1
Ինքնութիւն Մը՝ Առանց Մրցակցութեան
Մեր գլխաւոր պէտքը այն է, որ մէկը ներշնչէ մեզ, որպէսզի ըլլանք այնպիսի անձեր, ինչպիսին գիտենք, թէ կրնանք ըլլալ: ՌԱԼՖ ՈՒԱԼՏՕ ԷՄԸՐՍԸՆ Երբեք մրցակից ունեցա՞ծ ես: Ես նկատի չունիմ թեթեւ ընկերային մրցակցութիւն մարզանքի մէջ, ոչ ալ նկատի ունիմ նոր քալել սորվող մանուկները, որոնք կը մրցին իրենց ծնողներուն ուշադրութիւնը եւ սէրը գրաւելու համար: Ես իմ միտքիս մէջ նկատի ունիմ աւելի հետեւողական հակառակորդ մը: Մրցակիցը, վստահաբար, չի նմանիր ո՛չ ընկերոջ, ո՛չ ալ ընտանիքի մէկ անդամին: Մրցակցութեան նպատակը ոչ թէ խաղը յաղթելն է, այլ՝ քեզ դաշտէն հեռացնելն է: Հապա եթէ գիտնայիր, որ այն կեանքը, որուն միշտ ձգտած ես, մրցակցութեան ոլորտէն դուրս է: Հապա եթէ գիտնայիր, որ խաղէն դուրս ելլելու համար պէտք չունիս պարտուելու: Հապա եթէ գիտնայիր, որ չես կրնար պարտուիլ: Հապա եթէ կարենայիր ոչ միայն ստեղծագործ կերպով մտածել, այլեւ ստեղծագործ կերպով ապրիլ: Քանի մը տասնամեակ առաջ գիրք մը կարդացի, որ կ’ըսէր, թէ աշխարհի վերջը պիտի գայ լայնատարած օտարացման պատճառով (ոչ թէ՝ այլմոլորակային յարձակումի): Ըստ այդ գիրքին տեսութեան՝ ժամանակ պիտի գար երբ աշխարհը երկու ընդդիմադիր խումբերու կամ մտածելակերպերու պիտի բաժնուէր: Այդպիսի լայնատարած պառակտումի մթնոլորտին մէջ դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլար պայքարի հրահրել հակառակ կողմերը, եւ ատոր իբրեւ արդիւնք աշխարհը լիովին պիտի կործանուէր: Որեւէ համակարգուած պառակտում, որ կրնայ այդ աստիճան տարածուիլ, սկիզբ կ’առնէ աւելի մտերիմ միջավայրի մը մէջ: Անիկա կրնայ սկիզբ առնել տուներու մէջ՝ անմիաբան ընտանիքներու մէջ, որոնց մէջ կ’ապրին երկմիտ սիրտեր ունեցող վիրաւորուած մարդիկ: Գոյութիւն ունին շատ իրական ուժեր, որոնք սուտ զրպարտութիւններ փսփսալով կը յարձակին միտքիդ, կամքիդ եւ զգացումներուդ վրայ: Անոնց նպատակն է՝ քեզ դրդել, որպէսզի նախ դուն քեզի հանդէպ թշնամանաս եւ յետոյ՝ ուրիշներու հանդէպ: Դժուար է խուսափիլ այն խօսքերէն եւ այն անձերէն, որոնք մեզի կ’ըսեն, թէ մենք այնքան ալ լաւ չենք, բաւարար չենք, բաւարար չափով երիտասարդ չենք, բաւարար չափով խելացի չենք, բաւարար չափով փայլուն միտք չունինք եւ բաւարար չափով հարուստ չենք: Մեզ կը ռմբակոծեն՝ ակնկալելով, որ ետ քաշուինք: Եթէ միայն մարդկային բնութեամբ առաջնորդուինք, պիտի ուզենք մեզմէ հեռացնել այդ մշտական բռնածաղրը (bullying), որ կ’ակնարկէ, որ մենք երբեք պիտի չկարենանք բաւարարաչափ լաւ ըլլալ: Երբ այդ յարձակումները կը հասնին ճգնաժամային կէտի, ոմանք տեղի կու տան՝ այդ մեղադրանքներուն համաձայն վարուելով, իսկ ուրիշներ կ’ըմբոստանան՝ անոնց ի պատասխան մեղադրանքներ տեղալով: Մենք կը դատենք, երբ կը զգանք, որ մեզ կը դատեն: Մենք ամօթի մէջ կը ձգենք կամ կը խայտառակենք, երբ մենք ամօթ կը զգանք: Մենք կ’ատենք, երբ մենք զմեզ չենք սիրեր: Երբ սնանկացած ենք, շատ չանցած պիտի ուզենք ուրիշները կողոպտել: Ասիկա շրջան մըն է, ուր բոլորը կը պարտուին եւ ոչ ոք կը յաղթէ: Հապա եթէ Պօղոսին խօսքերը ճշմարիտ են: «Սակայն բարեպաշտութիւնը՝ ինքնաբաւութեամբ միասին՝ մեծ շահավաճառութիւն մըն է» (Ա.Տիմոթէոսի 6.6): Բարեպաշտութիւնը Աստուծոյ տեսանկիւնը որդեգրելու կարողութիւնն է: Ասիկա կը նշանակէ, թէ երբ կը հասկնանք, թէ Ան ի՛նչպէս կը տեսնէ մարդիկը, մենք կ’ընդունինք Անոր մեզի նայած ձեւը: Քու ներկայ վիճակովդ գոհանալը եւ դուն քեզ իրապէս հանգիստ զգալը անհոգ չի դարձներ քեզ, ընդհակառակը, անիկա քու ստեղծագործութիւնդ պիտի արձակէ՛: Հեռացի՛ր բոլոր զրպարտող մարդոցմէ եւ շեղումներէ: Ան Իր աչքերը մեր վրայ յառած է, որպէսզի մենք կարենանք վեր նայիլ եւ տեսնել զԻնք: Ուրեմն ի՞նչպէս վարուինք: Փոխանակ մրցակցելու բանի մը համար, որ երբեք նախատեսուած չէր քեզի համար... հաւաքէ՛ ուժերդ, որ բացայայտես այն, ինչ որ իսկապէս քուկդ է: Կ’աղօթեմ, որ այս գիրքը յստակութիւն բերէ կեանքիդ այն մարզերուն մէջ, ուր պղտորութիւն տիրած է՝ մեր անառողջ առօրեային պատճառով: Քեզի համար ոչ մէկ օգուտ բերող մրցոյթը յաղթելու փոխարէն, կ’ուզեմ, որ դիրքաւորուիս պատերազմը շահելու: Շատ իրական պատերազմ մը կը մղուի քու անձիդ զօրութեանը համար: Ժամանակն է, որ քու տեղդ գրաւես այս աշխարհի մէջ: Եկէ՛ք բացայայտենք բոլոր սուտերը եւ շեղումները եւ գիտնանք մեր իսկական ինքնութիւնը:
Կորսուած եւ Գտնուած
Ես կը սիրեմ շուները: Վերջերս, երբ Հարաւային Քորէա ճամբորդած էի, մեր սիրելի շունը՝ Թիան, յայտնուած է շուներու ապաստանարանի մը մէջ: Ըստ երեւոյթին, աշխատողներէն մէկը բաց ձգած էր մեր տան մուտքի դուռը, եւ Թիան ձգած էր մեր տաքուկ տունը՝ չափչփելու ձմեռնային Քոլորատոյի փողոցները, ուր դուրսի ջերմաստիճանը զերոյէն վար էր: Պատճառով մը, այդ օրը ան տան ճամբան կորսնցուցած էր: Բարեբախտաբար, մեր դրացիներէն մէկը, որուն ինքնութիւնը անյայտ մնաց, ազնիւ գտնուած է եւ այդ գիշեր զայն իր տունը տարած է, իսկ առաւօտեան զայն տարած է կենդանիներու ապաստանարանը: Թիային վրայ պիտակ մը կար, բայց ատիկա գրեթէ անօգուտ էր, որովհետեւ անոր վրայ գրուած հեռաձայնի թիւը այլեւս մեր տան հեռաձայնի թիւը չէր: Բացի ատկէ, անոր շան արտօնագիրին ժամկէտը անցած էր (կը ներես, կը կարծէի, թէ ատիկա մէկ անգամ ըլլալիք գործընթաց մըն էր): Այսպիսով, կար շուն մը, որ շատ սիրուած էր եւ տուն ունէր, բայց չունէր ձայն կամ ինքնութիւնը ցոյց տուող որեւէ նշան, որ կրնար անոր օգնել, որ իր տունը գտնէ: Ես կը գտնուէի Սէուլի մէջ՝ Քորէա, եւ այդ դիպուածէն բոլորովին անտեղեակ էի: Որդիներս իմաստուն կերպով որոշեցին Թիային արկածը ինձմէ պահել, բայց անկասկած, մեր տան մէջ բոլորը խուճապի մատնուած էին: Անոնք շարունակ կը փնտռէին մեր շունը, բայց ոչ մէկ տեղ չէին գտներ: Անոնք կը վախնային, որ ան կրնար շնագայլերու ձեռքը ինկած ըլլալ: Իբրեւ վերջին ելք՝ գրեթէ կատակի համար, անոնք հետեւեցան մէկու մը խորհուրդին եւ հեռաձայնեցին շուներու ապաստանարան: Երբ Օսթընը կենդանիներու ապաստանարան հասաւ եւ տեսաւ Թիան, ան վստահ չէր, որ անիկա մեր շունն էր: Այդ ծանր փորձութիւնը այն աստիճան փոխած էր անոր վարմունքը, որ Օսթընը տեսնելով՝ ան աւելի ընկճուած կը թուէր ըլլալ, քան ուրախ: Ան մնաց վանդակին անկիւնը՝ վախէն դողալով: Երբ Օսթընը վճարեց գեղեցիկ պանդոկին մէկ գիշերուայ համարժէք տուգանքը (ըստ երեւոյթին, ժամկէտը անցած արտօնագիրը նորոգելը աժան չեղաւ իրեն համար), մենք կրկին կրցանք Թիան տուն բերել: Երբ տուն վերադարձայ եւ գիտցայ ամբողջ պատմութիւնը, քիչ մը վիրաւորուեցայ: Ոչ թէ իմ տղաներէս, այլ՝ իմ շունէս: Թիան աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, մեր շունն էր եւ առաջին անգամն էր, որ տունէն կը հեռանար եւ առանձինը չէր կրնար վերադառնալ: Ես մտահոգուեցայ ... ինչո՞ւ հիմա: Արդեօ՞ք անոր լուսնը (քաթարաքթը) կ’ազդէր անոր տեսողութեան: Արդեօ՞ք իր յառաջացած տարիքին պատճառով ան իր ուղղութիւնը կորսնցուց: Արդեօք ան զի՞ս կը փնտռէր: Ի վերջոյ, կարեւոր չէ, թէ ան ինչո՛ւ հեռացաւ տունէն: Ան մեր ընտանիքին կը պատկանէր, եւ այն իրականութիւնը, որ ան առանձինը չկրցաւ գտնել մեր տան ճամբան, չի ժխտեր այդ իրականութիւնը: Ան փնտռուած եւ գտնուած էր, անոր փրկագինը վճարուած էր, անոր արտօնագիրը նորոգուած էր եւ ան դուրս բերուած էր իր ամօթի վանդակէն եւ վերադարձուած էր իր տեղը, որ մեր անկողինն էր՝ իմ ոտքիս մօտ: Մէկ մոլորած գիշերը բաւարար պատճառ չէր, որ մենք հրաժարէինք իրմէ: Հաւանաբար դուն գիտես, թէ ես ի՛նչ ըսել կ’ուզեմ: Եթէ մենք (ընտանի կենդանիի մը անկատար տէրերը) պատրաստ էինք այսքան բան ընելու շան մը համար, մեր Երկնաւոր Հայրը որքա՜ն բան պիտի ընէ մեզի համար: Ինքնութիւնդ ճշմարտապէս ճանչնալու համար նախ պէտք է հասկնաս, թէ ո՛վ ես դուն Անոր համար: Ա.Յովհաննէսի 3.1-ը մեզի ցոյց կու տայ եւ կը պարզէ, թէ Աստուած ի՛նչպէս կը տեսնէ մեզ:
Ինչպիսի՜ հրաշալի սէր Հայրը շնորհած է մեզի: Միայն տեսէ՛ք՝ մենք կոչուած ենք Աստուծոյ զաւակներ: Ա՛յդ է մեր իրական ինքնութիւնը: Բայց նաեւ այդ է պատճառը, որ աշխարհը չի ճանչնար մեզ կամ լուրջի չ’առներ մեզ, որովհետեւ անիկա գաղափար չունի, թէ ո՛վ է Ան կամ ի՛նչ է Անոր նպատակը: (Ա.Յովհաննէսի 3.1, բառացիօրէն թարգմանուած Աստուածաշունչի Տը Մասէճ տարբերակէն)
Խօսինք Աստուծոյ սիրոյն ինչքա՜ն հիանալի ըլլալուն մասին: Անիկա ակնածալի է, տպաւորիչ եւ ծայրայեղ: Անիկա ձանձրալիին եւ սովորականին ճիշդ հակառակն է: Անոր խորութիւնը կը հիացնէ մեզ: Եւ այս հրաշալի սէրը մեզի տրուած է իբրեւ նուէր՝ ճիշդ ինչպէս երբ գնում կ’ընենք, նուէր կը ստանանք: Բայց Անոր սէրը մեծապէս կը գերազանցէ սովորական նուէրը, քանի որ անիկա նուէր է՝ նուէրի հետ: Մենք ստացանք փրկութեան պարգեւը: Աստուած տեսաւ մեզ թշուառութեան մէջ, վախէն կծկուած կրօնականմարդասիրական ընկերութեան վանդակին անկիւնը, եւ գին վճարեց՝ մեզ փրկելու համար: Բայց Ան այդ մէկով չբաւարարուեցաւ: Ան մեզ Իրեն մօտեցուց, նորոգեց մեր արտօնագիրը եւ մեզ Իրը կոչեց: (Այս բոլորը տեղի ունեցաւ նոյնիսկ մեր լոգանք առնելէն առաջ): Դուն իրապէս Իրն ես: Եւ Ան հոյակապ կերպով կը սիրէ Իր բոլոր զաւակները: Բայց ամէն մէկուն իւրայատուկ կերպով կը սիրէ:
Հաւասա՞ր, թէ՝ Իւրայատուկ
Յաճախ ամէն բան արդար ընելու մեր մարդկային փորձերուն մէջ, կը սկսինք մտածել, թէ Աստուած բոլորս նոյն ձեւով կը սիրէ: Որքան ալ սկիզբը ատիկա ճիշդ թուի ըլլալ, «նոյն» բառը բաւարար մեծ չէ: «Նոյն» բառը կը նշանակէ, թէ մենք կրնանք փոխանակելի կամ փոխարինելի ըլլալ: Պատկերացուր, որ մէկը կ’ըսէ. «Օ՜, ո՜չ, մանիշակագոյն գաւաթներէն մէկը, որ անցեալ շաբաթ Թարկեթ հանրախանութէն գնեցի, կոտրեցի: Յուսամ անոնք տակաւին այդ գաւաթներէն կը ծախեն»: Կամ իմ արդէն տուած օրինակս գործածելով. «Իմ սիրելի շունս, որ աւելի քան տասը տարիէ ինծի հետ էր, կորսուեցաւ: Բայց հարց չէ. պարզապէս անոր տեղ ուրիշ շուն մը կը գնեմ եւ զայն ալ ճիշդ նոյն ձեւով կը սիրեմ»: Ես չեմ կրնար այդպէս վարուիլ, եւ համոզուած եմ, որ Աստուած՝ նոյնպէս: Եւ քեզի ըսեմ ատոր պատճառը: Օր մը կէսօրէ ետք քնացայ: Հարցը այն էր, որ դիւրակիր համակարգիչիս վրայ քնացած էի, ոչ թէ՝ անկողինիս: Երբ գլուխս վեր-վար կը շարժէր, յանկարծ արթնցայ եւ տեսայ, որ ութը էջ շարունակ «թի» տառը գրուած էր: Այդ պահուն զգացի, որ պէտք է իսկապէս քնանամ: Ուստի գրկեցի շունս, որ ոտքերուս քով նստած էր, եւ ննջասենեակս գացի: Մինչ կը քնանայի, լսեցի Սուրբ Հոգին կը փսփսայ. «Ես հաւասարապէս չեմ սիրեր Իմ զաւակներս»: Ես ցնցուեցայ եւ անմիջապէս անկողինիս մէջ նստեցայ: Ուրկէ՞ եկաւ այս հայհոյալից միտքը: Ըսի. «Դուն պէտք է նոյն ձեւով սիրես մեզ, այլապէս ատիկա արդար չ’ըլլար»: Իմ բողոքս ստացաւ հետեւեալ պատասխանը. «Ո՛չ: “Հաւասարապէս” կը նշանակէ, թէ Իմ սէրս կարելի է չափել, եւ Ես կը վստահեցնեմ քեզի ... որ անիկա անչափելի է: “Նոյնը” կը նշանակէ, թէ Իմ զաւակներս փոխանակելի կամ փոխարինելի են, իսկ ատիկա ճիշդ չէ: Իմ սիրտս բաժանմունքներու բաժնուած չէ: Ոչ ոք կրնայ ուրիշի մը տեղը առնել կամ ուրիշ մը փոխարինել Իմ սիրտիս մէջ, քանի որ Ես հաւասարապէս չեմ սիրեր Իմ զաւակներս. Ես իւրայատուկ կերպով կը սիրեմ զանոնք»: Խոր շունչ մը ա՛ռ եւ մտի՛կ ըրէ: Աստուած իւրայատուկ կերպով կը սիրէ մեզ, եւ ոչ թէ հաւասարապէս: Հաւատա՛, որ իւրայատուկը աւելի լաւ է: Եթէ մէկէ աւելի զաւակ ունիս, հաւանաբար արդէն կը հասկնաս ասիկա: Երբ երկրորդ, երրորդ, կամ վերջին զաւակդ ծնաւ, քու սէրդ չբաժնուեցաւ անոնց միջեւ: Անիկա անչափելի ձեւերով բազմապատկուեցաւ: Դուն չես կրնար որոշել քու սիրոյդ չափը քու զաւակներուդ հանդէպ նոյնիսկ եթէ փորձես: Ի՞նչպէս կրնաս չափել քու սիրտիդ մղումը: Դուն իւրայատուկ կերպով կը սիրես քու զաւակներէդ իւրաքանչիւրը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ձեւով կ’արթնցնէ քու ծնողական սէրդ: Հետաքրքրականօրէն դուն կրնաս յատուկ կերպով սիրել որեւէ յատկանիշ քու զաւակներէդ մէկուն մէջ, եւ ուրիշ յատկանիշ մը միւսին մէջ, որ գրեթէ նախորդին հակապատկերն է: Օրինակ՝ ես կայտառ թոռնուհի մը ունիմ, որ կարծես փոքրիկ փոթորիկ մը ըլլար: Անոր եղբայրը՝ իմ առաջին թոռնիկս, զուսպ եւ մեղմ բնաւորութիւն ունի: Ես իրարու հետ չեմ բաղդատեր զիրենք: Ես կը սիրեմ, կը վայելեմ եւ կը գնահատեմ կեանքի հանդէպ անոնց տարբեր մօտեցումները: Չեմ ուզեր, որ անոնք նոյն ձեւով վարուին: Անոնցմէ ոչ մէկը միւսէն աւելի տեղ կը գրաւէ իմ սիրտիս մէջ: Ես երկուքն ալ կը սիրեմ ամբողջ սիրտովս, բայց՝ իւրաքանչիւրը իւրայատուկ կերպով: «Հաւասարապէս» բառը նաեւ կը նշանակէ, թէ Աստուծոյ սէրը չափ ունի կամ չափելի է, որ երկուքն ալ չէ: Անիկա անսահման է: «Իւրայատուկ» բառը շատ աւելի մեծ խորք ունի: Դուն միակն ես, քու նմանդ գոյութիւն չունի: Սուրբ Օգոստինոսը լաւագոյն ձեւով ըսած է ատիկա. «Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրը կը սիրէ այնպէս, որ կարծես մենք միակը ըլլայինք այս աշխարհի մէջ»: Մեր Հօր սէրը կարելի չէ նմանցնել տապակ մը տուրմով կարկանդակի կամ կերասի գաթայի, որ սիրալիր ծնողը ջանասիրաբար կը բաժնէ հաւասար կտորներու, որպէսզի զաւակներէն ոչ մէկը անտեսուած չզգայ: Անոր հիանալի սէրը չափուած բաժիններով չի տրուիր: Կը հասկնա՞ս, որ Ան սիրեց քեզ՝ նախքան ամէն բանի սկիզբը, եւ Անոր սէրը քեզի հանդէպ վերջ չունի: Դուն կրնաս հեռանալ Անկէ, կրնաս փախչիլ եւ դժոխքը անկողինդ ընել, բայց քու արարքներդ չեն խափաներ Անոր սէրը: (Լրջօրէն, ո՞վ կ’ուզէ, որ իր վերջը դժոխքին մէջ ըլլայ):
Տէրը Իր սիրոյն մասին խօսեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով. «Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի. հետեւաբար քեզ կարեկցութեամբ ինծի քաշեցի»: (Երեմիա 31.3)
Նկատի առ, որ այս նախադասութիւնը անցեալ ժամանակով է: Անոր սէրը որոշուած հարց է: Ան սիրեց քեզ, քու իրական անձդ, քու իւրայատուկ ինքնութիւնդ, անվերջ եւ յաւիտենական սիրով: Կարեւոր չէ, թէ որքան տարեց կամ երիտասարդ ես, որքան գեր կամ նիհար ես: Ան սիրեց քեզ՝ երբ դեռ երիտասարդ եւ անմիտ էիր: Ան կը սիրէ զիս հիմա, երբ ես աւելի հասուն եմ, եւ կը սիրէր այն ատեն, երբ իմ կեանքս դեռ անկանոն էր: Աստուած սէր է: Մեր Հայրը չունի սէր քեզի համար. Ան Ինքը սէր է՝ քեզի համար: Մեր Հօր հիանալի սէրը մեզի հանդէպ անսահման է, մտերմիկ եւ իւրայատուկ: Դուն իւրայատուկ կերպով սիրուած ես, քանի որ իւրայատուկ կերպով ստեղծուած ես: «Իւրայատուկ» բառը կը նշանակէ՝ «բանի մը միակ օրինակը, նախատիպ կամ միակ» եւ իմ նախասիրած սահմանումս է՝ «անզուգական՝ առանց հաւասարի կամ մրցակիցի»: Մեր Հայրը առանձնայատուկ եւ անզուգական է. ուստի պէտք չէ զարմանանք, որ Անոր համար մենք անզուգական դուստրեր ենք: Ուստի չկայ ոչ մէկ պատճառ իրարու հետ մրցակցելու: Դուն քու միակ օրինակդ ես: Դուն քու սկիզբդ եւ վերջդ ես: Գոյութիւն չունի որեւէ մարդկային նմուշ, որ նախատեսուած է զանգուածային արտադրութեան համար: Անոր սերունդին մէջ չկան պատճեններ, չկան միեւնոյն մարդիկը, եւ ոչ մէկը հաւասար է միւսին: Չկայ ոչ մէկ մրցակից՝ ուրիշներուն հանդէպ Անոր սէրը ցոյց տալու ձեւիդ մէջ կամ քեզի հանդէպ Անոր ունեցած սէրը արտայայտելու ձեւիդ մէջ: Ոչ ոք կրնայ քու տեղդ ըլլալ այնպէս, ինչպէս դո՛ւն ես: Աստուած իւրայատուկ կերպով ստեղծեց քու «Տի.Էն.Էյ.»դ եւ ծածկաբար ձեւակերպեց քու ոսկորներդ, որպէսզի զարմացնէ աշխարհը: Ան յօրինեց քու ինքնաարտայայտման ձեւդ: Ան ձեւաւորեց քու ժպիտդ եւ քու ձայնիդ եղանակը: Ան ստեղծեց քու բոլոր դիմագիծերդ՝ քնքշօրէն միայն քու մասիդ մտածելով: Քու ծնողներուդ հետ միասին Ան կ’ուրախանար քու առաջին ժպիտովդ, եւ սիրով լեցուած՝ կը հետեւէր քու առաջին քայլերուդ: Այսպիսի նուրբ եւ դիտումնաւոր խնամքի շնորհիւ քու կեանքդ ունի բազմաթիւ երեսներ, որոնք իւրայատուկ կերպով կ’արտայայտեն եւ կ’արտացոլացնեն Անոր սէրը: Ան այդ բոլոր բացառիկ յատկանիշներն ու յատուկ տաղանդները միացուց, որպէսզի կազմէ քեզ՝ Իր աղջիկը: Ան գիտէր, որ այդ յատկանիշներէն իւրաքանչիւրը լաւագոյնս պիտի արտայայտուէր քու կանացի էութեամբդ: Ան գիտէր, որ դուն լաւագոյնս կը ներկայացնես զԻնք եւ կը հաղորդակցիս Իրեն հետ՝ իբրեւ դուստր: Ահա թէ ինչու Ան որոշեց, որ քու սեռդ իգական ըլլայ: Հայրերու եւ դուստրերու միջեւ շատ փափուկ կապ մը կայ: Ան ուրիշ դուստրի մը մասին չէր մտածեր երբ կը ստեղծէր քեզ ... դուն Իր բերկրանքն ես: Ասիկա կը նշանակէ, թէ քու կեանքդ աւելի լաւ պիտի չ’ըլլար եթէ դուն աւելի բարձրահասակ կամ կարճահասակ ըլլայիր, աւելի սեւ կամ աւելի ճերմակ մորթ ունենայիր: Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, թէ դուն աւելի լիարժէք կերպով պիտի չկրէիր Անոր սէրը եթէ տղամարդ ըլլայիր: Աստուած որդիները աւելի շատ չի սիրեր, իսկ դուստրերը՝ աւելի քիչ: Եւ Ան հաւասարապէս չի սիրեր երկու սեռերը: Ան իւրայատուկ կերպով կը սիրէ տղամարդիկն ու կիները: Թերեւս մինչ կը մեծնայիր, դուն լսած ես փսփսուքներ կամ նոյնիսկ բարձրաձայն ըսուած խօսքեր, թէ քու հայրդ կամ մայրդ կ’ուզէր, որ տղայ ծնած ըլլայիր: Թերեւս եղած են պահեր երբ դուն ալ ըսած ես, թէ երանի տղայ ծնած ըլլայիր, բայց գիտցիր, որ Աստուած երբե՛ք ատիկա չէ ուզած: Մեր Հայրը ցնծաց երբ դուն առաջին անգամ շնչեցիր, եւ երբ տարիները անցան, երկինքի հրեշտակները ցնծացին Անոր հետ երբ դուն վերստին ծնար, Անոր Հոգիով կենդանութիւն ստացար եւ Անոր դուստրը դարձար: Սքանչելիօրէն սիրուած դո՛ւստր, բացարձակապէս ոչինչ կայ քեզի վերաբերող, որ պատահական է: