ԱՌԱՋԻՆ ԳԼՈՒԽ
Հիմեր
Որեւէ կառոյցի առաջին եւ ամէնէն կարեւոր մասը հիմերն են: Ճիշդ հիմերու վրայ ըլլալով, շէնք մը կրնայ հարիւրաւոր մեթր վեր բարձրանալ: Հիմն է, որ կ’որոշէ կարողականութիւնը... կամ անոր բացակայութիւնը:
Քու կեանքդ ձեւով մը Աստուծոյ շէնքն է: Դուն գլուխ գործոց մըն ես՝ ձեւակերպուած Աստուծոյ ճամբաները ցուցադրելու համար աշխարհիդ (տե՛ս Եփ 2.101 ): Ատիկա ի մտի ունենալով, զարմանալի՞ է, որ Սուրբ Գիրքերը յաճախ մեր կեանքերը կը բաղդատեն շէնքի մը կառուցման:
Միասնաբար՝ մենք Իր տունն ենք՝ կառուցանուած առաքեալներուն եւ մարգարէ ներուն հիմին վրայ: Իսկ անկիւնաքարը Ինքնին Քրիստոս Յիսուսն է: Մենք ուշադրութեամբ իրարու միացած ենք Անոր մէջ՝ դառնալով սուրբ տաճար մը Տիրոջ համար: (Եփեսացիներուն 2.20-212 ):
Դուք Աստուծոյ շէնքն էք […] Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով, ես մասնագէտ շինա րարի մը պէս անոր հիմը դրած եմ: Հիմա ուրիշներ կը կառուցանեն անոր վրայ: Բայց ով որ կը կառուցանէ այդ հիմին վրայ՝ պէտք է շատ ուշադիր ըլլայ: (Ա.Կորնթացիներուն 3.9-103 )
Բայց դուք՝ սիրելիներս, դուք ձեզ կերտեցէ՛ք ձեր սրբագոյն հաւատքին [հիմին] վրայ [շարունակ յառաջդիմեցէ՛ք, բարձրացէ՛ք ապարանքի մը պէս աւելի եւ աւելի բարձր]: (Յուդայի 204 )
Առիթով մը մինչ Լիսան եւ ես կ’ընթրէինք բարեկամներու հետ իրենց տան մէջ, գետինէն առաստաղ երկարող մեծ ճեղքեր նկատեցինք պատին վրայ: Հետաքրքրութենէս մղուած, հարցուցի այդ բացայայտ ճեղքերուն մասին: Վրդոված, անոնք պատմեցին, թէ ի՛նչպէս տան հիմերը թերի էին՝ շինարարին սխալ կրճատումներ ըրած ըլլալուն պատճառով: Դժբախտաբար դուրս եկաւ, որ սխալը սրբագրելը չափազանց ծախսալից եւ ժամանակ առնող գործընթաց մըն էր: Հոդ էր, որ աւելի գիտակցեցայ ամուր հիմերու կարեւորութեան: Հիմերը դնելը անշուշտ որ ամէնէն գրաւիչ բաժինը չէ շինարարութեան գործընթացին, բայց անիկա ամէնէն առանցքայինն է:
Իտալիոյ ծուռ աշտարակը՝ Փիզան, ամէնէն նշանաւոր ճարտարարուեստական կառոյցներէն է միջնադարեան Եւրոպայի: Անոր կառուցումը սկսաւ 1173-ին եւ ձեւակերպուած էր իբրեւ զանգակի շրջանակաձեւ աշտարակ մը, որ պիտի ըլլար շուրջ 57 մեթր բարձրութեամբ: Կառուցանուած սպիտակ մարմարիոնով, անիկա կը բաղկանայ ութ յարկերէ՝ ներառեալ զանգակներու սենեակը: Սակայն հակառակ անոր գեղեցիկ ռոմանական ճարտարապետութեան, պատճառը, որ զբօսաշրջիկներ հոն կը խուժեն տեսնելու այդ շէնքը՝ անոր ոչ-մտադրուած ծուռ ըլլալն է:
Ամէն օր կրնաս հանդիպիլ խումբ մը զբօսաշրջիկներու, որոնք որոշակի դիրք մը առած են նկարուելու համար. ձեռքերը դէպի վեր իբրեւ թէ իրե՛նք բռնած են աշտարակը, որպէսզի չիյնայ: Այսօր ատիկա զուարճալի պահ մը կ’ապրեցնէ զբօսաշրջիկներուն, բայց վստահ եմ, որ շէնքին ճարտարապետները այդքան ալ պիտի չզուարճանային:
Շէնքի կառուցումը սկսելէն հինգ տարի ետք, կառուցողները աւարտած էին ութ յարկերէն երեքին շինութիւնը երբ աշտարակին հիմերը սկսած էին անհաւասար կերպով հանգչիլ կամ խրուիլ իրենց տակը գտնուող գետինին մէջ: Աշտարակը անմտօրէն կառուցանուած էր կաւի, աւազի եւ պատեաններու խառնուրդի մը վրայ: Իբրեւ արդիւնք, աշտարակը բացայայտօրէն ծռեցաւ: Չկարենալով ապահովաբար շարունակել շինարարութիւնը, աշխատանքը դադրեցաւ շուրջ մէկ դար: Շինարարական աշխատանքները վերջաւորութեան վերսկսան եւ աւարտեցան 1372-ին: Ժամանակի ընթացքին, ընդարձակ վերակառուցողական աշխատանքներէ ետք, երկրաչափները կրցան կայունացնել աշտարակը, բայց անոր թեքութիւնը բնաւ պիտի չշտկուի: Բացայայտ է, որ առանց ամուր հիմերու, ոչ մէկ շէնք կրնայ ուղիղ մնալ: Միայն ժամանակի հարց է ճեղքերուն եւ թեքութիւններուն յայտնուիլը: Նոյնն է պարագան Քրիստոսով մեր կեանքին:
ՅԻՍՈՒՍ՝ ՄԵՐ ՀԻՄԸ
Հիմնաքար մը կը դնեմ Երուսաղէմի մէջ, ամուր եւ փորձուած քար մը: Անիկա թանկագին անկիւնաքար մըն է, որուն վրայ կառուցանելը ապահով է: Ան որ կը հաւատայ, բնաւ պիտի չսասանի: (Եսայիի 28.165)
Այն հիմը, որուն մասին կը խօսի Եսայի Ինքնին Յիսուս Քրիստոսն է: Ինչպէս տեսանք, հիմին որակը ճակատագրական է շէնքին կամ կառոյցին կայունութեան եւ դիմացկունութեան համար: Այն հիմնաքարը, որուն մասին Եսայիի միջոցաւ խօսեցաւ Տէրը՝ փորձուած քար մըն է: Բան մը փորձել կը նշանակէ՝ միջոցներ ի գործ դնել ստուգելու համար բանի մը որակը եւ վստահելիութիւնը, յատկապէս նախքան որ անիկա գործածութեան դրուի: Որեւէ բան, որ չէ փորձուած՝ վստահելի չէ: Ամէն տարի ես բազմահազար մղոններ կը ճամբորդեմ: Ամբողջական վստահութիւն ունիմ երբ կը բարձրանամ օդանաւ, քանի որ գիտեմ, որ նախքան որ օդանաւը գործածութեան մէջ դրուի, խիստ եւ սպառիչ փորձարկումներու կ’ենթարկուի: Օդանաւի ձեւակերպումին առաջին հանգրուաններէն ի վեր այդ փորձարկումները ի գործ կը դրուէին՝ ապահովելու համար օդանաւին որակը, կատարումը եւ վստահելիութիւնը՝ ճամբորդները ապահովաբար որեւէ որոշեալ վայր հասցնելու համար: Յիսուս փորձարկուեցաւ բոլոր կէտերուն մէջ եւ երբեք չձախողեցաւ: Եբրայեցիներուն նամակը գրողը կը մատնանշէ, թէ՝ «Աստուած՝ որուն համար եւ որուն միջոցաւ ամէն բան շինուած է, ընտրեց շատ մը զաւակներ փառքի արժանացնել: Եւ միայն ճիշդ պիտի ըլլար, որ Յիսուսը՝ Իր չարչարանքներուն միջոցաւ, կատարեալ առաջնորդ մը ընէր՝ յարմար զանոնք իրենց փրկութեան առաջնորդելու համար» (2.106): Ատոր համար է, որ Յիսուս ոչ միայն թանկարժէք է, այլեւ ապահով հիմ մը, որուն վրայ կարելի է կառուցանել: Ակնարկելով Յիսուսի, Պետրոս Առաքեալ հաստատեց Եսայիի մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Դուք կու գաք Քրիստոսի, որ կենդանի անկիւնաքարն է Աստուծոյ տաճարին […] Եւ դուք այն կենդանի քարերն էք, որոնցմով Աստուած կը կառուցանէ Իր հոգեւոր տաճարը […] Ինչպէս Սուրբ Գիրքերը կ’ըսեն. “Անկիւնաքար մը կը դնեմ Երուսաղէմի մէջ՝ ընտրուած մեծ պատիւի համար, եւ ոեւէ մէկը, որ կը վստահի Անոր՝ երբեք ամօթով պիտի չմնայ”» (Ա.Պետրոսի 2.4-67 ): Պօղոս Առաքեալ թէ՛ Եսայիի եւ թէ՛ Պետրոսի համամիտ էր: Ան գրեց. «Քանի որ ոչ ոք կրնայ որեւէ հիմ դնել բացի անկէ, որ արդէն ունինք. Յիսուս Քրիստոսը» (Ա.Կորնթացիներուն 3.118):
Յիսուս է մեր հաստատ հիմը:
Հիմա որ նկատի առինք, թէ Սուրբ Գիրքերը՝ թէ Հին եւ թէ՛ Նոր Կտակարաններուն մէջ, ի՛նչ կ’ըսեն Յիսուսի մասին՝ իբրեւ մեր հիմը, եկէք տեսնենք, թէ Յիսուս Ինք ի՛նչ ըսաւ: Մատթէոսի Աւետարանի տասնվեցերորդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ Յիսուս կ’երթայ Փիլիպպէի Կեսարիա շրջանը եւ հոն Իր աշակերտներուն կը հարցնէ. «Մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես» (հմր 13): Կարգ մը աշակերտներ արագ պատասխան տուին: Ընդհանուր պատասխանը հետեւեալն էր. «Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը» (հմր 14): Բազմութեան կարծիքներ բաժնեկցելնէն ետք, Յիսուս անոնց նայեցաւ եւ ուղղակիօրէն հարցուց. «Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս» (հմր 15): Վստահ եմ, որ այդ հարցումը խոցեց անոնց սիրտերը, եւ վստահ չէին ի՛նչպէս պատասխանեն անոր: Ուրիշներուն ըսածները կամ կարծիքները անմիջապէս բաժնեկցող այդ մարդիկը հիմա լուռ էին: Այդ իրականութեան դէմ յանդիման գտնուելով, անդրադարձան, որ պատասխան չունէին ինչպէս նաեւ որ կեդրոնացած էին ուրիշներու խորհուրդներուն եւ կարծիքներուն վրայ, փոխանակ իրենց սիրտին մէջ հաստատած ըլլալու, թէ ո՛վ էր Յիսուս: Սիմոն, զոր Յիսուս վերանուանեց՝ Պետրոս, միակն էր աշակերտներէն, որ սրտագին պատասխան մը տուաւ: Ան համարձակօրէն հռչակեց. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (հմր 16): Ժպիտով եւ փայլող աչքերով, Յիսուս պատասխանեց. «Երանի՜ քեզի […] որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է» (հմր 17): Ուրիշ թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Հայրը գերբնականօրէն յայտնեց քեզի ատիկա» («Տը Փաշըն Թրանսլէյշըն»- TPT): Պետրոսի յայտնութեան աղբիւրը Ինքնին Աստուած էր, ոչ թէ մարդու մը կարծիքը: Այդ գիտութիւնը կամ գաղափարը իրեն եկաւ ուղղակի յայտնութեամբ: Այդ ըսել ուզեց Յիսուս երբ ըսաւ. «Միակ ձեւը, որով մարդիկ ինծի կու գան Հօր միջոցաւ է, որ զիս ղրկեց. Ան է, որ անոնց սիրտին վրայ կը դնէ, որ զիս ընդունին […] Մարգարէներուն կողմէ գրուած է, թէ՝ “Բոլորին ալ Աստուած պիտի սորվեցնէ”: Եթէ իրապէս Հօրը մտիկ կ’ընես եւ ուղղակի Իրմէ կը սորվիս, Ինծի պիտի գաս» (Յովհաննէսի 6.44-459): Ուստի յստակօրէն կը տեսնենք, թէ Յիսուսի լուսաւոր ճշմարտութիւնը պէտք է ամրապնդուի մեր սիրտերուն մէջ. «Եւ իմ ո՛վ ըլլալուս ճշմարտութիւնը պիտի ըլլայ այն հիմնաքարը, որուն վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս՝ իմ օրէնսդրական ժողովս, եւ մահուան զօրութիւնը պիտի չկարենայ յաղթել անոր» (Մատթէոսի 16.1810): Յիսուսի յայտնութիւնը այն հիմն է, որուն վրայ պիտի կանգնի Եկեղեցին: Եթէ այդ ճշմարտութիւնը ամրօրէն չհաստատուի մեր մէջ, մենք դիւրութեամբ կրնանք շեղիլ հանրային կարծիքի փոփոխական ալիքներով: Առիթով մը Յիսուս բաժնեկցեցաւ որոշ ճշմարտութիւններ, որոնք շփոթի մատնեցին եւ գայթակղեցուցին Իր հետեւորդները, ինչ որ պատճառ եղաւ, որ շատեր լքեն զԻնք: Մնացողներուն՝ որոնց մէջ կար նաեւ Պետրոսը, Յիսուս հարցուց. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ» (Յհ 6.67): Յայտնութեան գիտութեամբ լեցուած՝ Պետրոս պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս: Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դո՛ւս ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Սուրբը» (հմր 68-69): Պետրոս օրինակն է այն կայունութեան, որ կու գայ յայտնութեան գիտութենէն: Երբ մարդիկ լքեցին Յիսուսը, Պետրոս մնաց: Ան համոզուած էր, որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր. հետեւաբար անդրդուելի էր: Ան հիմնուած էր Ժայռին վրայ. յայտնութեան ժայռին: