ՆԱԽԱԲԱՆ
«Որովհետեւ Տէրը պիտի մխիթարէ Սիօնը, պիտի մխիթարէ անոր բոլոր աւերակները եւ անոր անապատը դրախտի նման պիտի շինէ եւ անոր ամայի տեղը՝ Տիրոջ պարտէզին պէս։ Ցնծութիւն եւ բերկրութիւն պիտի գտնուի անոր մէջ, գովութեան եւ օրհներգութեան ձայն»։ – Եսայիա 51.3
Ես կը սիրեմ Եսայիայի գիրքը. ան իմ ամենասիրելի մարգարէն է Հին կտակարանին մէջ։ Այս խօսքին մէջ Եսայիան այլաբանութիւններ կ’օգտագործէ, որպէսզի փաստէ մեզի, որ Աստուած կը ձգտի վերածել մեր կեանքի անպտուղ բնագաւառները կենարար պարտէզներու։ Այս խօսքերը կը յայտնեն, որ ամայի անապատի չորցած հողը, ըստ էութեան, մեր վերափոխման խթանն է։ Երբ այն, ինչ որ եղած է անցեալին, կը հեռացուի մեզմէ, մենք յայտնութիւն կը ստանանք այն մասին, ինչ որ պիտի կատարուի ապագային։ Մեր Հայրը կ’անցընէ մեզ այս պատրաստութեան փուլով, որպէսզի հասնինք Իր խոստումներուն։ Ես պատիւ ունեցած եմ ըլլալու ամուսինիս կողքին, երբ մենք կ’անցնէինք հիասթափութեան անապատներով, որոնց մէջ յուսալքութեան աւազաբլուրները կը սպառնային ծածկել մեզ։ Ես կը հետեւէի, թէ ինչպէս ան կ’աղօթէր, կը խորհէր եւ կ’աղաղակէր. «Աստուա՛ծ, ո՞ւր ես»։ Մենք արթուն կը մնայինք գրեթէ ամէն գիշեր՝ մտածելով, թէ ո՞րն էր մեր սխալը։ Թերեւս մենք սայթաքած էինք, իսկ թերեւս այնպիսի սխալ մը գործած էինք, որ կարելի էր ուղղել։ Ամէն օր Ճոնը դուրս կ’ելլէր տունէն առտու կանուխ՝ մինչեւ արեւածագը, որպէսզի լսէր եւ պատասխաններ փնտռէր...` յուսալով, որ այդ օրը պարզութիւն եւ փոփոխութիւն պիտի բերէր։ Ես անհանգիստ կը սպասէի անոր վերադարձին։ Երբ ան տուն կու գար, մեր որդիները արդէն արթուն կ’ըլլային։ - Դուն լսեցի՞ր ինչ որ բան մը,- կը շշնջայի ես։ Ճոնը կը տարուբերէր գլուխը։ Տխրութիւնը կը համակէր իմ սիրտը եւ կը մթագնեցնէր իմ յոյսը։ Թերեւս մենք խելագա՞ր էինք։ Մենք իսկապէ՞ս լսած էինք Աստուծոյ ձայնը։ Մի՞թէ ատիկա հնարաւոր էր։ Եթէ Աստուած առաջնորդած էր մեզ այստեղ, ինչո՞ւ Ան կը լռէր մեր նեղութեան մէջ։ Այո՛, ես տրտնջացած եմ անապատին մէջ։ Երանի՜ այդ ժամանակ ես գիտնայի այն, ինչ որ հիմա գիտեմ։ Ես կ’անցնէի անապատը աւելի թեթեւ սրտով եւ հաւատքով լեցուած քայլերով։ Կը հասկնայի, որ այդ ընթացին ես կը մաքրուէի ու կը պատրաստուէի։ Այս ամէնուն լոյսի ներքոյ, կը կարծեմ, որ այս գիրքը ուղեցոյց է, եւ շատ առումներով, նուէր է։ Ընդունեցէ՛ք անապատի դասերը, եւ ձեր կեանքի յաջորդ փուլին մէջ ատոնք լաւ ծառայութիւն կը մատուցեն ձեզի։ Բարձրացուցէ՛ք ձեր գլուխը. դուք մինա՛կ չէք։ – Լիզա Պիվիր Հանրաճանաչ հեղինակ՝ ըստ «Նիւ Եորք թայմզ» ամսագիրին «Մեսինճըր Ինթերնեշընլ» ծառայութեան համահիմնադիր
ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ
Այս գիրքը կը պատմէ իմ անապատային ընթացքին, ինչպէս նաեւ շատերու նմանատիպ փորձառութեան մասին։ Ես դեռ չեմ «հասած», եւ ո՛չ ալ ստացած եմ այն, ինչ որ Աստուած պատրաստած է ինծի համար, բայց ես կ’աղօթեմ, որ այս էջերուն մէջ դուք գտնէք անհրաժեշտ ուժ եւ համարձակութիւն, որպէսզի հաստատակամօրէն երթաք դէպի ձեր կոչումը Աստուծոյ մէջ։ Ես չեմ պնդեր, որ այս գիրքը սպառիչ կամ ներառական ուսումնասիրութիւն է։ Այս մասին կարելի է շատ աւելին գրել։ Այնուամենայնիւ, գիրքին մէջ կը բաժնեկցիմ իմ սրտէն՝ անդրադառնալով անապատային ժամանակահատուածի գլխաւոր կողմերուն։ Գիրքի նպատակն է ծանօթացնել ձեզ այս թեմային՝ թոյլ տալով Սուրբ Հոգիին անձնաւորել այս ուղերձը եւ կիրառել այն ձեր կեանքին մէջ։ Այս գիրքը կը խօսի այն մասին, թէ ինչ է անապատը եւ ինչ այն չէ: Այստեղ կը խօսուի անապատի նպատակին եւ օգուտին մասին։ Իմ աղօթքն է, որ գիրքին մէջ ներկայացուած օրինակներու, նկարագրութիւններու եւ խրատներու միջոցով դուք հասկնաք, թէ ինչպէս իմաստութեամբ վարուիք անապատին մէջ։ Ինչպէս արդէն նշեցի, գիրքին մէջ իմ կեանքէն շատ օրինակներ պիտի տեսնէք, որոնք տեղի ունեցած են իմ առաջին երկու ծառայողական նշանակումներու ժամանակ։ Առաջինը Թեքսաս նահանգի Տալլաս քաղաքին մէջ էր, ուր չորս ու կէս տարի ծառայեցի իմ հովիւին եւ անոր հիւրերուն։ Իմ անապատային փուլը այդ նշանակման վերջին տասնութ ամիսներու ընթացքին էր։ Յաջորդ անապատային փուլը իմ երկրորդ նշանակման ժամանակ էր. ես երիտասարդական ծառայութեան հովիւ էի Ֆլորիտա գտնուող եկեղեցւոյ մը մէջ երկուք ու կէս տարի։ Այս երկրորդ անապատի համեմատ, իմ առաջին անապատը Տալլասի մէջ զբօսախնճոյք թուաց ինծի։ Տարօրինակ է, բայց այդ սաստիկ անապատային փորձառութիւնը նոյնպէս տեղի ունեցաւ այդ նշանակման վերջին տասնութ ամիսներու ընթացքին։ Մի՞թէ իմ կեանքին մէջ չեն եղած այլ անապատային փուլեր։ Անշուշտ եղած են, բայց երբ ատոնք սկսան, ես արդէն շատ աւելի լաւ կը հասկնայի ատոնց բնոյթը։ Որպէս արդիւնք՝ ես շարունակ չէի աղաղակեր. «Աստուա՜ծ, ի՞նչ կը կատարուի», կամ «Աստուա՜ծ, ո՞ւր ես»։ Ես այնքան բան սորված էի նախորդ փուլերուն մէջ, որ գիտէի, թէ ինչ կը կատարուէր եւ ինչպէս պէտք էր վարուիլ այդ իրավիճակներուն մէջ։ Ես զրուցած եմ բազմաթիւ տղամարդոց եւ կիներու հետ, որոնք կը գտնուին այս փուլին մէջ։ Որպէս կանոն, անոնք կը խօսին իրենց շփոթմունքի եւ հիասթափութեան մասին։ Շատերը չեն ալ պատկերացներ, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ։ Վերջերս կինս՝ Լիզան, եւ ես երկու հաղորդում ձայնագրեցինք այս մասին, եւ արձագանգը այս թեմային շատ աւելի լայն էր, քան մենք երբեք ստացած էինք։ Ատիկա դրդեց զիս վերանայելու իմ կողմէն գրուած առաջին գիրքը, որ սկզբնապէս հրատարակուած էր «Յաղթանակ անապատին մէջ» վերնագիրով։ Ես գրած էի այդ գիրքը գրեթէ երեսուն տարի առաջ։ Ուշադրութեամբ կարդալով՝ ես հասկցայ, որ այն մարգարէական ուղերձ էր ուշ 1980-ական եւ վաղ 1990-ական թուականներու համար։ Այնպէս որ, իմ խմբագիրը եւ ես առանձնացուցինք այդ գիրքէն անժամանակեայ ճշմարտութիւնները, աւելցուցինք բազմաթիւ սկզբունքներ, որոնք քաղած էի վերջին երեսուն տարուան ընթացքին, եւ լիովին նոր գիրք գրեցինք։ Այնպէս որ, ասիկա վերանայուած գիրք չէ, այլ՝ լիովին նոր ուղերձ։ Համոզուած եմ, որ այն գիրքը, որ այժմ ձեր ձեռքին մէջ է, անժամանակեայ ուղերձ է, որ կ’օգնէ թէ՛ այսօր, թէ՛ գալիք սերունդներուն մէջ ապրող մարդոց անցնիլ կեանքի այս կարեւոր փուլը։ Գրուած է. «Ամէն բանի ժամանակ կայ, եւ ժամանակ՝ երկնքի տակ ամբողջ ձեռնարկութեան» (Ժողովող 3.1)։ Մեր կեանքը փուլերու բաժնուած է, եւ ամէն մէկը ունի յատուկ նպատակ։ Կարեւոր է հասկնալ իւրաքանչիւր փուլի նպատակը՝ ատոր մէջ ճիշդ վարուելու համար։ Հետաքրքրական կ’ըլլար, եթէ ձմեռնային մարզական հագուստով մարդ մը ճոպանուղի նստէր եւ լեռ բարձրանար՝ ձիւնատախտակի (սնոուպորտի) բոլոր պարագաներով, եւ իջնելով ճոպանուղիէն՝ երեսնիվայր իյնար՝ սահելու փոխարէն։ Ինչո՞ւ, քանի որ ան բարձրացած էր ամառը, երբ լերան վրայ ձիւն չկայ։ Անոր գործողութիւնները արդիւնաւէտ կ’ըլլային ձմեռը, սակայն ատոնք կործանարար հետեւանքներ ունեցան իրեն համար ներկայ փուլին մէջ։ Գիրքին մէջ ես կը ցանկամ սորվեցնել այս կարեւոր փուլի մասին, որ նախատեսուած է յօտելու՝ կտրել-հեռացնելու եւ մեր ուժերը աւելցնելու համար։ Այն ունի մէկ նպատակ՝ պատրաստել մեզ։ Դուք անմիջապէս կը նկատէք, որ ես շատ կը խօսիմ ծառայութեան մասին։ Իւրաքանչիւրս կանչուած է որեւէ ոլորտի մէջ՝ գործարար, կրթական, առողջապահութեան, պետական կառավարման եւ այլն։ Իմ կոչումը ծառայութեան հինգ պարգեւներն են. այնպէս որ, իմ պատմութիւնները այդ մասին են։ Այնուամենայնիւ, դուք կրնաք կիրառել այս գիրքի սկզբունքները որեւէ ոլորտի մէջ, ուր Աստուած կանչած է ձեզ։ Գործարար ոլորտին մէջ կանչուած մարդիկ պէտք է որոշ ժամանակ պատրաստուին իրենց կոչման համար նոյն կերպով, ինչպէս եւ Աւետարանի ծառայողները։ Ասիկա կը վերաբերի կեանքի բոլոր ոլորտներուն։ Եւս մէկ բան. ես ընդգրկած եմ լրացուցիչ բաժիններ, որոնք կը կոչուին՝ «Ինչպէս անցնիլ անապատը»։ Ատոնց մէջ կան սեղմ, առանձին խորհուրդներ եւ խրախուսական խօսքեր, որոնք կ’օգնեն հնարաւորինս արդիւնաւէտ դարձնել ձեր անապատային ընթացքը։ Յոյսով եմ՝ այս ուղերձը յստակութիւն կը բերէ ձեր կեանքին մէջ, որպէսզի դուք վնաս չկրէք անապատի մասին անտեղեակ ըլլալու պատճառով, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ հետս, եւ կը խրախուսէ ձեզ շարունակ ձգտիլ միակ Անձնաւորութեան, որ կրնայ բաւականութիւն տալ մեզի։ Անկեղծօրէն՝ Ճոն Պիվիր, Յունուար 2019
1
«Ո՞ՒՐ ԵՍ ԴՈՒՆ»
«Երբ մենք անվրդով կը դիմանանք չորութեան եւ ամայութեան, մենք կը վկայենք, որ կը սիրենք զԱստուած, բայց երբ Ան կ’այցելէ մեզ Իր ներկայութեան քաղցրութեամբ, Ան կը վկայէ, որ կը սիրէ մեզ»։ – Մատամ Կիյոն / Ժանն-Մարի Պուվյէ Տէ լա Մոթ-Կիյոն
«Ահա կ’երթամ դէպի արեւելք, եւ Ան չկայ, եւ դէպի արեւմուտք, եւ Զինք չեմ նշմարեր։ Դէպի հիւսիս կ’երթամ, ուր Ինք կը գործէ, եւ չեմ իմանար. հարաւային կողմը կը ծածկուի, եւ ես Զինք չեմ տեսներ»։ – Յոբ 23.8,9
Ես բարկացած էի բոլորին վրայ եւ նոյնիսկ չէի գիտեր՝ ինչու։ Կը թուար՝ ոչինչ կը յաջողէր։ Մեր առաջնեկը՝ Էտիսընը, տասնութ ամսական էր, եւ ես անհամբեր էի անոր հանդէպ։ Ես կը պոռայի կնոջս՝ Լիզային վրայ։ Ես յուսահատած էի իմ հովիւէն։ Ես բարկացած էի այն մարդոց վրայ, որոնց հետ որ կ’աշխատէի։ Եթէ անկեղծօրէն խոստովանիմ, հաւանաբար, նաեւ յուսահատած էի Աստուծմէ եւ բարկացած էի Անոր վրայ։ Ես կը տրտնջայի. «Ի՞նչ կ’ընես Դուն»։ «Ինչո՞ւ Դուն չես գործեր իմ կեանքին մէջ»։ «Ո՞ւր է այն խոստումներու իրականացումը, որոնք Դուն տուած ես ինծի»։ «Ինչո՞ւ ոչինչ կը յաջողի»։ «Ինչո՞ւ Դուն չես խօսիր հետս»։ Ես կրկին ու կրկին կը փնթփնթայի՝ արտայայտելով իմ դժգոհութիւնը. «Ո՞ւր ես Դուն»։ Ձեր կեանքին մէջ եղա՞ծ է այնպիսի ժամանակ, երբ կը թուար, թէ Տէրը այնքա՜ն մօտ էր, որ բաւական էր միայն շշնջալ Անոր անունը, եւ դուք անմիջապէս կը զգայիք Անոր ներկայութիւնը եւ կը լսէիք Անոր պատասխանը։ Այնուամենայնիւ, եկաւ ժամանակ մը, երբ դուք շարունակ կը դիմէիք Անոր, բայց ոչ մէկ պատասխան կը ստանայիք։ Կը թուար՝ Ան լիովին անհետացած է ձեր կեանքէն։ Թերեւս հիմա այդպիսի վիճակի մէջ էք եւ կ’ուզէք գոչել այդ լռութեան մէջ՝ տալով նոյն հարցումը, որ ես կու տայի. «Աստուա՛ծ, ո՞ւր ես»։ Ես անապատի մէջ էի, բայց չէի գիտեր այդ մասին։ Կ’ապրէի Թեքսաս նահանգի Տալլաս քաղաքին մէջ եւ կը համարէի զիս Յիսուսի բարի հետեւորդ, որուն մասին Աստուած մոռցած էր։ Կարճ ժամանակ էր, որ քրիստոնեայ դարձած էի, եւ կը կարծեմ՝ ատիկա իմ առաջին իրական անապատային փորձառութիւնն էր։ Մինչ այդ բաւական էր կանչել, եւ Տէրը անմիջապէս կը պատասխանէր։ Ես կը յիշեմ, որ Ան արագօրէն կը պատասխանէր նոյնիսկ իմ ամենաանհեթեթ խնդրանքներուն։ Անոր ներկայութիւնը այնքա՜ն մօտ էր, այնքա՜ն ակնյայտ էր, եւ այնքա՜ն ուժգին էր։ Այնպէս որ, ես չէի հասկնար, թէ ինչ կը կատարուէր։ Ամէն օր ծնկաչոք կը հարցնէի Անոր. «Աստուա՛ծ, ի՞նչ կը կատարուի։ Դուն կարծես միլիոնաւոր քիլոմեթրերով հեռու ըլլաս ինձմէ»։ Ես շարունակ կը վերանայէի իմ կեանքը՝ հարցնելով. «Ի՞նչ սարսափելի մեղք գործած եմ»։ Անշուշտ, ինչպէս եւ իւրաքանչիւրը այս աշխարհին մէջ, ես ժամանակ առ ժամանակ կը սայթաքէի եւ կը մեղանչէի, բայց նոյնպէս արագօրէն կ’ապաշխարէի՝ խնդրելով Յիսուսին ներումը։ Որքանով որ ես գիտէի, իմ կեանքին մէջ չկար շարունակական եւ միտումնաւոր մեղք։ Ամէն օր այդ չորութեան ընթացքին ես կը հարցնէի. «Աստուա՛ծ, ինչո՞ւ Դուն այլեւս չես խօսիր հետս»։ Հազիւ թէ կարելի ըլլար համեմատել անձս Աստուածաշունչի մեծագոյն հերոսներէն մէկուն՝ Յոբին հետ, բայց իմ արձագանգը մասամբ նման էր անոր արձագանգին։ Յոբին խօսքերը, որոնք ժամանակ մը օտար կը թուային ինծի, այժմ հասկնալի կը դառնային։ Այդ գիրքի խօսքերէն քանի մը հատը շատ դիպուկ կը նկարագրէին անապատին մէջ լքուած (ձգուած) ըլլալու զգացումը, որ ես ունէի։
«Ահա կ’երթամ դէպի արեւելք, եւ Ան չկայ, եւ դէպի արեւմուտք, եւ Զինք չեմ նշմարեր։ Դէպի հիւսիս կ’երթամ, ուր Ինք կը գործէ, եւ չեմ իմանար. հարաւայ
Ես շարունակ կ’աղօթէի, բայց կը թուար՝ երկինքը պղինձի պէս ամուր էր։ Այդ ժամանակ Տէրը ցոյց տուաւ ինծի, որ քրիստոնէական կեանքին մէջ կան զուգահեռներ երեխայի աճին հետ։ Ես հոգեւոր մանուկ էի, բայց այժմ անցում կը կատարէի դէպի նոր փուլ։ Այդ ընթացքին ես ատիկա բնական օրինակով կը տեսնէի։ Էտիսընը մօտաւորապէս տասնութ ամսական էր։ Լիզան հրաշալի մայր էր, եւ երբ Էտիսընը կու լար, ան անմիջապէս կը մօտենար ու կը խնամէր զինք։ Ան մէկ ակնթարթի մէջ կը յայտնուէր մօր գիրկը եւ կը կերակրուէր՝ ստանալով սնուցում եւ մխիթարութիւն։ Բայց Էտիսընը, ինչպէս եւ ամէն