ԱՌԱՋԻՆ ԳԼՈՒԽ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Յաճախ ցաւ պատճառող բառերն են եւ ոչ մեղմ բառերը, որոնք վերջաւորութեան կը բերեն մեծագոյն ազատութիւնը եւ պաշտպանութիւնը:
Ծածկոյթի տակ: Այս եզրը կրնայ կիրարկուիլ մեծ թիւով կացութիւններու մէջ: Իր ամէնէն պարզ ձեւին մէջ անիկա կրնայ նկարագրել պզտիկ մանուկ մը ծածկոցի մը ջերմութեան եւ պաշտպանութեան տակ կամ վտանգաւոր կացութեան մը պարագային՝ ծնողի մը պաշտպանող կազմին տակ: Քաղաքացիական նկարագրութիւն մը կրնայ ըլլալ՝ քաղաք մը ոստիկանութեան կամ զինուորութեան պաշտպանութեան տակ: Անիկա կրնայ նկարագրել անասունի մը թաւուտի մը, քարայրի մը կամ ստորերկրեայ ապաստանարանի մը մէջ պահուըտիլը: Կամ կրնայ նկարագրել ընտանիք մը, որ կը վայելէ ապաստանը եւ ապահովութիւնը իր տան մինչ դուրսը փոթորիկը կը գոռայ: Մանուկ հասակիս կը յիշեմ, որ կ’ապրէինք շրջանի մը մէջ, ուր յաճախ փոթորիկներ կ’ըլլային: Մեր մեծ պատուհաններէն կը դիտէինք ի՛նչպէս մութ ամպերը կը գլորուէին դէպի մեր կողմը՝ հեռուն լսուող որոտումներու աղմուկին ընկերակցութեամբ: Միայն վայրկեաններ ետք փոթորիկը մեզի կը հասնէր իր ամբողջական զօրութեամբ: Կայծակներու շողումներուն անմիջապէս կը յաջորդէին որոտումներու պայթումները: Անձրեւի ձայնը նման էր մեր տան կտուրին վրայ հարիւրաւոր փոքր մուրճերու զարկերուն: Փոթորիկը իրականութեան մէջ մեր տունը աւելի եւս ապահով եւ անվտանգ կը զգացնէր ինծի: Պատուհանէն դուրս ամէն բան թաց էր, պաղ եւ կայծակի հարուածներու զոհ երթալու վտանգին տակ: Սակայն տունէն ներս մենք ապահով էինք եւ չոր՝ փոթորիկին դաժանութենէն պաշտպանուած մեր կտուրով: Մենք ծածկոյթի տակ էինք: Այս կէտը աւելի զարգացնելով, ըսեմ, որ կարելի է անգլերէնի մէջ «ծածկոյթի տակ» նշանակող այդ երկու անջատ բառերը՝ անտըր եւ քաւըր, միացնել եւ յառաջ բերել ուրիշ եզր մը՝ անտըրքաւըր: Այդ բառը կը նկարագրէ ծածկուած ինքնութիւններու մէջ գտնուող ապահովութիւնը: Անտըրքաւըր կամ իր ինքնութիւնը ծածկած գործակալ մը կրնայ աւելի ազատօրէն շարժիլ՝ առանց նկատուելու կամ բռնուելու իր թշնամիին կողմէ: Իր կառավարութիւնը իրեն տուած է ծածկանուն մը եւ ան ազատ գործակալ մըն է թշնամիին տարածքին մէջ: Այլ խօսքով, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ ձեւով կը գործածենք այդ բառը կամ եզրը՝ իր ընդարձակ իմաստներով, անոնց բոլորին մէջ ալ կան պաշտպանութեան եւ ազատութեան գաղափարները: Բայց այդ եզրը՝ ծածկոյթի տակ, ի՞նչ իմաստ կրնայ ունենալ Քրիստոնեաներուն համար: Դաւիթ կը գրէ. «Ամենաբարձրին ծածկոյթին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հովանիին տակ պիտի հանգչի: Տէրոջ համար պիտի ըսեմ. “Իմ ապաւէնս ու բերդս է, իմ Աստուածս՝ որուն կը վստահիմ”» (Սղ 91.1- 2, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ): Դարձեալ պաշտպանութիւն կը տեսնենք անոնց համար, որոնք Իր ծածկոյթին տակն են: Սակայն այդ համարի անգլերէն տարբերակին առաջին երկու բառերուն մէջ՝ «Ան որ...», կը գտնենք այն շատ կարեւոր հարցումը. Ո՞վ Աստուծոյ ծածկոյթին տակ է: Այն գիրքը, որ բռնած ես ձեռքերուդ մէջ փնտռտուքն է այդ հարցումի այնքան կարեւոր պատասխանին: Կարճ ձեւով ըսելու համար, ծածկոյթի տակ եղողը ան է, որ Աստուծոյ իշխանութեան տակն է: Ադամ եւ Եւան ազատութիւն եւ պաշտպանութիւն կը վայելէին պարտէզին մէջ Աստուծոյ ծածկոյթին տակ: Սակայն այն պահուն, որ անհնազանդութիւն գործեցին իրենք զիրենք գտան կարիքին մէջ ճիշդ այն բանին, որուն տակէն սահէրելէր էին... անոնք կարիքը զգացին «իրենք զիրենք ծածկելու» (տե՛ս Ծն 3.7): Աստուծոյ իշխանութեան նկատմամբ անոնց անհնազանդութիւնը մարդկութիւնը կողոպտեց այն քաղցր ազատութենէն եւ պաշտպանութենէն, որ ժամանակին ունէին: Եկէք անկեղծ ըլլանք: Իշխանութիւնը շատ սիրուած բառ մը չէ: Սակայն զանիկա մերժելով կամ անկէ վախնալով, չենք տեսներ այն մեծ պաշտպանութիւնը եւ օգուտները, զորս իշխանութիւնը կը հայթայթէ: Մենք կը սարսռանք, որովհետեւ անիկա չենք տեսներ Աստուծոյ տեսակէտէն: Շատ յաճախ իշխանութեան նկատմամբ մեր կեցուածքը ինծի կը յիշեցնէ դէպք մը, որ պատահեցաւ երրորդ որդիիս հետ: Երբ Ալեքը առաջին դասարան եղաւ, ան վատ փորձառութիւն մը ունեցաւ իր ուսուցչուհիին հետ: Ուսուցչուհին շարունակ ջղային կերպով կը վարուէր դասարանին հետ. խոժոռ եւ հակակշիռէ դուրս՝ յաճախ կը պոռար-կը կանչէր աշակերտներուն: Ալեքը շատ յաճախ կ’ըլլար թիրախը ուսուցչուհիին այդ պոռթկումներուն, որովհետեւ Ալեքը ստեղծագործ եւ վառվռուն տղայ մըն էր, որ կը նախընտրէր խօսիլ քան հանդարտ ըլլալ: Անոր համար դպրոցը սքանչելի ընկերային հաւաք մըն էր: Պէտք չկայ ըսելու, որ դպրոցին նկատմամբ իր մօտեցումը բախում կ’ունենար ուսուցչուհիին անհատականութեան եւ անհամբերութեան հետ: Շատ անգամ կինս եւ ես ուսուցչուհիին սենեակը այցելեցինք՝ խորհրդակցութեան համար: Գործակցեցանք ուսուցչուհիին հետ՝ քաջալերելով Ալեքը, որ ենթարկուի անոր օրէնքներուն եւ համագործակցի, բայց այդ ամբողջ ճնշում պատճառող գործընթացը արգելք եղաւ ակադեմական կառոյցի մը մէջ ուսում առնելու անոր սիրոյն: Ապա մենք փոխադրուեցանք ուրիշ նահանգ մը, եւ Ալեքը եղաւ երկրորդ դասարան: Ան ունեցաւ շատ տարբեր ուսուցչուհի մը, որ գրեթէ չափէն աւելի ազնիւ էր եւ չափազանց ուշադիր իր աշակերտներուն ուրախութեան: Ան Ալեքը շատ սիրեց, իսկ Ալեքը՝ իր ունեցած նախկին փորձառութեան լոյսին