Մօտենալ Աստուծոյ

(0)
  • Գին: Անվճար
  • Հեղինակ: Ջոն Բիվեր
  • Formats available: pdf
  • Դիտում

ՆԱԽԱԲԱՆ

 

 

1991 թուականին Աստուած շատ յստակ խօսք մը խօսեցաւ իմ սիրտիս. «Որդի՛ս, կ’ուզեմ, որ գրես»: Հետագայ օրերը լեցուն էին խառն զգացումներով: Մէկ կողմէն վախը տիրեց վրաս եւ ռմբակոծեց միտքս ստոյգ ձախողութեան միտքերով, իսկ միւս կողմէն, կ’ուզէի ծիծաղիլ: Ես կ’ատէի՛ գրել: Դպրոցական օրերուս երբ որեւէ ստեղծագործական գրութիւն մը գրելու պարտականութիւնը կը տրուէր ինծի, ես ժամերով պարապ թուղթի էջերուն կը նայէի: Յետոյ ես Էս.Էյ.Թի. քննութեան լեզուական բաժինին մէջ ձախողեցայ: Գրական բնոյթ ունեցող որեւէ բանի նկատմամբ իմ հակակրանքս (չսիրելս) զիս առաջնորդեց, որ համալսարանին մէջ ճարտարագիտութեան մասնագիտութիւնը ընտրեմ: Հիմա Աստուած ինծի կ’ըսէր, որ գրեմ: Անկարելի՛ է: Մտածեցի, որ սխալ լսած պէտք է ըլլամ: Ուստի պատասխան տալէն խուսափեցայ, բայց տասը ամիս ոչինչ ընելէ ետք, երկու շաբաթներու ընթացքին Աստուած երկու կիներ ղրկեց ինծի երկու տարբեր նահանգներէ, որոնք ճիշդ նոյն պատգամը փոխանցեցին: Անոնք երկուքն ալ ազնուօրէն, բայց վճռականօրէն զգուշացուցին. «Ճո՛ն, եթէ չգրես այն գիրքերը, զորս Աստուած տուած է քեզի, որ գրես, Ան ուրիշ մէկու մը պիտի տայ զանոնք, բայց դուն պիտի դատուիս անոր համար»: Երբ երկրորդ կինը խօսեցաւ, Աստուծոյ վախը զգացի, եւ ատիկա աւելի ծանր կշռեց քան իմ վախս եւ գրելու հանդէպ ունեցած հակակրանքս: Ես սկսայ գրել: Կը յիշեմ ի՛նչ պատահեցաւ երբ ես որոշեցի հնազանդիլ. երբ կը մեքենագրէի, միտքերը արագօրէն սկսան քով քովի գալ, միտքեր, որոնց մասին ատկէ առաջ երբեք չէի մտածած կամ լսած: Շուտով անդրադարձայ, որ ատոնք իմ պատգամներս չէին. անոնք Անոր պատգամներն էին: Շատ տարիներ անցած են այդ օրուընէ ի վեր. Անոր տուած պատգամները, որոնք գիրքերու վերածուած են, ներկայիս հարիւր երեսուն լեզուներու թարգմանուած են եւ անոնցմէ տասնեակ միլիոնաւոր օրինակներ տպուած եւ բաշխուած են ամբողջ աշխարհի տարածքին: Առաջին գիրքը գրելէս ետք, անձնական խոստում մը տուի Աստուծոյ, որ երբեք պիտի չգրեմ գիրք մը պարզապէս գրելու սիրոյն: Պիտի գրեմ միայն եթէ Ինք ինծի ըսէ, որ գրեմ: Այս երդումը փորձուեցաւ. ամէն տարի 1992-էն մինչեւ 1999 թուականը Ան ինծի տուաւ այն պատգամները, զորս պէտք է գրէի, բայց «Ծածկոյթի Տակ» (Under Cover) խորագիրով գիրքը գրելէս ետք երեք տարի գրելու պատգամ չստացայ Աստուծմէ: Հրատարակիչները յաճախ ինծի կը մօտենային՝ հարցնելու իմ յաջորդ գիրքիս մասին եւ թէ արդեօք կրնայի՞ն զայն հրատարակել, բայց ես քայլ չէի առներ: Ես տակաւին Աստուծմէ պատգամ չէի ստացած: Վերջապէս երեք տարի ետք, Աստուած դարձեալ ինծի արտօնեց, որ գրեմ՝ այն պատգամը, որ հիմա ձեր ձեռքերուն մէջ կը գտնուի: Կը հաւատամ, որ ուշացումին պատճառներէն մէկը կապուած էր այն գործին հետ, որ Սուրբ Հոգին իմ ներսիդիս պէտք է ընէր նախքան որ այս գիրքը պատշաճ կերպով ձեւակերպուէր: Ես քսանհինգ տարիէ հաւատացեալ եմ, բայց երբեք այսքան Իրեն մօտիկ ըլլալու քաղցը չեմ ունեցած: Վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին ես աւելի խոր մտերմութիւն ունեցայ Տիրոջ հետ քան երբեւէ ունեցած եմ: Իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին ես երբեք այսքան չեմ լացած, ինչպէս այս վերջին տասնըութը ամիսներուն: Ես մեծապէս զգացուած եմ պանդոկներու սենեակներու, օդանաւներու, իմ գրասենեակիս, ինքնաշարժիս, տանս, եւ հիանալի բացօթեայ տեղերու մէջ երբ կեդրոնացած աղօթքով ժամանակ կ’անցընեմ: Անոր ներկայութեան իրականութիւնը երբեք այսքան իրական եւ շօշափելի չէ եղած: Կը հաւատամ, որ այս գիրքը տարիներու ընթացքին Սուրբ Հոգիին կողմէ կատարուած մարզումի հաւաքածոյ մըն է եւ իր մէջ կ’ընդգրկէ Աստուծոյ սիրտէն ուղղուած հրաւէր մը՝ երթալու դէպի մտերմութեան վայր մը ձեզի, Իր զաւակին հետ: Նախքան ձեր սկսիլը, կ’ուզեմ միասին աղօթենք: Ձեր սիրտէն ըսէք այս խօսքերը եւ գիտցէք, որ ես ատիկա բարձրաձայն աղօթած եմ ձեզի համար իմ աշխատասենեակիս մէջ: Մենք ունինք Յիսուսի խոստումը, որ երբ մենք «երկրի վրայ միաբանին [միաբանինք] որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն [խնդրենք]՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա» (Մատթէոս 18.19): Եկէ՛ք միասին խնդրենք.

Հա՛յր, Յիսուսի անունով կը խնդրեմ, որ մինչ այս գիրքին պատգամը կը կարդամ, բանաս իմ աչքերս, որ տեսնեմ, ականջներս՝ որ լսեմ եւ ինծի տաս սիրտ մը՝ ճանչնալու եւ հասկնալու: Կ’ուզեմ Քեզի հետ մտերմութեան մէջ քալել, եւ շարունակ ընել ատիկա: Կ’ուզեմ ճանչնալ Քու խորհուրդդ, կամքդ, գաղտնիքներդ, եւ բուռն փափաքներդ, ինչպէս նաեւ Քու ներկայութեանդ մէջ մնալ: Թող այս պատգամը ոչ միայն հասկացողութիւն բերէ, հապա զօրութիւն՝ իմ կեանքս Քու սիրելի Որդիիդ եւ իմ Տէր Յիսուսիս պատկերին նմանութեամբ փոխակերպելու: Որովհետեւ Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Ան կատարեալ կերպով ցոյց տուաւ Քու փառքդ Քեզի շատ մօտ ըլլալովը: Նոյնպէս ալ թող ես, Սուրբ Հոգիին անձին միջոցով, ցոյց տամ Յիսուսի փառքը Իրեն մօտենալովս: Ես ասիկա Քեզի կը յանձնեմ հիմա, եւ կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի այն փոխակերպման գործին համար, որ պիտի ընես իմ մէջս մինչ ես կը լսեմ եւ մտիկ կ’ընեմ այն խօսքերուն, զորս Դուն ներշնչեր ես այս գործին մէջ: Շնորհակալ եմ Քեզի, որ իմ կեանքս անգամն ալ նոյնը պիտի չըլլայ: Ասիկա կը խնդրեմ՝ համաձայնելով Քու ծառայիդ՝ Ճոն Պըվիրին հետ: Ամէն: 

 

Հիմա հաւատայ եւ շնորհակալութիւն յայտնէ Աստուծոյ քու ջերմեռանդ աղօթքդ իրականացնելուն համար: Ես կը ցնծամ գիտնալով, որ Սուրբ Հոգին հիմա կուընէ սկսած է քեզ դիրքաւորել աւելի մեծ մտերմութեան համար՝ բարձրացնելով քու աղօթքդ սուրբ գահին առջեւ այն միակ Անձին, որ կրնայ իրապէս գոհացնել քու բոլոր փափաքներդ: Թող Հայրը, Յիսուսը եւ Սուրբ Հոգին աւելի իրական ըլլան քեզի համար քան երբեւէ:   Ամենայն անկեղծութեամբ, Ճոն Պըվիր

 

 

ԱՌԱՋԻՆ ԳԼՈՒԽ

ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՀՐԱՒԷՐԸ

 

 

«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»: ՅԱԿՈԲՈՍԻ 4.8 

 

Աստուծոյ սիրտէն բխող կանչ մը կայ — ո՛չ, աղաղակ մը- եւ ատիկա ամէն օր կը սաստկանայ. «Ինչո՞ւ գոհ ես առանց Իմ ներկայութեանս. ինչո՞ւ հեռու կը մնաս երբ Ինծի հետ յարաբերութիւն կրնաս ունենալ»: Մենք բոլորս ալ ունինք բարեկամներ կամ մարդիկ, որոնցմով հիացած ենք եւ կ’ուզենք աւելի մտերիմ ըլլալ անոնց հետ: Անոնք յատուկ տեղ կը գրաւեն մեր սիրտերուն մէջ, եւ անոնց հետ ժամանակ անցընելը մեծ հաճոյք է, մանաւանդ երբ անոնցմէ հրաւէր կը ստանանք: Իրենց ընկերակցելու այդպիսի խնդրանք մը մեզ կը լեցնէ ակնկալութեամբ, ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ: Մենք ուրախութեամբ կ’ընենք այն, ինչ որ պէտք է՝ մեր օրացոյցին մէջ տեղ բանալու եւ ընդունելու իրենց խնդրանքը: Յակոբոսի գիրքին մէջ մենք կը գտնենք ամենամեծ հրաւէրը, որ երբեւէ լոյս տեսած է. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (4.8): Պահ մը կանգ առէք եւ այս մասին խոկացէք՝ տիեզերքի, երկրին եւ անոր բոլոր բնակիչներուն Ստեղծիչը կը խնդրէ ձեր ներկայութիւնը: Ոչ միայն ձեր ներկայութիւնը, այլ Ան կը փափաքի ձեզի հետ մտերիմ ըլլալ, քանի որ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «[Անիկա] նախանձոտ Աստուած է [Աստուած ձեզի հետ յարաբերութիւն ունենալու մեծ փափաք ունի:]» (Ելք 34.14, անգլերէն Աստուածաշունչի «Էն.Էլ.Թի.» տարբերակէն): Ասիկա Աստուծոյ աներեր փափաքն է: Ինքն է, որ այս հրաւէրը ուղարկած է, քանի որ Ինք կը տենչայ, որ Իր զաւակներուն կողմէ ճանչցուի: Մարդուն անկումէն ի վեր հազարաւոր տարիներ, բարդ պատրաստութիւններ եւ հսկայական գին պահանջուած է՝ այս տեսակի սերտ յարաբերութեան ճամբան բանալու համար: Յովհաննէսը, Յիսուսի ամենամօտիկ բարեկամներէն մէկը, կը գրէ. 

«Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ , բայց [միակ իւրայատուկ Որդին] միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է [Անոր մտերիմ ներկայութեան մէջ], անիկա պատմեց [Ան յայտնեց զԻնք եւ դուրս բերաւ զԻնք, որպէսզի տեսնուի. Ան մեկնաբանեց եւ ճանչցուց զԻնք]» (Յովհաննէս 1.18, անգլերէն «Ամփլիֆայտ» տարբերակէն):

Ադամ բացայայտօրէն կը ճանչնար Տէրը. բայց մեղքին կամ անհնազանդութեան պատճառով ան բաժնուեցաւ Անոր փառաւոր ներկայութենէն, եւ Իր ճակատագիրը տարածուեցաւ ամբողջ մարդկութեան վրայ: Տղամարդիկ կամ կիներ այլեւս չէին կրնար տեսնել կամ ճանչնալ զԱստուած այնպէս ինչպէս Ադամ ատենօք կ’ընէր: Սակայն Հայրը մեծ եւ եռանդուն սիրով եւ ողորմութեամբ կը փափաքէր փրկել մեր ընկերութիւնը այս սարսափելի բաժանումէն: Ատոր ի պատասխան Ան ղրկեց Յիսուսը, որ սկիզբէն Հօր հետ էր, Աստուած մարմինով երեւցած՝ վճարելու այն գինը, որ մեզ պիտի ազատագրէր խաւարէն, որպէսզի մեզ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ, եթէ զԻնք ընդունինք իբրեւ մեր Տէրը:Սակայն Աստուծոյ եւ մարդուն այս վերամիացումը իր ամբողջ ծաւալով քարոզուած չէ, ոչ ալ ապրուած է: Մենք շեշտ դրած ենք մեղքէն եւ մահէն ազատագրուելուն վրայ, բայց չենք յայտարարած այդ մտերիմ յարաբերութիւնը, որ կը սպասէ բոլոր անոնց, որոնք ազատագրուած են: Այս անտեսումը սուղ է եւ նոյնիսկ աղիտալի, քանի որ շատեր կը փախցնեն զԱստուած մտերմօրէն ճանչնալու գեղեցկութիւնը: Այս ողբերգութեան մէկ զուգահեռը պատահեցաւ Հին Կտակարանին մէջ Աբրահամի սերունդներուն հետ: 

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up