երեխայ, պէտք է մեծնար եւ, ի վերջոյ, հասնէր հասունութեան։ Եկաւ ժամանակը, երբ մեր բոլոր որդիները (մենք չորս որդի ունինք) պէտք է ինքնուրոյն սնունդ առնէին։ Աստուա՜ծ իմ, ինչպիսի՜ խառնաշփոթ կը սկսէր այդ ժամանակ։ Ես գիտեմ, որ կը հասկնաք զիս։ Երբ անոնք կը փորձէին ինքնուրոյն ուտել, կերակուրին կէսը կը թափէր կերակրման աթոռին եւ յատակին վրայ։ Երեխաները այնքա՜ն կը յուսահատին, որ առաջուան պէս չէք կերակրեր զանոնք, բայց դուք կը դադրիք զանոնք կերակրելէ, քանի որ դուք պատասխանատու մայր կամ հայր էք։ Երբ մեր որդիները ուտելիքը իրենց շուրջը կը թափէին, մենք կ’ուզէինք անմիջապէս մօտենալ եւ կերակրել զանոնք, բայց գիտէինք, որ ատիկա պիտի խանգարէր անոնց զարգացումը։ Մենք թոյլ կու տայինք մեր որդիներուն մեծնալ։ Ոչ մէկ պարագային կ’ուզէինք դգալով կերակրել անոնցմէ ոեւէ մէկը մինչեւ տասնութ տարեկան։ Երբ նորածինները մեծնան, անոնց խնամքի ձեւը կը փոխուի՝ անոնց աճը եւ զարգացումը խրախուսելու համար։ Աստուած կը վարուի մեզի հետ նման կերպով, որպէսզի մենք հոգեւորապէս զարգանանք եւ հասուննանք։ Վերստին ծնած եւ Սուրբ Հոգիով լեցուած ժամանակ Ան կը պատասխանէ ամէն անգամ, երբ կը կանչենք Զինք։ Բայց որոշ ժամանակ յետոյ (եւ յոյսով եմ՝ մենք կը մեծնանք միայն կաթին կարօտ ըլլալու վիճակէն, Եբր. 5.12), Աստուած թոյլ կու տայ մեզի անցնիլ այնպիսի փուլերով, որոնց մէջ Ան անմիջապէս չի պատասխաներ մեր ամէն կանչին։ Պատճառը այն է, որ Ան կ’ուզէ օգնել մեզի աճիլ եւ հասուննալ։ Երբ Տէրը օգնեց ինծի հասկնալ, որ հոգեւոր հասունութեան ընթացքը նման է այն ընթացքին, որ իւրաքանչիւրը պէտք է անցնի՝ մանկութենէն մինչեւ չափահաս տարիքը, ես սկսայ աւելի շատ մտածել այդ մասին եւ հարցուցի ինծի. «Արդեօք ես կը սխա՞լ էի։ Հնարաւո՞ր է՝ այն, ինչով որ ես կ’անցնիմ, պատիժ չէ Տիրոջմէն։ Կարելի՞ է, որ ես տարուած եմ անապատ, որ ինչ որ բան մը սորվիմ, որ աճ ունենամ, որուն շնորհիւ ես աւելի արդիւնաւէտ կերպով պիտի հետեւիմ եւ պիտի ծառայեմ Յիսուսին»։ Այդ ժամանակ ես յիշեցի, որ նոյնը տեղի ունեցաւ Յիսուսին հետ։ Գրեթէ անմիջապէս այն բանէն յետոյ, երբ Յովհաննէսը մկրտեց Զինք, եւ Անոր Հայրը գովեց Զինք, Սուրբ Հոգին անապատ տարաւ Յիսուսը։ Յիսուսը կշտամբանք չէր ստանար եւ, անկասկած, ոչ մէկ մեղք գործած էր։ Այնպէս որ, այն ընթացքին, երբ լեցուած էի բարկութեամբ եւ ինքնախղճահարութեամբ, ես, ի վերջոյ, մտածեցի. «Հնարաւո՞ր է, որ անապատը այնքան ալ սարսափելի չէ, որքան ես սարսափելի կը դարձնեմ»։