տակ, հաւանաբար սիրահարուեցաւ ուսուցչուհիին: Բայց Ալեքը գրեթէ ինչ որ կ’ուզէր՝ կ’ընէր եւ շատ քիչ բան կը սորվէր: Ան սկսաւ ձախողութիւններ ունենալ ակադեմական գետնի վրայ, ուստի զայն դրինք անկախ դպրոց մը (չարթըր սքուլ), ուր մեծ շեշտ կը դնէին ակադեմական արդիւնքներուն վրայ: Հոն ան կորսուած զգաց եւ յուսալքուեցաւ: Կը գտնուէր պզտիկներու հետ, որոնք ակադեմական բացառիկ արդիւնքներ բերած էին իրենց ուսումնական առաջին երկու տարիներուն: Ալեքը դրուեցաւ շատ աղուոր, ազնիւ, բայց խիստ ուսուցիչի մը հովանաւորութեան տակ: Շուտով մէջտեղ ելաւ, որ ակադեմական առումով ան միւս աշակերտներէն ետ էր: Դարձեալ, իր ուսուցիչին հետ կ’ունենայինք յաճախակի հանդիպումներ, որոնք այս անգամ արդիւնաւէտ էին: Լիսան եւ ես աւելի մօտէն սկսանք հետեւիլ Ալեքի աշխատանքին: Ամբողջ օրդ դպրոցը անցընելը եւ ապա գիշերը տան մէջ շարունակ ծնողներուդ ուշադրութեան տակ ըլլալը կրնայ ճնշիչ ըլլալ: Շատ անգամ Ալեքը պարզապէս կ’անջատուէր կամ կը դադրէր աշխատելէ: Ան յաճախ կու լար, որովհետեւ կը զգար, որ կը խեղդուէր, հակառակ անոր որ իրականութեան մէջ յառաջխաղացք կ’արձանագրէր: Օր մը այլեւս գաւաթը լեցուեցաւ զգացական իմաստով: Եղբայրները կ’երթային դպրոցին կազմակերպած ռոլըր սքէյթի հաւաքոյթին, բայց ինք պէտք էր տունը մնար՝ լրացնելու համար պարտականութիւն մը, զոր դարակին մէջ պահած էր եւ չէր ըրած դասարանին մէջ: Ան հաճելի ժամանցէ կը զրկուէր՝ ուսուցիչին տուած շատ աշխատանքին պատճառով: Ան միայն կու լար: Նորէն պէտքը կար հայր-որդի խօսակցութեան մը: Քանի մը բառ խօսելէ ետք, դիւրութեամբ կրցայ տեսնել, թէ հարցը ի՛նչ էր: Անոր աչքին այդ բոլորը բացարձակապէս անյոյս էին: Յուսախաբութեան արցունքները կը շարունակէին հոսիլ, եւ ան պարզապէս չէր լսեր, թէ իր հայրը ի՛նչ կ’ըսէր: Պահ մը լռեցինք երբ երկուքս ալ այլեւս ըսելիք չէինք գտներ: Ան պարզապէս գլուխը ծռած՝ կու լար: Բնաւ չեմ մոռնար ատկէ ետք պատահածը: Ան շտկուեցաւ, ինքզինք գտաւ չափով մը եւ սրբեց երեսն ի վար հոսող արցունքները: Ապա նայեցաւ ինծի՝ իր քաղցր սրճագոյն աչքերով, որոնց մէջ նոր ինքնավստահութիւն մը կար: Ըստ երեւոյթին միտքին մէջ լուսաւորուած էր գաղափար մը, որ պիտի լուծէր իր հարցերը եւ սրբէր իր արցունքները: Ան շտկուեցաւ, թեւերը ծալլեց կուրծքին վրայ եւ լուրջ ձայնով մը ըսաւ. «Հայրիկ, կ’ուզեմ քեզի բան մը ըսել: Գիտե՞ս իմ դասարանիս Ճեսիքան... ան բժիշկներու չի հաւատար»: Ապա պահ մը վարանելէ ետք, ըսաւ. «Հայրի՛կ, ես ալ ուսուցիչներո՛ւ չեմ հաւատար»: Դժուար էր ինծի համար այդ պահուն չժպտալը կամ չխնդալը: Ան իրապէս զարմացուց զիս: Ան շարունակեց. «Եթէ իմ դասարանիս Ճեսիքան չի հաւատար բժիշկներու, ես ալ ուսուցիչներու պիտի չհաւատամ»: Այլեւս չկրցայ խնդուքս զսպել: Եթէ ան ատիկա ըսած ըլլար յուսախաբութեամբ, ծիծաղելի պիտի չըլլար ինծի համար: Հարցը անոր ոճն էր: Ան իրապէս համոզուած էր, որ կ’ընէր նոր յայտնութիւն մը, որ կրնար լուծել իր բոլոր հարցերը: Ան դատարանի մը մէջ վկայութիւն տուողի մը չափ լուրջ էր: Անշուշտ ես այդ առիթը գործածեցի իրեն բացատրելու, թէ ո՛ւր կրնար ըլլալ ինք եթէ ուսուցիչներ չունենար: Իրեն պատմեցի, թէ ի՛նչ էր վիճակը Անկոլայի մէջ, Ափրիկէ, որ այցելած էի նախորդ տարին՝ սովի մէջ եղող մանուկները կերակրելու կայարաններու մէջ աշխատելու համար: Ըսի, թէ՝ այդ պզտիկները ինչ պիտի չտային Ալեքսանտրին տեղը ըլլալու համար: Անոնք առանց վարանելու պիտի յափշտակէին սորվելու որեւէ առիթ, քանի որ գիտէին, թէ անիկա ո՜րքան կարեւոր էր իրենց համար՝ օր մը իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովելու համար: Իմ երկար բացատրութենէս ետք, ան դժկամութեամբ հրաժարեցաւ իր նոր յայտնաբերած փիլիսոփայութենէն եւ վերադարձաւ խոհանոցի սեղան՝ իր կուտակուած աշխատանքը նուաճելու համար: Յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն շարունակ կը մտածէի որդիիս հետ այդ խօսակցութեանս մասին, եւ չէի կրնար զուգահեռներ չգծել անոր եւ կարգ մը մարդոց իշխանութեան նայելու ձեւին միջեւ: Շատ յաճախ իշխանութեան հետ տհաճ փորձառութիւններու պատմութիւն մը կայ հոն. ոմանց համար այն է, որ իրենց վրայ եղող առաջնորդները անպէտք կերպով կոպիտ են, ուրիշներու համար, ինչպէս Ալեքսանտրին, իրենց յուսախաբութիւնը պատճառ եղած է, որ իշխանութիւնները տեսնեն իբրեւ արգելքներ իրենց հաճոյքին կամ, ըստ իրենց, իրենց համար լաւագոյնին դիմաց, մինչ իրականութեան մէջ անոնք լաւ առաջնորդներ են եւ իշխանութիւն ունին իրենց վրայ: Բայց մեղմ կեցուածք մը զարգացած կ’ըլլայ անոնց մէջ այդ անախորժ փորձառութիւններուն պատճառով. ես պարզապէս չեմ հաւատար իշխանութեան, կամ աւելի չափահասի վայել բառերու մէջ դնելով, ես պարզապէս պիտի չենթարկուիմ իշխանութիւններուն բացի եթէ նախ համաձայն գտնուիմ անոնց հետ: Բայց ի՞նչ է Աստուծոյ տեսակէտը այս բոլորին նկատմամբ: Մեզմէ կը պահանջուի, որ իշխանութիւններուն ենթարկուինք նոյնիսկ եթէ անոնք անարդա՞ր են: Հապա եթէ փտած են: Հապա եթէ մեզմէ ուզեն, որ ընենք բաներ, զորս սխալ կը համարենք: Հապա եթէ մեզմէ ուզեն, որ մեղք գործենք: Ո՞ւր պէտք է քաշուի գիծը: Առաւել, ինչո՞ւ պէտք է ենթարկուինք: Ենթարկուելու մէջ մեզի համար օգուտներ կա՞ն: Չե՞նք կրնար բոլորս ալ պարզապէս Աստուծոյ Հոգիով առաջնորդուիլ: Աստուծոյ Խօսքը որոշակի պատասխաններ ունի այդ բոլոր հարցումներուն համար: Կը հաւատամ, որ ասիկա ամէնէն կարեւոր