« Կործանել քրիպտոնաքարը» գիրքը կարելի է կարդալ սկիզբէն մինչեւ վերջ, ինչպէս որեւէ գիրք։ Այնուամենայնիւ, այն նոյնպէս բաժնած եմ կարճ գլուխներու, որոնց ընթերցանութեան համար կը պահանջուի ոչ աւելի, քան տասէն տասնհինգ վայրկեան։ Իւրաքանչիւր գլուխի մէջ դուք պիտի գտնէք « Գործնական քայլ» կոչուող բաժին, որ պիտի օգնէ ձեզի կիրառելու ատոր մէջ ներկայացուած ճշմարտութիւնները։ Կը խնդրեմ, մի՛ կորսնցնէք գործնական քայլերը, քանի որ ատոնք այս գիրքի շատ կարեւոր բաժինը կը կազմեն։ Ասիկա է պատճառը, որ կ’առաջարկեմ ձեզի կարդալու օրական ընդամէնը մէկ գլուխ։ Այս կերպով դուք կրնաք ընել անհրաժեշտ քայլը, մինչեւ յաջորդ գլուխին անցնիլը։ Գիրքի վերջաւորութեան նոյնպէս պիտի գտնէք քննարկման հարցումներ անոնց համար, որոնք « Կործանել քրիպտոնաքարը» գիրքը պզտիկ խումբերու մէջ պիտի ուսումնասիրեն։ Եթէ դուք այս գիրքը կարդաք որպէս « Կործանել քրիպտոնաքարը» դասընթացքի մաս, ես կ’առաջարկեմ ձեր պզտիկ խումբին մէջ դիտել կամ լսել այն վիտիոյ կամ օտիոյ դասերը, որոնք դուք կրնաք գտնել գիրքի վերջաւորութեան կցուած DVD սկաւառակին մէջ կամ CloudLibrary.org կայքին մէջ, նաեւ պատասխանել գիրքի վերջաւորութեան գտնուող քննարկման հարցումներուն։ Այնուհետեւ խնդրեցէ՛ք ձեր պզտիկ խումբի իւրաքանչիւր անդամէն կարդալ գիրքի համապատասխան գլուխները մինչեւ ձեր յաջորդ հանդիպումը։ Այս ամէնը ձեզի՛ համար է։
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Թերեւս զարմանաք, բայց ես շատ անգամներ ուզած եմ անաւարտ ձգել այս գիրքը, քան իմ հեղինակային գիրքերէն որեւէ մէկը, եւ շուտով կը բացատրեմ, թէ ինչու։ Իսկ մինչ այդ, ի՞նչ կապ ունի « Կործանել քրիպտոնաքարը» վերնագիրով գիրքը Քրիստոսի հետեւորդներուն հետ։ Թոյլ տուէք կարճ բացատրել։ Շատերս ծանօթ ենք «քրիպտոնաքար» բառին Սուփըրհերոսի մասին յօրինուած պատմութենէն։ Այս պատմութիւնը, որ փաստօրէն դարձաւ Ամերիկայի ժողովրդական հեքիաթը, գրուած էր դպրոցական ընկերներ Ճերի Սիկըլի եւ Ճօ Շուսթըրի կողմէն, եւ առաջին անգամ հրատարկուած էր ծաղրաշարի (զուարճանկարի, քոմիկսի) տեսքով 1938 թուականի Յունիսին։ Պատմութիւններու շարքը գերուժեր ունեցող բարեգործ սուփըրհերոսի մասին կատարեալ հակամիջոց էր նացիական բռնապետութեան ժամանակաշրջանին։ Սուփըրհերոսի պատմութիւնը արագօրէն մեծ համբաւ ձեռք ձգեց, եւ ի վերջոյ պատմուեցաւ ոչ միայն տպագիր հրատարակութիւններու միջոցով, այլեւ ռատիոյով, հեռուստատեսութեամբ եւ ֆիլմերու միջոցով, որոնք մեծ յաջողութիւն ունեցան։ Կարճ ժամանակ յետոյ այդ պատմութիւնները քիչ մը ձանձրալի դարձան. պատճառը անիկա էր, որ Սուփըրհերոսը անխոցելի էր։ Այնպէս որ, 1940-ական թուականներուն հեղինակները յօրինեցին յայտնի դարձած քրիպտոնաքարը՝ նիւթ մը Սուփըրհերոսի մոլորակէն, որ կրնար չէզոքացնել անոր գերուժերը։ Քրիպտոնաքարի ազդեցութեան տակ Սուփըրհերոսը կը տկարանար՝ դառնալով սովորական մարդու մը պէս։ Մեր՝ քրիստոնեաներուս կեանքին մէջ գոյութիւն ունի «քրիպտոնաքար», որ կը չէզոքացնէ այն զօրութիւնը եւ բնաւորութիւնը, որոնք Աստուած տուած է մեզի։ Ի՞նչ է այն։ Ինչպէ՞ս բացայայտել այն։ Ինչպէ՞ս այն կ’ազդէ մեր վրայ՝ թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքականօրէն։ Որքանո՞վ այն կը խոչընդոտէ մեր արդիւնաւէտութեան եւ կորսուածներուն հասնելու կարողութեան։ Ինչէ՞ն մենք կը զրկուինք ատոր պատճառով։ Ինչո՞ւ այն այդքան դիւրին կը քօղարկուի։ Ահա քանի մը հատ այն հարցումերէն, որոնց կը պատասխանէ այս գիրքը։ Ասիկա քսաներորդ գիրքն է, որ գրած եմ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ։ Ինչպէս արդէն նշեցի, հինգ կամ վեց անգամ ուզած եմ անաւարտ ձգել այս գիրքը։ Պատճառը անիկա էր, որ այն գրելու ընթացքին դէմ առ դէմ կը բախէի իմ կեանքի մէջ առկայ այնպիսի խնդիրներու, որոնք չէի կրնար անտեսել։ Ես պէտք է հարցնէի ինքզինքիս. «Արդեօ՞ք ես կը բաւարարուիմ աւելի ցած կեանքով, քան այն, ինչին համար ստեղծուած եմ։ Արդեօ՞ք մենք՝ որպէս եկեղեցի, ճշմարտապէս կը վերապրինք Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ զօրութիւնը, որոնցմով կրնանք փոխել մեր բնակավայրերը»։ Իրականութեան մէջ, քանի մը անգամ ես նոյնիսկ արթնցած եմ այսպիսի բառերով. « Հա՛յր, համոզուած չեմ, որ այս գիրքը հաճելի է ինծի համար։ Ես չեմ ուզեր շարունակել այն»։ Եւ ամէն անգամ ես խիստ «ոչ» կը զգայի Սուրբ Հոգիէն։ Երբ տեղի ունեցաւ վերջին նման դէպքը, Ան վստահեցուց ինծի, որ այս ուղերձը անսահման կարեւոր յայտնութիւններ պիտի տայ, որոնց շնորհիւ աշխարհով մէկ պիտի կառուցուին առանձին մարդիկ, ընտանիքներ եւ եկեղեցիներ, եւ որ այս գիրքի սկզբունքները կրնան ամբողջ քաղաքներ փոխել։ Այդ խոստումէն յետոյ ես հաւատքով շարունակեցի գրել։ Հասնելով այս գիրքի եզրափակիչ բաժինին՝ վերջին եօթը գլուխներուն, ինծի համար պարզ դարձաւ, թէ որքան օգտաւէտ է այն։ Ես ոչ միայն հասկցայ, թէ որքան իմաստութիւն կայ այս ուղերձին մէջ, այլեւ տեսայ, թէ որքան հրատապ է այն։ Այսօր ես կը համարեմ, որ ասիկա ամենակարեւոր ուղերձներէն մէկն է, որ լոյս տեսած է իմ հեղինակութեամբ։ Այժմ, գիտնալով, որ այս ուղերձին օգտաւէտութեան մասին գրուած է գիրքի վերջաւորութեան, թերեւս դուք գայթակղութիւն ունենաք ընթերցելու անմիջապէս վերջին բաժինէն։ Առիթ տուէք զգուշացնելու ձեզ, որ չընէք ատիկա։ Եթէ դուք կորսնցնէք առաջին երեք բաժինները, չորրորդ բաժինի ազդեցութիւնը զգալիօրէն թոյլ պիտի ըլլայ։ Պատկերացուցէք, որ սինեմա կը մտնէք, երբ ֆիլմի աւարտին մնացած է ընդամէնը քսան վայրկեան։ Եզրափակիչ տեսարաններու ազդեցութիւնը ձեզի համար կ’ըլլայ շատ աւելի թոյլ, քան՝ եթէ ֆիլմը սկիզբէն դիտէիք: Անոնք, որոնք նստած էին սինեման ֆիլմի սկիզբէն, կու լան, կը պոռան կամ կ’ուրախանան։ Իսկ ձեր քով հարց մը կը ծագի՝ կ’արժէ՞ր ընդհանրապէս դիտել այդ ֆիլմը։ Այս գիրքը բաղկացած է քսանութ գլուխներէ՝ չորս բաժիններու մէջ զետեղուած, որոնցմէ ամէն մէկը կը պարունակէ եօթը գլուխ։ Այս ձեւով բաժնելով՝ փափաքած եմ օգնել զբաղած ընթերցողներուն։ Դուք կրնաք ամէն օր տասէն տասնհինգ վայրկեան տրամադրել եւ կարդալ մէկական գլուխ չորս շաբթուան ընթացքին, կամ՝ կրնաք շաբաթական մէկ գլուխ կարդալ եւ գիրքը աւարտել մօտաւորապէս վեց ամսուան մէջ։ Դուք կրնաք կարդալ նաեւ ձեր նախընտրած ձեւով։ Մեր նպատակն է՝ յարմարցնել այս ուղերձը ձեր ընթերցանութեան ժամացանկին։ Ի վերջոյ, այս ուղերձը պէտք է դիտարկել որպէս ընթացք, որ կը պաշտպանէ ձեզ քրիպտոնաքարէն եւ կը սորվեցնէ ազդեցութիւն ձգել ձեզ շրջապատող մարդոց վրայ։ Մինչեւ սկսիլը, աղօթենք եւ խնդրենք Սուրբ Հոգիէն, որ բանայ մեր աչքերը, որպէսզի տեսնենք երկնային իմաստութիւնը, որ զօրութիւն կու տայ մեզի՝ այս երկրին վրայ մեր կոչումը կատարելու համար։ « Հա՛յր, Յիսուսի անունով, բա՛ց իմ աչքերը, ականջները եւ սիրտը, որպէսզի տեսնեմ, լսեմ եւ հասկնամ Քու կամքը իմ կեանքին մէջ։ Սո՛ւրբ Հոգի, սորվեցո՛ւր ինծի Յիսուս Քրիստոսի ճանապարհները այս ուղերձը կարդալու ընթացքին։ Ես կը նայիմ Քեզի՝ որպէս իմ Ուսուցիչ։ Խօսի՛ր հետս այս գիրքի ամէն մէկ նախադասութեան ընդմէջէն։ Եւ թող, որ իմ կեանքը յաւիտեան փոխուի։ Ամէ՛ն»։
1
ՀԱՐՑՈՒՄ, ՈՐՄԷ ԿԸ ԽՈՒՍԱՓԻՆ
Յատուկ նշում հեղինակէն. Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ տակաւին չէք ընթերցած « Ներածութիւն» բաժինը, կ’առաջարկեմ ձեզի անպայման ընել ատիկա։ Այն պիտի օգնէ նախապատրաստուիլ այս ուղերձին։ Հաճելի ընթացք մը կը մաղթեմ։
« Կործանել քրիպտոնաքա՞րը»։ Այս գիրքը Սուփըրհերոսի մասի՞ն է։ Ո՛չ, բայց անոր պատմութեան եւ մեր հաւատքի կեանքին միջեւ ապշեցուցիչ զուգահեռներ կան։ Սուփըրհերոսը այս աշխարհէն չէ. Աստուծոյ զաւակները այս աշխարհէն չեն։ Ան ունի գերբնական ուժ, որ յատուկ չէ սովորական մարդոց. մենք ունինք գերբնական զօրութիւն, որմէ զուրկ են այս աշխարհի մարդիկ։ Ան կը պայքարի չարին դէմ. մենք կը պայքարինք չարին դէմ։ Ան կը պաշտպանէ ճնշուածները եւ կ’ազատէ զանոնք չարագործներէն. մենք կը հոգանք տկարներու մասին եւ ազատ կ’արձակենք կապուածները: Ան ուժ կը ստանայ արեւէն. մենք ուժ կը ստանանք Աստուծոյ Որդիէն։ Գոյութիւն ունի միայն մէկ բան, որ կրնայ կեցնել Սուփըրհերոսը. քրիպտոնաքարը՝ յօրինուած ռատիոյաքթիւ նիւթը, որ Սուփըրհերոսի մոլորակէն է։ Նմանապէս, գոյութիւն ունի «քրիպտոնաքար», որ յառաջացած է մեր հեռաւոր բնակավայրին մէջ եւ կրնայ անզօր դարձնել Աստուծոյ զաւակները։ Այո՛, անիկա չէ յառաջացած այս երկրին մէջ, այլ կազմուած է հոն, ուր մեր երկնային տունն է։ Քրիպտոնաքարը ոչ միայն կը չէզոքացնէր Սուփըրհերոսին գերուժերը, այլեւ սովորական մարդէն աւելի թոյլ կը դարձնէր զինք։ Մեր քրիպտոնաքարը նոյնը կ’ընէ։ Ո՞րն է մեր քրիպտոնաքարը։ Մինչեւ այն բացայայտելը, ես պէտք է նախապատրաստեմ ձեզ։ Քրիպտոնաքարի մեծ առաւելութիւնը Սուփըրհերոսի հանդէպ այն էր, որ այդ նիւթը դիւրին չէր ճանչցուեր։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ան կրնար ենթարկուիլ քրիպտոնաքարի ազդեցութեան՝ նախքան այն յայտնաբերելը։ Նոյն ձեւով, հաւատացեալի քրիպտոնաքարը կը տկարացնէ թէ՛ անհատները, թէ՛ Քրիստոսի մարմինը, եւ շատերուն համար անիկա տակաւին ճանաչելի չէ։ Այս գիրքին նպատակն է՝ յայտնաբերել քրիպտոնաքարը, ցոյց տալ, թէ ինչպէս կարելի է կործանել քրիպտոնաքարը եւ հեռացնել ատոր ազդեցութիւնը մեզմէ՝ թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական առումով։ Այնպէս որ, սկսինք հետեւեալ հարցումէն։
Մեծագոյն ցանկութիւնը
Ո՞րն է մեր մեծագոյն ցանկութիւնը։ Ես կ’ըսեմ «մեր», քանի որ, եթէ անկեղծ ըլլանք, իւրաքանչիւրս կը ձգտի միեւնոյն բաներուն։ Մենք կ’ուզենք ըլլալ յաջողակ, ըլլալ լաւագոյնը մեր բնագաւառին մէջ, ըլլալ յայտնի, ունենալ երջանիկ ամուսնութիւն եւ հրաշալի ընկերներ, ապրիլ ծաղկուն բնակավայրի մէջ, ըլլալ քաջառողջ եւ ունենալ բաւականաչափ միջոցներ՝ ընելու համար այն, ինչ որ մեր մտքէն կ’անցնի։ Բոլոր նշուած նպատակները գրաւիչ են, եւ ատոնց մեծ մասը նոյնիսկ անհրաժեշտ է, բայց արդեօ՞ք մենք ամէնէն շատ ճիշդ այդ բաները կը ցանկանք։ Մի՞թէ մենք չենք գիտեր այնպիսի մարդիկ, որ այդ ամէնը ունին, սակայն դատարկութիւն կը զգան։ Մի՞թէ մենք պատմութիւններ չենք լսեր հոլիուտեան դերասաններու, խոշոր ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններու, արհեստավարժ մարզիկներու, պետական պաշտօնեաներու եւ այլ մարդոց մասին, որոնք հասած են այն բանին, ինչ որ հասարակութիւնը կը համարէ յաջողութեան գագաթնակէտը այս կեանքին մէջ, սակայն անոնց կը թուայ, թէ իրենք ինչ որ բանէ մը զուրկ են։ Իրենց դատարկութեան պատճառով, ոմանք կը սկսին թմրանիւթեր կամ խմիչք օգտագործել, կը զբաղին տարաշխարհիկ հանգիստով կամ սիրավէպեր կը սկսին։ Միւսները կը դիմեն կրօնին, արդի հաւատալիքներուն կամ խորհրդապաշտութեան (occultism)՝ յուսալով լրացնել այն դատարկութիւնը, որ կը կրծոտէ իրենց ներսը։ Եթէ անկեղծ ըլլանք, մեր սրտին խորքէն բոլորս ալ գիտենք, որ աւելին կայ։ Ճշմարիտ բաւականութիւնը, որուն կը ձգտի իւրաքանչիւրը՝ թէ՛ կին, թէ՛ տղամարդ, կարելի է գտնել՝ միայն ունենալով մտերիմ յարաբերութիւններ մեր Արարիչին հետ։ Անկախ այն բանէն, թէ ինչ կարծիք ունիք Աստուծոյ մասին՝ ձեր սիրտը խորապէս կը ձգտի Անոր։ Այն գոհունակութիւնը եւ բաւականութիւնը, որուն մարդիկ կը ձգտին, հնարաւոր է գտնել միայն կրկին միանալով մեր Արարիչին։
Ճշմարտութիւնը այն է, որ Աստուած «դրած է յաւիտենութիւնը մարդու սրտին մէջ» ( Ժողովող 3.11, NLT)։ Եթէ խաբէութիւնը չ’իշխեր մեր սրտերուն մէջ, մենք բնազդօրէն կը ձգտինք «յաւիտենութեան Թագաւորին» (տե՛ս Ա. Տիմոթէոս 1.17)։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ իւրաքանչիւր մարդու մասին:
«Անոնք գիտեն ճշմարտութիւնը Աստուծոյ մասին, քանի որ Ան ակնյայտ դարձուցած է այն անոնց համար... Այն ամէնուն միջոցով, ինչ որ Աստուած ստեղծած է, անոնք կրնան պարզօրէն տեսնել Անոր անտեսանելի յատկանիշները՝ Անոր յաւիտենական զօրութիւնը եւ Աստուածային բնութիւնը» (Հռովմայեցիս 1.19,20, NLT)։
Աստուած ոչ ոքի համար անյայտ է։ Եթէ մարդիկ բոլորովին անկեղծ ըլլան, անոնք պիտի խոստովանին, որ իրենց կեանքէն ինչ որ պահ մը Աստուծոյ ճանչնալու խորունկ ձգտում ունեցած են։ Բոլորս ալ բնազդօրէն գիտենք, որ Ան ամենագէտ է, ամենակարող է եւ ամենագոյ է։ Անոնք, որոնք կը սկսին հաղորդակցիլ Անոր հետ, կը հասկնան, որ Անոր ներկայութիւնը, զօրութիւնը, փառքը եւ մեծութիւնը անիմանալի եւ անզուգական են։ Ան այնքա՜ն հզօր է, որ տիեզերքի ամենազօրեղ էակներէն մէկ քանին, որոնք սերովբէներ կը կոչուին, մշտապէս Անոր ներկայութեան մէջ Երկինքը կը գտնուին եւ երկիւղածութեամբ ու բարձր ձայնով կը կանչեն իրար՝ ազդարարելով Անոր զարմանալի մեծութիւնը։ Այդ հսկայ արարածները կ’ընեն ատիկա այնպիսի՜ եռանդով եւ ուժով, որ անոնց ձայները կը դողացնեն Երկինքը գտնուող ահռելի սրահի դռներու սիւները, որ, հաւանաբար, կրնայ տեղաւորել մէկ միլիառէն աւելի էակներ։ Աստուծոյ իմաստութիւնը, հասկացողութիւնը, ստեղծարարութիւնը, հանճարը եւ գիտելիքը այնքա՜ն լայն են, որ ատոնք անիմանալի են։ Դարեր շարունակ ամենախելացի գիտնականները որոնած եւ ուսումնասիրած են Անոր արարչագործութեան գաղտնիքները, սակայն այդպէս ալ բոլորովին չեն ըմբռնած ատոր բարդութիւնը եւ սքանչելիութիւնը։ Ոչ մէկ մարդ դեռ լիովին խորամուխ եղած է Անոր սիրոյն, բարութեան եւ գթասրտութեան ու լիարժէք կերպով վերապրած է ատոնք։ Անոր սէրը անսահման է։ Արդէն քառասուն տարի է՝ կը վայելեմ Անոր հետ յարաբերութիւն ունենալու արտօնութիւնը, սակայն վերջերս ես բոլորովին համակուած էի զգացումներով՝ մտածելով այն մասին, որ մեր Արարիչը փրկած է մեզ այն դատապարտութենէն, որ մենք մեր վրայ բերած էինք: Ան տուաւ մարդկութեան ամբողջ իշխանութիւնը այս երկրի վրայ, սակայն մենք տուինք այն Անոր ոխերիմ թշնամիին՝ սատանային, եւ անոր դիւային զօրքերուն։ Նախապէս գիտնալով մեր դաւաճանութեան մասին՝ Աստուած պատրաստակամօրէն որոշեց վճարել այն աներեւակայելի գինը, որ անհրաժեշտ էր մեզ ստրկութենէն եւ բանտարկութենէն ազատ արձակելու համար։ Մենք մեզ դատապարտեցինք, բայց Ան զոհեց Ինքզինքը՝ մեզ ազատ արձակելու համար։ Ան ըրաւ ատիկա՝ առանց խախտելու Իր Խօսքը, ինչ որ հնարաւոր էր միայն մէկ պարագայի՝ եթէ Ան մարդ դառնար։ Քանի որ Աստուած մարդուն տուած էր երկիրը, Ան չէր կրնար ետ ստանալ այն՝ որպէս Աստուած. անհրաժեշտ էր, որ մարդու Որդին ետ պահանջէր այն։ Ահա թէ որն էր Յիսուսի կուսական ծնունդի խորհուրդն ու իմաստութիւնը։ Ան դարձաւ հարիւր տոկոսանոց մարդ, բայց քանի որ Անոր Հայրը Աստուծոյ Հոգին էր, Ան ազատ էր այն ստրկացնող բնութենէն, որուն մէջ յայտնուած էր ամբողջ մարդկութիւնը։ Յիսուս մարմինով յայտնուած Աստուած էր։ Ան գիտէր այն սարսափելի չարչարանքներուն մասին, որոնք պէտք է կրէր՝ մեզ փրկելու համար, սակայն Անոր սէրը մեզի հանդէպ այնքա՜ն մեծ եւ կատարեալ էր, որ Ան յօժարութեամբ որոշեց վճարել մեր ազատութեան գինը։ Այս գիրքը ամբողջութեամբ եւ անթիւ այլ գիրքեր կարելի էր նուիրել միմիայն Անոր բարութիւնը, զարմանալի սէրը, զօրութիւնը եւ մեծութիւնը նկարագրելուն։ Այնուամենայնիւ, գոյութիւն ունի հարց մը, որ դարձած է այս գիրքը գրելու պատճառը։
Հարցում, որ մէկը խուսափին
Քանի որ մենք նման զարմանալի Աստուծոյ կը ծառայենք, պարզ տրամաբանութիւնը կ’ենթադրէ, որ մենք պէտք է գերբնական կեանք ունենանք։ Բացի տրամաբանութենէն՝ Աստուածաշունչը նոյնպէս կը սատարէ այս գաղափարը։Մեզի խոստացուած է այս ամէնը.
• Անոր Աստուածային բնութիւնը,
• անձնուրաց բնաւորութիւն,
• անպայմանական սէր եւ ներում,
• աննկարագրելի ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն,
• գերբնական զօրութիւն,
• բարեկեցութիւն,
• կենսունակութիւն,
• առողջութիւն,
• ապահովութիւն եւ կայունութիւն։
Եւ ասիկա տակաւին ամէնը չէ. կայ աւելին։ Աստուածաշունչը նաեւ կը խոստանայ մեզի.
• Աստուածային իմաստութիւն,
• գիտելիք,
• հասկացողութիւն,
• հանճար,
• խորաթափանցութիւն եւ ստեղծարարութիւն։
Այս ամէնուն նպատակն է՝ պտղաբեր եւ յաջողակ դարձնել մեզ։ Կարճ ըսելու համար՝ մեզի խոստացուած են երկնային յատկանիշներ։ Յիշեցէ՛ք, որ Յիսուս ազդարարեց, որ Իր Թագաւորութիւնը մեր ներսն է, եւ նպատակը այն է, որ Անոր կամքը կատարուի երկրի վրայ այնպէս, ինչպէս որ Երկինքն է։ Այնուամենայնիւ, կը թուայ՝ այս յատկանիշները չեն դրսեւորուիր ո՛չ համընդհանուր, ո՛չ ալ անհատական մակարդակի վրայ։ Եթէ անկեղծօրէն գնահատենք ներկայ իրավիճակը, կրնա՞նք ըսել, որ զգալի տարբերութիւն կը տեսնենք Աստուծոյ ժողովուրդին եւ այս աշխարհի մարդոց միջեւ։ Արդեօ՞ք մենք՝ Յիսուսի հետեւորդներս, ակնառու մարդիկ ենք։ Արդեօ՞ք մենք լոյս կու տանք այս խաւար սերունդին մէջ։ Մտածեցէ՛ք ամուսնալուծութիւններու վիճակագրութեան մասին. կա՞յ արդեօք աչքի զարնող տարբերութիւն եկեղեցւոյ եւ այս աշխարհին միջեւ։ Թէ՞ մենք նոյնպէս կը տառապինք նախանձէն, բամբասանքէն, չարախօսութենէն եւ երկպառակութիւններէն, որոնց արդիւնքը խաթարուած յարաբերութիւններն են։ Արդեօ՞ք մենք կը դրսեւորենք այնպիսի բնաւորութիւն, անկեղծութիւն եւ բարոյական չափանիշներ, որոնք բեւեռային կերպով կը տարբերին մեր երկրի ապականութենէն։ Կա՞յ արդեօք տարբերութիւն հաւատացեալներու եւ անհաւատներու միջեւ առողջութեան եւ բարեկեցութեան առումով։ Մենք կրնա՞նք հոգալ մարդոց կարիքները եւ ազդարարել Քրիստոսի Աւետարանը ամբողջ աշխարհի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր մարդու։ Այս ամէնը չափազանց վե՞հ կը թուայ։ Մտածեցէ՛ք այն մասին, որ Հին ուխտի ներքոյ կար ժամանակ, երբ արծաթը քարի պէս պարզ էր եւ արժէք չունէր՝ խիստ բարձր կենսամակարդակի պատճառով (տե՛ս Գ. Թագաւորաց 10.21,27)։ Այժմ՝ Նոր ուխտի ներքոյ, յաճախ կը հանդիպիմ առաջնորդներու, որոնք դժուարութիւններ կը կրեն սահմանափակ միջոցներու պատճառով, եւ հովիւներու, որոնք կը կամենան օգնութիւն ցուցաբերել այն բնակավայրերուն մէջ, ուր որ կ’ապրին, սակայն չեն կրնար՝ մարդկային ուժի, նիւթական եւ այլ միջոցներու բացակայութեան պատճառով։ Արդեօ՞ք երկու պարագային ալ ատիկա կարելի է անուանել «երկրի վրայ՝ ինչպէս որ Երկինքն է»։ Յիսուս խոստացաւ մեզի, որ երբ փնտռենք Իր Թագաւորութիւնը եւ արդարութիւնը, այն ամէնը, ինչին կարիքը որ մենք ունինք, պիտի տրուի մեզի։ Չէր եղած նոյնիսկ մէկ դէպք, որ միջոցներու պակասը խանգարէր Յիսուսին ընելու այն, ինչ որ պէտք է ընէր։ Դժբախտաբար, եկեղեցւոյ մէջ եղած են ծայրայեղ ուսմունքներ հարստութեան եւ բարգաւաճման մասին։ Այդ ոչ հաւասարակշռուած ուսմունքներու պատճառով մարդիկ սկսած են հաւատալ, որ առատութիւնը վատ բան է։ Սակայն մենք ի՞նչ կրնանք տալ, եթէ ոչինչ ունինք։ Երբ թոյլ կու տանք, որ ձգտումը Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ կլանէ մեզ, Ան կը վստահի մեզի անհրաժեշտ միջոցներ՝ Իր կամքը այս երկրին վրայ տարածելու համար։ Աստուած վատ առաջնորդ չէ. Ան չի խնդրեր Իր հետեւորդներէն կատարել Իր կամքը՝ առանց տալու անոնց անհրաժեշտ գործիքներ։ Եւ աւելի կարեւոր փաստ մը՝ Աստուած բարի Հայր է։ Ան կը ցանկայ օրհնել Իր զաւակները, սակայն չի կամենար, որ ունեցուածքը տիրէ մեզի։ Ամէն տեսակի չարիքի արմատը ոչ թէ դրամն է, այլ՝ սէրը դրամին հանդէպ։ Հին Իսրայէլի մէջ ժամանակ մը կար, երբ ամբողջ երկրին մէջ չկար նոյնիսկ մէկ աղքատ մարդ։ Գրուած է. « Սողոմոնի բոլոր օրերուն մէջ Յուդա ու Իսրայէլ՝ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր» (Գ. Թագաւորաց 4.25)։ Դանը Իսրայէլի ամենահիւսիսային քաղաքն էր, իսկ Բերսաբէէն՝ ամենահարաւայինը, եւ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ ամբողջ ազգին մէջ չկար նոյնիսկ մէկ մարդ, որ խնամքի կարիք ունենար. ոչ մէկ անհատ կամ խումբ պետական աջակցութեան կարիք ունէր։ Ի՞նչը այդ երկրին մէջ նման առատութեան պատճառ դարձաւ։ Իրականութեան մէջ, ասիկա միակ դէպքը չէ։ Եթէ ուսումնասիրենք Աստուծոյ ժողովուրդի պատմութիւնը Հին կտակարանին մէջ, բազմաթիւ սերունդներ ապշեցուցիչ կերպով կը բարգաւաճէին՝ տնտեսական, հասարակական եւ ռազմական առումներով։ Անոնք ունէին բնական պաշարներու, սնունդի եւ ունեցուածքի առատութիւն։ Անոնք պարտութիւն չէին կրեր թշնամիներու յարձակման ժամանակ, ընդհակառակը, ամէն անգամ կը յաղթէին։ Անոնց կենսամակարդակը կը զարմացնէր դրացի երկիրները։ Եւ մտապահեցէ՛ք, որ ատիկա տեղի կ’ունենար Հին ուխտի ժամանակ, որ աւելի ցած է Նոր ուխտէն։