Դուք կրնաք ընթերցել այս գիրքը սկիզբէն մինչեւ վերջ` ինչպէս եւ որեւէ այլ գիրք: Այնուամենայնիւ, անոնց համար, որոնք կը ցանկան օգտագործել այս գիրքը անհատական կամ խմբային ուսուցման համար, այն մասնատուած է վեց բաժիններու, որոնց կը հետեւին հարցումներ` քննարկման համար։ Այս դասընթացքը նախատեսուած է վեցշաբաթեայ ուսուցման համար, բայց դուք ազատօրէն կրնաք յարմարցնել այն ձեր առօրեային: Իւրաքանչիւր բաժին կը պարունակէ հետեւեալ գլուխները.
Բաժին Մէկ Գլուխներ 1–3
Բաժին Երկու Գլուխներ 4–5
Բաժին Երեք Գլուխներ 6–7
Բաժին Չորս Գլուխներ 8–10
Բաժին Հինգ Գլուխներ 11–12
Բաժին Վեց Գլուխներ 13–14
Եթէ դուք կ’ընթերցէք այս գիրքը « Յաւիտենութեամբ շարժողները» դասընթացքի շրջանակներուն մէջ, մենք կ’առաջարկենք ձեզի, որ ձեր փոքրիկ խումբին մէջ դիտէք կամ ունկնդրէք ամէն շաբթուայ ուսումնական տեսանիւթը եւ պատասխանէք իւրաքանչիւր բաժնի համար նախատեսուած քննարկման հարցումներուն: Խնդրեցէ՛ք ձեր խումբի բոլոր անդամներէն ընթերցել գիրքի համապատասխան գլուխները` մինչեւ ձեր յաջորդ հաւաքոյթը: Իւրաքանչիւր շաբթուան համար նախատեսուած է մէկական ուսումնական տեսանիւթ:
« Յաւիտենութեամբ շարժողները» գիրքի ուսուցումը առաւել պատկերաւոր դարձնելու համար Ճոնը ներառած է հետաքրքրական եւ առականման պատմութիւն մը Աֆապէլի թագաւորութեան մասին, որուն մէջ կ’իշխէ ակնառու Ճէյլըն թագաւորը, իսկ անոր հպատակները կը նմանին մեզի եւ մեզ շրջապատող մարդոց։ Այն տպաւորիչ կերպով կը պատկերէ « Յաւիտենութեամբ շարժողները» գիրքի ուղերձը։ Այս պատմութեան հերոսները, որոնք թէեւ յօրինուած են, բայց իրական մարդոց կը նմանին, պիտի օգնեն ձեզի` ընթերցողին, աւելի լաւ ճանչնալու եւ հասկնալու Աստուծոյ Թագաւորութեան գաղտնիքներն ու խորհուրդները։
Դուք կրնաք գտնել Աֆապէլի պատմութիւնը այս գիրքի 2,3,8 գլուխներուն մէջ։ Ատոնք նշուած են հետեւեալ նշանով ( ) բովանդակութեան մէջ։ Բացի այդ` այս պատմութեան հիման վրայ պատրաստուած է շատ ազդեցիկ ներկայացում` Աֆապէլ Լսաթատրոնը, որ հասանելի է Ճոն Պիվիրի «CloudLibrary.org» կայքին մէջ։ Այս ամէնը ձե՛զի համար է:
Նախաբան
Պիտի գայ այն օրը, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի կանգնի Աստուծոյ առջեւ։ Հարցը անիկա է, թէ արդեօ՞ք մենք պատրաստ պիտի ըլլանք։ Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ. «Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, ամէն ջանք ըրէ՛ք, որ համոզուած ըլլաք ձեր կոչման եւ ընտրութեան մէջ» (Բ. Պետրոս 1.10, NET)։ Պատահա՞ծ է ձեր հետ, որ համոզուած ըլլաք ինչ որ բանի մը մէջ, իսկ յետոյ պարզուի, որ սխալած էիք։ Ատիկա տհաճ բան է։ Ինչպէս եւ տղամարդոց մեծ մասը, ես յաճախ համոզուած կ’ըլլամ, որ ճիշդ ճամբան ընտրած եմ, ցուցմունքները, ընթացակարգը, բանաձեւը կամ մեթոտները։ Այնուամենայնիւ, կը պատահի, որ կը յայտնուիմ սխալ վայրի մէջ կամ ստիպուած կ’ըլլամ կրկին սկսելու իմ նախագիծը, հաւաքակցումը կամ բանաձեւը, այս անգամ` պատշաճ կերպով հետեւելով ցուցմունքներուն։ Եւ ատիկա ամէն անգամ հիասթափութիւն կը յառաջացնէ։ Ես պարապ տեղ վատնեցի ինքնաշարժիս վառելիքը, իմ ժամանակը, միջոցները եւ դրամը։ Ես համոզուած էի, որ գիտէի ճիշդը, բայց, փաստօրէն, չէի գիտեր։ Ես չեմ ուզեր կրկնել նոյն սխալը յաւիտենութեան հարցին մէջ։ Բոլոր գիրքերէն, որոնք ես գրած եմ, « Յաւիտենութեամբ շարժողները» գիրքը ամենամեծ ազդեցութիւնը ձգած է կեանքիս մէջ։ Առաջին անգամ այն լոյս տեսաւ մէկ տասնամեակ առաջ, եւ ատկէ յետոյ իմ խումբը եւ ես անթիւ վկայութիւններ ստացանք փոխուած կեանքերու մասին։ Այս գիրքը վերամշակելը եւ թարմացնելը դիւրին առաջադրանք չէր. այնուամենայնիւ, երբ մենք կը քննարկէինք գիրքի վերահրատարակութիւնը, ես գիտէի, որ մենք պէտք է ընենք ատիկա։ Ուժգին զգացում ունէի, որ այս էջերուն մէջ զետեղուած ուղերձը ե՛ւ հրատապ է, ե՛ւ խիստ կարեւոր։ Մեր` Աւետարանի տնտեսներու մեծագոյն կոչումն է` շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ մարդիկ պատրաստել յաւիտենութեան համար։ Ես կ’ուզեմ, որ դուք յաւիտենական վստահութիւն ունենաք։ Գոյութիւն ունի սթափեցնող ճշմարտութիւն մը. երբ մենք կենանք մեր Արարիչին առջեւ, շատ ուշ պիտի ըլլայ ամէն ինչ կրկին սկսելու համար։ Յոյսով եմ եւ կ’աղօթեմ, որ երբ ընթերցէք եւ վերընթերցէք այս ուղերձը, Սուրբ Հոգին պիտի օգտագործէ այն, որպէսզի օգնէ ձեզի լիարժէք կերպով իրագործելու ձեր յաւիտենական ներուժը, եւ յաւիտեան պիտի փոխէ ձեզ Իր շնորհքով ու ողորմութեամբ։ Անկեղծութեամբ` Ճոն Պիվիր, Մայիս, 2017թ
Ներածություն
Ի՞նչ առանձնայատուկ բան կայ «յաւիտենութիւն» բառին մէջ, որ կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, եւ նոյնիսկ կրնայ ազդեցութիւն ձգել ամբողջ պետութեան մը վրայ։ Կայ պատմութիւն մը Արթիւր Սթէյսի մասին։ Ան ծնած է Աւստրալիոյ մէջ, քսաներորդ դարի սկիզբը, եւ անոր կեանքը լեցուն էր անյուսութեամբ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի եւ Մեծ Ընկճուածութեան միջեւ ինկած ժամանակահատուածին մէջ ան անտուն թափառական մըն էր, որ միշտ կը գինովնար եւ պզտիկ գողութիւններ կ’ընէր։ 1930 թուականի Օգոստոս 6-ին հանդիպեցաւ Յիսուսին, եւ անոր կեանքը առանց ետդարձի փոխուեցաւ։ Կարճ ժամանակ յետոյ ան լսեց իր հովիւին աղաղակը. «Երանի՜ ես կարենայի գոչել «յաւիտենութիւն» բառը Սիտնի քաղաքի բոլոր փողոցներուն մէջ»։ Եւ ան այդ աղաղակը տարածելու եւ իրագործելու մղում զգաց։ Արթիւրը ամէն օր շատ կանուխ կ’արթննար։ Ան մէկ ժամ կ’աղօթէր, իսկ յետոյ դուրս կ’ելլէր տունէն` ժամը 05։00–05։30-ին, որպէսզի երթար հոն, ուր որ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը զգար: Ժամեր շարունակ Սիտնի քաղաքի փողոցներու մայթերուն վրայ ան «յաւիտենութիւն» բառը կը գրէր, մօտաւորապէս իւրաքանչիւր 30 մեթրի վրայ։ Աւելի քան քսան տարի անոր գործը հանելուկ մնաց բոլորին համար. ո՞վ կը գրէր այդ բառը, որ կը դրդէր հազարաւոր մարդոց կենալու եւ խորհելու իր` թէ՛ անմիջական, թէ՛ երկարաժամկէտ նշանակութեան մասին։ Արդեօ՞ք այս անյայտ մարդը հասկցած էր այս բառին ազդեցութիւնը եւ դերը։ Այս հանելուկը լուծուեցաւ միայն 1956 թուականին։ Արթիւրին մահէն երկու տարի յետոյ` 1967 թուականին, սիտնեցի բանաստեղծ Տակլաս Սթիուարթը հրատարակեց այս տողերը` անմահացնելով փողոցային որմնանկարիչ-քարոզիչի գրած միակ բառը.
Բանաստեղծ Արթիւր Սթէյսը` երկչոտ, խորհրդաւոր, Որուն գործը մէկ զօրաւոր բառ էր միայն, Անցաւ ժամանակի եւ տարածութեան խորքերով, Ուր հնչեց իր բառը, եւ ան լսեց այն. «ՅԱՒԻՏԵՆՈՒԹԻՒՆ, ՅԱՒԻՏԵՆՈՒԹԻՒՆ»` զանգի մը նման, Քաղցր ղօղանջող` երկինքէն, մռայլ` դժոխքէն։
Այս մէկ բառէն բաղկացած քարոզը հպեցաւ ամբողջ Աւստրալիային։ Արթիւրին ուղերձը պահպանուեցաւ սերունդներու համար` ճարտարապետ Ռիտլի Սմիթի կողմէն, որ փորագրեց այն պղինձէ տախտակի վրայ, եւ անոր աշխատանքը տեղադրուեցաւ Սիտնիի հրապարակին մէջ։ Հետագային այն ցուցադրուեցաւ աւելի քան չորս միլիառ հեռուստադիտողի։ Առաջին անգամ ատիկա տեղի ունեցաւ Սիտնիի ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ժամանակ: Երկրորդ անգամ այն, զարդարուած Սիտնիի Հարպըր Պրիճ կամուրջի հրավառութեան լոյսերով, երեւեցաւ հեռուստադիտողին նոր հազարամեակի նախօրէին։ Յաւիտենութիւնը կը գրաւէ մարդոց ուշադրութիւնը։ Ոչ մէկ ռասա, ցեղ եւ սեռ կրնար հակառակիլ ատոր ձգողութեան։ Յաւիտենութիւնը մեր սրտին մէջ գոյութիւն ունի արարչութենէն ի վեր, եւ մենք կը զգանք, որ այն մեր գոյութեան ներյատուկ, թէեւ` անյայտ չափումն է։ Այդ իսկ պատճառով, մենք իմաստութեամբ պիտի վարուինք, եթէ աւելի խորապէս ուսումնասիրենք այն ամէնը, ինչ որ մեր Արարիչը կ’ըսէ յաւիտենութեան մասին։ Ի վերջոյ, Անոր Խօսքը կը պնդէ. « Յաւիտենից յաւիտեան Ես Աստուած եմ։ Ոչ ոք կրնայ հակառակիլ այն բանին, ինչ որ Ես կ’ընեմ» (Եսայեայ 43.13, TLB). Դուք ընտրած էք այս գիրքը յատուկ այս պատճառով, եւ ես կը հաւատամ, որ դուք իմաստուն որոշում կայացուցած էք։ Աղօթենք` մինչ սկսիլը։ Ես բարձրաձայն աղօթած եմ այս աղօթքը իմ աշխատասենեակին մէջ` ակնկալելով, որ հիմա դուք նոյն աղօթքը պիտի աղօթէք հետս.
« Յաւիտենակա՛ն Աստուած, ամէն ինչի Արարիչ եւ տիեզերքի Տէր, ես կու գամ առջեւդ Քու Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Ես կը խնդրեմ` համաձայնելով Քու ծառայիդ` Ճոն Պիվիրին հետ, որ այսօր Դուն օծես իմ աչքերը` տեսնելու համար, եւ իմ ականջները` լսելու համար, որ տաս ինծի այնպիսի սիրտ մը, որ կ’ընկալէ եւ կը հասկնայ այն ամէնը, ինչ որ Դուն կ’ըսես այս ուղերձին միջոցով։ Ես կը գիտակցիմ, որ Սուրբ Հոգիին օգնութեան կարիքը ունիմ, որպէսզի ճանչնամ Քու կամքն ու ճամբաները ինծի համար։ Ես կը ցանկամ հաճեցնել Քեզ իմ կեանքի բոլոր օրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` ամբողջ յաւիտենութեան ընթացքին մէջ։ Ցո՛յց տուր ոչ միայն Քու ճանապարհները, այլեւ` Քու սիրտը, որպէսզի ես ճանչնամ Քեզ, որովհետեւ ասիկա է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնամ Քեզ` իմ Երկնային Հայրը։ Շնորհակալութիւն Քու զարմանալի հաւատարմութեան, շնորհքին եւ ողորմութեան համար»։
Եկէ՛ք սկսինք` գիտակցելով, որ Սուրբ Հոգին պիտի տայ ձեզի այնպիսի խորաթափանցութիւն եւ հասկացողութիւն, որ դուք առանձին անկարելի է ստանաք։ Ասիկա այնքա՜ն ոգեշնչող է։
ԳԼՈՒԽ 1
ՅԱՒԻՏԵՆՈՒԹԻՒՆ
« Սորվեցո՛ւր մեզի առաւելագոյնս օգտագործել մեր ժամանակը... եւ մեր ջանքերը արդիւնաւէ՛տ դարձուր։ Ա՛յո, մեր ջանքերը արդիւնաւէ՛տ դարձուր»։ — Սաղմոս 90.12,17, NLT
Գրեթէ բոլորը կը ցանկան նշանակալի կեանք ունենալ։ Ասիկա ճիշդ եւ աստուածահաճոյ ձգտում է։ Մովսէսը ճիշդ ասիկա կը խնդրէր վերոյիշեալ հատուածին մէջ։ Ան սկսաւ` իմաստութիւն խնդրելով, որպէսզի առաւելագոյնս օգտագործէր իր ժամանակը։ Շատ բաներ, որոնք կորսուած են մեր կեանքին մէջ, կարելի է վերականգնել, բայց անհնար է վերադարձնել սխալ կերպով սպառած ժամանակը։ Արեւը մայր մտնելուն պէս` օրը առանց վերադառնալու կը հեռանայ։ Մովսէսը աւարտեց իր աղօթքը` խնդրելով. « Մեր ջանքերը արդիւնաւէ՛տ դարձուր»։ Այս խնդրանքը նոյնութեամբ կը կրկնուի, եւ պատճառը այն չէ, որ Մովսէսը լաւ չէր տիրապետեր քերականութեան կամ վատ յիշողութիւն ունէր։ Կրկնութիւնը` շեշտադրման ձեւերէն մէկն է. ասիկա հնար մըն է, որ կ’օգտագործուէր հին եբրայերէն գրաւոր խօսքին մէջ։ Այսօր, երբ մենք կը ցանկանք շեշտադրել որեւէ բառ կամ արտայայտութիւն, կրնանք օգտուիլ քանի մը հնարներէն։ Մենք կրնանք գրել այդ բառը կամ արտայայտութիւնը թաւատառերով (հաստ տառերով) կամ շեղագիրով, ընդգծել այն, ամբողջովին գրել գլխատառերով, շեշտ կամ բացականչական նշան դնել։ Այս ամէնուն նպատակն է` ուղղել ընթերցողի ուշադրութիւնը շատ կարեւոր մտքերու վրայ։ Հրեայ գրողները կրկնակի կը գրէին որեւէ բառ կամ արտայայտութիւն` այն շեշտադրելու համար։ Անոնք ընդհանրապէս հակուած չէին չափազանցութիւններ ընելու, այլ մեծ զգուշութեամբ կ’ընտրէին իրենց խօսքերը։ Այն, որ Մովսէսի խօսքերը կը կրկնուին Աստուածաշունչին մէջ, ցոյց կու տայ, որ յաջողութիւնը ոչ միայն Աստուծոյ կամքն է մեզի համար, այլեւ` որ Ան ի սրտէ կը ցանկայ ատիկա։ Նոյն Ինքը` Տէրը շեշտադրած է այս արտայայտութիւնը: Մենք ստեղծուած ենք յաջողութիւններու համար։ Աստուած կ’ուզէ, որ մեր կեանքը նշանակալի ըլլայ։ Ասիկա, նախ եւ առաջ, եղած է Աստուծոյ ցանկութիւնը, եւ ոչ թէ մերը։ Ան յայտնած է Իր ցանկութիւնը Աստուածաշունչին միջոցով։ Առիթ տուէ՛ք ընդամէնը երկու օրինակ բերել։ Առաջինը` « Քու Տէր Աստուածդ յաջողակ պիտի դարձնէ քեզ` քու բոլոր գործերուն մէջ» (Երկրորդ Օրինաց 30.9, NLT)։ Ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք, որ գրուած է «բոլոր», ոչ թէ «որոշ» գործերու մէջ։ Ուրիշ հատուածի մը մէջ գրուած է. «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ու ցերեկ անոր վրայ մտածէ, որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. Քանզի այն ատեն Քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես» ( Յեսուայ 1.8)։ Անհրաժեշտ է աստուածային իմաստութիւն` յաջողութիւնը վայելելու համար։ Աստուածաշունչը կը պնդէ. «Ան, որ իմաստութիւն կը սիրէ, իր շահը կը սիրէ, եւ յաջողակ կ’ըլլայ» (Առակաց 19.8, TLB)։ Իմաստութիւնը կու տայ մեզի անհրաժեշտ գիտելիք եւ կարողութիւն` յարմար ժամանակին ճիշդ ընտրութիւններ կատարելու համար։ Իմաստութիւնը պարզապէս խելամիտ մարդոց յատուկ յատկանիշ մը չէ. այն կը պատկանի անոնց, որոնք Տիրոջ երկիւղը ունին եւ Քրիստոսի մէջ են։ Եթէ դուք կը ձգտիք յաւիտենական նշանակութիւն ունեցող կեանք մը կառուցել, պէտք է ընէք ատիկա աստուածային իմաստութեամբ, եւ այս ուղերձը յատուկ ատոր մասին է։ Իմաստութենէն կը ծնի յաջողութիւնը, որ իր կարգին յարատեւ բաւականութիւն եւ վարձատրութիւններ կը բերէ. «Եթէ դուն իմաստուն ես, քու իմաստութիւնը պիտի վարձատրէ քեզ» (Առակաց 9.12, NIV)։ Տէրը ոչ միայն կ’ուզէ, որ դուք իմաստուն ըլլաք, այլեւ կը փափաքի վարձատրել ձեզ ատոր համար։ Ուրիշ խօսքի մը մէջ գրուած է. « Տէրը օրէօր կը տեսնէ աստուածապաշտ մարդոց բարի գործերը եւ յաւիտենական վարձատրութիւններ կու տայ անոնց» ( Սաղմոս 37.18, TLB)։ Այն, որ Աստուած կ’ուզէ մեր յաջողութիւնը, վերջին տարիներուն շեշտադրուած է եկեղեցւոյ բաւականին մեծ հատուածին մէջ, եւ ատիկա ճիշդ է։ Այնուամենայնիւ, յաճախ յաջողութիւնը կ’ընկալուի` ըստ հասարակութեան բնորոշումին, եւ ոչ թէ` Աստուծոյ կարծիքին։ Այն կը դիտարկուի ժամանակաւոր, ոչ թէ յաւիտենական տեսանկիւնէն։ Վերջաւորութեան մեր տեսիլքը եւ պատկերացումները անորոշ կը դառնան, եւ մենք կը սկսինք սխալ բաներու ձգտիլ: Օր մը բոլորս պիտի կենանք տիեզերքի Դատաւորին` Յիսուս Քրիստոսին առջեւ։ Եթէ մենք ապրած ենք աստուածային իմաստութեամբ եւ պտղաբեր եղած ենք, մենք յաւիտենական վարձատրութիւն պիտի ստանանք։ Եթէ շեղած ենք մեր ընթացքէն, մենք կա՛մ պիտի պատժուինք, կա՛մ յաւիտենական կորուստ պիտի կրենք։ Այնպէս որ, դուք իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլաք, եթէ քանի մը ժամ տրամադրէք Աստուծոյ չափանիշներուն մասին գիտնալու համար։ Այս գիրքին մէջ պիտի խօսինք այն մասին, թէ ինչպէս ձեր կեանքը նշանակալի կրնաք դարձնել ոչ միայն այսօր, այլեւ ամբողջ յաւիտենութեան ընթացքին։ Աստուածաշունչը պարզօրէն կը խօսի ասոր մասին։ Եթէ մենք պէտք է յաւիտենական հեռանկար ունենանք, ուրեմն նախ պէտք է հասկնանք, թէ ինչ է յաւիտենութիւնը։