գիրքերէն մէկն է, որ Տէրը յանձնարարած է ինծի, որ գրեմ, որովհետեւ անիկա կը խօսի ներկայիս իրենց կեանքին մէջ մարդոց ունեցած շատ մը դժուարութիւններուն արմատը եղող պատճառին մասին: Ի՞նչն էր պատճառը Արուսեակի իյնալուն: Ըմբոստութիւնը: Ի՞նչն էր պատճառը Ադամի իյնալուն: Ըմբոստութիւնը: Ի՞նչն է, որ պատճառ կ’ըլլայ, որ շատեր շեղին Աստուծոյ հետ իրենց քալած ճամբայէն: Ըմբոստութիւնը: Սթափեցնող իրականութիւնը այն է, որ ըմբոստութիւնը ընդհանրապէս բացայայտ չէ, այլ՝ աննկատ: Այս գիրքին մէջ կը բաժնեկցիմ օրինակներ իմ սեփական ձախողութիւններուս մասին: Ես իշխանութեան ծարաւը ունեցող առաջնորդ մը չեմ, որ կը փափաքի իր ոչխարները, իր անձնակազմը կամ ընտանիքը բռնի ոյժով կամ քննադատութիւններով իրեն ենթարկել: Ես ունիմ հիանալի ծառայութեան խումբ մը եւ ընտանիք մը: Եւ ես տեղական եկեղեցիի մը հովիւը չեմ: Ուստի կը գրեմ իբրեւ մարդ մը, որ գործած է շատ մը սխալներ, կամ աւելի ճշգրիտ կերպով ըսելով՝ մեղքեր: Ես ծառայած եմ երկու միջազգային Քրիստոնէական կազմակերպութիւններու մէջ 1980-ականներուն, եւ այդ փորձառութիւններէս կը քաղեմ իմ սխալելու օրինակներս: Ամէնէն սթափեցնող իրականութիւնը իւրաքանչիւր պատահարի մասին այն է, որ օրին ամբողջ սիրտովս կը հաւատայի, որ ճիշդ էի, մինչ իրականութեան մէջ սխալ էի: Ես շատ երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ, որ Իր Խօսքը մէջտեղ հանեց իմ շարժառիթներս: Սիրտիս փափաքն է, որ դուն սորվիս իմ դժուարութիւններէս եւ խուսափիս նոյն սխալները գործելէն: Կ’աղօթեմ, որ թելադրանքներ քաղես եւ բարեպաշտ ներըմբռնումներ ունենաս իմ անմտութիւններէս, եւ քաղես անոնց օգուտները: Իմ այդ փորձառութիւններէս եւ անոնց ընթացքին ինծի յայտնուած ճշմարտութիւններէն իմ սորվածներս թէ՛ շահաւէտ էին եւ թէ՛ հիանալի: Ապաշխարութեամբ ունեցայ ապահովութիւն եւ մատակարարում: Կը հաւատամ, որ նոյնը կրնայ պատահիլ քեզի: Մինչ կը կարդաս այս գիրքին մէջ տեղ գտած աստուածաշնչական եւ անձնական օրինակները, սիրտիդ մէջ ալ լոյս պիտի ծագի: Կարգ մը կէտեր պիտի ամրապնդեն կամ հաստատեն այն ինչ որ արդէն իսկ գիտես, մինչ ուրիշներ պիտի ազատագրեն քեզ: Երկու պարագաներուն ալ կ’աղօթեմ, որ Իր խօսքը ընդունիս հեզութեամբ, որովհետեւ իրապէս ատիկա է սիրտիս փափաքը: Երբ ճշմարտութիւնը մեր առջեւ կ’ելլէ, մենք կրնանք երկու կեցուածք ունենալ անոր հանդէպ: Կրնանք բարկանալ եւ պաշտպանողական ըլլալ, ինչպէս Ադամի որդին Կայէն եղաւ, եւ մերժել այն յայտնութիւնը, որուն պէտք ունինք (կարդա՛ Ծն 4): Կամ կրնանք ըլլալ համեստ եւ կոտրած, ինչպէս Դաւիթ եղաւ երբ Նաթան ճշմարտութիւնը երեսին ըսաւ, արտօնելով, որ ցաւը եւ ապաշխարութիւնը մեզ բարձրացնեն բարեպաշտ նկարագիրի մէկ ուրիշ մակարդակի (կարդա՛ Բ.Թգ 12): Եկէք Դաւիթի սիրտը ունենանք այս հարցին մէջ եւ մերժենք հպարտութիւնը, որ պիտի ջանայ մեզ ետ պահել մատակարարումի եւ պաշտպանութեան Աստուծոյ ծրագիրէն: Մինչ կը սկսիս այս ճամբորդութեան, յիշէ՛, որ յաճախ ցաւ պատճառող խօսքերը, ոչ թէ նուրբ խօսքերը, վերջաւորութեան մեծագոյն ազատութիւնը եւ պաշտպանութիւնը կը բերեն մեզի: Երբ մանուկ էի, ճիշդ նախքան որ երկրորդ դասարանի պատուաստս առնէի, ընկերներէս մէկը ըսաւ, թէ ո՜րքան պիտի ցաւէր: Ատիկա լսելէս ետք, ամէն գնով կ’ուզէի խուսափիլ այդ սրսկումէն: Դէմ դրի երկու հիւանդապահուհիներու մինչեւ որ վերջապէս տեղի տուին: Յետոյ ծնողներս նստեցուցին զիս եւ բացատրեցին, թէ ի՛նչ կրնար պատահիլ եթէ չառնէի թոքախտի պատուաստը: Ես արդէն ականատես եղած էի քրոջս քաղցկեղի պատճառով մահանալուն, ուստի գիտէի, որ անոնք զիս պաշտպանել կ’ուզէին միայն: Գիտէի, որ սրսկումը ցաւ պիտի պատճառէր, բայց անիկա ինծի պիտի պաշտպանէր աւելի մեծ ցաւերէ եթէ սոսկալի եւ հաւանաբար նաեւ մահացու այդ հիւանդութեամբ հիւանդանայի: Երբ հասկցայ, իմ կամքովս վերադարձայ սրսկումը ստանալու: Յիշէ՛ այս օրինակը երբ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը հանդիպիս որեւէ անհանգստացնող կամ նոյնիսկ ցաւալի, դիմադրողականութիւն զօրացնող ճշմարտութիւններու: Գիտցի՛ր, որ Երկնաւոր Հօրդ ձեւերը կատարեալ են, եւ այն ինչ որ ներկային մէջ կը թուի ըլլալ վնասակար կամ ցաւալի, իրականութեան մէջ քեզ պիտի դնէ Իր պաշտպանութեան եւ օրհնութեան տակ կամ ուրիշի փրկութեան պատճառ ըլլալու դիրքին մէջ: Երբեք մի՛ մոռնար, որ Իր սէրը մեզի հանդէպ մաքուր է, ամբողջական եւ յաւիտենական: Նախքան որ սկսինք մեր ճամբորդութիւնը, եկէք աղօթենք.
Երկնաւոր Հայր, իմ ներքին անձիս մէջ ճշմարտութիւն կը փափաքիմ աւելի քան հանգիստ կամ հաճոյք: Ուստի իմ սիրտս եւ հոգիս կը դնեմ ձեռքերուդ մէջ, գիտնալով, որ Քու ձեւերդ կատարեալ են: Դուն զիս այնքան կը սիրես, որ ղրկեցիր Ան, որ ամէնէն աւելի կարեւոր էր Քեզի համար՝ Քու Որդիդ, Յիսուսը, որ մեռնի ինծի համար, որպէսզի ես յաւիտենական կեանքը ունենամ: Եթէ Դուն զիս այդքան կը սիրես, վստահաբար կ’ուզես ամբողջացնել այն գործը, որ սկսած ես կեանքիս մէջ: Մինչ կը կարդամ այս գիրքը, կը խնդրեմ, որ խօսիս ինծի Քու Հոգիովդ եւ ցոյց տաս կեանքիս համար Քու փափաքած ձեւերդ: Բա՛ց աչքերս, որ տեսնեմ եւ ականջներս, որ լսեմ Քու Խօսքդ: Յայտնաբերէ Յիսուսը ինծի աւելի մեծ ձեւով քան երբեւէ տեսած եմ զԻնք: Կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն բաներուն համար, որ պիտի ընես իմ մէջս այս գիրքին մէջ Քու խօսքիդ միջոցաւ: Յիսուսի անունով կ’աղօթեմ: Ամէն: