Սատանայի խայծը

(0)
  • Գին: Անվճար
  • Հեղինակ: Ջոն Բիվեր
  • Formats available: pdf
  • Դիտում

ՆԱԽԱԲԱՆ

 

Գիրքը, որ հիմա ձեր ձեռքն է, շատ հնարաւոր է, որ ձեզի համար դառնայ առճակատում այն ճշմարտութեան հետ, որուն դուք բախած էք կամ կը բախիք ձեր կեանքի ընթացքին: Ասիկա կրնամ վստահութեամբ ըսել ոչ թէ այն պատճառով, որ ես գրած եմ այն, այլ անոր մէջ շօշափուող թեմային պատճառով: Վիրաւորանքի թեման, որ «Սատանայի խայծը» գիրքի հիմնական մասն է, յաճախ ամենադժուար խոչընդոտն է, որուն մարդը անպայման կը հանդիպի, եւ որ պէտք է յաղթահարել: Յիսուսի աշակերտները ականատես եղան շատ հզօր եւ յիշարժան հրաշքներու. կոյրին աչքերը բացուեցան, եւ մեռածները յարութիւն առին, Յիսուսը հրամայեց կեանքին սպառնացող փոթորիկին, եւ այն հանդարտեցաւ: Աշակերտները տեսան, թէ ինչպէս հազարաւոր մարդիկ կշտացան քանի մը հացով եւ ձուկով: Յիսուսի գործած հրաշքներն ու զարմանալի գործերը այնքան անսպառ էին, որ, համաձայն Աստուածաշունչին, աշխարհի գիրքերը ամբողջութեամբ չէին կրնար բովանդակել ատոնք: Նախկինին մարդ արարածը երբեք Աստուծոյ այդքան իրական եւ անթիւ հրաշագործութիւնները չէր տեսած: Աշակերտները ապշած եւ երկիւղած էին: Կասկածի պատճառը հրաշքները չէին: Ո՛չ, կասկածի այդ մարտահրաւէրը պիտի գար աւելի ուշ՝ Յիսուսի երկրային ծառայութեան աւարտի ժամանակ: Յիսուսը Իր աշակերտներուն սորվեցուցած էր. «Եթէ քու եղբայրը քեզի դէմ մեղանչէ… եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթը անգամ քեզի դառնայ ու ըսէ՝ կ’ապաշխարեմ, ներէ՛ անոր»: Աշակերտները անմիջապէս արձագանգեցին Յիսուսին՝ ըսելով. «Մեր հաւատքը աւելցո՛ւր» (Ղուկ. 17.3-5): Հրաշքները անոր համար չէին, որ մարդիկ ձգտէին աւելի մեծ հաւատքի՝ մեռելներուն յարութիւն տալու կամ ծովը հանդարտեցնելու համար, այլ անոր համար, որ մարդիկ ներէին իրենց վիրաւորողներուն: Յիսուսը ըսաւ. «Անկարելի է, որ գայթակղութիւններ (անգլերէնի մէջ՝ վիրաւորանքներ) չի գան» (Ղուկ. 17.1): Հոս խօսքը վիրաւորուած ըլլալու հնարաւորութեան ըլլալ-­չըլլալու մասին չէ, այլ այն մասին, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ քու պատասխանը այդ վիրաւորանքներուն: Ցաւալի փաստ է, որ ոչ թէ ոմանք, այլ շատերը վիրաւորուած են եւ վիրաւորանքի գերի եղած: Արդէն տասը տարի է, ինչ այս գիրքը կեանքի կոչուած է: Այդ ժամանակահատուածին մէջ մենք ստացած ենք բազմաթիւ նամակներ ու վկայութիւններ անհատ մարդոց կեանքէն, ընտանիքներէն ու ծառայողներէն, որոնք բժշկուած եւ փոխուած են այս գիրքին մէջ տեղ գտած Աստուծոյ Խօսքի ճշմարտութիւններէն: Ձեզ քաջալերելու համար մենք որոշ օրինակներ ներառած ենք այս գիրքին մէջ: Այդ բոլորին համար մենք կ’ուրախանանք եւ ողջ փառքը Աստուծոյ կու տանք: Առաջնորդ մը կը վկայէր. «Մեր եկեղեցին պառակտման եզրին էր: Վիճակը անյոյս էր: Բոլոր աւագներուն տուի «Սատանայի խայծը» գիրքը: Պառակտումը կանխեցաւ, եւ այսօր մենք միաբան ենք»:էի Նեպրասքայի մէջ, քարոզէն յետոյ զոյգ մը մօտեցաւ ինծի: Կինը խոստովանեցաւ. «Տասը տարի առաջ ես վիրաւորուած էի այս եկեղեցւոյ աւագներէն: Մշտապէս պաշտպանելով անձս եւ իմ դիրքը՝ ես դարձած էի դառնացած ու կասկածամիտ: Իմ տառապանքէն կը տուժէր նաեւ իմ ամուսնութիւնը, եւ ամուսինս կը պատրաստուէր բաժնուիլ ինձմէ: Ան փրկուած չէր եւ չէր ուզեր եկեղեցւոյ հետ գործ ունենալ: Եկեղեցւոյ անդամներէն մէկը ինծի «Սատանայի խայծը» գիրքը տուաւ: Ես կարդացի եւ կարճ ժամանակ յետոյ ամբողջովին ազատագրուեցայ վիրաւորանքէն ու դառնութենէն: Երբ ամուսինս տեսաւ իմ մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, ինքնակամ իր կեանքը յանձնեց Յիսուս Քրիստոսին եւ հրաժարեցաւ ամուսնալուծուելու գործընթացէն»: Ամուսինը կեցած էր կնոջ կողքին եւ կը ժպտար: Վկայութիւններէն մէկը ցնցեց զիս: Ֆլորիտայի Նեփլզ քաղաքին մէջ, քարոզէն առաջ ծանրամարմին մը՝ միջին տարիքի տղամարդ կեցած էր ժողովուրդին առջեւ, կու լար ու կը պատմէր իր ողբերգական պատմութիւնը. «Իմ ողջ կեանքի ընթացքին ես կը զգայի, որ պատնէշ կայ իմ եւ Աստուծոյ միջեւ: Ծառայութիւններու ժամանակ մարդիկ կը զգային Աստուծոյ ներկայութիւնը, իսկ ես մեկուսացած ու թմրած էի. ոչինչ կը զգայի: Նոյնիսկ աղօթելու ժամանակ ոչ մէկ թեթեւութիւն կը զգայի: Քանի մը շաբաթ առաջ իմ ձեռքը ինկաւ «Սատանայի խայծը» գիրքը: Ես մինչեւ վերջ կարդացի այն: Հասկցայ, որ տարիներ առաջ ես կլլած էի սատանային խայծը: Ես կ’ատէի իմ մայրը, քանի որ ան լքած էր զիս, երբ ես վեց ամսական էի: Հասկցայ, որ պէտք է անոր քով երթամ եւ ներեմ իրեն: Հեռաձայնեցի մօրս եւ երեսունվեց տարիներու ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով խօսեցայ անոր հետ: Ես կու լայի եւ կ’ըսէի. «Մայրի՛կ, ես չէի կրնար ներել քեզի այն բանին համար, որ լքած էիր զիս»: Մայրս սկսաւ լալ եւ ըսաւ. «Որդի՛ս, ես երեսունվեց տարի շարունակ ատած եմ ինքզինքս՝ քեզ լքելուս համար»: Ես ներեցի մօրս, իսկ ան ալ ներեց ինքնիրեն: Այժմ մեր մէջ անհաշտութիւն չկայ: Ան շարունակեց. յետոյ այդ մարդը ըսաւ ամենակարեւորը. «Այժմ այն պատնէշը, որ թոյլ չէր տար ինծի զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը, վերացած է»: Աւարտելով իր պատմութիւնը՝ ան սկսաւ հեկեկալ: Ան կը պայքարէր այս վերջին բառերը արտաբերելու համար. «Հիմա ես Աստուծոյ ներկայութեան մէջ երեխայի պէս կու լամ»: Ինծի ծանօթ են այդ գերութեան ուժն ու իրականութիւնը. տարիներ շարունակ ես եղած եմ այդ խայծի տանջանքի գերին: Այս գիրքը տեսութիւն չէ, այն Աստուծոյ մարմին առած, ճշմարտութիւններով լեցուած Խօսքն է, ճշմարտութիւններ, որոնց միջոցով ես անձամբ անցած եմ: Ես կը հաւատամ, որ այն պիտի զօրացնէ քեզ: Երբ կարդաս, խնդրէ՛ Տիրոջմէն, որ աւելցնէ քու հաւատքը: Երբ դուն աճիս հաւատքի մէջ, Ան կը փառաւորուի, իսկ դուն կը լեցուիս ուրախութեամբ: Թո՛ղ Աստուած քեզ առատութեամբ օրհնէ: – Ճոն Պիվիր

 

 

 

ՆԵՐԱԾՈՒԹԻՒՆ

 

Եթէ ոեւէ մէկը թակարդի օգնութեամբ կենդանիներ բռնած է, ապա գիտէ, որ յաջող որս ունենալու համար երկու բանի պէտք ունի: Թակարդը լարելու ժամանակ պէտք է այն խնամքով պահել եւ յուսալ, որ կենդանին պիտի սայթաքի: Բացի այդ, այն պէտք է գրաւիչ ըլլայ, որպէսզի կենդանին թակարդի մահացու ճիրաններուն մէջ նետէ: Սատանան՝ մեր հոգիներու թշնամին, կը գործածէ այս երկու ռազմավարութիւնները, երբ կը դնէ իր խաբուսիկ եւ մահացու թակարդները: Ատոնք երկուքն ալ խնամքով պահուած են եւ խայթող: Սատանան իր թիմակիցներուն հետ բացայայտ չի գործեր, որքան ալ որ այդպէս թուայ: Ան կը գործէ աննկատ եւ կը խաբէ հրապուրելով: Ան խորաթափանց է իր գործողութիւններուն մէջ, ճարպիկ է եւ խորամանկ: Մի՛ մոռնար, որ սատանան կրնայ քո­ ղարկուիլ որպէս լոյսի հրեշտակ: Եթէ Աստուծոյ Խօսքէն չենք սորված զանազանել բարին եւ չարը, մենք չենք ճանչնար անոր թակարդները: Եթէ մենք մարզուած չենք Աստուծոյ Խօսքով չարը բարիէն զանազանելու հարցին մէջ, ապա չենք գիտնար, թէ որոնք են անոր թակարդները, ինչպիսին ալ որ ատոնք ըլլան: Սատանայի ամենախաբուսիկ եւ շատ վտանգաւոր խայծի տեսակներէն մէկը, որուն իւրաքանչիւր քրիստոնեայ բախած է, վիրաւորանքն է: Իրականութեան մէջ վիրաւորանքը ինքնին մահացու չէ, եթէ այն մնայ թակարդի մէջ: Բայց եթէ մենք փրցնենք այն, կլլենք եւ պահենք մեր սրտերուն մէջ, ատորմէ յետոյ կը դառնանք վիրաւորուած: Վիրաւորուած մարդոց սրտերը կը կոտրուին, եւ անոնք կ’ունենան բարկութեան, կատաղութեան, խանդի, զայրոյթի, կռուասիրութեան, դառնութեան, ատելութեան ու նախանձի պտուղներ: Վիրաւորուած ըլլալու հետեւանքներէն են անարգանքը, ուրիշներուն ցաւ պատճառելը, գրոհելը, բաժանումը, երկպառակութիւնը, փշրուած փոխյարաբերութիւնները, դաւաճանութիւնը, ուխտադրուժ ըլլալը, ուրանալը, անցեալով ապրիլը եւ այլն: Յաճախ անոնք, որոնք վիրաւորուած են, նոյնիսկ չեն ալ պատկերացներ, որ թակարդի մէջ են: Անոնք չեն գիտակցիր իրենց իրական վիճակը, քանի որ չափազանց կեդրոնացած են այն սխալին վրայ, որ իրենց հանդէպ գործած են: Անոնք մերժուածութեան մէջ են: Մեզ կուրցնելու համար թշնամիի ամենաարդիւնաւէտ ճանապարհը մեր ուշադրութիւնը մեր անձին վրայ կեդրոնացնելն է: Այս գիրքը կը բացայայտէ մահացու թակարդը եւ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս խուսափիլ ատոր ճիրաններէն, ինչպէս ազատիլ թակարդի բռնակէն ու ազատ մնալ ծուղակէն: Վիրաւորանքէն ազատ ըլլալը քրիստոնեայի համար կարեւոր է, քանի որ Յիսուսը ըսաւ, որ այս կեանքին մէջ անհնար է ապրիլ եւ վիրաւորուած ըլլալու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունենալ (Ղուկ. 17.1): Ուր որ ալ քարոզած եմ այս ուղերձը, ըլլայ ատիկա Ամերիկայի, թէ այլ երկիրներու եկեղեցիներուն մէջ, մարդոց մեծ մասը արձագանգած է ազատագրման կոչին: Չնայած որ ասիկա մեծ արձագանգ է, բայց տակաւին բոլորին կողմէն չէ: Հպարտութիւնը որոշ մարդոց ետ կը պահէ այս կոչին արձագանգելէն: Ես տեսած եմ, թէ ինչպէս մարդիկ բժշկուած են, ազատագրուած են, լեցուած են Սուրբ Հոգիով եւ ստացած են իրենց աղօթքներու պատասխանները, երբ ազատած են թակարդէն: Սովորաբար անոնք կը վկայեն, որ այն, ինչ որ փնտռած են տարիներ շարունակ, ստացած են ազատագրուելէն յետոյ: Քսաներորդ դարու վերջաւորութեան Աստուածային գիտութիւնը ակնյայտօրէն նկատելի է եկեղեցիին մէջ: Չնայած այս աճին՝ կը պարզուի, որ մենք հաւատացեալներու, աւագներու ու եկեղեցիներու մէջ աւելի յաճախ բաժանումներու ականատես կ’ըլլանք: Պատճառը մէկն է՝ վիրաւորանքը, որ արագօրէն կ’աճի անկեղծ սիրոյ պակասէն: «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը կը շինէ» (Ա. Կորնթ. 8.1): Այնքան շատ մարդիկ ինկած են այս խաբուսիկ թակարդին մէջ, որ մենք արդէն կը սկսինք համոզուիլ, որ ատիկա սովորական ապրելաոճ է: Այնուամենայնիւ, մինչեւ Քրիստոսի վերադարձը, անկախ իրենց անցեալէն, ճշմարիտ հաւատացեալները միաբանած կ’ըլլան: Ես կը հաւատամ, որ այսօր բազմաթիւ մարդիկ կ’ազատագրուին վիրաւորանքի այս թակարդէն: Այդ ազատագրումն ալ կ’ըլլայ այս ազգը սրբացնող արթնութեան գլխաւոր օղակներէն մէկը: Անհաւատները Յիսուսը կը տեսնեն իրար նկատմամբ ունեցած մեր սիրոյ միջոցով, որուն բացակայութեան պատճառով ալ անոնք մինչեւ հիմա չեն տեսած Յիսուսը: Նախկինին անոնց աչքերը փակ էին Յիսուսին համար: Ես չեմ կարծեր, որ գիրքը կը գրեն պարզապէս գրելու համար: Աստուած սրտիս մէջ բոցավառած էր այս ուղերձը, եւ ես տեսայ ատոր մնայուն պտուղները: Ծառայութենէ մը յետոյ, ուր այս ուղերձը կը քարոզէի, հովիւ մը ըսաւ ինծի. «Ես երբեք չեմ տեսած, որ մէկ անգամէն այդքան շատ մարդիկ ազատագրուին»: Աստուած խօսած էր իմ սրտին, որ ասիկա դեռ միայն սկիզբն է: Շատերը, երբ կարդան այս գիրքը ու հնազանդին Հոգիի ուղղումներուն, կ’ազատագրուին, կը բժշկուին եւ կը վերականգնուին: Ես կը հաւատամ, որ երբ կարդաս այս գիրքի խօսքերը, Ուսուցիչն ու Խորհրդատուն ատոնք կիրառելի կը դարձնէ անձամբ քեզի համար: Երբ Ան գործէ, այդ բացայայտուած խօսքը քու կեանքին մէջ եւ ծառայութեան մէջ մեծ ազատութիւն կը բերէ: Մինչեւ գիրքը կարդալը եկո՛ւր միասին աղօթենք.

«Հա՛յր, Յիսուսի անունով կը խնդրեմ Քեզի, որ այս գիրքը կարդալու ժամանակ Քու Հոգիով բացայայտես ինծի Քու Խօսքը: Ցո՛յց տուր սրտիս ծածուկ տեղերը, որոնք խոչընդոտ հանդիսացած են՝ ետ պահելով զիս Քեզ ճանչնալէն եւ անմնացորդ ծառայելէն: Ես ուրախութեամբ կ’ընդունիմ Սուրբ Հոգիի յանդիմանութիւնը եւ կը խնդրեմ Քու շնորհքը՝ Քու կամքը կատարելու համար: Թո՛յլ տուր ինծի Քեզ աւելի մօտէն ճանչնալ եւ այս գիրքը կարդալու ժամանակ լսել Քու ձայնը»:

 

 

 

1

ԶԻՍ ՎԻՐԱՒՈՐԱ՞Ծ ԵՆ

 

«Անկարելի է, որ գայթակղութիւններ (անգլերէնի մէջ՝ վիրաւորանքներ) չի գան»: – Ղուկ. 17.1

Ըլլալով ծառայութեան մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ճանապարհորդելու ընթացքին ես կրցած եմ հանգամանօրէն ուսումնասիրել թշնամիի ամենամահացու եւ խաբուսիկ թակարդներէն մէկը: Այն կը կապէ բազմաթիւ քրիստոնեաներ, կը խզէ մարդոց փոխյարաբերութիւնները եւ կը մեծցնէ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքերը: Խօսքը վիրաւորանքի թակարդի մասին է: Շատերը իրենց կեանքին մէջ ստացած վիրաւորանքի, վէրքերու եւ վնասուածքներու պատճառով չեն կրնար լիարժէք գործել իրենց կոչումին մէջ: Անոնք կը դառնան հաշմանդամ, եւ խոչըն­դոտները կը խանգարեն զանոնք ամբողջութեամբ օգտագործելու իրենց ներուժը: Շատ յաճախ անոնք կը վիրաւորուին հաւատացեալ մարդէն: Սաղմոս 55.12-14-ին մէջ Դաւիթը կ’ողբայ. «Որովհետեւ, եթէ թշնամին ինծի նախատինք տար, կը համբերէի, եւ եթէ զիս ատողը պարծենար իմ վրաս, կը պահուըտէի անորմէ: Բայց դուն ինծի հաւասար մարդ ես՝ իմ սրտակիցը եւ իմ բարեկամը: Որ մենք իրար հետ քաղցրութիւնով խորհուրդ կ’ընէինք եւ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք ամբոխի հետ»: Ատոնք այն մարդիկն են, որոնց կողքին մենք կը նստինք, միասին կը փառաբանենք, կամ ալ հաւանաբար ան է, որ կը քարոզէ: Մենք անոնց հետ կ’անցընենք մեր արձակուրդները, կը մասնակցինք հասարակական միջոցառումներու եւ կը համագործակցինք: Թերեւս ատոնք այն մարդիկն են, որոնց հետ աւելի մտերիմ փոխյարաբերութիւններու մէջ ենք. մեծցած ենք միասին, կը վստահինք իրար եւ կ’ապրինք նոյն յարկին տակ: Որքան սերտ է փոխյարաբերութիւնը, այնքան աւելի մեծ ու ցաւոտ է վիրաւորանքը: Ամենամեծ ատելութիւնը դուն կը գտնես այն մարդոց փոխյարաբերութիւններուն մէջ, որոնք ինչ որ ժամանակ մտերիմ եղած են: Փաստաբանները քեզի կը պատմեն շատ ցաւալի եւ դաժան պատմութիւններ, որոնք տեղի կ’ունենան ամուսնալուծութիւններու ժամանակ: Ամերիկեան լրատուամիջոցները մշտապէս կը տեղեկացնեն ընտանիքներուն մէջ կատարուած սպանութիւններու մասին, որոնք տեղի ունեցած են ընտանիքի յուսահատ անդամներու ձեռքով: Ընտանիքը պէտք է ըլլայ պաշտպանութեան, ապահովութեան եւ հասունացման ապաստան, ուր կը սորվինք սիրել ու սիրուիլ, բայց յաճախ այն կը դառնայ մեր ցաւի ամենախորունկ արմատը: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամենաարիւնոտ պատերազմները քաղաքացիական պատերազմներն են, երբ եղբայրը դուրս կ’ելլէ եղբօր դէմ, որդին՝ հօր, հայրը՝ որդիին: Վիրաւորուած ըլլալու հնարաւորութիւնները նոյնքան շատ են, որքան փոխյարաբերութիւնները, նշանակութիւն չունի, թէ որքան մեծ կամ փոքր է վիրաւորանքը: Եւ ճշմարտութիւնը այն է, որ քեզ կրնան վիրաւորել միայն անոնք, որոնք կարեւոր են քեզի համար: Շատ բան կը սպասես միայն անոնցմէ, որոնց շատ նուիրուած ես: Որքան մեծ են ակնկալիքները, այնքան մեծ է հիասթափութիւնը: Մեր հասարակութեան մէջ կ’իշխէ եսասիրութիւնը: Այսօր մարդիկ զգուշաւոր դարձած են, քանի որ կը վախնան իրենց շրջապատողներու արհամարհանքէն եւ վիրաւորանքէն: Եւ ասիկա բոլորովին ալ պէտք չէ զարմացնէ մեզ: Աստուածաշունչը շատ յստակ կ’ըսէ, որ վերջին օրերուն մարդիկ կ’ըլլան «անձնասէր» (Բ. Տիմոթ. 3.2): Ասիկա մենք կը վերագրենք անհաւատներուն, բայց Պօղոսը չի դիմեր անոնց, որոնք եկեղեցիէն դուրս են: Պօղոսը նկատի ունէր անոնց, որոնք եկեղեցւոյ մէջ էին: Եկեղեցւոյ մէջ շատերը խոցուած, վիրաւորուած ու դառնացած են: Անոնք գայթակղած են, սակայն չեն գիտակցիր, որ ինկած են սատանայի թակարդին մէջ: Արդեօ՞ք ասիկա մեր սխալն է: Յիսուսը շատ պարզ ըսաւ, որ անկարելի է ապրիլ այս աշխարհին մէջ եւ չվիրաւորուիլ ու չգայթակղիլ: Մինչդեռ շատ հաւատացեալներ կը ցնցուին, կը շփոթին ու կը զարմանան, երբ ատիկա տեղի կ’ունենայ: Մենք կը կարծենք, որ մենք միակն ենք, որուն հանդէպ սխալ վարուած են: Նման արձագանգի պատճառով դառնութիւնը կ’արմատաւորուի մեր ներսը: Ահա թէ ինչու մենք պէտք է պատրաստ ու զինուած ըլլանք վիրաւորանք չընդունելու համար, որովհետեւ մեր արձագանգը կ’որոշէ մեր ապագան:

