Սիրելի Ընթերցող, Ասիկա պարզապէս որեւէ պատգամ մը չէ. կեանքի պատգամ մըն է, որուն եթէ հաւատաս եւ եթէ անոր հիման վրայ գործես, անիկա յաւիտենապէս պիտի փոխակերպէ քեզ: Ես վստահ եմ ատկէ, քանի որ այս գիրքին մէջ տեղ գտած ճշմարտութիւնները փոխած են իմ եւ անհամար ուրիշներու կեանքերը: Երբ որ ինծի խրատ կը հարցնեն, ըլլայ անիկա ամուսնութեան, ընտանիքի կամ ծառայութեան մասին, իմ անմիջական աղբիւրներս այս գիրքին մէջ նշուածներն են: Կարեւոր ըլլալուն պատճառով, երկար ժամանակ տրամադրած եմ եւ խոկումով աղօթք ըրած եմ՝ զանոնք լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու համար: Նկատի առնելով մեր այսօրուայ կեանքերուն տեղատուութիւնն ու մակընթացութիւնը՝ մեր խճողուած օրակարգերը եւ մեր առօրեայի արագ ընթացքը, պէտքը զգացի ճշմարտութիւնները պատշաճեցնելու եւ ներկայացնելու պատառիկներու չափի կտորներով, որպէսզի կարենաք խորապէս խոկալ այդ պզտիկ կտորներուն վրայ: Առաջին նայուածքով կրնաս մտածել, թէ այս գիրքը ամենօրեայ առանձին աղօթքի եւ խոկումի պահի համար կարճ ներշնչումի նիւթեր եւ աղօթքներ պարունակող գիրք մըն է (տիվոշընըլ): Բայց վստահեցնեմ, որ այդպէս չէ: Բացատրեմ: Առանձին աղօթքի եւ խոկումի համար գիրք մը յաճախ իւրաքանչիւր օրուայ համար տարբեր նիւթ մը կը պարունակէ, որոնք անպայմանօրէն չեն կազմեր հակիրճ եւ համակարգուած պատգամ մը: Հակառակ անոր որ այս գիրքը կրնայ ամենօրեայ աղօթքի եւ խոկումի գիրք թուիլ, իւրաքանչիւր օրուայ նիւթ կը շինէ նախորդ օրուայ նիւթին վրայ՝ կազմելով սովորական գիրքի մը ամբողջական նիւթը: Այս ձեւին առաւելութիւնը այն է, որ դուն կրնաս որոշել ի՛նչպէս կարդալ զանիկա: Վստահաբար զանիկա կրնաս կարդալ քանի մը օրէն եթէ այդ է քու նախընտրութիւնդ: Սակայն իմ յանձնարարութիւնս այն է, որ կա՛մ զանիկա կարդաս վեց շաբթուայ ընթացքին (օրական մէկ գլուխ) կամ երեք շաբթուայ ընթացքին (առտու՝ մէկ գլուխ, գիշերը՝ մէկ գլուխ): Իւրաքանչիւր գլուխի վերջաւորութեան պիտի գտնես հինգ գործիքներ կամ միջոցներ, որոնք կ’օգնեն քեզի աւելի եւս խորանալու գլուխին պարունակութեան մէջ: Այդ բաժինը կը կոչենք՝ «Անձնականացնել»: Անիկա կը պարունակէ հինգ կէտեր [որոնք անգլերէն բնագիրին համաձայն բոլորն ալ կը սկսին Փի. գիրով, եւ այդ պատճառով հեղինակը զանոնք կը կոչէ՝ 5 Փի–երը– Թարգմանիչ].
1. Հատուած– Իւրաքանչիւր գլուխի մէջ դրած եմ աստուածաշնչական հատուած մը, որուն վրայ հիմնուած է այդ օրուայ պատգամը կամ հատուած մը, որ անպայմանօրէն չի մէջբերուիր բուն նիւթին մէջ, բայց կը հաստատէ կամ կը հիմնաւորէ խօսուած նիւթը: Կը յանձնարարեմ, որ գոց սորվիք այդ աստուածաշնչական հատուածները:
2. Միտք– Ասիկա գլուխին մէջ գոյութիւն ունեցող գլխաւոր միտքն է, եւ հոս տեղ գտնելուն նպատակը անոր կարեւորութիւնը շեշտելն է: Զանիկա դարձեալ տեսնելը պիտի զօրացնէ անոր ազդուութիւնը եւ արագ յիշեցում մը ըլլայ քեզի երբ վերադառնաս գլուխը անգամ մը եւս աչքէ անցընելու համար:
3. Խոկալ– Ասիկա շատ կարեւոր է: Սաղմոսողը կ’ըսէ. «Քու հրամաններուդ մասին պիտի խոկամ, եւ քու ուղիներդ պիտի դատեմ» (Սաղմոսներու 119.15): Խոկալ կը նշանակէ մեր միտքին մէջ դարձնել նիւթը՝ մտածելով, որ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչպէս կրնանք կիրարկել մեր ներկայի վիճակին մէջ: Ատիկա ընելով, մեզի կ’ըսուի, թէ մեր ճամբաները յաջող պիտի ըլլան եւ պիտի յառաջդիմենք (տե՛ս Յեսուի 1.8: Սաղմոսներու 1: Ա.Տիմոթէոսի 4.15):
4. Աղօթք– Պիտի ըլլայ նաեւ աղօթք մը, որ կ’արտացոլացնէ այդ գլուխի ուսուցումը: Շատ կարեւոր է, որ Աստուած լսէ մեր ձայնը եւ որ Իրեն տանք արտօնութիւն՝ Իր Խօսքին համաձայն մեզ փոխելու:
5. Դաւանութիւն– Մեզի կ’ըսուի, թէ մահն ու կեանքը մեր խօսքերուն մէջն են (տե՛ս Առակներու 18.21): Յայտարարելով այն ինչ որ Աստուած կը հռչակէ մեր վրայ, մեր հոգին, շունչը եւ մարմինը կը սկսին համապատասխանել մեզի համար Իր կամքին հետ, ինչ որ կեանքը լիութեամբ ապրելու փաստուած ձեւն է:
Դարձեալ կը քաջալերեմ քեզ, որ ժամանակդ առնես այս գիրքը կարդալու ատեն, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները թափանցեն սիրտիդ եւ միտքիդ մէջ: Յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ամէն օր այս ճշմարտութիւններուն մասին մտածելը պիտի օգնէ, որ անոնք սուզուին եւ արմատ նետեն կեանքիդ մէջ: Հոս կարդալիքներդ տեղեկութենէ աւելին են. անոնք Աստուծոյ աւելի մօտենալու ճամբան են: Նաեւ կը յանձնարարեմ, որ կարդաս գլուխները եւ անցնիս «Անձնականացնել» բաժինի 5 Փի–երէն իւրաքանչիւրին վրայէն՝ քովդ նօթ առնելու տետրակ մը ունենալով: Խորհուրդներդ եւ աղօթքներդ գրէ՛ անոր մէջ ամէն օր, որպէսզի երբ հետագային վերադառնաս անոնց, յիշես, թէ Սուրբ Հոգին ի՛նչ յայտնեց քեզի: Քանի մը ուրիշ յանձնարարութիւններ: Առաջին՝ հեռաձայնովդ կամ ժամացոյցովդ չափէ, թէ ո՛րքան ժամանակ կ’առնէ գլուխ մը կարդալդ՝ «Անձնականցնել» բաժինը ընելով եւ նօթեր առնելով: Մի՛ աճապարեր. մրցումի մէջ չես: Ժամանակը չափելու պատճառը այն է, որ կարենաս իմաստուն կերպով ծրագրել միւս գլուխները կարդալդ եւ անոնց վրայ աշխատիլդ: Երկրորդ՝ փորձէ սովորութիւն մը սկսիլ եւ մի՛ արտօներ, որ որեւէ բան խանգարէ կարդալու համար ճշդած ժամանակդ ամէն օր: Իմ աղօթքս եւ յոյսս է, որ անցնող քառասուն տարիներուն ընթացքին Աստուծոյ իմ մէջս ըրած գործը նաեւ քու մէջդ կատարուի՝ մինչ կը սերտես այս գիրքը: Երրորդ՝ պատգամ մը միշտ մեծագոյն օգուտը կը բերէ ինծի երբ կ’ուսուցանեմ զանիկա կամ անոր վրայէն կ’անցնիմ խումբ մը ընկերներով: Ընտրէ՛ քանի մը մօտիկ բարեկամներ եւ միասին սերտեցէք այս գիրքը: Երբ գլուխը սերտելդ աւարտես առանձինդ՝ միայն դուն եւ Սուրբ Հոգին, միասին հաւաքուեցէք ընկերներուդ հետ՝ բաժնեկցելու համար այն ինչ որ Ան ցոյց տուաւ քեզի: Ասիկա ըրէ՛ք հերթական ձեւով: Կ’աղօթեմ, որ աճիս Աստուծոյ հետ մտերմութեանդ մէջ մինչ կը սերտես Աստուծոյ Ահը: Կարեւոր է, որ կարդաս Ծանօթութիւնը, եւ ոչ թէ զանիկա զանց առնելով ուղղակի անցնիս Առաջին Գլուխին, քանի որ անիկա մեր սիրտը կը բանայ քննարկուելիք նիւթերուն համար: Եւ երբ վերջացնես գիրքը, շատ պիտի ուզէի լսել քեզմէ, թէ՝ ի՛նչպէս հաւատքդ եւ կեանքդ փոխուեցան՝ Աստուծոյ հանդէպ սուրբ վախին միջոցաւ: Անկեղծօրէն՝ Ճոն Պըվիր
Յ.Գ. Պարզապէս յիշեցում մը, որ զանց չառնես Ծանօթութեան բաժինը: Աղօթքս է, որ անիկա կրակ մը կը վառէ մէջդ, որպէսզի սուրբ ահ մը մշակես մէջդ եւ գլուխդ ի վար սուզուիս այս պատգամին մէջ:
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ
Վախ: Տարիներ շարունակ մարդիկ ջանք թափած են արմատախիլ ընելու զանիկա: Շատեր ուսումնասիրութիւններ ըրած են անոր մասին, պայքարած են անոր դէմ եւ քարոզարշաւներ ըրած՝ անոր ազդեցութիւնը մեր կեանքէն վերցնելու համար: Նոյնիսկ նախագահ Ֆրանքլին Տի. Ռուզվելթի հռչակաւոր խօսքը անոր վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ. «Միակ բանը, որմէ պէտք է վախնանք ինքնին վախն է»: Ամէն տեսակի բեմերէ աղաղակներ կը լսուին թէ՝ պէտք է ձեւեր գտնենք յաղթահարելու համար վախը, եւ կրնանք գտնել հարիւրաւոր եթէ ոչ հազարաւոր գիրքեր, որոնք կը սորվեցնեն ատիկա ի՛նչպէս ընել անհատապէս: 1980–ականներու վերջաւորութիւններէն ի վեր մարդիկ ամէն տեղ կը հագնին հագուստներ, որոնց վրայ հաստ տառերով գրուած է՝ «Առանց Վախի» («Նօ Ֆիր») եզրը: Այնպէս կը թուի, որ շատ լուրջ ենք մեր կեանքերէն ամէն վախ վերացնելու մեր ջանքին մէջ: Այդ արշաւը կը թուի ըլլալ ողջամիտ, ազնուական եւ խոհեմ շատ մը ճակատներու վրայ: Սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ ամէն վախ վատ չէ: Ուստի ինչո՞ւ կայ այդ մտապաշարումը: Կը հաւատամ, որ ատոր պատճառը բոլոր վախերը «վնասակար» պիտակով մը մէկ մեծ դասակարգումի տակ դնելն է: Բայց արդեօք այդ ենթադրութիւնը ճի՞շդ է: Առաջին՝ կարեւոր է ճանչնալ, որ իրապէս կան կործանարար վախեր, նոյնիսկ երբ կը թուին ողջամիտ ըլլալ: Եթէ կը վախնանք մեր ամբողջ դրամը եւ ստացուածքը կորսնցնելէն, հաւանաբար պիտի մտապաշարուինք անոնցմով եւ ըլլանք կծծի ու ապրանք կուտակողներ՝ պաշտելով մեր դրամը եւ ստացուածքը ուրիշ որեւէ բանէ աւելի: Եթէ կը վախնանք ամուսին մը կորսնցնելէն, պիտի փարինք այդ անձին չափէն աւելի ամուր կերպով կամ կասկածինք անոր ամէն մէկ արարքէն: Այդ երկուքն ալ կ’առաջնորդեն դժգոհութեան կամ զայրոյթի, որ վերջաւորութեան կը վնասէ յարաբերութեան: Եթէ ունինք մեզմէ բանի մը վրիպելուն վախը [ՖՕՄՕ– հանրածանօթ եզր մը, որ առաջնատառերն են անգլերէնով՝ «ֆիր աֆ միսինկ աութ» բառերուն– Թարգմանիչ], անիկա կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մենք նոր հետաքրքրութիւններ եւ նոր փորձառութիւններ փնտռենք, բայց ատիկա պիտի ըլլայ առողջ համայնքի, իրական կապակցութիւններու եւ նուիրումին ընկերակցող գեղեցիկ խաղաղութեան հաշւոյն: Եթէ կը վախնանք մեր զաւակներուն ապահովութեան համար, հաւանաբար պիտի խանգարենք անոնց աճումը՝ զանոնք կա՛մ խեղդելով կամ ալ շռայլութեան (կամ մսխելու) առաջնորդելով: Ցանկը անվերջանալի է: Միւս կողմէ, շինիչ վախերը կ’արտադրեն նպաստաւոր իմաստութիւն: Քարաժայռէ մը երկու հազար ոտք (600 մեթր) վար իյնալու վախը մեզի կու տայ իմաստութիւն շատ չմօտենալու ծայրին, ուրկէ կրնանք սահիլ–իյնալ: Գորշ արջերու զօրութեան վախը մեզի կու տայ իմաստութիւն վտանգ չսպառնալու մայր արջի մը քոթոթներուն: Երրորդ աստիճանի այրուածք ունենալու վախը մեզի կու տայ իմաստութիւն հաստ ձեռնոցներ հագնելու երբ ափսէ մը կը հանենք տաք փուռէ մը: Եւ սակայն շինիչ վախը՝ հակառակ օգտակար ըլլալուն, նաեւ կրնայ սխալ ուղղութեամբ երթալ եւ սահմանափակել մեր կեանքը: Եթէ չյաղթահարուի, իյնալու վախը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ մենք օդանաւ չուզենք ելլել, ինչ որ կրնայ սահմանափակել մեզ: Գորշ արջէն մեր անզուսպ սարսափը կրնայ զրկել մեզ անտառին մէջ հաճելի պտոյտէ մը, եւ մենք մեզ այրելու վախը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ բնաւ փուռը չվառենք եւ աղուոր տան կերակուրներէ զրկենք մենք մեզ: Իրական հարցումը, որ պէտք է հարցնենք մենք մեզի հետեւեալն է՝ Ամէնէն շատը ի՞նչէն կը վախնանք: Ատիկա շատ աւելի ճիշդ փնտռտուք մըն է քան կործանարար վախը ի՛նչպէս վերացնելու եւ շինիչ վախերը ի՛նչպէս կառավարելու վրայ կեդրոնանալը: Անիկա իմաստուն հարցում մըն է, եւ եթէ ճիշդ ձեւով պատասխանուի, բոլոր միւս վախերը աւելի հասկնալի կը դարձնէ մեզի համար եւ կը բարելաւէ մեր կեանքը՝ թէ՛ ներկային մէջ եւ թէ՛ յաւիտենապէս: Ատիկա կը լուսաւորէ մեր ճամբան՝ դէպի բարի եւ լեցուն կեանք մը: Աստուածաշունչը շատ բան ունի ըսելու վախի մասին, եւ անոնց հիմը հետեւեալն է. իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է (Առակներու 1.7): Եւ ոչ միայն որեւէ իմաստութիւն, այլ՝ Աստուծո՛յ իմաստութիւնը: Լաւ է այդ տեղէն սկսիլը: Ուստի նկատի առ հետեւեալը. հապա եթէ ըսեմ, որ վախը՝ եթէ ճիշդ ձեւով ուղղուի, արժանիք մըն է... Հապա եթէ Աստուծոյ վախը այն ինքնահակասական ճամբան է, որ կ’առաջնորդէ Իրեն հետ հարազատ յարաբերութեան մը... Եւ հապա եթէ այդ սուրբ վախը այն գործօնն է, որ մեզ ճշմարտապէս կը բանայ այն կեանքի լեցունութեան, զոր Յիսուսի հետեւորդները ապրած են դարերու ընթացքին... Հապա եթէ այդ վախը արմատախիլ կ’ընէ միւս բոլոր վախերը. քու սեփական գործդ սկսելու վախը, երկրիդ կառավարութեան առնելիք քայլերուն վախը, այն վախը թէ՝ ի՛նչ պիտի պատահի զաւակներուդ, հիւանդութենէ տառապելու վախը, այն վախերը, որոնք մտային հիւանդութիւն կամ ընկճուածութիւն կը պատճառեն (ցանկ մը, որ անվերջանալի կրնայ ըլլալ)...
Մինչ կը սկսինք մեր ճամբորդութեան, կ’ուզեմ չորս հաստատումներ ընել.
1. Մենք մարդ ենք եւ վախեր պիտի ունենանք:
2. Աստուծոյ ահը կամ վախը շատ աւելի խորունկ է, աւելի գեղեցիկ եւ աւելի մտերմիկ քան շատեր կը համարձակին պատկերացնել:
3. Աստուծոյ վախը կը կլլէ բոլոր կործանիչ վախերը:
4. Աստուծոյ վախը սկիզբն է ամէն լաւ, բարի բանի:
Ոմանք պիտի յիշեցնեն, թէ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ՝ շուրջ 365 անգամ, որ չվախնանք, եւ ճիշդ են: Ատիկա պատճառ կ’ըլլայ, որ մեծ թիւով Քրիստոնեաներ եզրակացնեն, թէ Աստուած չ’ուզեր, որ վախնանք: Բայց այդ համարները կը խօսին կործանարար վախի մասին: Առաւել, կրնամ մատնանշել Աստուածաշունչէն շուրջ 200 համարներ, որոնք կը քաջալերեն, որ Աստուծմէ վախնանք: Եւ ահա ցաւալի բաժինը. մեր կեանքերէն որեւէ վախ վերացնելու մեր ջանքին մէջ (ներառեալ Աստուծոյ վախի արժանիքը), մեր հաւատքի այս բաժինը մնացած է չքննուած, չփորձուած եւ առանց օգուտի: Աստուծոյ վախը աւելի փառաւոր է, աւելի ահ ներշնչող եւ նոյնիսկ աւելի երջանկաբեր քան ինչ որ կրնանք պատկերացնել: Մինչ կը շարունակենք, կ’ուզեմ քեզի ցոյց տալ, թէ ի՛նչպէս ճիշդ ձեւով ուղղուած վախը՝ յատկապէս ամէն բանէ աւելի Աստուծմէ վախնալը, կը բանայ ճամբան կեանքի մը, որ աւելի անդին է քան ինչ որ երբեւէ երեւակայած ես: Եւ միայն այդ ատեն է, որ կարող կ’ըլլանք համարձակօրէն դիմագրաւելու որեւէ բան, որ կեանքը կը նետէ մեր վրայ: Չարլզ Սփըրճընի բառերով. «Աստուծոյ վախը կ’ենթադրէ մահը միւս բոլոր վախերուն. հզօր առիւծի մը պէս, իր առջեւէն կը վտարէ բոլոր միւս վախերը»: Իմ յոյսս է, որ մինչ կը կարդաս այս գիրքը, գլուխդ ի վար սուզուիս այդ արժանիքին մէջ, կեղուես–հանես անոր կրօնական հասկացողութեան դիմակը, որ ճիշդ ձեւով չի ներկայացներ զանիկա, եւ քողազերծես անոր մեր ոտքերը ամուր կերպով գետինին վրայ հաստատելու բարիքը: Այո, մի՛ վախնար որեւէ չարիքէ, այլ՝ յայտնաբերէ, թէ ի՛նչպէս Տիրոջմէ վախնալու արժանիքը՝ որ յաճախ սխալ հասկցուած է, պիտի ծաղկեցնէ կեանքդ՝ վայրի գեղեցկութեամբ մը:
Սկսինք մեր Աստուծոյ ո՜րքան ահաւոր ըլլալը հետազօտելով: