Երբ կին առիւծները կ՛արթննան

(0)
  • Գին: Անվճար
  • Հեղինակ: Լիզա Բիվեր
  • Formats available: pdf
  • Դիտում

1

Պիտի Արթնցնես Էգ Առիւծ մը

 

Բնութիւնը գաղտնաբար կը համաձայնի հոգիին հետ՝ ազատագրելու համար մեզ: ՌԱԼՖ ՈՒԱԼՏՕ ԷՄԸՐՍԸՆ 1994 թուականն էր, գիշեր մըն էր որեւէ ուրիշ գիշերուայ մը պէս կեանքիս այդ եղանակին: Տունս կարգի դնելու յուսահատ փորձէ մը ետք պէտք եղածէն աւելի ուշ մտած էի անկողին: Իբրեւ յղի մայրը երեք տղայ զաւակներու, խորունկ քուն կը քնանայի այդ օրերուն: Աչքերս կը գոցէի եւ ուղղակի քունի կ’անցնէի, միայն արթննալու համար ժամացոյցի զանգակի մը ձայնէն, պզտիկներուն ձայնէն կամ սենեակս սողոսկած ուշ առաւօտեան արեւի ճառագայթէն: Բայց այդ գիշեր քնացայ եւ արթնցայ արշալոյսին՝ մինչեւ կորիզս ցնցուած: Լուսաբացի ժամերուն վառ եւ անսովոր երազ մը տեսայ: Իրականութեան մէջ զանիկա երազ կոչելը այնպէս պիտի հնչէ, որ անիկա ինծի եկաւ քունիս մէջ կամ շուքի մը պէս: Բայց այդ պատկերները ինծի այդ ձեւով չեկան: Ես կանոնաւոր կերպով երազ կը տեսնեմ, բայց ոչ այդ մակարդակի ուժգնութեամբ: Իմ քունի աշխարհիս մէջ ինքզինքս գտայ աշխուժօրէն արթուն: Առջեւս կար տեսարան  մը՝ ուրիշ վայրի եւ ժամանակի մէջ: Զգացի, թէ երկրի արահետներուն մէջ չէի քալեր այլեւս: Երկնային մարզի մէջ տեղ մը կեցած էի, լուսաւոր վայր մը, առանց շլացնող շողերու: Պայծառ լոյս կար ամէն տեղ, եւ կը թուէր գալ ամէն տեղէ: Չկար մշուշ կամ շուք, կար միայն փառաւոր գոյն: Այդ կենդանի գոյնի յագեցած ալիքները բաղկացած էին այնքան թանձր երանգներէ, որ անոնց երկրաւոր անունները չունիմ, որ ըսեմ: Գոյները խաւերով էին եւ բազմատարածութիւն: Պատճառով մը ամէնէն լաւ կերպով կը յիշեմ մանիշակագոյնի (բայց ոչ մեր գիտցած մանիշակագոյնի) եւ կապոյտի (ոչ մերինին պէս) երանգները: Չկային ծայրեր, կողմեր կամ վերի սահման, սակայն այդ գոյնի միջավայրը տարածուած էր ամբողջ շուրջը այն բանին, զոր կը ցուցադրէր, որն էր՝ անթերի, սերի գոյն քարէ բարձր հարթակ մը, որուն վրայ պառկած էր ոսկեայ էգ առիւծ մը: Էգ առիւծը ուղղակի կատարեալ էր. շքեղ, հզօր եւ գեղեցիկ ու ճոխ հիւսուածքի նման մորթով: Ան չէր շարժեր, բայց միտքիս մէջ կասկած չկար, որ ան ողջ էր, շատ աւելի ողջ քան որեւէ երկրաւոր անասուն, զոր տեսած էի շարժումի մէջ: Գլուխը վեր բռնած էր, բայց ոչ լարուած, եւ առջեւի ոտքերը երկարած էր դէպի առջեւ: Անոր մորթը եւ աչքերը ոսկեգոյն էին եւ կը փայլէին: Իր կատարեալ, շագանակագոյն մորթին տակ կը տեսնէի անոր կատարելապէս կազմուած մկաններուն բոլոր մանրամասնութիւնները: Այդ զմայլելի, հանդարտ էգ առիւծը շատ աւելի իրական, կենդանի եւ կենսունակ էր քան որեւէ էգ առիւծ, որ ներկայիս երկրի վրայ կ’ապրի: Միտքէս անցածը այն էր, որ կը տեսնէի էգ առիւծի երկնային նախատիպը: Այդ անթերի, սիւներով հարթակին առջեւի երեսին վրայ փորագրուած էին բառ մը եւ հռոմէական թիւ մը. Թիւեր XXIII: Այդ էգ առիւծին դիմաց իմ կերպարս թափանցիկ, անկարեւոր եւ տարօրինակ կերպով անկապ կը թուէր: Ես անջատուած կը զգայի իմ մարմինէս եւ յղի ըլլալու գիտակցութիւնը չունէի: Գիտէի, որ հոն էի նայելու եւ տեսնելու, ուշադրութեամբ դիտելու, եւ ատիկա ընելով՝ սորվելու բան մը, որ չէի գիտեր: Զգացի, որ պէտք էր ըմբռնէի այդ պատկերին կշիռքը: Հակառակ անոր որ ես առանձին էի առիւծին հետ, ոչ մէկ ահազանգ կամ սպառնալիք կը զգայի: Պարզապէս աչքերս լայն բացած զմայլանքի մէջ էի, կարծես միայն տեսնելով՝ իմ հոգիս կ’ընդարձակէր եւ կը կապուէր անոր հետ: Որքան որ կրնայի ներծծեցի շուրջս եղած բաները: Կեդրոնացումս շեղեցաւ, եւ ուղղակի նայեցայ առիւծին աչքերուն մէջ: Երբ ատիկա ըրի, ձայն մը լսեցի ետեւէս տեղէ մը, որ կը յայտարարէր. Այս որդիին ծնունդով, դուն պիտի արթնցնես էգ առիւծ մը: Ոսկեայ լոյսի պղտորութեան, շքեղութեան եւ զարմանքի մէջ վերջ գտաւ այդ տեսիլքը: Յաջորդ բանը, որուն գիտակցութիւնը ունիմ այն է, որ առաւօտ էր արդէն եւ ես ամբողջութեամբ արթուն էի: Բոլոր զգայարանքներս բարձր զգօնութեան վիճակի մէջ էին, ոչ այնքան վախի պատճառով որքան ցնցուած ըլլալու: Ի՞նչ էր տեսածս: Հիմա որ ժամանակ անցած է անոր վրայ, եկած եմ հաւատալու, որ մեր երկիրը ժամանակի հետ կապուած շուքը կամ մասնակի յայտնութիւնն է անոր, որ նախատիպը կամ իրականն է, անժամանակ է եւ ամբողջական է երկինքի մէջ: 

 

 

 

ՈՏՔԻ Ե՛Լ ԱՌԻՒԾԻ ՄԸ ՊԷՍ

 

Արշալոյսի աղօտութեան մէջ երկնցած էի՝ լման արթուն: Սիրտս արագ կը զարնէր եւ մարմինս կը դողդղար: Զգացի, որ Աստուած տուաւ ինծի էգ առիւծի այդ տեսիլքը՝ յայտնելու համար բան մը, որ դիւրաւ աննկատօրէն պիտի վրիպէր ինձմէ առօրեայիս մէջ: Ան իմ լման ուշադրութիւնս գրաւեց անով: Մտիկ կ’ընէի՝ բոլոր զգայարանքներս արթուն ըլլալով: Սենեակս տժգոյն եւ պարապ կը թուէր՝ ի հակասութիւն այն գոյներու աշխարհին, որմէ նոր ելած էի: Առաւօտեան սովորական ձայները խուլ կը թուէին բաղդատաբար այն հնչեղ ձայնին, որ կար այդ այլաշխարհիկ վայրին մէջ: Անշարժ էի՝ վախնալով, որ եթէ շարժէի, կրնայի կորսնցնել այդ տեսիլքի վերջին մնացորդները: Գոցեցի աչքերս: Այո, ամէն բան հոն էր. էգ առիւծը, հարթակը, գրութիւնը, գոյներու միջավայրը եւ ձայնը: Ժամանակ անցաւ, սիրտս դանդաղեցաւ, մարմինս հանդարտեցաւ եւ աչքերս բացի: Հարթակին դիմացի երեսին վրայի գրութիւնը հասկնալ ուզելով, ձեռքս երկարեցի եւ Աստուածաշունչս առի քովս անկողինիս մէջ: Ես ինծի հարց տուի, թէ արդեօք կապ մը կա՞ր նշուած գիրքին եւ գլուխին հետ: Ուրեմն ի՞նչ կ’ըսէր Թիւերու Գիրքի 23-րդ գլուխը: Մինչ էջերը կը դարձնէի, սիրտս տրտմեցաւ երբ կարդացի թարգմանողին դրած վերնագիրը եւ գիտցայ, որ այդ գլուխը Բաղաամի մարգարէութիւններուն մասին է: Անոր մասին գիտէի, որ ճիշդ պատգամներ տուող, բայց անպարկեշտ մարգարէ մըն էր: Շարունակեցի կարդալ՝ առանց յատուկ բան մը զգալու, մինչեւ, որ հասայ 19-րդ համարին: 

Աստուած մարդ չէ՝ որ ստէ, Ո՛չ ալ մարդու որդի՝ որ զղջայ. Իր ըսածը պիտի չընէ՞, Կամ իր խօսածը պիտի չհաստատէ՞: Ահա՛ օրհնելու հրաման ստացայ. Ինք օրհնեց, ու ես չեմ կրնար խափանել: Յակոբի վրայ անօրէնութիւն չնկատեց, Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անիրաւութիւն տեսաւ. Տէրը՝ անոր Աստուածը իրեն հետ է, Եւ անոր մէջ թագաւորի ցնծութեան ձայն կայ: Աստուա՛ծ հանեց զանոնք Եգիպտոսէն. Ան գոմէշի պէս ոյժ ունի: Արդարեւ Յակոբի դէմ հմայութիւն չ’ըլլար, Ու Իսրայէլի դէմ՝ դիւթութիւն: Յակոբի եւ Իսրայէլի մասին՝ ժամանակին Պիտի ըսուի թէ՝ «Աստուած ինչե՜ր ըրաւ»: (Թիւերու 23.19-23)

Այս խօսքերը շատ բան կ’ըսեն Աստուծոյ հաւատարմութեան մասին: Անոր խօսքերը հաստատ են եւ ստոյգ, եւ Անոր օրհնութիւնները՝ անխափանելի: Աստուծոյ հաւատարմութեան շնորհիւ Իսրայէլ ունեցաւ ապահով ապագայ մը՝ ազատ կախարդութեան կամ անէծքի պիղծ եւ խճճուած ազդեցութիւններէն: Այս բոլորը վստահութիւն ներշնչող էին, բայց յաջորդ համարը կլանող էր:

Ահա՛ այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի կանգնի, Առիւծի պէս պիտի բարձրանայ. Պիտի չպառկի՝ մինչեւ որ որսը չուտէ Եւ սպաննուածներուն արիւնը չխմէ: (Թիւերու 23.24, շեշտադրումը՝ մեր կողմէ)

Դողալով, նորէն կարդացի այդ դիւրաբեկ էջին վրայ գրուած այդ կատաղի բառերը. Մատակ առիւծի պէս պիտի կանգնի, առիւծի պէս պիտի բարձրանայ: Այդ բնական պատկերը ցնցեց զիս: Աչքիս առջեւ տեսայ. առիւծ մը եւ իր մատակ (էգ) առիւծը կ’ելլեն խոտերուն մէջէն: Եւ երբ կ’ելլեն, դաշտին ուժաբանութիւնը (մթնոլորտը) կը փոխուի խաղաղէն՝ ելեկտրականի: Ամէն ապրող էակ կը զգայ առիւծին կեցուածք փոխելը եւ կը դիտէ ուշադրութեամբ: Ոսկեայ արարածները արթնցած էին, իրենց մկանները կը ձգէին, օդը կը փորձէին, իրենց միջավայրը կը քննէին՝ պատրաստ ըլլալով քայլ առնելու: Թերեւս անօթի էին: Թերեւս գրգռուած էին ներկայութենէն թշնամիի մը, որ խախտած էր իրենց տարածքի սահմանները, եւ ժամանակն էր իրենց ներկայութիւնը յայտնի դարձնելու: Մէյ մը, որ ոտքի կ’ելլէին, լարուածութիւնը կը բարձրանար մինչեւ որ անոնց շարժումները դադրէին: Եթէ առիւծները անհանդարտ էին, միւս արարածներն ալ հանգիստ չունէին մինչեւ որ առիւծները կռիւ ընէին կամ իրենց խնճոյքը ունենային եւ դարձեալ հանդարտէին: Անոնց ոտքի ելլելովը, զգացի անոնց զօրութեան արծարծումը հոգիիս մէջ ալ: Ո՛վ ահի մէջ չ’ըլլար եւ չի հմայուիր երբ արու առիւծ մը կամ էգ առիւծ մը ոտքի կ’ելլէ եւ կը սկսի քալել կամ շարժիլ: Սքանչելի տեսարան մըն է: Բայց ի՞նչ կապ ունէր ասիկա ինծի հետ: Ի՞նչպէս կրնար այդ վայրի, ոսկեայ հզօրութիւնը կապուած ըլլալ ինծի հետ: Մինչ այդ պատկերը խանդավառեց զիս, անիկա նաեւ վանեց կամ ետ մղեց զիս: Սիրեցի էգ առիւծին արեւի շողերուն տակ մրափելը մինչ կորիւնները կը խաղային իր շուրջը, բայց որսի եւ սպաննելու պատկերները վախցուցին եւ նոյնիսկ զզուեցուցին զիս: Երբ Նաշընըլ Ճէօկրաֆիք կամ Ուայլտ Քինկտըմ հեռատեսիլի կայանները կը դիտէի, աչքերս կը դարձնէի երբ այդ մեծ կատուները վար կ’առնէին այծեամներ եւ վագրաձիեր: Մինչ այդ միտքերը փայլատակեցին միտքիս մէջ, յիշեցի տեսած տեսիլքիս մէջ լսած խօսքս. «Այս որդիին ծնունդով, դուն պիտի արթնցնես էգ առիւծ մը»: Ի՞նչ կրնայ նշանակել ասիկա: Ես կապ մը չտեսայ հզօր, անվախ էգ առիւծին եւ իր անկողինին մէջ պառկած մեծ, յղի կնոջ մը միջեւ: Ըսել, որ ես առիւծ մըն էի, խնդալիք էր: Ես թոֆու ուտող, վիկըն [միայն բոյսերէ եկած կերակուրներ ուտող- Թարգմանիչ] ըլլալու սահմանին եղող մէկն էի... ոչ արիւնարբու գիշատիչ մը: Ես կը սարսափէի ամէն բանէ, որ իմ հակակշիռէս դուրս կ’ըլլար եւ ընդհանրապէս ահարկութեան տակ կ’ըլլայի երբ մարդոց կը հանդիպէի: Ես յատկապէս կը վախնայի զօրաւոր, գերիշխող կիներէն: Յղութիւնս տեսակ մը պատիժի յետաձգումի պէս բան մը եղած էր: Աղօթքի կրակոտ պահի մը ընթացքին՝ վերջին յղութենէս քանի մը ամիս առաջ, բոլոր բողոքներս մէկ կողմ դնելով Աստուծոյ ըսած էի. «Լաւ, լաւ, ես քուկդ եմ: Թող քու կամքդ ըլլայ կեանքիս մէջ: Ի՜նչ որ ուզես՝ կ’ընե՛մ: Նոյնիսկ կը խօսիմ կիներու հետ եթէ կ’ուզես, որ խօսիմ»: Հակառակ անոր որ գաղափար չունէի, թէ ի՛նչ կրնայի ըսել: Երբ յղացայ, մտածեցի, որ ուրեմն կացութիւնը փոխուեցաւ: Պատկերացուցի, թէ յանձնարարութիւնը եւ իմ հաւանութիւնս տեսակ մը քննութիւն մըն էին, ինչպէս իր որդին Իսահակը զոհելու Աբրահամի պատրաստակամութիւնը: Թերեւս նուէր (պոնըս) կէտեր պիտի ստանայի, քանի որ պատրաստակամութիւն ցոյց տուած էի եւ բնաւ պէտք պիտի չունենայի խոստումս կատարելու: Բայց այդ տեսիլքով, այնպէս կը թուէր, թէ յղութենէս առաջ մեր ըրած համաձայնութիւնը տակաւին ի զօրու էր: Եւ ի՞նչ էր այդ խօսքը որդիի մը մասին: Ամբողջ յղութեանս ընթացքին կ’ենթադրէի, որ աղջիկ պիտի ծնանիմ: Ամէն մարդ, որուն կը հանդիպէի, կ’ըսէր, թէ աղջիկ պիտի ունենայի: Ոչ ոք տղայ ըլլալու հաւանականութեան մասին կը խօսէր ինծի: Ես միակն էի, որ մէջս կը պահէի մէկ այլ որդի ունենալու գաղտնի յոյսը:Գլուխս շարժեցի՝ չկարենալով հաւատալ եղածին: Եթէ այդ բաներէն որեւէ մէկը ճիշդ էր եւ ես տեսակ մը էգ առիւծի մը պիտի փոխակերպուէի, ապա վստահաբար ուրիշ մէկն ալ պիտի կանխատեսնէր այդ մօտալուտ փոխակերպումը: Այդ տեսիլքին համար շատ լրջօրէն պէտք ունէի երկրորդական հաստատումի մը:

 

 

ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔ

 

Քանի մը շաբաթ անցաւ եւ կին աւետարանիչ մը, որուն հանդէպ մեծ յարգանք ունէի մեր քաղաքը եկաւ: Ահա՛ ինծի համար առիթ մը: Ան ուրիշ յղի ընկերուհի մը եւ զիս հրաւիրեց ճաշի: Ընկերուհիս բացառիկ գործարար (պիզնըսուումըն) մըն է, որ շատ հետաքրքրական դարձ մը ունեցած էր եւ Ասիոյ մէջ իր բնակած շրջանը ուղղակի կը շարժէ Աւետարանով: Թերեւս էգ առիւծի մասին տեսիլքը իրեն համար էր... Որոշեցի հարեւանցի ձեւով մը այդ գաղափարը ճաշի ատեն բաժնեկցիլ եւ տեսնել անոր հակազդեցութիւնը: Մեր ճաշի հանդիպումը գեղեցիկ, արեւոտ օրուան մը հետ զուգադիպեցաւ Ուինթըր Փարքի մէջ, Ֆլորիտա: Երեքովս փողոցներուն մէջ քիչ մը քալելնէս ետք, վերջապէս յղի մարմինովս յաջողեցայ «իյնալ» աթոռին վրայ եւ կը մտածէի, թէ ի՛նչպէս կրնայի էգ առիւծը մտցնել ընկերուհիներու միջեւ ընթացող գնումներու շուրջ դարձող մեր այդ խօսակցութեան մէջ: Յետոյ երբ սկսանք ճաշել, նիւթը բանալու առիթս ներկայացաւ: Ընկերուհիս մեզի ըսաւ, թէ աղջիկ զաւակ մը կ’ակնկալէր, եւ աւետարանիչը ըսաւ, թէ խանդավառ էր իմ աղջիկ մը ունենալու հաւանականութեանս գաղափարով: «Բայց եթէ ուրիշ տղայ մը ունենամ...», հարցուցի: Ան ցնցուեցաւ, որ ես այդպիսի հաւանականութեան մը մասին կը մտածէի: Վերջապէս ան կը տրամաբանէր, որ ես երեք տղայ զաւակներ ունէի, եւ Ճոնը պէտք ունէր աղջիկ զաւակ մը ունենալու՝ անոր սիրահարուելու համար: Այդ պահուն որոշեցի պատմել էգ առիւծին եւ որդիի մը հռչակումի պատմութիւնը: Վստահ չեմ, որ ըսածներս տրամաբանական իմաստ ունէին: Իրականութեան մէջ գիտէի, որ չունէին: Վերջապէս ես աւելի քան համոզուած էի: Գիտէի, որ տեսիլքը իրական էր, բայց ջղագրգռութեանս մէջ տակաւին զեղչեցի էգ առիւծի պատկերին հետ իմ կապակցութիւնս: Շարունակեցի խօսիլ՝ փորձելով բացատրել իմ այդ հանդիպումս, բայց ի՛նչպէս կրնայի ակնկալել, որ հասկնային եթէ ես ի՛նքս շուարած էի: Իմ շփոթս կ’արտացոլար անոնց մտահոգ երեսներուն վրայ: Անդրադառնալով, որ անելի մը հանդիպած էի՝ կտրուկ կերպով կանգ առի: Յետոյ տիրեց երկար, տարօրինակ լռութիւն մը, որմէ ետք աւետարանիչը կասկածանքով ինծի նայելով, հարցուց. «Ե՞րբ է ծննդաբերութեան թուականդ»: «Հոկտեմբեր 10», պատասխանեցի ամչնալով, մխիթարութիւն զգալով վերջապէս իմաստ ունեցող բան մը ըսած ըլլալովս: Ետեւ կռթնելով, ան իր գլուխը շարժեց եւ ինքնավստահօրէն ըսաւ. «Ոչ, ոչ, կարելիութիւն չկայ, որ դուն առիւծ մը ըլլաս մինչեւ այն ատեն»: Կ’ուզէի գոռալ. «Համաձա՜յն եմ», բայց ծիծաղելի ըլլալու հաւանականութիւնը նկատի ունենալով, պարզապէս գլուխովս հաւանութեան նշան տուի: Մէկ կողմէ որոշ թեթեւութիւն կը զգայի, բայց միւս կողմէ քիչ մը նեղացած էի, վստահաբար քիչ մը կ’ամչնայի եւ հաւանաբար նաեւ անարգուած կը զգայի: Ի՞նչ ըսել կ’ուզէր, թէ՝ չէի կրնար առիւծ մը ըլլալ մինչեւ այն ատեն: Տակաւին գարուն էր եւ Հոկտեմբերը հինգ ամիս յետոյ էր: Վերջապէս ո՞րքան ժամանակ պիտի առնէր առիւծի փոխակերպուիլը: Ինչո՞ւ բաժնեկցեցայ որ տեսիլքս... Պէտք էր սպասէի մինչեւ որ ստոյգ գիտնայի, թէ տղայ զաւակ պիտի ունենայի: Ան զգաց իմ շփոթս եւ բացատրեց. «Տակաւին շատ խնդիրներ ունիս, որոնց վրայ Աստուած պէտք է աշխատի... Ազատագրուած չես ըլլար մինչեւ Հոկտեմբեր»: Ահա՛, հրամմեցէ՛ք... Նոյնիսկ որ չսիրեցի այդ կնոջ չափազանց անկեղծութիւնը, համաձայն էի անոր հաստատումին: Կամաց-կամաց խօսակցութիւնը վերադարձաւ իր նախկին բնական կշռոյթին, մինչ ես բերանս գոցեցի եւ արտօնեցի, որ միտքերս դէպի ներս ընթանան: Ան պարզապէս ըսաւ այն ինչ որ բացայայտօրէն տեսած էր իմ մէջս: Ես կը տանջուէի կասկածով եւ անապահովութեամբ շատ մը մակարդակներու վրայ: Նոյնիսկ ամուսինս՝ Ճոնը, շարունակ կ’ըսէր ինծի. «Դժուար պէտք է ըլլայ քու միտքիդ մէջ ապրիլը, Լիսա, այնքան որ մտահոգութիւններ եւ վախեր ունիս միտքդ խճողող»: Ան ճիշդ էր: Եւ հետզհետէ աւելի կը դժուարանար կացութիւնս: Ձանձրացած էի երկար ժամանակ պահանջող վերականգնումի ծրագիր մը ըլլալէն: 

Վարկանիշներ

0 reviews
keyboard_arrow_up