 

 

 

ԽԱԲՈՒՍԻԿ ԹԱԿԱՐԴԸ

 

Ղուկաս 17.1-ին մէջ օգտագործուած «վիրաւորանք» (հայերէն Աստուածաշունչին մէջ՝ «գայթակղութիւն») բառը կու գայ յունարէն «skandalon» (սքանտալոն) բառէն: Այս բառով սկիզբը կ’անուանէին թակարդի այն մասը, որուն վրայ կ’ամրացուէր խայծը: Հետեւաբար բառին իմաստը հետեւեալն է՝ «թակարդ դնել ինչ որ մէկու մը ճամբուն վրայ»: Նոր կտակարանին մէջ յաճախ այս բառով կը նկարագրուի թշնամիին կողմէն օգտագործուած ծուղակը: Վիրաւորանքը սատանայի գործիքներէն մէկն է, որուն միջոցով ան մարդոց դիւրութեամբ գերութեան կը տանի: Պօղոսը կը սորվեցնէր երիտասարդ Տիմոթէոսին.

«Բայց Տիրոջ ծառային պէտք չէ կռիւ ընել, այլ ամէնուն հետ հեզահոգի ըլլալ, սորվեցնող, ոխ չպահող, հակառակողներուն հանդարտութեամբ խրատել. թերեւս Աստուած անոնց ապաշխարութիւն տայ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար: Եւ սատանային որոգայթէն զգաստանալու (անգլերէն Աստուածաշունչին մէջ՝ ազատուելու), որմէ անոնք որսուած (բռնուած) են անոր կամքին ծառայելու համար»: – Բ. Տիմոթ. 2.24- 26

Անոնք, որոնք կռուի ու հակառակութեան մէջ են, կ’իյնան թակարդի մէջ եւ կը դառնան բանտարկեալ՝ կատարելով սատանային կամքը: Շատ աւելի տագնապեցնող է այն, որ անոնք տեղեակ ալ չեն իրենց գերութեան մասին: Անառակ որդիին պէս անոնք պէտք է իրենք իրենց գալով հասկնան իրենց իրական վիճակը: Անոնք չեն պատկերացներ, որ իրենցմէ աւելի շատ լեղի ջուր դուրս կ’ելլէ, քան մաքուր: Երբ մարդը խաբուած է, ան կը կարծէ, որ ինքը ճիշդ է, չնայած որ սխալ է: Նշանակութիւն չունի, թէ ինչպիսին է սենարիօն (բեմագրութիւնը). բոլոր վիրաւորուածները կրնանք բաժնել երկու հիմնական խումբի՝ մարդիկ, որոնց նկատմամբ անարդար վարուած են, եւ մարդիկ, որոնք կը կարծեն, որ իրենց հետ անարդար վարուած են: Երկրորդ խումբի մարդիկ իրենց ողջ սրտով կը հաւատան, որ իրենց հանդէպ սխալ վարուած են: Անոնք յաճախ եզրակացութիւններ կ’ընեն ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւններէն, կամ ալ անոնց տեղեկութիւնները ճիշդ են, բայց եզրակացութիւնը աղաւաղուած է: Ինչ որ է, այդպիսի մարդիկ խոցուած են, իսկ անոնց հասկացողութիւնը՝ մթագնած: Անոնք կը դատեն ենթադրութենէն, երեւոյթէն եւ բամբասանքներէն մեկնած:

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up