Կոտրել երկչոտութիւնը

(0)
  • Գին: Անվճար
  • Հեղինակ: Ջոն Բիվեր
  • Formats available: pdf
  • Դիտում

Յառաջաբան

 

 

Արդէն շատ տարիներ է, որ կը ճանչնամ Ճոն Պիվիրին՝ որպէս երիտասարդ ծառայող եւ թանկագին ընկեր։ Ատիկա ինծի համար մեծ պատիւ է։ Ես իմ ողջ սրտով կը հաւատամ, որ Աստուած անոր բարձրացուցած է յաղթանակի, հաւատքի եւ յոյսի ուղերձ բերելու այս սերունդին։ Ճոն Պիվիրը «Կոտրել երկչոտութիւնը» գիրքով Քրիստոսի մարմինին կը բերէ ուղերձ մը, որն արդիական է եւ որուն կարիքը շատ է։ Մենք կարիք ունինք օգտագործելու այն պարգեւները, որոնք Աստուած տուած է մեզի՝ աշխարհին հասնելու համար։ Բայց ատոր փոխարէն մեզմէ շատերը կը նահանջեն Քրիստոսի մէջ ունեցած մեր իշխանութեան վրայ աննկատ եւ նկատելի յարձակումներէն։ Սատանան ամէն ձեւով պայմաններ կը ստեղծէ եւ կ’օգտագործէ մարդոց՝ հանգեցնելու Աստուծոյ մէջ ունեցած քու պարգեւը։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կան շատ հաւատացեալներու օրինակներ, որոնք վախի մէջ եղած են, բայց, կոտրելով այն, հասած են յաղթանակի։ Նշենք քանի մը հոգի. Յեսու, Գեդէօն, Նէեմիա եւ Դաւիթ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. 

«Բոլոր քու դէմ շինուած գործիքները պիտի չյաջողին» – Եսայիա 54.17

Այս գիրքի եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեան միջոցով իւրաքանչիւր հաւատացեալ կրնայ ճեղքել վախը եւ յաղթել։ Թող Աստուած այս սերունդին մէջ բարձրացնէ պատերազմողներու այնպիսի բանակ մը, որ երբեք չի նահանջեր։ – Զօէ Մէյսըն

«Սովորական թշնամի», «Հեռացուր այն ամէնը, ինչ որ կը փորձէ քեզ կանգնեցնել» եւ «Խոստումի խօսքեր» գիրքերու հեղինակ։

 

 

Ներածութիւն

 

 

Շատ քրիստոնեաներ կը պատերազմին վախի դէմ, շատերն ալ աւելի շատ կը կռուին վախի հետեւանքներու դէմ, մինչդեռ պէտք է պայքարին ատոր ակունքին դէմ։ Պատկերացուցէք թանկարժէք կահաւորանքով շքեղ տուն մը, որ սակայն տանիք չունի։ Յորդառատ անձրեւ կու գայ եւ կ’ողողէ ամբողջ տունը։ Գրեթէ ամէն ինչ կ’աւերի։ Երկար ժամանակ կը պահանջուի աղտոտ ու ոչ պիտանի դարձած կահոյքէն ազատելու, հագուստները եւ յատակը մաքրելու համար։ Յետոյ տանտէրը ջանասիրաբար պէտք է աշխատի, որպէսզի նորէն ձեռք ձգէ այն ամէնը, ինչ որ փճացած է։ Մէկ գործը դեռ չաւարտած, փոթորիկը կ’աւերէ նորոգածը։ Յուսախաբուած ան նորէն կը սկսի վերականգնման ձանձրալի եւ վհատեցնող աշխատանքը։ Կարճատեւ դադարէն ետք անձրեւը կրկին կը կործանէ ամէն բան, եւ հերթական անձրեւի հետեւանքները վերականգնելէն յոգնած մարդը կը սպառէ իր ուժն ու կարողութիւնը։ Յուսալքուած ան կը դադրի պայքարելէ եւ կը համակերպի իրավիճակին՝ հաւատալով իր ճակատագրին։ Անշուշտ, ասիկա անհեթեթութիւն է։ Հաւանաբար դուն կը մտածես. «Ինչո՞ւ ան չէր ամրացներ տանիքը, ատորմով ան ոչինչ կը կորսնցնէր։ Ի՜նչ յիմար մարդ է»։ Բայց եւ այնպէս, այս տեսարանը կը բնորոշէ շատ շատերուն, որոնք կը պայքարին վախի դէմ։ 

Անոնք վախի զօրութիւնը կոտրելու փոխարէն կը ջանան շտկել ատոր հետեւանքները՝ հիասթափութիւնը, շփոթուածութիւնը, յուսահատութիւնը...

Ոմանք ալ կը պայքարին վախի դէմ՝ դիմելով հոգեբաններուն, որպէսզի սորվին, թէ ինչպէս վարուին իրենց վախին հետ։ Միւսներն իրենց կեանքը կը յանձնեն երկչոտութեան ստրկութեանը՝ վախնալով ազատութեան յոյս ունենալէ։ Այս երկուքն ալ նման են առանց տանիքի թրջուած կահոյքով բնակարանին մէջ ապրելուն։ Ոմանք ալ կը մեկուսանան։ Յուսահատած անոնք ընդհանրապէս կը լքեն իրենց հեղեղուած տունը։ Այս գիրքի ուղերձը ձեզի պիտի չսորվեցնէ պայքարիլ, այլ այն պիտի բացայայտէ բոլոր վախերէն եւ երկչոտութենէն ազատելու Աստուծոյ ճանապարհը, որմէ յետոյ դուք կրնաք իրականացնել Աստուծոյ կոչումը ձեր կեանքին մէջ։ Ես շատ ժամեր անցուցած եմ համակարգիչին առջեւ այս գիրքին վրայ աշխատելու ընթացքին եւ խնդրած եմ Տիրոջ առաջնորդութիւնը։ Առտու մը, երբ կ’աշխատէի գիրքին վրայ, իմ սենեակին մէջ զգացի Տիրոջ ներկայութիւնը։ Ոտքի կեցայ համակարգիչին քովէն եւ սկսայ քալել ու աղօթել։ Երբ կ’աղօթէի, Տիրոջ մարգարէական Հոգին իջաւ իմ վրայ, եւ այս խօսքերը դուրս ելան. «Որդի՜ս, կան շատերը, որոնք իրենց կ’անուանեն վերջին օրերու Իմ հզօր բանակի հաւատացեալներ, բայց կապուած են վախով։ Անոնք Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ մաքուր սիրտ ունին, բայց եւ այնպէս Գեդէօնի պէս բռնուած են մարդկային վախէն (Դատ. 6-8)։ Պարգեւները, որոնք Ես դրած եմ անոնց մէջ, հանգած են։ Ես կ’օծեմ այս գիրքի ուղերձը, որպէսզի անոնցմէ շատերը ազատագրուին։ Այդ մարդիկ ոտքի կը կենան եւ առանց վախի կը հնազանդին Ինծի։ Անոնք կ’ըլլան քաջ պատերազմողներ եւ իրենց Աստուծոյ զօրութեամբ ծնունդ կու տան մեծ յաղթանակներու»։

Ասիկա ընդամէնը Աստուածաբանական ուսուցում մը չէ։ Տարիներ շարունակ ես բռնուած էի վախով։ Ամենամեծ խոչընդոտը, որուն ես կը հանդիպէի, այն էր, որ չէի գիտեր իմ խնդիրներու ակունքը։ Աստուած բացայայտեց այդ չար թշնամիին։ Ատկէ յետոյ Աստուած օգտագործեց այս ուղերձը՝ ողջ աշխարհի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն ազատագրելու համար։ Աւագ մը այսպէս արտայայտուեցաւ՝ բացականչելով. «Այս ուղերձը Ամերիկայի մէջ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հովիւի ձեռքը»։ Այս պատգամը միայն հովիւներու համար չէ, այլ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամի։ Ես չեմ հաւատար, թէ պատահականութիւն է, որ այս գիրքը քու ձեռքերուն մէջ է։ Երբ դուն ազատագրուիս, կը խնդրեմ, փոխանցէ այս ուղերձը անոնց, որոնք ունին ատոր կարիքը։ Երբ դուն փոխանցես այն, ուղերձը քու մէջ աւելի կը զօրանայ։

Ես կը քաջալերեմ քեզի, որ աղօթքի մէջ միանաս ինծի, երբ սկսիս կարդալ այս գիրքը։ Կը խնդրեմ, բա՜ց քու սիրտը եւ խօսի՜ր այս բառերը Աստուծոյ ներկայութեան մէջ.

«Հայր, իմ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով ես կը խնդրեմ Սուրբ Հոգիէն, որ յայտնէ Քու խօսքը ինծի, երբ կարդամ այս գիրքը: Կը խնդրեմ բացայայտէ եւ հեռացուր իմ կեանքէն ամէն տեսակի անվստահութիւն, որպէսզի վախի արմատը չորնայ։ Թող ես աւելի մօտենամ Քեզի եւ համարձակ վկայեմ իմ Տէր Յիսուս Քրիստոսին»։

 

 

 

Գլուխ 1 

ՔԱԼԷ՛ ՔԵԶԻ ՏՐՈՒԱԾ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

 

 

Ծառայելով Տիրոջը՝ ես աւելի ու աւելի կը հասկնամ, որ Աստուած կ’օգտագործէ իրավիճակներն ու մարդոց մեզ նախապատրաստելու համար, որպէսզի մեր կեանքին մէջ իրականանայ Իր կոչումը։ 1983-ին ես ձգեցի իմ քարիերան (աշխատանքային գործունէութիւնը)՝ ճարտարագէտի պաշտօնը, որպէսզի շատ մեծ եկեղեցի մը մտնէի օգնութեան ծառայութեան մէջ։ Իմ դիրքին մէջ ես կը ծառայէի հովիւին, անոր կնոջը, բոլոր հիւրծառայողներուն։ Կ’օգնէի երկրորդական խնդիրներ լուծելու գործին մէջ, որպէսզի անոնք ընէին այն գործերը, որոնց համար Աստուած կանչած է անոնց։ Չորս տարի յետոյ Աստուած ինծի հանեց այդ ծառայութենէն, որպէսզի ըլլայի ուրիշ մեծ եկեղեցւոյ մը երիտասարդներու հովիւ։ Երբ եկաւ մեկնելու պահը, մարդ մը, որ ինծի հետ նոյն ծառայութեան մէջ էր, կնոջս ըսաւ, թէ Աստուած իրեն խօսք տուած է ինծի համար։ Անկէ յետոյ մինչեւ օրս այդ խօսքը որպէս զգուշացում անընդհատ կը հնչէ իմ ականջներուն մէջ՝ պաշտպանելով ինծի իր իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ։ Ինչպէս Աստուծոյ որեւէ ճշմարիտ խօսք, այն եւս դարձաւ ղեկ մը իմ սրտի համար եւ անորոշութենէն ինծի պահելու հիմք։ Այդ մարդը զգուշացուցած էր կնոջս՝ ըսելով. «Եթէ Ճոնը չքալէ Աստուծոյ՝ իրեն տրուած իշխանութեամբ, ինչ որ մէկն այն պիտի վերցնէ անորմէ եւ պիտի օգտագործէ իրեն դէմ»։ Այս խօսքն ունեցաւ անմիջական ազդեցութիւն։ Ես ընդունեցի այն որպէս Աստուծոյ իմաստութիւն, բայց լիարժէք պատկերացում չունէի, թէ ինչպէս պէտք է կիրառէի այն։ Այդ գիտութիւնը պիտի գար յաջորդ քանի մը տարիներուն ընթացքին։

 

Կեանք փոխող փորձառութիւն

 

1990-ի սկիզբը Տէրը հաստատեց, որ Իր կոչումն իմ կեանքին մէջ այդ ժամանակ ճամբորդելն ու ծառայելն էր։ Երբ ես կարճ ժամանակով ճամբայ ինկայ, անկէ ետք ունեցայ կեանք փոխող փորձառութիւն, որուն միջոցով ես վերջապէս հասկցայ Աստուծոյ հաստատած խօսքերը, որոնք ինծի ըսած էին տարիներ առաջ։ Մենք սկսած էինք ծառայութիւններ անցընել եկեղեցւոյ մը մէջ։ Ծառայութիւնները ծրագրած էինք սկսիլ Չորեքշաբթի երեկոյեան եւ աւարտել Կիրակի օրը։ Աստուծոյ Հոգին կը շարժէր շատ զօրաւոր ձեւով, եւ կ’ըլլային հզօր ազատագրումներ, բժշկութիւններ եւ փրկութիւններ։ Ամէն երեկոյ ծառայութիւններու ժամանակ Աստուծոյ ներկայութիւնն աւելի ու աւելի ցայտուն կը դառնար։ Առաջին շաբթուան ընթացքին կին մը, որ ներգրաւուած էր «Նիւ էյճ» շարժումին մէջ, փառաւոր ձեւով ազատագրուեցաւ։ Եւ ասիկա փոփոխութեան խթան դարձաւ, որ սկիզբ դրաւ մեծ արթնութեան։ Մէկ շաբթուան ընթացքին մեզի միացան այդ վայրէն իննսուն մղոն հեռաւորութեան վրայ ապրող մարդիկ։ Հովիւն ըսաւ. «Մենք չենք կրնար դադրեցնել այս ծառայութիւնները։ Աստուած աւելին ունի մեզի համար պահած»։ Ես համաձայնեցայ, եւ մենք ունեցանք եւս քսանմէկ ծառայութիւն։ Աստուծոյ Խօսքը կը հոսէր արագավազ վտակի նման, եւ Հոգիի պարգեւները կը դրսեւորուէին իւրաքնաչիւր ծառայութեան ժամանակ։ Ծառայութիւններու երկրորդ շաբթուան ընթացքին, երեկոյ մը, երբ ես կը քարոզէի, դարձայ ու նայեցայ երաժիշտներուն եւ երգիչներուն (բեմի վրայ շուրջ քսանհինգ մարդ կար)։ Այնուհետեւ ես յայտարարեցի. «Այս բեմին վրայ մեղք կայ։ Եթէ դուն չապաշխարես, Աստուած կը բացայայտէ այն»։ Երբ ականջիս հասան իմ այդ խօսքերը, մտածեցի. «Ա՜յ քեզ բան, ուրկէ՜ եկան ատոնք»։ Որոշ ժամանակ քարոզելէ ետք նոր հասկցայ, որ կ’ըլլայ ժամանակ, երբ Աստուծոյ օծութիւնը քու վրայ այնպիսի ուժով կ’իջնէ, որ դուն կրնաս հռչակել խօսքեր, որոնք քու ֆիզիքական ականջները կը լսեն ըսելէն ետք։ Ասիկա մարգարէական քարոզ է, երբ մենք կը խօսինք Աստուածային ներշնչումով։ Միտքս հարցումներ սկսաւ հարցնել իմ ըսածի վերաբերեալ, բայց ես արագ հեռացուցի այդ մտքերը, որովհետեւ գիտէի՝ այն, ինչ որ ըսի, Աստուծմէ էր։ Ես նախօրօք չէի ծրագրաւորած ատիկա։ Քարոզելու օծութիւնը կը ծանրանար իմ վրայ։ Ծառայութիւններու ժամանակ երթալով կ’աճէր մարդոց բազմութիւնը։ Երրորդ շաբթուան ընթացքին նորէն, երբ կը քարոզէի, դարձայ ու մատս ուղղեցի բեմին վրայ կեցողներուն եւ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով համարձակ յայտարարեցի. «Այս բեմին վրայ մեղք կայ։ Եթէ դուն չապաշխարես, Աստուած կը բացայայտէ այն, եւ դուն կը հեռացուիս»։ Ես զգացի իշխանութեան եւ վստահութեան աճ։ Այս անգամ իմ մէջ հարցումներ չյառաջացան, որովհետեւ գիտէի, որ Աստուած Իր տունէն մեղքը սրբելու գործընթացի մէջ է։

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up