը` Յիսուս, կը զգուշացնէր, որ մեր օրերուն մէջ խաբէութիւնը այնքա՜ն հմտօրէն քօղարկուած պիտի ըլլայ, որ նոյնիսկ ընտրեալները կրնան զոհ երթալ ատոր: Արդեօ՞ք մենք կրնանք թեթեւօրէն վերաբերիլ այս զգուշացումներուն: Արդեօ՞ք կրնանք անտեսել ատոնք` համարելով, որ մենք վեր ենք խաբէութենէն եւ կրնանք բնազդօրէն զանազանել բարին չարէն: Ես բարի լուր ունիմ ձեզի. Աստուած չի փորձեր պահել լաւագոյնը, որ պատրաստած է մեզի համար: Ան քօղով չի ծածկեր մեր աչքերը: Ան կը խոստանայ, որ փնտռողները պիտի գտնեն: Եթէ նուիրուինք ճշմարտութիւնը փնտռելուն, մենք չենք խաբուիր կեղծիքով: Հարցումը հետեւեալն է. արդեօ՞ք մենք կ’ուղղենք մեր հայեացքը ճշմարտութեան Աղբիւրին, թէ՞ կը բաւարարուինք Աստուծոյ եւ Անոր կամքին մասին մակերեսային գիտելիքներով: Յոյսով եմ, որ կարդալով այս գիրքը` դուք մէկընդմիշտ որոշում պիտի կայացնէք, որ այլեւս պիտի չբաւարարուիք այն ամէն ինչով, որ չի համապատասխաներ Աստուծոյ լաւագոյնին ձեզի համար: Եկէ՛ք աղօթենք սկսելէ առաջ. Հա՛յր, Յիսուսի անունով, բա՛ց իմ աչքերը, ականջները եւ սիրտը, որ տեսնեմ, լսեմ ու հասկնամ Քու կամքը իմ կեանքին համար: Սո՛ւրբ Հոգի, այս ուղերձը ընթերցելու ընթացքին, սորվեցո՛ւր ինծի Յիսուս Քրիստոսի ճանապարհներու խորութիւնները: Ես կը սպասեմ Քեզմէ` Իմ Ուսուցիչէն: Խօսի՛ր հետս այս գիրքի ամէն մէկ նախադասութիւնը կարդալու ժամանակ: Թո՛ղ որ իմ կեանքը յաւիտեան փոխուի: Ամէ՛ն: 

 

 

1

Ի՞ՆՉ Է ԲԱՐԻՆ

 

« Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած»: — Մարկոս 10.18 Ամէն ինչ տիեզերքին մէջ բարի է այն չափով, որ այն կը համապատասխանէ Աստուծոյ բնութեան, եւ չար` այն չափով, որ ատիկա տեղի չ’ունենար: — Է. Ու. Թոզեր Բարին եւ չարը. բոլորս գիտենք այս երկուքի տարբերութիւնը, ճի՞շդ է: Չէ՞ որ ամէն մարդ կը ծնի ներյատուկ գիտելիքով բարիի եւ չարին մասին: Ես հաճախ լսած եմ, որ մարդը ի ծնէ բարի է, բայց արդեօ՞ք ատիկա ճշմարիտ է: Մեր սրտերը ջերմացնող ֆիլմերը, վաւերագրական տեսերիզները եւ այլ հեռուստատեսային հաղորդումներ կ’ընդգծեն մարդուն բարի ըլլալը: Ես ծանօթ չեմ հանրաճանաչ դարձած որեւէ պատմութեան, վէպի կամ ֆիլմի, որուն մէջ չարը կը յաղթէ բարիին: Բոլորս ալ մեծցած ենք` դիտելով ֆիլմեր, որոնց մէջ լաւ մարդիկ մեծ դժուարութիւններ կը յաղթահարեն: Այդ մարդիկ խիստ անարդար պայմաններու մէջ էին. անոնց պարտութիւն կը սպառնար, յաճախ` համարեա՛ մինչեւ պատմութեան աւարտը: Բայց յանկարծ մեր հերոսները ճեղքում կ’ունենային. անոնք յաղթանակ կը տանէին կամ կը հաստատէին արդարութիւնը: Մենք կ’ակնկալէինք այսպիսի վերջաբաններ եւ կը ծափահարէինք անոնց: Մենք կը փափաքէինք, որ բարին միշտ յաղթէր. չէ՞ որ Աստուած բարիին կողմն է: Վերջին տարիներուն հեռուստատեսային արտադրութիւններն ու հեռուստաընկերութիւնները սկսան նոր գաղափար եւ ուղղութիւն թելադրել. Անոնք հանրութեան ներկայացուցին իրապաշտ-ներկայացումներ, որոնց մէջ մարդոց կեանքը կը փոխուի: Ամէն ինչ սկսաւ կարիքաւոր ընտանիքներուն տուները վերանորոգելէն: Մենք չէինք բաժնուեր հեռատեսիլէն` հիանալով բարերարներու ոգեւորուածութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն հանդէպ: Մենք կ’ակնկալէինք տեսնել նախագիծին մասնակիցներուն զարմանքը եւ կու լայինք այն պահերուն, երբ այդ «խեղճերը» առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէին իրենց վերանորոգուած տունը: Յաջորդ նոյնանման նախագիծերու մասնակիցները կ’օգնէին գիրութենէն տառապող «անյաջողակներուն»` մեծ քանակութեամբ կշիռք կորսնցնելու համար: Այս նախագիծերուն հետեւեցան այն հաղորդումները, որոնց մէջ մարդոց կ’օգնէին ճիշդ հագուստ, սանտրուածք կամ շպար ընտրելու, եւ այսպէս շարունակ: Շուտով նշանաւոր մարդիկ միացան այս գաղափարին: Հանրաճանաչ արուեստագէտներ հնարաւորութիւն տուին անոնց, որոնք այլապէս հնարաւորութիւն չէին ունենար ներկայացնել իրենց երգն ու պարը: Մենք կը ցնծայինք` տեսնելով, թէ ինչպէս պարզ մասնակից մը մէկ գիշերուան ընթացքին աստղ դառնալու հնարաւորութիւն պիտի ստանայ: Ինչպիսի՜ բարութիւն. ինչպիսի՜ առատաձեռնութիւն. ինչպիսի՜ համակրանք: Որեւէ հաղորդում, որուն մէջ մարդիկ բարեգործութեամբ կը զբաղէին, անմեղներ կը պաշտպանէին կամ իրենց ժամանակը կը զոհաբերէին անյայտ մարդոց համար, հանրաճանաչ կը դառնար: Ասոնց կարգին էին նաեւ ոստիկաններու կամ վարձու խուզարկուներու մասին հաղորդումները, որոնք չար յանցագործներ կը բռնէին: Ատոնք նոյնպէս աւելցան ամենաշատ դիտուող հաղորդումներու ցուցակին մէջ: Որպէս ամփոփում` մեր ժամանցը յաճախ կեդրոնացած է մարդկութեան բարի կողմին վրայ: «101 փաստ վաճառքի եւ շուկայավարութեան մասին» գրքոյկը կը սորվեցնէ, որ որեւէ ապրանք պէտք է լաւ տպաւորութիւն ձգէ, լաւ տեսք ունենայ եւ հաճելի ձայն, կամ` լաւ համ ու հոտ, որպէսզի մեծ տարածում գտնէ շուկային մէջ: Այն պէտք է ազդէ սպառողին զգացումներուն կամ զգայարաններուն վրայ` աւելի հանգիստ եւ ուրախ դարձնելով զինք: Մենք գիտենք, որ լաւ առարկաները կը վաճառուին: Իսկապէս որ, ո՞վ կ’ուզէ վատ բան գնել: Այսպիսի մարդիկ առնուազն պէտք է տարօրինակ ըլլան: Մենք այսպիսի մեկնաբանութիւններ կը լսենք. «Ան լաւ մարդ է», կամ. «Ան լաւ կին է», եւ սովորաբար կը հաւատանք մեր լսածին: Խոցելի եւ անպաշտպան մարդիկ անմիջապէս կը թուլացնեն զգօնութիւնը եւ կ’ընդունին որեւէ խօսք կամ գործողութիւն այդ «բարի» համարուող մարդոցմէն` ապահով եւ արժանահաւատ համարելով: Բայց արդեօ՞ք այդ գնահատականները մշտապէս ճիշդ են: Կարելի՞ է արդեօք, որ մենք խաբէութեան մէջ յայտնուինք` «սխալ» անուանելով այն, ինչ որ ճիշդ է, եւ «ճիշդ» անուանելով այն, ինչ որ սխալ է: Եւ ո՞վ կրնայ յստակօրէն ցոյց տալ տարբերութիւնը այս երկուքին միջեւ: Եւ անկասկած` մենք ոչ մէկ պարագային կը խաբուինք, եթէ բարին` չար կամ չարը` բարի անուանենք, ճի՞շդ է: Մտածեցէ՛ք այս մասին. դարեր առաջ, հարուստ երիտասարդ իշխան մը մօտեցաւ Յիսուս Քրիստոսին: Ան անկեղծ եւ բարոյապէս մաքուր մարդ մըն էր: Ան երբեք շնութիւն չէր գործած, չէր սպաննած, սուտ չէր խօսած, չէր գողցած եւ մէկուն խաբած չէր իր համագործակցութիւններուն մէջ: Ան միշտ յարգանք կը ցուցաբերէր իր ծնողներուն հանդէպ: Ան օրինակելի քաղաքացի մըն էր եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, շատերուն հիացմունքի առարկան էր: Ան պատուեց Յիսուսը` ողջունելով Զինք որպէս « Բարի Վարդապետ»: Առաջնորդ մը կը խօսէր ուրիշ առաջնորդի մը հետ. բարի մարդ մը կը դիմէր ուրիշ բարի մարդու մը. այս կերպով հարուստ երիտասարդը ընդհանրութիւններ կը փնտռէր ակնառու Ուսուցիչին հետ, Որուն անձամբ չէր ճանչնար: Թերեւս ան կը մտածէր իր սրտին մէջ. «Եթէ ես շողոքորթեմ այս Մարգարէին` խօսելով Անոր բարութեան մասին, ատիկա պիտի համոզէ Անոր, որ բարի պատասխան մը տայ իմ հարցումին»: Այնուամենայնիւ, նախքան անոր հարցումին անդրադառնալը` Յիսուսը վիճարկեց անոր ըսածը. «Ինչո՞ւ Զիս բարի կ’անուանես: Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած» ( Մարկոս 10.18): Ինչո՞ւ Յիսուս ուղղեց այն մարդը, որ Զինք բարի անուանեց: Մի՞թէ Յիսուսը բարի չէ: Անշուշտ, Ան բարի է: Այդ պարագային, ինչո՞ւ ան այդպէս ըսաւ: Կարելի՞ է արդեօք, որ այն «բարի»-ն, որուն մասին կը խօսէր երիտասարդ իշխանը, հիմնուած էր սխալ չափանիշի վրայ: Ուրիշ ձեւով ըսելու համար` կարելի՞ է, որ այս մարդուն չափանիշը բարիի մասին` կը տարբերի Աստուծոյ չափանիշէն: Եթէ դուք կամ ես յայտնուէինք այդ մարդուն փոխարէն, ինչպիսի՞ պատասխան պիտի ստանայինք` Յիսուսէն «բարի Վարդապետ» անուանելով: Ես կրնամ ըսել, թէ Յիսուս ինչ կ’ըսէր ինծի: Որպէս մարդ, որ տարիներ շարունակ Աստուծոյ զաւակ է, որ կարդացած է Աստուածաշունչը աւելի քան մէկ անգամ, երկար ժամեր տրամադրած է Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութեան, ամէն օր աղօթած եւ նոյնիսկ լրիւ ժամանակը եղած է ծառայութեան մէջ ու քանի մը հանրաճանաչ քրիստոնէական գիրքեր գրած է` ես պիտի ստանայի միեւնոյն պատասխանը, որ ստացաւ այդ հարուստ երիտասարդ իշխանը: Ճիշդ նոյն ձեւով Յիսուսը պիտի ըսէր. « Ճո՛ն, ինչո՞ւ բարի կ’անուանես Զիս»: Ես ուրկէ՞ գիտեմ այս մէկը: Իրականութեան մէջ Աստուծոյ Հոգին տուած է ինծի միեւնոյն դասը, ինչ որ Յիսուսը` այդ իշխանին:

 

 

Ցնցող լուր

 

Առիթ տուէ՛ք բացատրելու, թէ ինչ նկատի ունիմ: 1990-ական թուականներու վերջաւորութեան Շուէտ ճամբորդեցի` համաժողովի մը քարոզելու համար: Թռիչքը տեւեց ամբողջ գիշեր, եւ օդանաւը վայրէջք կատարեց Սթոքհոլմ առտու կանուխ: Երբ օդանաւէն իջայ, ճամբորդութեան պայուսակս վերցուցի եւ անցայ մաքսային ստուգման, զիս դիմաւորեց իմ շուէտացի հիւրընկալը` ջերմ ողջոյնով: Մինչեւ օդանաւակայանի ելքի դուռը, ան իրադարձութիւն մը պատմեց ինծի, որ պիտի դառնար այդ տարուան եւ, թերեւս, ամբողջ տասնամեակի գլխաւոր նորութիւնը: - Ճո՛ն, շատ ցաւալի դէպք մը պատահեցաւ անցեալ գիշեր` երբ դուն կը թռչէիր դէպի Շուէտ,- ըսաւ ան,- թերեւս դուն նոյնիսկ տեղեակ չես այդ մասին: Ես կը պատմեմ քեզի: - Ի՞նչ է պատահածը,- հարցուցի ես` ե՛ւ մտահոգուած, ե՛ւ հետաքրքրուած: Իմ հիւրընկալը պատմեց, որ ընդամէնը քանի մը ժամ առաջ մահացու ինքնաշարժի արկած մը տեղի ունեցած է, որուն զոհերէն մէկը, հաւանաբար, ամենաճանչցուած եւ սիրուած անձնաւորութիւնն էր ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այն ամէնը, ինչ որ այդ կինը կ’ընէր, կը յայտնուէր զանգուածային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը: Կինս` Լիզան, եւ ես հիացմունքի վերաբերմունք ունէինք անոր մարդասիրական գործունէութեան հանդէպ եւ մեծ հաճոյքով անոր մասին յօդուածներ կը կարդայինք ամսագիրին եւ թերթերուն մէջ: Աւելի անկեղծ ըլլալու համար` ես կը սիրէի ոչ միայն անոր մասին յօդուածներ կարդալ, այլեւ դիտել անոր կեանքը ներկայացնող լուսանկարները: Կարելի է ըսել, որ ես անոր ՄԵԾ երկրպագուն էի: Ամէն անգամ, երբ հեռատեսիլով կը խօսէին անոր մասին, կը ձգէի բոլոր գործերս եւ ուշադրութեամբ կը լսէի: Ես աննկարագրելի ցնցում ապրեցայ` լսելով այդ կնոջ մահուան լուրը: Ան փոքրիկ մանուկներու երիտասարդ մայր էր: Ատոր հետ միասին` եռանդուն պետական գործիչ էր: Ան ե՛ւ խելացի էր, ե՛ւ գեղեցիկ: Ան կ’օգտագործէր իր համաշխարհային ազդեցութիւնը` իրականացնելու համար մեծածաւալ մարդասիրական ծրագիրներ պատերազմական երկիրներուն մէջ տուժած բնակչութեան եւ որբացած մանուկներուն համար: Ատիկա արդէն բաւարար էր իմ սիրտը շահելու համար, բայց անոր դրական յատկանիշները աւելին էին: Ան կը սիրէր իր երկրպագուները եւ երբեք չէր անտեսեր զանոնք. ան միշտ կ’ողջունէր զանոնք` կա՛մ անկեղծ ժպիտով, կա՛մ ուրիշ ջերմ, անձնական ձեւով: Անոր մահուան լուրը ցնցեց զիս. անհաւատալի էր, որ ատիկա տեղի ունեցած ըլլար: Ինչպէ՞ս ան կրնար մահանալ: Ինչպէ՞ս այդ մէկը կրնար տեղի ունենալ: Իմ հիւրընկալը հիւրանոց հասցուց զիս: Առաջին բանը, որ ըրաւ ինծի համար սենեակ մտնելուն պէս, հեռատեսիլը բանալն էր: Բոլոր ալիքներով կը խօսէին այդ պատահարին մասին: Ես չէի հասկնար լուրերուն մեծ մասը, որովհետեւ ատոնք շուէտերէն լեզուով էին, եւ սկսայ ալիքները փոխել, մինչեւ որ գտայ « Սի-Էն-Էն» եւ « Պի- Պի- Սի Սքայ Նիուզ» ալիքները: Նստեցայ մահճակալի եզերքը` առանց պայուսակս բանալու. անհաւատալի էր, որ ատիկա տեղի ունեցած ըլլար: Հեռուստակայաններու եթերով հազարաւոր սգացող մարդիկ հաւաքուած էին այդ կնոջ սեփական տունին քով: Տեսախցիկները կը նկարահանէին տարբեր տարիքի մարդիկ, որոնք արցունքներով ծաղիկներ կը դնէին անոր տունին դրան քով: Մարդիկ գրկախառնուած կու լային կամ խմբուած կ’աղօթէին: Ամբողջ աշխարհը ցնցուած էր: Յաջորդ չորս օրերուն ընթացքին այս ողբերգութիւնը աշխարհի բոլոր թերթերու առաջին էջերուն վրայ էր: Բոլոր լրատուամիջոցները կը խօսէին այդ ինքնաշարժի արկածին, դժբախտ պատահարի հետաքննութեան, այդ կնոջ ընտանիքի արձագանգի եւ անոր յուղարկաւորութեան մասին: Պետութիւններու նախագահները, համաշխարհային առաջնորդները, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր հանրայայտ դերասաններ եւ երգիչներ մասնակցեցան անոր հոգեհանգիստի արարողութեան, որ ամենադիտուած իրադարձութիւններէն մէկը դարձաւ հեռուստատեսութեան պատմութեան մէջ: Այդ առաջին օրը Սթոքհոլմի մէջ ես աւելի ու աւելի կը տխրէի իմ իջեւանած պանդոկին մէջ եւ նոյնիսկ չէի կրնար պատրաստուիլ երեկոյեան հաւաքոյթին: Միտքս զբաղած էր մէջս ծագած հարցումներով: Ես կը փորձէի յաղթահարել այն բարկութիւնը, որ կ’առաջանար, երբ կը մտածէի անոր մահուան հանգեցնող անիմաստ դիպուածներու մասին: Այդուհանդերձ, այդ տրտմութեան հետ մէկտեղ, կը զգայի, որ ուրիշ միտք մը կը փորձէր գրաւել իմ ուշադրութիւնը: Ես կ’աշխատէի ազատիլ այս մտքերէն, բայց` ապարդիւն: Ի վերջոյ, քանի մը ժամ զգացումներուս եւ հոգիիս մէջ աններդաշնակութիւն զգալէն յետոյ, ծունկի եկայ անկողինիս քով եւ աղօթեցի. « Հա՛յր, ես կը տրտմիմ այդ կնոջ մահուան պատճառով, սակայն սրտիս մէջ այնպիսի զգացում մը կայ, կարծես ինչ որ բան մը սխալ է: Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ»: Գրեթէ անմիջապէս ես լսեցի սրտիս խորքին մէջ. « Կարդա՛ Յայտնութիւն գիրքի տասնութերորդ գլուխը: Չէի յիշեր, թէ ինչ գրուած էր Յայտնութիւն 18-րդ գլուխին մէջ, որովհետեւ ցաւօք, այդ ժամանակ խորապէս չէի ուսումնասիրած այդ գիրքը: Ես բացի Աստուածաշունչս եւ սկսայ կարդալ: Սիրտս արագօրէն կը բաբախէր, երբ հասայ եօթներորդ խօսքին. 

«Որչափ որ փառաւորեց զինք եւ զեխութեամբ ապրեցաւ, այնչափ ալ տանջանք եւ սուգ հատուցանեցէ՛ք անոր. վասնզի իր սրտին մէջ կ’ըսէ. «Ես թագուհի եմ, որբեւայրի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ»: Անոր համար մէկ օրուան մէջ պիտի գան ատոր հարուածները` մահ եւ սուգ եւ սով, ու կրակով պիտի այրի, վասնզի հզօր է Տէր Աստուած, որ զանիկա դատեց: Ու երկրի թագաւորները, որ ատոր հետ պոռնկացան ու հեշտացան պիտի լան ու կոծեն ատոր վրայ...» ( Յայտնութիւն 18.7-9):

Ես զգացմունքային պոռթկում ունեցայ այս խօսքերը կարդալէն յետոյ: Այս հատուածին մէջ նկարագրուած կնոջ եւ այն կնոջ միջեւ, որուն մահուան լուրը կը պատմուէր բոլոր հեռուստաեթերներուն մէջ, ակնյայտ զուգահեռներ կային: Ըսես գլխուս թոյլով պաղ ջուր թափէին. ես ցնցուած, այլայլուած ու շփոթած էի: Ինչպէ՞ս այս հատուածը կարելի էր վերագրել այդ կնոջը, որ հանրայայտ բարեգործ էր: Կարեւոր է նշել, որ այս խօսքերուն մէջ Յովհաննէս առաքեալը նկատի չունէր ոեւէ մարդ: Այս հատուածը կը խօսի անձի մը մասին, որ նշանաւոր դարձած է այս անկում ապրած աշխարհին մէջ: Այնուամենայնիւ, այն շատ նմանութիւններ ունէր ստեղծուած իրավիճակին հետ, եւ Աստուծոյ Հոգին օգտագործեց այն, որպէսզի փոփոխութիւն բերէր մտածելակերպիս մէջ: Երբեք պատահա՞ծ է, որ Աստուած խօսի ձեր հետ որեւէ սուրբգրային հատուածի միջոցով` վերագրելով այն ձեր կեանքի իրավիճակներուն: Հետս ճիշդ այդպիսի բան մը պատահեցաւ: Աստուծոյ Հոգին վիճարկեց այն, թէ ինչպէս ես կ’որոշէի բարին` նոյն ձեւով, ինչպէս Յիսուս վարուեցաւ հարուստ երիտասարդ իշխանին հետ: Հասկնալով, թէ Աստուած ինչ կը յայտնէր ինծի` ես բարձրաձայն ընդդիմացայ իմ պանդոկի սենեակին մէջ.  

- Տէ՛ր, մի՞թէ այս խօսքը որեւէ կապ ունի այդ կնոջ հետ: Չէ՞ որ ան բազմաթիւ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացուցած էր պատերազմական երկիրներուն մէջ տուժած եւ որբացած զաւակներուն համար, եւ... «Ան բացայայտ ձեւով կը ցուցադրէր իր անարգանքը իր ընտանիքի իշխանութեան հանդէպ եւ իր շնութիւնը` ամբողջ աշխարհին հանդէպ,- ըսաւ Տէրը: - Ան հնազանդ չէր Ինծի»: Տակաւին չհաւատալով լսածիս` ես կրկին հակառակեցայ. - Բայց չէ՞ որ ան այդքան բարիք գործած էր մարդկութեան համար: 

Ես լսեցի Աստուծոյ Հոգիին. «Որդի՛ս, Եւային չհրապուրեց բարիի եւ չարի գիտութեան ծառի չար կողմը, այլ` բարի»: Ես սառեցայ տեղս, երբ պարզօրէն լսեցի այդ խօսքերը սրտիս մէջ: Քանի մը վայրկեան յետոյ բացի Ծննդոց գիրքի 3-րդ գլուխը` հաստատելու համար այն, ինչ որ լսեցի: Եւ անշուշտ, ես կարդացի. « Կինը, տեսնելով, որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար, եւ հաճելի` աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ» (Ծննդոց 3.6): Երբ տեսայ «աղէկ», «հաճելի» եւ «փափաքելի» բառերը, զարմանքէն քարացայ: Ես լսեցի Աստուծոյ Հոգիին ձայնը. « Գոյութիւն ունի բարի, որ Ինծմէ չէ: Այն հնազանդ չէ Ինծի»: Ես նստեցայ` մտածելով այն ամէնուն մասին, ինչ որ լսեցի եւ կարդացի: Աստուծոյ Խօսքը բացայայտեց իմ սխալմունքը եւ շտկեց զիս: Ակնյայտ էր, որ իմ բարիի չափանիշը կը տարբերէր բարիի աստուածային չափանիշէն: Աստուած շարունակեց խօսիլ սրտիս հետ: Ան ցոյց տուաւ, որ «բարի» մարդոց եւ յատկապէս` քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը հրապուրուած չէ սեռական օրկաններով, դիւային երգերով, որոնք բացայայտօրէն ապստամբ բառեր ունին, ռոք-աստղերով, որոնք կը տարածեն սատանայապաշտութիւնը իրենց համերգներու ընթացքին, մասսայական սպանութիւններով, գողութեամբ եւ թալանով, կամ որեւէ ուրիշ վատ բաներով: Անոնցմէ շատերը խաբուած են` հրապուրուելով այնպիսի բաներով, որոնք ճիշդ, բարի եւ իմաստուն կը թուան, սակայն հակառակ են Անոր իմաստութեան: Գրուած է. « Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է» (Առակաց 14.12): Եկէ՛ք սկիզբը անդրադառնանք այս խօսքի երկրորդ մասին. «բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է»: Շատ քրիստոնեաներ ուշադրութիւն չեն դարձներ ասոր, քանի որ կը մտածեն. «Ես փրկուած եմ, երկինք կ’երթամ եւ մահ չեմ տեսներ»: Անոնց կարծիքով` այս խօսքը կը վերաբերի միայն անհաւատներուն: Այնուամենայնիւ, եկէ՛ք նորէն տեսնենք, թէ Աստուած ինչ նկատի ունի այս խօսքին մէջ: Նայեցէ՛ք «մահուան ճամբայ» արտայայտութեան: Սուրբ Գիրքը մէկ անգամ չէ, որ կը խօսի կեանքի ճամբայի եւ մահուան ճամբայի մասին: Աստուած կը յայտարարէ Իրենիններուն (ոչ թէ անոնց, որոնք չեն պատկանիր Իրեն). « Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա Ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան»» (Երեմեայ 21.8): 

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up