ԱՅՍ ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
Այս գիրքի էջերուն մէջ դուք պիտի գտնէք Աստուածաշնչեան գաղափարներ եւ մարտավարութիւններ, որոնք պիտի օգնեն բացայայտելու ձեր նպատակը, բորբոքելու ձեր եռանդը եւ իրագործելու ձեր ներուժը։ Իւրաքանչիւր գլուխին մէջ ընդգրկուած են նաեւ հարցումներ մտորելու համար, որոնք պիտի օգնեն ձեզի անձնաւորելու այն, ինչ որ կը սորվիք։ Եթէ կ’ուզէք աւելին իմանալ բազմապատկելու մասին, ես ստեղծած եմ յաւելեալ նիւթեր, որոնց կարգին են վիտէօ դասեր, ուղեցոյցձեռնարկ եւ այլ առցանց նիւթեր, որոնք կարելի է օգտագործել ինքնուրոյն կամ փոքր խումբերու մէջ։ Դուք կրնաք ստանալ այդ նիւթերը, ինչպէս նաեւ իմ նիւթերու ամբողջ դարանը՝ աշակերտութեան համար նախատեսուած, MessengerX.com կայքի մէջ։ Մեր նիւթերը կ’օգտագործեն միլիոնաւոր մարդիկ, եւ մեր նպատակն է հասանելի դարձնել ատոնք իւրաքանչիւրին՝ անկախ գտնուելու վայրէն, լեզուէն եւ նիւթական վիճակէն (դուք պիտի կարդաք այս մասին այս գիրքին մէջ)։ Մէկ վայրկեան յատկացուցէք՝ այցելելով մեր կայքը եւ միանալով մեր աւետաբերներու համաշխարհային ընկերակցութեան։ Եւ եթէ հարցումներ ունիք, անվարան գրեցէ՛ք ինծի եւ մեր «Մեսինճըր Ինթերնեշընլ» ծառայութեան խումբին։ Ուրախ եմ, որ միասին ենք, Ճոն
1
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԿԵՐ
Այս պատմութիւնը տեղի ունեցաւ 2012 թուականին։ Ես պիտի քարոզէի Լոս Անճելըսի տարածքը գտնուող եկեղեցւոյ մը շաբաթավերջի հաւաքոյթներուն։ Սովորաբար ես օդանաւով հոն կը հասնիմ Շաբաթ առտու, կը ծառայեմ Շաբաթ երեկոյեան եւ Կիրակի առաւօտեան ու տուն կը վերադառնամ Կիրակի միջօրէին։ Այս անգամ սահմանուած կարգը պիտի փոխուէր։ Մեր ծառայութեան գործընկերներէն մէկը (ես կ’անուանեմ անոր Սթէն), գիտնալով, որ Լոս Անճելըսի տարածքը պիտի քարոզէի, հեռաձայնեց ինծի եւ հարցուց, թէ արդեօ՞ք կը փափաքէի կոլֆ խաղալ յայտնի «Ռիվիերա» քաղաքամերձ ակումբի խաղադաշտը։ Կարիք չկար, որ երկար մտածէի, քանի որ շատոնց կը փափաքէի հոն խաղալ։ Ես խանդավառուած պատասխանեցի. - Անշո՜ւշտ, մեծ սիրով։ Թոյլ տուէք քիչ մը նախապատմութիւն ներկայացնել։ Աւելի քան 35 տարի ճամբորդելու եւ Աստուծոյ Խօսքը քարոզելու ընթացքին ժամանակ առ ժամանակ իմ ուղերձներուն մէջ կ’անդրադառնամ կոլֆ խաղալու նախասիրութեանս։ Տարիներ շարունակ այս երեւոյթի չծրագրուած, բայց հաճելի արդիւնքը եղած է աշխարհի լաւագոյն ակումբներէն քանի մը հատին մէջ կոլֆ խաղալու հրաւէրներ ստանալը։ Եւ ասիկա հերթական նման պարագան էր։ Այս հրաւէրը շատ յատուկ էր։ «Ռիվիերան» բացառիկ եւ փակ ակումբ մըն է, եւ հոն երթալը շատ դժուար է։ Ամէն տարի այդ խաղադաշտին մէջ տեղի կ’ունենայ «Արհեստավարժ կոլֆ խաղցողներու ընկերակցութեան» «Ճենըսիս ինվիթէյշընլ» (Jenesis invitational) կոչուող միջոցառումը (նախկինին՝ «Լոս Անճելըսի բաց մրցոյթ»)։ Այդ դաշտին մէջ տեղի ունեցած են նաեւ այլ խոշոր մրցոյթներ՝ քանի մը «ԱՄՆ-ի բաց» եւ «Արհեստավարժ կոլֆ խաղցողներու ընկերակցութեան» առաջնութիւններ, «ԱՄՆ-ի սիրողական» եւ այլ ակնառու մրցոյթներ։ Շաբաթ օրը, առտու կանուխ, Սթէնին հետ ինքնաշարժով գացինք՝ այդ երազանքի խաղը իրականացնելու համար։ Այդ օրն ա՛լ աւելի հաճելի էր այն պատճառով, որ իմ մտերիմ ընկերներէն մէկը՝ Ահարոն Պետլին, ընդամէնը մէկ տարի առաջ յաղթած էր այդ դաշտին մէջ՝ «Լոս Անճելըսի բաց մրցոյթին մէջ»։ Ես կ’ակնկալէի այդ խաղը՝ մտովի վերախաղարկելով անոր ուշագրաւ հարուածներէն քանի մը հատը, որոնցմով ան յաղթած էր 2011 թուականի մրցոյթին։ Ես գրաւեցի առաջին չորս փոսիկը՝ երեք փար(par)-ով աւելի եւ քիչ մը լարուած էի, բայց աւարտեցի խաղափուլը երկու փարով պակաս։ Սթէնը եւ ես արտակարգ ժամանակ անցուցինք. այդ առաւօտը իսկապէս յիշարժան էր՝ առանց չափազանցութեան։ Երբ կը վերադառնայինք պանդոկ, որ Լոս Անճելըսի կեդրոնն էր, Սթէնը սրտագին հարցուց. - Ճո՛ն, կրնա՞մ հարցում մը հարցնել, որուն մասին որոշ ժամանակէ ի վեր լրջօրէն կը մտածեմ։ - Անշո՛ւշտ։ Ան անկեղծ եւ բաց սրտով ըսաւ. - Ճո՛ն, վերջին երկու տասնամեակի ընթացքին ես եռանդուն եւ ջանասիրաբար աշխատած եմ եւ անթիւ ժամեր տրամադրած եմ՝ իմ ձեռնարկութիւնները կառուցելու համար։ Իմ անձնական ունեցուածքը հաւասար է ինը միլիոն տոլարի։ Ներկայ յաճախորդներուս հետ իմ գործը կ’ընթանայ անխափան։ Իմ երկարամեայ քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքով կնոջս եւ երեխաներուս կեանքը նիւթապէս ապահովուած է։ Այնուհետեւ ան հարցուց իր հարցումը. - Ես արդէն յիսունը անց եմ։ Ինչո՞ւ պէտք է աշխատիմ նոյն ուժերով։ Ինչո՞ւ պայքարիմ՝ իմ ձեռնարկութիւններու ունեցուածքը յաջորդ տասը տարուան ընթացքին 35 միլիոն տոլարի հասցնելու համար։ Սուրբ Հոգին անմիջապէս իմաստութիւն տուաւ ինծի՝ պատասխանելու համար. - Այսպէս կը պատասխանեմ, - ըսի ես։ - Պատկերացուր, քեզի կ’ըսեմ. «Սթէ՛ն, տարիներ շարունակ ես ջանասիրաբար աշխատած եմ եւ 17 գիրք գրած եմ, որոնք այժմ թարգմանուած են 80 լեզուներու՝ միլիոնաւոր օրինակներով։ Վերջին 25 տարուան մէջ ես ուղեւորուած ու անցած եմ աւելի քան 16 միլիոն քիլոմեթր, պայքարած եմ ժամային գօտիները փոխելէն յառաջացած կենսառիթմերու խախտման հետ, հանդիպած եմ տարատեսակ մշակոյթներու, փորձած եմ տարօրինակ կերակուրներ եւ մնացած եմ փոքրիկ պանդոկներու մէջ, որպէսզի աշխարհի տարածքին կարենամ Աւետարանով ծառայել։ Իմ ծառայութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, եւ ֆինանսները կայուն են։ Լիզան եւ իմ երեխաները նոյնպէս ապահովուած են։ Ինչո՞ւ ես պէտք է շարունակեմ աշխատիլ նոյն ուժերով։ Ամէն ինչ գերազանց ընթացաւ։ Ան պատասխանեց՝ քիթին տակէն ծիծաղելով. - Այդ պարագային ես չէի փափաքեր քու տեղդ ըլլալ, երբ հանդիպէիր Յիսուսին։ Ես անմիջապէս ըսի. - Սթէ՛ն, քիչ առաջ դուն ինծի ճիշդ նոյնը ըսիր քու գործիդ մասին։ Անոր ժպիտը անմիջապէս անհետացաւ։ Ցնցուած՝ ան կտրեց իր հայեացքը ճամբայէն՝ ուղղելով ինծի։ Չհաւատալով լսածին՝ ան հարցուց. - Ինչո՞ւ այդպէս կը կարծես։ - Սթէ՛ն, Աստուած օժտած է Իր զաւակներէն իւրաքանչիւրը։ Ան պարգեւներ տուած է մեզի՝ Իր Թագաւորութիւնը կառուցելու համար։ Սակայն մենք ենք այդ պարգեւներու տնտեսները եւ ամէն վայրկեան կրնանք որոշել եւ գործածել ատոնք երեք հնարաւոր կերպերով. Մենք կրնանք օգտագործել այդ պարգեւները, որպէսզի կառուցենք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Մենք կրնանք օգտագործել այդ պարգեւները, որպէսզի կառուցենք մեր կեանքը։ Եւ մենք կրնանք ընդհանրապէս անտեսել այդ պարգեւները։ Սթէնը ուշադիր կը լսէր. այնպէս որ, ես շարունակեցի. - Իմ ակնյայտ պարգեւները կը ներառեն գրելն ու քարոզելը։ Քու պարգեւները կ’առնչուին գործարարութեան եւ նուիրատուութիւններու հետ։ Իմ օրինակը ծիծաղելի թուեցաւ քեզի, սակայն քու հարցումը ճիշդ նոյն բանի մասին էր։ Քու պարգեւները նոյնքան կարեւոր են Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառուցելու համար, որքան իմը։ Իրականութեան մէջ, քու պարգեւները կրնան աւելի կարեւոր ըլլալ, պարզապէս դուն չես տեսներ ընդհանուր պատկերը։ Մենք շարունակեցինք զրուցել այս մասին։ Անչափ հաճելի էր տեսնել Սթէնի մտքերու եւ վերաբերմունքի արագ փոփոխութիւնը մեր զրոյցի ընթացքին։ Վեց ամիս յետոյ ես հեռաձայնեցի Սթէնին, որպէսզի գիտնայի, թէ ինչպէս էր։ Ինծի կը սպասէր եւս անմոռանալի զրոյց մը։ - Ողջո՛յն, Սթէ՛ն, ինչպէ՞ս ես։ - Ես կ’ուզեմ անկեղծ ըլլալ, - ես նման պատասխանի չէի սպասեր։ - Այո, անշո՛ւշտ։ - Այն, ինչ որ ինծի ըսիր վեց ամիս առաջ, հանգիստ չէր ձգեր ինծի՝ լաւ իմաստով։ - Եւ ի՞նչ կը պատրաստուիս ընելու։ Ան ծիծաղելով ըսաւ. - Ես կաշիէս դուրս կ’ելլեմ, որպէսզի հասցնեմ իմ ձեռնարկութիւններու ունեցուածքը 35 միլիոն տոլարի՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառուցելու համար։ - Կեցցե՛ս։ Սթէնը իւրացուցած էր այն ճշմարտութիւնը, որ ինքը դիտորդ չէ Աստուծոյ Թագաւորութեան տարածման մէջ, այլ՝ կարեւոր մասնակից։ Ան որսացած էր այն տեսիլքը, որ անհասանելի կը մնայ շատերու համար՝ այն, որ իր եզակի կարողութիւնները ունին յաւիտենական արժէք, ոչ միայն ժամանակաւոր։ Ան բոլորովին հասկցած էր, որ իր պարգեւը աւելի մեծ նպատակ ունէր, քան ինքզինքն ու իր ընտանիքը ապահովելը։ Ես այնքա՜ն շնորհակալ եմ, որ ան անմիջական, անկեղծ եւ խոնարհ էր։ Այս յատկանիշները օգնեցին անոր ընդունելու այն ճշմարտութիւնը, որ պիտի փոխէր անոր կեանքը։ Եւ, շնորհիւ անոր վկայութեան, պիտի փոխուէր ոչ միայն անոր, այլեւ շատերուն կեանքը։ Իր լուսաւորման շնորհիւ Սթէնը ձգտեցաւ բազմապատկման, եւ անոր օրինակը ցոյց կու տայ այս գիրքի գլխաւոր նպատակը։ Ցաւալի է, որ տարիներ շարունակ իմ ճամբորդութիւններու ընթացքին, հաղորդակցելով հաւատացեալներու հետ, կրնամ ըսել, որ անոնցմէ շատերը կը մտածեն ճիշդ այնպէս, ինչպէս Սթէնը։ Իրականութեան մէջ, եթէ ինծի լրջօրէն հարցնէին այս մասին, ես կ’ըսէի, որ այսպէս կը մտածէ հաւատացեալներու մեծ մասը։ Թէեւ շատերը չեն խոստովանիր ասիկա նոյնքան վճռականօրէն, որքան Սթէնը, հաղորդակցութեան ընթացքին այս մտածելակերպը կը բացայայտուի։ Եթէ դուք կասկածի կ’ենթարկէք ձեր կեանքի կոչումը այդպիսի մտքերով, ես անչափ ուրախ եմ, որ այս գիրքը յայտնուած է ձեր ձեռքին։ Ես անկեղծօրէն յոյս ունիմ, որ ձեր պատկերացումը նոյնպէս պիտի փոխուի։ Ինչպէս եւ Սթէնը, անկե՛ղծ եղէք դուք ձեզի հետ. ատիկա պիտի օգնէ տեսնելու ընդհանուր պատկերը։ Անկեղծութեամբ եւ խոնարհութեամբ դուք պիտի բացայայտէք եւ վստահաբար պիտի հաւատաք, որ կրնաք բազմապատկել ձեր եզակի պարգեւները՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառուցելու համար։ Դուք նոյնքան կանչուած էք Աստուծմէ, որքան ձեր հովիւը կամ ես։ Ձեր կոչումը նոյնքան օրինաւոր է, որքան Պիլլի Կրեհէմի կամ այլ հանրայայտ ծառայողի կոչումը։ Մենք պիտի խօսինք այն մասին, թէ ինչպէս կարելի է բացայայտել, զարգացնել եւ ամենակարեւորը՝ բազմապատկել ձեր պարգեւները՝ ձեր եզակի կոչումը ընդլայնելու համար։ Այս գիրքի Աստուածաշնչեան հատուածները եւ պատմութիւնները պիտի կառուցեն ձեր հաւատքը, որոնց շնորհիւ ձեր արդիւնաւէտութիւնը մեծապէս պիտի աւելնայ։ Ես անձամբ կրնամ վկայել այս մասին. ասիկա տեղի ունեցաւ հետս, երբ կը գրէի եւ կը խմբագրէի այս գիրքը։
ԾՆԱԾ՝ ՆՊԱՏԱԿՈՎ՝ ՅԱՏՈՒԿ ՆՊԱՏԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Եկէք սկսինք՝ ուսումնասիրելով շատ յայտնի Աստուածաշնչեան հատուած մը. «Որովհետեւ շնորհքով փրկուած էք՝ հաւատքի ձեռքով, եւ ասիկա ոչ թէ ձեզմէ է, այլ Աստուծոյ պարգեւն է, ոչ թէ գործերէն, որ մէկը չպարծենայ» (Եփեսացիս 2.8,9)։ Այս երկու խօսքերը Աստուծոյ շնորհքին մասին են։ Բոլորովին ակնյայտ է, որ մենք փրկուած ենք շնորհքով, եւ որ ասիկա պարգեւ է Աստուծմէ։ Քսանմէկերորդ դարուն եկեղեցին փայլուն կերպով փոխանցած է այս ճշմարտութիւնը։ Մենք ոչ մէկ պարագային կրնանք այնքան քրտնաջան աշխատիլ, այնքան սուրբ կեանք վարել եւ այնքան զոհաբերել, որ շահինք մեր Արարիչին՝ Ամենակարող Աստուծոյ հետ յաւիտենութիւնը անցընելու արտօնութիւնը։ Այս յայտնի Աստուածաշնչեան հատուածը եղած է այս կարեւոր ճշմարտութեան գլխաւոր յղումներէն մէկը, եթէ ոչ՝ ամենագլխաւորը։ Այնուամենայնիւ, այն, ինչ որ գրուած է ասկէ ետք, անտեսուած է. «Որովհետեւ Անոր ստեղծուածն ենք՝ Քրիստոս Յիսուսով հաստատուած բարի գործերու համար, որոնց համար Աստուած կանխաւ պատրաստեց մեզի (կամ՝ որոնք Աստուած կանխաւ պատրաստեց մեզի համար), որ անոնց մէջ վարուինք» (Եփեսացիս 2.10 NKJV)։
Ուշադրութիւն դարձուցէք, որ 9-րդ խօսքին կը յաջորդէ «որովհետեւ» բառը։ Այս բառը շաղկապ է, որ կը միացնէ երկու նախադասութիւն։ Ուրիշ ձեւով ըսելու համար՝ նախորդ երկու խօսքերը ընդամէնը փոխանցուող միտքի սկիզբն են, ոչ թէ առանձին աւարտուն միտք։ «Որովհետեւ» բառը կը նշանակէ «այս պատճառով», այնպէս որ, 8-րդ եւ 9-րդ խօսքերը մէջբերելու ժամանակ՝ 10-րդ խօսքը պէտք չէ անտեսուի։ Հակառակ պարագային, դուք բոլորովին չէք ընկալեր փոխանցուող միտքը։ Տասներորդ խօսքին մէջ գրուած է, որ մենք Անոր ձեռքի գործն ենք՝ ստեղծուած յատուկ նպատակի՝ բարի գործեր ընելու համար։ Այնպէս որ, ըստ էութեան, Պօղոսը կ’ըսէ հետեւեալը այս երեք խօսքերուն մէջ. «Մենք փրկուած ենք շնորհքով՝ առաջին հերթին Աստուծոյ զաւակ ըլլալու համար, եւ նոյն շնորհքը հաւասարապէս զօրացուցած է մեզի՝ գործելու համար»։ Մենք ոչ մէկ պարագային պէտք է չափէն աւելի շեշտադրենք ճշմարտութիւն մը՝ միւսը անտեսելու հաշւոյն։ Սակայն թոյլ տուէք նախապէս ըսել, որ մեր ինքնութիւնը Քրիստոս Յիսուսին մէջ շատ աւելի կարեւոր է, քան մեր գործերը, քանի որ մեր բոլոր գործերը պէտք է բխին մեր ինքնութենէն։ Դիւրին է խոյս տալ գործելու պահանջքէն, քանի որ ատորմով մեզ կ’ազատենք որեւէ ճնշումէ՝ կապուած այն բանին հետ, որ մենք պէտք է ինչ որ բան մը ընենք, որպէսզի կառուցենք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, ճշմարտութիւնը այն է, որ յատկապէս մեր գործերը ուժ կը հաղորդեն մեզի։ Յիսուս կ’ըսէ. «Իմ կերակուրը այն է, որ Ինծի ղրկողին կամքը ընեմ եւ Անոր գործը կատարեմ» (Յովհաննէս 4.34)։ Ան նոյնպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս Իմ Հայրը Ինծի ղրկեց, Ես ալ ձեզի կը ղրկեմ» (Յովհաննէս 20.21)։ Միաւորելով այս երկու պնդումները մենք յստակ կը տեսնենք, որ մեր կերակուրն է՝ կատարել եւ աւարտել մեզ ղրկող Յիսուսի կամքը։ Կերակուրը այն է, ինչ որ ուժ կու տայ մեզի։ Եթէ մենք սնունդ չստանանք, կը տկարանանք եւ շատ քիչ բանի համար պիտանի կը դառնանք։ Այժմ վերագրենք ասիկա մեր հոգեւոր կեանքին։ Եթէ չկատարենք մեզ ղրկող Յիսուսի կամքը, մենք կը տկարանանք՝ խոցելի դառնալով գայթակղութեան համար։ Յիսուսին հետ աւելի քան քառասուն տարի քալելէն ետք ես նկատած եմ, որ հաւատքէն հեռանալու գլխաւոր պատճառներէն մէկը գործերու բացակայութիւնն է։ Մարդիկ կը դառնան ծոյլ եւ անգործ իրենց կոչումին հանդէպ եւ չեն ալ նկատեր, թէ ինչպէս կը յայտնուին ինքնագոհ գինովութեան կամ անբարոյութեան մէջ, կամ կը տարուին այնպիսի հետաքրքրութիւններով, որոնք կը վերադարձնեն իրենց այս աշխարհի կենսաոճին։ Անոնք կը կորսնցնեն իրենց հոգեւոր ուժը։ Ամփոփելով ասիկա՝ կարելի է ըսել. Այն, ինչ որ մենք կ’ընենք, կը զօրացնէ մեզի։ Թոյլ տուէք կրկնել այս երեք Աստուածաշնչեան խօսքերու ճշմարտութիւնը։ Դուք վերստին ծնած էք Աստուծոյ ձրիաբար տրուած շնորհքով՝ Աստուծոյ զաւակ ըլլալու համար, եւ դուք զօրութիւն ստացած էք նոյն շնորհքով՝ գործելու համար։ Աստուածաշունչը կը պնդէ, որ Աստուած նախապէս ծրագրած է մեր բոլոր գործերը։ Դաւիթը կը գրէ. «Դուն տեսար ինծի իմ ծնելէն առաջ։ Իմ կեանքի ամէն մէկ օրը արձանագրուած էր Քու գիրքին մէջ։ Ամէն մէկ վայրկեանը ծրագրուած էր, երբ տակաւին իմ օրերէն ոչ մէկը եղած էր» (Սաղմոս 139.16, NLT)։ Աստուած ձեզի համար գործեր պատրաստած է ձեր ծնունդէն առաջ։ Եւ Ան արձանագրած է ատոնք առանձին գիրքի մէջ։ Կարելի է միայն պատկերացնել, թէ որքան մեծ է այդ գիրքը, քանի որ ատոր մէջ արձանագրուած է մեր կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը։ Այն առաջադրանքները, որոնք Ան ծրագրած է մեզի համար, կը վերաբերին Իր Թագաւորութիւնը կառուցելուն։ Անոր խորին ցանկութիւնն է, որ մենք կատարենք այն, ինչ որ ծրագրած է մեր կեանքին համար, սակայն չկայ երաշխիք, որ մենք պիտի կատարենք ատիկա։ Ուշադրութիւն դարձուցէք, որ Եփեսացիս 2.10-ին մէջ գրուած է՝ «որ անոնց մէջ վարուինք»։ Այս խօսքին մէջ չէ գրուած՝ «եւ մենք անոնց մէջ կը վարուինք», այլ՝ «որ անոնց մէջ վարուինք»։ Մենք ազատ կամք ունինք. Ան նախապէս գործեր պատրաստած է մեզի համար, սակայն մենք կ’որոշենք՝ արդեօ՞ք կը վարուինք ըստ Անոր ծրագիրին։ Ես համոզուած եմ՝ երբ մենք կանգնինք Յիսուսին առջեւ հաւատացեալներու ատեանին մէջ (ուր պիտի վարձատրուինք մեր գործերուն համար՝ որպէս քրիստոնեաներ, կամ վնաս պիտի կրենք, որ թերացած ենք), Ան պիտի բանայ այդ գիրքը եւ պիտի ըսէ. «Եկո՛ւր համեմատենք, թէ որքանով քու կեանքը համապատասխանած է այն ծրագիրին, որ Իմ Հայրը եւ Ես սկզբնապէս կազմած էինք քեզի համար»։ (Ինչ կը վերաբերի դատաստանին, երկու Աստուածաշնչեան խօսքերուն մէջ գրուած է, որ «գիրքերը բացուեցան». կարդացէ՛ք Դանիէլ 7.10 եւ Յայտնութիւն 20.12)։ Ես կը հաւատամ, որ Աստուած գրած է այդ գիրքերը մեր կեանքին մասին մեր ծնունդէն առաջ։ Ինչ կը վերաբերի մեր յատուկ կոչումին, մենք չենք դատուիր ըստ այն գործերուն, որ կատարած ենք, այլ՝ ըստ այն գործերուն, որոնց կատարելու համար կանչուած էինք։ Այս միտքը սթափեցնող է։ Այս պահուն հնարաւոր է, որ քիչ մը խուճապի մատնուիք։ Ատոր կարիքը չկայ։ Կայ երեք կարեւոր բան, ինչ որ պէտք է հաշուի առնել։ Առաջինը՝ Աստուած աւելի շատ կը ձգտի, որ կատարէք այն, ինչին համար, որ Ան կանչած է ձեզի, քան դուք։ Ան աւելի շատ կը ցանկայ, որ բացայայտէք ձեր կոչումը, քան դուք։ Երկրորդը՝ ձեր կոչումին մէջ լիարժէք կերպով ըլլալու համար անհրաժեշտ է աճ, որ ընթացք է, ոչ թէ մէկ անգամուան իրադարձութիւն. այնպէս որ, հակառակեցէ՛ք անհամբերութեան առիթ տալու ցանկութեան։ Երրորդը՝ այս գիրքին մէջ դուք պիտի գտնէք օգտակար խորհուրդներ թէ՛ Աստուածաշունչէն, թէ՛ կեանքի փորձէն՝ ձեր կոչումը բացայայտելու եւ զարգացնելու համար։